Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Օրօր» Եւ «Արարատ» Նոր Սկաւառակներուն Հրապարակման Առիթով` Հարցազրոյց Մկրտիչ Միքայէլեանի Հետ

Յունիս 10, 2021
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

«ԱԶԴԱԿ».- Պատմեցէ՛ք երաժշտական ձեր անցած ճանապարհին մասին:

ՄԿՐՏԻՉ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ.- 2000 թուականէն սկսեալ կը դասաւանդեմ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին մէջ, ուր նաեւ կը վարեմ կիթառի ամպիոնի վարիչի պաշտօնը: 2003-էն ի վեր դասախօս եմ Լիբանանի պետական բարձրագոյն երաժշտանոցին եւ կը դասաւանդեմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին մէջ եւս:

2007 թուականին հիմը դրի եւ գեղարուեստական ղեկավարութիւնը ստանձնեցի Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի կիթառահարներու համոյթին, իսկ 2011-ին` «Տաւիղ» նուագախումբին: Նախանցեալ տարի` 2019-ին, հիմնեցի «ԱՐԱՐԱՏ» լարային հնգեակը:

Համեստ մասնակցութեամբս ներդրում ունեցած եմ, իբրեւ դատական կազմի անդամ, զանազան միջազգային մրցոյթներու, ինչպէս նաեւ իբրեւ մենակատար ելոյթ ունեցած եմ Լիբանանի պետական սենեկային նուագախումբին հետ:

Մենահամերգներով նուագահանդէսներ ունեցած եմ Լիբանանի, Հայաստանի,  Քանատայի, Ֆրանսայի, Յունաստանի, Շուէտի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ:

2002-ին Կիլիկիոյ թեմի կաթողիկոսութեան հրատարակութեամբ լոյս տեսած է «Pieces From The Armenian Liturgy And Songs For Guitar» գիրքը:

Իսկ 2006-ին Համազգայինի եւ «Pomegranate Music»-ի հետ գործակցաբար ձայնագրած եմ առաջին խտասալիկս, որ կը պարունակէ դասական կիթառի երաժշտութիւն:

2006 եւ 2007 թուականներուն գնահատագիր ստացած եմ Լիբանանի պետական համալսարանի գեղարուեստի բաժանմունքին կազմակերպած փառատօներէն` «Օփըն տոր ֆեսթիվըլ»-էն, իսկ 2006-ին պարգեւատրուած եմ Հայ աւետարանական քոլեճին կողմէ:

2008-ին Աթէնքի մէջ  ձայնագրած եմ երկրորդ խտասալիկս`  «Kaleidoscope» խորագիրով, որ լոյս տեսած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, հովանաւորութեամբ «Pomegranate Music»-ի:

2010-ին հրապարակած եմ դասական կիթառի նուիրուած տեսերիզ մը` Համազգայինի հովանաւորութեամբ:

2011-ին, Քանատայի Թորոնթօ քաղաքին մէջ ունեցած փայլուն նուագահանդէսէս ետք պարգեւատրուած եմ «House of Commons»-ի ներկայացուցիչ, Սքարպրօ-Աժենքուրի խորհրդարանի անդամ Ճիմ Քարիաճիաննիսի կողմէ, իսկ 2012-ին, պատիւը ունիմ յայտնելու, որ իբրեւ գնահատագիր շնորհուեցաւ ինծի «Քանատական հպատակութեան իրաւունքներու պայմանագիր»-էն օրինակ մը` թարգմանուած հայերէնի:

Շուէտի մէջ լոյս տեսնող յատուկ դասական կիթառի «Կիթառ Օ Լութա» պարբերաթերթին մէջ 2016-ին, լոյս տեսած է իմ մշակումովս Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր»-ը: Հոս կ`ուզեմ մէջբերել, որ բոլոր այն հայկական երգերը կամ երաժշտութիւնները, որոնց մշակումը կատարած եմ, առաջին անգամն է, որ կիթառով կը նուագուին ու կը ներկայացուին հանրութեան: Նախապէս անոնք կա՛մ եղած են երգեր, եւ կա՛մ ներկայացուած են երաժշտական այլ գործիքներով:

Շարունակեմ. 13 ապրիլ 2019-ին Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի կիթառահարներու համոյթը, իմ ղեկավարութեամբս, իր մասնակցութիւնը բերաւ «Վերածնունդ» մրցում-փառատօնին, որ կայացաւ Երեւանի «Սայաթ Նովա» երաժշտական դպրոցին մէջ: Այս մրցումին գրաւեցինք առաջին դիրքը, լարային գործիքներու կիթառի համոյթային խումբերու բաժինին մէջ:

2018-ին եւ 2019-ին հրաւիրուեցայ Հայաստան` իբրեւ Միջազգային կիթառի մրցոյթի դատական կազմի անդամ:

Հրաւէր ստացած եմ նաեւ Յունաստանէն` իբրեւ Միջազգային կիթառի մրցոյթի դատական կազմի անդամ: Այս մրցոյթի ընթացքին աշակերտներուն տուած եմ կիթառի վարպետութեան դասեր (մասթըրքլասներ) եւ ունեցած եմ նուագահանդէս մը:

