ԼՈՒԹՖԻԿ ԱՅՎԱԶԵԱՆ
Անթիլիասի Ազգային Մարտիկեան վարժարանի «Ճպուռ» մանկապատանեկան երգչախումբը ելոյթ կ՛ունենար «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ` նախագահութեամբ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Լիբանանի թեմի առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեանի: Ներկայ էին նաեւ Ասի եւ Մանսուր Ռահպանի եղբայրները եւ հոծ բազմութիւն:
Մանկապատանեկան երգչախումբի հիմնադրութիւնն ու ելոյթը երեւոյթ էին սփիւռքահայութեան պատմութեան մէջ:
Ազգային Մարտիկեան վարժարանի տնօրէն Սարգիս Չոլոյեանի բացման խօսքէն ետք, վարժարանի «Ճպուռ» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ դպրոցի երգի դասատու Սարգիս Փանոսեանի, ներկաները կը հմայէր Կոմիտասի, Բարսեղ Կանաչեանի, Ռահպանի եղբայրներու եւ այլ երաժշտահաններու ու երգահաններու ստեղծագործութիւններով:
Նախքան այս ելոյթը` «Ճպուռ» երգչախումբի երգերը սփռուած էին Պէյրութի հայկական ռատիոժամէն: Այս ելոյթէն 44 տարիներ ետք կարելի չէ չանդրադառնալ սփիւռքահայ մանկապատանեկան երգի ռահվիրայ եւ «Ճպուռ»-ի հիմնադրութեան գաղափարի «խենթ» Սարգիս Փանոսեանին: Տարիներ շարունակ երգչախումբի հիմնադրութեան տենդով ու խանդով տոգորուած ուսուցիչը երգարան կը հրատարակէր, զբօսանքներուն իր (եւ աշակերտներուն) հանգիստը կը խանգարէր` աշակերտներուն ձայները փորձելով, յարմար թեկնածուներ զատելու համար, վա՜յ այն աշակերտին, որ «ձախլիկ» կ՛երգէր: «Գնա՛, Նոյ նահապետին ագռաւը, գնա՛, խաղցիր»: Այս կ՛ըլլար անոր վճիռը: Իսկ մենք` «ճպուռներ» տխուր-տխուր կը ճռուողէինք զբօսանքներուն` փորձեր կատարելով եւ նախանձելով «ագռաւներուն», որոնք ուրախ-ուրախ կը խաղային: Պրն. Փանոսեան չէր վարաներ նաեւ խորհուրդ առնելու փորձառու մասնագէտներէ: Կը յիշեմ, որ զբօսանքներուն մեզի յաճախ կ՛այցելէին` երաժիշտ Ալեքսան Մնակեանը (որ հետագային պիտի խմբավարէր մանկապատանեկան այլ երգչախումբեր), Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբի խմբավար Գէորգ Գանտահարեանը, Զարեհ եպս. Ազնաւուրեանը, Վարուժան եպս. Հերկելեանը, Սուրէն եպս. Գաթարոյեանը եւ ուրիշներ:
Մուսա Լեռ ծնած, ապա Սուրիոյ ճամբով Այնճար, Պէյրութ, ապա Սան Ֆրանսիսքօ գաղթած այս «խենթ» հայը` Սարգիս Փանոսեան, ուր որ գաղթէր, իրեն հետ կը տանէր իր «Ճպուռ»-ը, որ պանդխտութեան ցուպը ձեռքին` կը հետեւէր իր հոգեւոր «հօր»:
«Ճպուռ» երգչախումբը ելոյթներ կ՛ունենար հետագային Պէյրութի մէջ (80-ական թուականներու սկիզբը) եւ ապա Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ:
Այսօր` 26 յունիս 2021-ին, «Ճպուռ» երգչախումբի անդրանիկ ելոյթէն 44 տարիներ ետք յօդուածիս մէջ նշուած անձերուն մեծ մասը մահացած է, բացի Սուրէն եւ Վարուժան եպիսկոպոսներէն (Աստուած երկար կեանք եւ առողջութիւն պարգեւէ): Անառակ ու ապերախտ որդիի մը նման` կու գամ յարգելու այս խոնարհ հերոսներուն յիշատակը, փոխանակ անոնց կենդանութեան կատարելու խղճիս պարտքը:
Թող այս յօդուածը իբրեւ խունկ ու մոմ ծառայէ մեզմէ առյաւէտ բաժնուածներուն, եւ իբրեւ հոգեպարար բոյր տակաւին մեզ հետ մնացողներուն:
Գաղթող ժողովուրդ ենք: Երէկ արեւմտահայը եւ կիլիկիահայը, այսօր` արցախահայը, արեւելահայը, սփիւռքահայը: Նոյնիսկ` մեր կռունկը, արագիլը եւ ճպուռը…
Գաղթելը մեր ճակատագիրն է, սակայն այն ազգը, որ երգել գիտէ, չի մեռնիր, ի՛նչ որ ալ ըլլան անոր դիմագրաւած դժուարութիւնները:
Սիրելի՛ պարոն Սարգիս Փանոսեան, կը ներես, որ աւելի կանուխ չգրեցի այս յիշատակներուն մասին: Յոյսով եմ, որ օր մը այլ «խենթ» մը քու վառած ջահդ եւ քու «Ճպուռ»-դ կ՛առնէ ու կը տանի հայուն այն հայրենիքը, ուր ո՛չ գաղթ կայ եւ ո՛չ ալ ցաւ: Միայն` երգ ու պար…