Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ձախող Ընտրութիւն

June 24, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԷՔԵԱՆ

Ուրեմն վաթսունմէկ տոկոսը, երբեմն կամայ, բայց մեծ մասամբ` ակամայ, չենթարկուելու համար անգործութեան ու բռնութեան, քուէարկեց անոր, որ սեւը-ճերմակը, գրաւորը-բանաւորը, նախկինը-ներկան, «թշնամին դէն շպրտեցինք»-ը եւ հայ հերոսներու դիակները դէն շպրտողը, «տժգոյնն ու դժբախտը» իրար անցընելով` ջլատեց մեր ժողովուրդի յոյսը, հողերը, ինքնավստահութիւնը: Աղարտեց Անցեալն ու Ներկան:

Մեծն Հայաստանին, հայ ժողովուրդին ճակատագրին նկատմամբ այսքան անփոյթ, անտարբեր վարուողները եթէ նիւթական լայն հնարաւորութիւններու մէջ չեն թաթխուած, վաղը առանց ետեւ նայելու կը լքեն երկիրը, ճիշդ այնպէս` ինչպէս զաւակ մը կը լքէ զինք ծնող ու սնող ծնողքը: Զանգուածաբար կը լքեն նաեւ անոնք, որոնց վերջին յոյսը կարող ու հայածուծ իշխանութիւն մը ունենալու վրայ հիմնուած էր ու ցնդեցաւ երէկ:

Իշխանաւորներուն հացին իւղ կը քսուի, հիասթափած կամ այլ ելք չունեցող հայերը կ՛երթան, տեղը թուրք ու ազերի կը լեցուի: Դասագիրքերէն կ՛անհետին եղեռնագործները, ինչպէս նաեւ` մեր պատմութիւնը փառահեղ ճամբու մէջ դնող նախնիները: Բարեկամութեան նոր սահմանում մը ստեղծուեր է, բարեկամեցողութիւնը դարաւոր թշնամիի՛ն հետ է, ոչ թէ` սեփական ընտանիքին հետ: Վայնասուն պոռչտուքը վկայ: Չեքո՛ւճը վկայ: Հայուն նորահնայ մուրճը, թուրքին դարաւոր եաթաղանը` հաշտ դրացնութիւն` անհաշտ ժողովուրդին գլխուն:

Ի՞նչ ահաւոր, խլրդային բան պատահած է, որ քուէարկողներուն վաթսունմէկ տոկոսը, առաւել` քուէարկելու վերապահութիւն ունեցող երեսունիննը տոկոսը, չէ՛ մտածած, չի՛ գիտակցիր, թէ ի՛նչ ըսել է հայրենի հող կորսնցնել, հերոսի հուր եւ պատմութեան լոյս կորսնցնել, հազարաւոր ընտանիքներ սուգի մէջ թաթխել, պետութեան դրամը մսխել կեղծուպատիր անձի մը ապահովութեան համար: Անհատնում ծրագիրներ` պետական անշարժ կալուածները խլել, ծախել: Հողը ծախել, արժանապատուութիւնը ծախել…  յետոյ ստիպուած` չեքուճ գնել: «Հայաստանի հպարտ քաղաքացի» գեղգեղելով` հայութեան արժանապատուութիւնը «ասֆալթին վրայ փռել»: Մինչեւ իսկ արձակազէններ զետեղել պատմական պատուական շէնքերու վրայ: Ի՞նչ ըրեր է, որ այսքան կը սարսափի իր յորջորջած «հպարտ» քաղաքացիէն:

Երէկուընէ ի վեր կայ սգահար հայութիւն մը, որուն կուրծքը կը պատռի տրտմութենէ, եւ կայ խրոխտ հայութիւն մը, որ կ՛ըմբոստանայ եւ փառք ու պատիւ կը խնկարկէ հայութեան ինքնութեան:

Եռագոյնը միշտ յուշած է մեզի` երազը կրնայ կորսուիլ, տեսիլքը անմա՛հ է:

21 յունիս 2021

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. «Ողբամ Զքեզ, Հայո՛ց Աշխարհ»

Յաջորդը

Սեդա Պարսումեան-Տատոյեանի «Իսլամը Հայ Գրական Մշակոյթին Մէջ. Բնագիրներ, Հիմնավայրեր, Ուժընթացք» Նոր Հատորը (Islam In Armenian Literary Culture. Texts, Contexts, Dynamics)

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.