Համազգայինը  եւս պարգեւատրեց զիս, երբ մեր աշակերտները Հայաստանի մէջ Միջազգային մրցոյթին առաջին մրցանակը նուաճեցին:

Պարգեւատրուած եմ նաեւ Լիբանանի պետական բարձրագոյն երաժշտանոցին կողմէ` միջազգային փայլուն  գործունէութիւն ունենալուս համար:

«Ա.».- Խօսեցէ՛ք ձեր հրապարակած «Օրօր» եւ «Արարատ» սկաւառակներուն մասին: 

Մ. Մ.- Նախ յայտնեմ, որ այս սկաւառակներս լոյս տեսան ԳՈՀԱՐ-ի հովանաւորութեամբ, առաջինը` «Օրօր», իսկ երկրորդը` «Արարատ» խորագիրներով: «Օրօր»-ը դասական մենակատարում է քլասիք (սոլօ), մէկ կիթառով նուագած եմ, իսկ «Արարատ»-ը նուագներ են, որոնք կատարած եմ լարային հնգեակով:

«Օրօր»-ը կը պարունակէ դասական եւ հայկական երաժշտութիւն: Հայկականները իմ մշակումներս են, մինչ «Արարատ»-ը կը պարունակէ աւելի նորարական, արդի (մոտըրն) երաժշտութիւն` հայկական, լատին, սպանական, որոնք եւս մշակուած են իմ կողմէս:

«Ա.».- Երաժիշտի մը համար ի՞նչ պէտք է յառաջդիմելու:

Մ. Մ.- Երաժիշտի մը համար կը կարծեմ նախ պէտք է Աստուծոյ կողմէ պարգեւուած տաղանդ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ` կրթութիւն եւ շատ աշխատասիրութիւն, որպէսզի կարենայ նուաճել վերելքներ:

«Ա.».- Ինչպէ՞ս ձեւաւորուած է «Արարատ» հնգեակը: Ինչո՞ւ «Արարատ» կոչեցիք զայն:

Մ. Մ.- «Արարատ» հնգեակը հիմնեցի 2019-ին: «Արարատ» հնգեակի հիմնադրութեան նպատակը այն էր, որ կարենամ հայկական թէ օտար երաժշտութեան մշակումներս ներկայացնել հանրութեան աւելի հաճելի եւ տպաւորիչ կերպով` հնգեակով, որուն մէջ ներառած եմ, կիթառի կողքին,  ընկերակցութիւնը` մէկ ջութակի եւ մէկ թաւջութակի, այսպիսով մշակումներս աւելի կը հարստանան եւ գունագեղ կը դառնան:

Իսկ անուանումը, թէ հնգեակը ինչո՛ւ «Արարատ» կոչած եմ, պարզ այն պատճառով, որ նախ` հնգեակով ներկայացնելիք աշխատանքս հայկական մշակումներ  էին, ինչպէս նաեւ մշակած գործիս խորագիրը «Արարատ» էր, ուստի մտադրեցի  հնգեակն ալ նոյն անունով ու մանաւանդ հայկական անունով կոչել:

«Ա.».- Ի՞նչ ունիք ըսելու նոր սերունդի այն երիտասարդներուն, որոնք երաժշտութիւնը ընտրած են իբրեւ ասպարէզ: Ինչպէ՞ս պէտք է յարատեւեն նորարարութիւններ ձեռք բերելու համար:

Մ. Մ.- Շատ պարզ եւ յստակ` կը թելադրեմ հայ երիտասարդութեան, որ ընդհանրապէս պահպանեն հինը, բայց ստեղծագործեն նորովի:

«Ա.».- Խօսեցէ՛ք ձեր նոր ծրագիրներուն մասին:

Մ. Մ.- Նոր ծրագիրներ միշտ կան: Եւրոպայի մէջ ունիմ համերգներու շարք մը, ինչպէս նաեւ հրաւէրներ ստացած եմ եւրոպական միջազգային մրցոյթներու կազմակերպիչ մարմիններու կողմէ` իբրեւ այդ մրցոյթներուն դատական կազմի անդամ:

Աւարտին, կ՛ուզեմ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել «Ազդակ» օրաթերթին, այս շահեկան հարցազրոյցին համար:

 

 

Նախորդը

Հայկական «Փի. Ար.» Մրցանակաբաշխութիւն. «Ազդակ»-ը` Սփիւռքի Լաւագոյն Լրատուամիջոց

Յաջորդը

Կշռոյթի Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

«Ալֆորվիլ` Հայկական Աւան Մը – 1920-1930-Ական Թուականներ» Խորագրեալ Ցուցահանդէսին Առիթով Հարցազրոյց Սեւան Անանեանին Հետ
Հարցազրոյց

«Ալֆորվիլ` Հայկական Աւան Մը – 1920-1930-Ական Թուականներ» Խորագրեալ Ցուցահանդէսին Առիթով Հարցազրոյց Սեւան Անանեանին Հետ

Յուլիս 29, 2025
«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան
Հարցազրոյց

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան

Յունիս 24, 2025
«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան
Հարցազրոյց

«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան

Յունիս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?