ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
«ՀՅ Դաշնակցութեան ընկերվարական իտէալն է կերտումը հասարակութեան մը, ուր մարդը ազատագրուած ըլլայ ցեղային, կրօնական-դաւանական, ազգային, քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական ամԷն տեսակ խտրականութենէ, կաշկանդումէ, բռնութենէ եւ շահագործումէ»
ՀՅԴ ծրագիր, 1998
«Ցեղապաշտութիւնը ժահր մըն է» վերնագրով «Լը Տըվուար» օրաթերթի 4 յունիս 2020-ի թիւին մէջ կարեւոր յօդուած մը գրած էր հայիթեան ծագումով քեպեքցի գրող Տանի Լաֆեռիեր (Dany Laferrière)` անդամ ֆրանսական կաճառի(1):
Այո՛, ժա՛հր մը, որ կ’ընկերակցի մարդկութեան պատմութեան արշալոյսէն ի վեր: Ժահր մը, որ այսօր եւս կը բռնկի աշխարհի տարբեր ծագերուն, ժահր մը, որուն դէմ պատուաստը տակաւին չէ՛ գտնուած:
Այդ յօդուածը գրուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ 2020-ի ընթացքին սեւամորթներու դէմ կատարուած իրերայաջորդ ոճիրներուն եւ անոնց պատճառով ծայր տուած ժողովրդական ընդվզումներուն ու ցոյցերուն առթիւ: Այս անգամ` 2021-ի առաջին ամիսներուն, զոհերը ասիացի-ամերիկացիներն են:
Նախքան մեծանուն գրողին յօդուածին անդրադառնալս, տեսնենք` ինչպէս կը սահմանուի ցեղապաշտութիւնը:
«Անհատի մը, համայնքի մը կամ հաստատութեան մը կողմէ նախապաշարում, խտրականութիւն կամ թշնամութիւն` ցուցաբերուած անձի մը կամ ժողովուրդի մը դէմ, մասնաւորաբար` անոնց փոքրամասնական կամ մեկուսացուած որոշ ցեղի մը, կամ ազգութեան մը պատկանելիութեան հիման վրայ», նշուած է «Օքսֆորտի անգլերէն բառարան»-ի մէջ(2):
«Ուիքիփետիա» համայնագիտարանը քիչ մը տարբեր ձեւով կը սահմանէ ախտը. «Ցեղապաշտութիւնը այն հաւատքն է, երբ մարդկային խումբեր կ’ունենան վարքագծային տարբեր յատկանիշեր` համապատասխան ֆիզիքական երեւոյթին եւ կրնան բաժնուիլ ըստ մէկ ցեղի գերադասութեան` բաղդատաբար ուրիշի մը»: «Ուիքիփետիա» նաեւ կ’աւելցնէ, որ` «Ցեղապաշտութիւնը համեմատաբար արդի յղացք մըն է, որ ծագած է եւրոպական գաղթատիրութեան դարուն, որուն կը յաջորդեն դրամատիրութեան աճը եւ յատկապէս ատլանտեան գերեվաճառութիւնը, որոնց գլխաւոր մղիչ ուժը հանդիսացած է ան»(3):
Լաֆեռիեր իր գրական ոճով կը նշէ, որ այդ յատուկ ժահրը` «Պէտք ունի ժահրակիրի մը, որ կը հաւատայ, թէ իրմէ տարբեր ոեւէ մէկէն գերադաս է ինք` նոյն ատեն մտածելով, որ սեւամորթը դասաւորման սանդղակին ամէնէն վարը կը գտնուի»(4):
Համատարած վարակի մը բնոյթը ունի ցեղապաշտութիւնը, զոր կը տեսնենք բոլոր ցամաքամասերուն վրայ, որ կը հարուածէ բազմաթիւ ազգութիւններ, համայնքներ, փոքրամասնութիւններ: Միջազգային մամուլը կ’անդրադառնայ այդ երեւոյթներուն ոչ անպայման պէտք եղած ձեւով, քանի որ այդ մամուլի ալ տէրերը շատ յաճախ իրենք եւս օգտուած են այն բոլոր միջոցներէն` սկսեալ գերեվաճառութենէն մինչեւ ներկայ խտրականութեան տարբեր դրսեւորումները` իրենց հարստութիւնը կուտակելու համար: Սակայն չեն պակսիր նաեւ Լաֆեռիերի նման մտաւորականներ, որոնք չեն վարանիր բարձրաձայնելու իրենց ընդվզումն ու ցասումը: Վերոյիշեալ յօդուածէն բերեմ երկու մէջբերում եւս` հաստատելու համար այս ըսածս:
Ան կը գրէ. «Դարաշրջանի մտաւորական եւ կրօնական ընտրանին յանձն առած է ստրուկը համոզել, որ ինքն իր տեղը կը գտնէ գաղթային ընկերութեան կազմակերպութեան մէջ: Այսի՞նքն: Պարզ ապրանք մը, որ կ’ուզենք ծախել առաւելագոյն գինը տուողին: Սեւ օրինագիրքը, որ կը սահմանէ ստրուկին կեանքի բոլոր երեսները, կը ճշդէ, որ` «Սեւամորթը շարժական ինչք մըն է»: Կը գտնուինք ճիշդ Լուսաւորութեան դարուն մէջ»: Թէեւ Ֆրանսական յեղափոխութիւնը պահ մը պիտի փորձէ վերցնել ստրկութիւնը, սակայն դրամը պիտի յաղթանակէ, քանի որ` «Ամէն մարդ կը ջանար հարստանալ սեւամորթներու վաճառքէն», նոյնիսկ` Վոլթեր: Ապա քիչ անդին կ’աւելցնէ. «Միացեալ Նահանգներու մէջ Աբրահամ Լինքըլն կը հաւատար, որ գերեվարութիւնը Նոր Ամերիկայի իր ծրագրին խոտոր կը համեմատի: Քաղաքացիական պատերազմ: Հիւսիսը կը յաղթէ: Սեւամորթները զանգուածային կերպով կը տեղափոխուին հիւսիս` ռոճիկաւոր դառնալու համար: Չ’ուշանար հիասթափութիւնը: Նախկին ստրուկները աշխատաւոր դառնալով` աշխատավարձ մը ունէին հիմա, սակայն կ’աշխատէին գրեթէ առաջուան չափ շատ ու ստիպուած էին ապրիլ առնէտներով լի խրճիթներու մէջ, որոնց համար ալ թանկ կը վճարէին: Կ’անդրադառնային, թէ աշխատաւորը ստրուկ մըն է, որ ի՛նք կը վճարէ իր հաշուեցոյցները: Բայց իր վիճակը առաջուընէ աւելի լաւ չէ: Խնդիրը կը շարունակէ մնալ անլոյծ»(5):
Իր կարգին, նոյն օրաթերթի 10 յունիս 2020-ի թիւին մէջ «Համարձակիլ ըսել» վերնագրով յօդուած մըն ալ ստորագրած էր Նելլի Մարքու (բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու մարզին մէջ ծրագրերու պատասխանատու), որ կ’ըսէր. «Խնդիր մը դիմագրաւելու համար պէտք է նախ եւ առաջ կարենալ զայն անուանել: Շատ նման Միացեալ Նահանգներուն` մեր երկիրը հիմնուած է բնիկներու հողատարածքներուն սեփականազրկման եւ գրաւման վրայ: Կ’օգտուինք տնտեսական համակարգէ մը, որ կը յաւերժացնէ արտերկրի մէջ բռնութիւնն ու սեփականազրկումը` իր կարգին հարկադրելով բնակչութեան տեղաշարժեր դէպի հիւսիս: Մեր հաստատութիւնները, թէկուզ` փոքր առ փոքր վերափոխուելով, միշտ այդ ժառանգութիւնը կը ցոլացնեն:
Այս կառուցուածքային ազդակներուն իսկ բերմամբ, ասոնք միայն նշելու համար, համակարգային ցեղապաշտութիւնը առկայ է Քեպեքի մէջ»(6):
Այս հարցը տագնապայնօրէն այժմէական է նաեւ մեզի համար: Այսօ՛ր: Ինչ որ կը պատահի Հայաստանի ու Արցախի մէջ եւ շուրջ, մեր արեւելեան թէ արեւմտեան դրացիներուն կողմէ, այլ բան չէ, քան` ցեղապաշտութեան դրսեւորումներու շարունակութիւնը: Դարաւո՛ր դրսեւորումներու:
Իր անդրանիկ ծրագրի (գրուած 1892-ին) «Ընդհանուր տեսութիւն» բաժինին մէջ ահա թէ ինչ կ’ըսէր ՀՅ Դաշնակցութիւնը. «Տաճիկները մեր երկրին տիրապետելուց յետոյ ամէն ջանք գործ են դրել մեր ժողովուրդը դարձնել կաստա(7), որի պարտականութիւնը լինի միմիայն աշխատել, արդիւնաբերել, ուրիշ ոչինչ: Հարկաւոր էր այդ ժողովրդին մշտական հպատակութեան տակ պահել եւ անարգել կերպով ծծել նրա արիւն-քրտինքով ձեռք բերած աշխատանքը»: Իսկ «Նպատակ» բաժնի երրորդ կէտը կը նշէր` «Տարբեր ազգութիւնների եւ դաւանութիւնների հաւասարութիւն օրէնքի առաջ»(8): Բան մը, որմէ զրկուած էր հայութիւնը իր սեփական հողին իսկ վրայ: Երկա՛ր ժամանակ: Դարերո՛վ:
