Լեռ Կամսարի «Մարդը` Գործին Մէջէն». «Աքսորականի Գաղտնի Օրագիր»
Տարեշրջանի սկիզբին հայ գրականութեան եւ հրատարակչութեան պատմութեան համար նշանակալի իրադարձութիւն հանդիսացաւ պոլսահայ ԱՐԱՍ հրատարակչատան նախաձեռնութիւնը` լոյս ընծայումը ճոխ «Հատընտիր»-ի մը, բազմավաստակ եւ բազմաչարչար երգիծաբան Լեռ Կամսարի գործերէն, գրեթէ հինգ հարիւր էջերով, եւ որ կը ձգտի ամբողջական պատկեր մը տալու մարդէն եւ գործէն: Արդէն, հատորի խմբագիր Յարութիւն Քիւրքճեան, առաջնորդուած` Լեռ Կամսարի անհատականութեան եւ վաստակի խոր առնչութիւններու փաստէն, հրատարակութիւնը խորագրած է «Մարդը`...



