Կ’արժէ վերյիշման կարգով անգամ մը եւս կարդալ Գ. Գիւզալեանի յօդուածը` «Հայոց յեղափոխութիւնից առաջ», ուր ան, ի միջի այլոց, հետեւեալ երկու մէջբերումները կ’ընէ, երկուքն ալ` քաղուած «Տեղեկագիր Հայկ. գիտ. ակադեմիայի» 1946 թ. թիւ 10-էն(9):
Ահա առաջինը. «Քուրտ կամ թուրք բէկերը, աղաները կամ դէրէբէյները գիւղացուն շահագործում էին, յափշտակում, նրանից վերցնում էին այնքան, որքան իրենք էին ցանկանում: Գիւղացին ֆէոտալի համար կոռ ու բէկար(10) էր կատարում, տղամարդիկ նրա համար տներ, բերդեր ու ճանապարհներ էին կառուցանում, իսկ կանայք տնային աշխատանք կատարում: Արեւմտեան Հայաստանի որոշ մասերում, մասնաւորապէս` Մուշի, Պիթլիսի եւ Վանի գաւառներում, հայ գիւղացիութիւնը գտնւում էր ճորտական վիճակում»:
Ահա եւ երկրորդը. «1890 թուին մի խումբ արեւմտահայերի կողմից Մակար կաթողիկոսին գրուած նամակում հայերի կացութիւնը պատկերացւում էր այսպէս. «Ո՛չ մարդկային լեզուն եւ ո՛չ ալ նորա գրիչը չեն կարող նկարագրել այն բազմատեսակ ծանր դժբախտութիւնը, որ կրած ենք եւ կը կրենք: Մեր հայրենի հողի վրայ մեր կեանքը խաղալիք է դարձած մեր իշխողներու ձեռքին. մեր կեանքը անապահով դրութեանց մատնուած է, մեր ընտանիքը` ամօթաբեր բռնութեանց, մեր զաւակները զոհ են դարձած կոպիտ ուժի, մեր դառն քրտինքով վաստակած հացը մեզմէ կորզելու, մեր զաւակները սովամահ կոտորելու ենթարկուած են, մեր եկեղեցիները կը սրբապղծուին եւ հրոյ ճարակ կը լինին, մեր սրբութիւնները կ’անարգուին, եւ մեր հաւատը կը հայհոյուի, եւ հոգեւորականութիւնը ենթարկուած է հինգերորդ դարում տեղի ունեցած բոլոր տառապանաց»:
Շատ տարբեր չէ կացութիւնը այսօր, եւ սխալած չենք ըլլար, եթէ ենթադրենք, որ ճիշդ նոյնը եւ աւելին ալ ընելու ամբողջական տրամադրութիւններ ունին մեր զոյգ հարեւանները, եթէ հնարաւորութիւնը տրուի իրենց:
Այո՛, ժահրը կը յամենայ ու կը տարածուի տակաւին մեր թէ արար աշխարհի պարագային: Միայն երբ «մարդը ազատագրուած ըլլայ ցեղային, կրօնական-դաւանական, ազգային, քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական ամէն տեսակ խտրականութենէ, կաշկանդումէ, բռնութենէ եւ շահագործումէ»(11), կրնանք յուսալ, որ ցեղապաշտութեան վարակը յաղթահարուած կ’ըլլայ:
Կրնանք յուսալ… Իսկ ատիկա կրնայ պատահիլ «միայն հաւաքական ճիգով», կ’եզրակացնէր Տանի Լաֆեռիեր:
Աւելցնեմ, որ այդ հաւաքականը պէտք է ըլլայ բոլո՛ր մակարդակներուն վրայ` համայնքային, ազգային թէ միջազգային:
«Դրօշակ», թիւ 4 (1650), ապրիլ 2021
Յղումներ
- Dany Laferrière, Le racisme est un virus, «Le Devoir», 2020-06-10:
- «Oxford English Dictionary» (համացանցէն):
- Wikipedia (համացանցէն):
- Dany Laferrière, անդ:
- Dany Laferrière, անդ:
- Nelly Marcoux, Oser dire, «Le Devoir», 2020-06-04:
- Կաստա – դասակարգ, առանձնացուող խումբ:
- Ծրագիր ՀՅ Դաշնակցութեան 1892, ՀՅԴ վաթսունամեակ (1890-1950), կազմեց Ս. Վրացեան, Պոսթըն, «Հայրենիք»-ի տպարան, 1950:
- Գիւզալեան Գ., Հայոց յեղափոխութիւնից առաջ, «ՅՈՒՇԱՊԱՏՈՒՄ ՀՅ Դաշնակցութեան (1890-1950)», կազմեց Ս. Վրացեան, Բոստոն, «Հայրենիք»-ի տպարան, 1950:
- Կոռ ու բէկար (բեգար) – հարկադիր ձրի աշխատանք:
- Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն, ԾՐԱԳԻՐ, հաստատուած ԻԷ. (արտակարգ) Ընդհ. Ժողովին կողմէ, 1998: