Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Համազգայինի «Արտուտիկ» Ձայնապնակի Արձանագրութիւնը 1979-ին

Յունիս 23, 2021
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բժիշկ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Ալեք Մնակեան

Լիբանանի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան երաժշտական թեքնիք յանձնախումբը 1977-ին կազմակերպած էր «Ծնծղայ» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Վաչէ Պարսումեանի: «Ծնծղայ» երգչախումբը երկու տարի շարունակ լիբանանահայութեան ներկայացուց շարք մը երգահանդէսներ, որոնք պսակուեցան մեծ յաջողութեամբ: Կարգը եկած էր ձայնապնակի մը պատրաստութեան: Ուստի թեքնիք յանձնախումբը նախաձեռնեց «Արտուտիկ» ձայնապնակի պատրաստութեան: Յանձնախումբը 1979-ի սկիզբը այս աշխատանքին պատասխանատու եւ խմբավար նշանակեց երաժիշտ Ալեք Մնակեանը: Ան կազմեց ձայնապնակի երգացանկը, որ կը բովանդակէր Վարուժան վրդ. Հերկելեանի երգերը: Ալեքը իր շուրջ հաւաքեց նախապէս գոյութիւն ունեցող «Ծնծղայ» երգչախումբին անդամները եւ սկսաւ փորձերը` դաշնակի ընկերակցութեամբ Նորա Ռումեանի:

Քանի մը ամիսէն երգչախումբը պատրաստ էր: Ձայնապնակի երգերուն արձանագրութիւնը պիտի կատարուէր կիրակի օր մը, «Studio Baalbek»-ի մէջ, որ կը գտնուէր Պէյրութի Սըն էլ Ֆիլ շրջանին մէջ: Երգչախումբի փոքրիկներու ծնողներուն տեղեկացուած էր արձանագրութեան վայրը, թուականը, օրը եւ ժամը: Անոնց տեղեկացուած էր նաեւ, որ յանձնախումբէն անդամ մը` բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան մեծ ինքնաշարժով մը պիտի հաւաքէր փոքրիկները եւ փոխադրէր զանոնք արձանագրութեան վայրը` «Studio Baalbek»:

Արձանագրութեան նախօրեակին խաղաղութիւն կը տիրէր Պէյրութի երկնակամարին վրայ: Կեանքը բնական ընթացքի մէջ էր:

Արձանագրութեան օրը` կիրակի առաւօտ կանուխ ժամը 5:00-ին, անակնկալօրէն Պէյրութ դարձեալ կրակոցներու թիրախ եղաւ` աջ ու ձախ ինկած ռումբերով եւ հրթիռներով: Կարմիր խաչի ինքնաշարժներու սուլոցները կը մրցէին ռումբերու եւ հրթիռներու ձայներուն հետ:

Արձանագրութեան համար ժամադրուած էինք ժամը 10-ին: Մեծ ինքնաշարժին վարորդը ինծի պիտի հանդիպէր ժամը 8-ին, որպէսզի երգչախումբին 40 անդամները Պէյրութէն, Պուրճ Համուտէն եւ Պէյրութի արուարձաններէն հաւաքէինք ու արձանագրութեան վայրը  հասցնէինք ճշդուած ժամուն: Վարորդը իր ժամադրութիւնը յարգած էր. ան քովս հասաւ ճիշդ ժամը 8:00-ին: Մինչ այդ հրթիռարձակումներն ու հրացանաձգութիւնները մեղմացան, անոնց անախորժ եւ ականջ ծակելիք ձայները սկսան հեռանալ մեզմէ: Իմ բնակարանս հինգերորդ յարկի վրայ էր, քալելով հասայ գետնայարկ, վերելակը չէր գործեր, որովհետեւ ելեկտրական հոսանքը կտրուած էր: Վարորդը դիմաւորեց զիս, ան երիտասարդ հայ մըն էր: Որոշում պէտք էր տայի` հաւաքե՞լ փոքրիկները, թէ՞ ոչ   հրաժարիլ արձանագրութենէն: Տատամսումի մէջ էի, պատասխանատուութեան հարց կար, անմիջապէս հեռախօսեցի Ալեքին եւ ուզեցի առնել իր կարծիքը: Ան պատասխանեց` ըսելով,

«Տոքթո՛ր, ես արդէն «Studio Baalbek» եմ, արձանագրութեան կազմը լրիւ ներկայ է, անոնք կը սպասեն փոքրիկներուն. մեր շրջանը` հոս, հանդարտ է, եւ խաղաղութիւն կը տիրէ. ես 15 վայրկեանէն կը միանամ քեզի եւ միասին կը հաւաքենք փոքրիկները: Աստուած կը պաշտպանէ մեզ, լաւ գործ պիտի ընենք, ես արդէն աղօթեցի, Աստուած կը լսէ զիս»:

Ալեքը 15 վայրկեան ետք քովս էր. երկուքս վարորդին հետ ճամբայ ելանք: Ճամբաները ամայի էին, երթեւեկ չկար, միայն քանի մը աճապարող ինքնաշարժներ կը սուրային աջ ու ձախ: Զարմանալի էր` բոլոր փոքրիկները պատրաստ կը սպասէին իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ: Կարողացանք հաւաքել բոլորը, որոնք լաւ տրամադրութեամբ էին:  Ճամբու ընթացքին ինքնաշարժին մէջ Ալեք, ըստ իր սովորութեան, մանկական մտայնութեամբ կը խօսէր եւ կը կատակէր անոնց հետ, բայց շուտով ալ կը լրջանար: Ան կատարեալ փորձ մըն ալ կատարեց եւ ժպտելով ըսաւ.

«Ապրի՛ք, տղաք եւ աղջիկներ, ձեր ճակատէն պիտի համբուրեմ հիմա»: Ան բոլորին մօտենալով համբուրեց անոնց ճակատէն ու նստաւ իր տեղը:

Արդէն հասած էինք «Studio Baalbek»  ճիշդ ժամը 10-ին: Սթիւտիոն մեծ շէնքի մը գետնայարկին վրայ էր, մեծ յարկաբաժին մըն էր, օժտուած էր  արձանագրութեան արդիական բոլոր կազմածներով: Արձանագրութեան պատասխանատուն պ. Ֆարիտն էր, որ յաղթանդամ, հուժկու, ճաղատ, միջին տարիքի քրիստոնեայ լիբանանցի մասնագէտ մըն էր:

«Արտուտիկ» ձայնապնակի շապիկը

Արձանագրութեան երգացանկը կազմուած էր հետեւեալ երգերէն` Արտուտիկ, Կաղանդ, Սուրբ Ծնունդ, Օրօր (վոքալիզ), Անձրեւ ու հաց, Կենդանիներու ժողով, Թիթեռնիկներ, Գարուն, Ամառ, Աշուն, Ձմեռ, Պատանեկան: Ուրեմն, ինչպէս որ նախապէս ըսի, երգերուն բառերը կը պատկանէին Վարուժան վրդ. Հերկելեանին, իսկ երաժշտութիւնը` Ալեք Մնակեանին: Ժամանած էր կանուխէն դաշնակահարուհին` Նորա Ռումեանը:  Պ. Ֆարիտին հետ մեր համաձայնութիւնը չորս ժամուան արձանագրութեան հիմամբ էր, սակայն այդպէս չեղաւ, արձանագրութիւնը վեց ժամ տեւեց: Իւրաքանչիւր երգի արձանագրութեան համար խմբավարը` Ալեքը, 4-5 անգամ կրկնեց երգեցողութիւնը: Պ. Ֆարիտը եւ խմբավար Ալեքը երկուստեք բաւարարուած  պէտք էր ըլլային, որպէսզի յաջորդ երգի արձանագրութիւնը սկսէր:

Շատ լաւ գործակցութիւն եւ համերաշխ աշխատանք էր, որ կը կատարուէր: Երգողները ի վերջոյ փոքրիկներ էին, սակայն` «հասուն եւ մեծցած երեխաներ»: Փոքրիկները երկու երգի արձանագրութենէ ետք 10 վայրկեան հանգիստ ունէին. այդ միջոցին ջուր կամ զովացուցիչ կը խմէին, պտուղ` պանան եւ խնձոր կ՛ուտէին եւ բաղնիք կ՛երթային: Այդ օր համբերութիւնը շնորհուած էր բոլորին, այսինքն` խմբավարին, դաշնակահարուհիին, պ. Ֆարիտին եւ մանաւանդ փոքրիկներուն: Հակառակ որ ատենը մէյ մը հեռուէն կը լսուէին հրացանաձգութեան ձայներ, աշխատանքը կ՛ընթանար շատ բնականոն ձեւով: Այդ ձայները արձանագրութեան արգելք չէին հանդիսանար: Ալեքին խմբավարութիւնը, փոքրիկներու երգեցողութիւնը, դաշնակահարուհիին նուագը եւ պ. Ֆարիտին արձանագրութիւնը կանգ չէին առներ: Ի վերջոյ ամբողջ երգացանկին արձանագրութիւնը տեղի ունեցաւ կատարեալ, որակաւոր եւ լաւ մակարդակով: Բոլորը գոհ էին, գոհ էի, նաեւ ես` որպէս պատասխանատու ամբողջ աշխատանքին. գոհ էի, որովհետեւ արձանագրութիւնը վերջացած էր յաջողութեամբ, եւ մանաւանդ կ՛ուզէի փոքրիկները շուտով եւ ապահով հասցնել իրենց ծնողներուն:

Կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին դուրս եկանք կեդրոնէն, վարորդը մեզ կը սպասէր` նստած ինքնաշարժին մէջ: Շուտով բարձրացանք ինքնաշարժ: Ես եւ Ալեքը, Աստուծոյ օրհնութեամբ, առանց վտանգի եւ փորձանքի փոքրիկները յանձնեցինք իրենց ծնողներուն:

Այսպէս իրականացաւ 12 երգերու արձանագրութիւնը: Արկածախնդրութիւն մըն էր այդ անապահով օրը նման աշխատանք մը իրագործելը: Փոքրիկները եւ ծնողները արժանի էին մեծ գնահատանքի: Փոքրիկները այդ օր «մեծ» էին, անոնք շատ լաւ գիտէին իրենց կատարած գործին մեծութիւնն ու կարեւորութիւնը: Գիտէին, որ իրենց գեղեցիկ ձայնով այդ երգերը պիտի ունկնդրուէին հազարաւոր հայերու կողմէ: Հայ երգը պիտի տարածուէր եւ  մտնէր հայ տուներէ ներս:

Երգերուն արձանագրութենէն ետք պատրաստուեցաւ ձայնապնակին շապիկին նկարը: Պէյրութահայ հանրածանօթ նկարիչ Վարուժան Սէթեան փոքրիկներուն խմբային նկար մը առաւ Լեռնալիբանանի անտառապատ շրջանի մը մէջ: Այդ նկարահանումն ալ տեւեց մէկ ժամ:

Ձայնապնակը կոչուեցաւ «Արտուտիկ, մանկապատանեկան երգեր»: Ան հրատարակուեցաւ Լիբանանի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան կողմէ:

Մոնրէալ, 29 մարտ 2021

 

Նախորդը

Անմիջական Դասեր` Ազգային Ժողովի Արտահերթ Ընտրութիւններէն

Յաջորդը

Այս Շաբաթավերջին. Համա-ՀՄԸՄ-ական Ա. Առցանց Բանակումը` Աւելի Քան 1000 Սկաուտներու Մասնակցութեամբ

RelatedPosts

«Արնելի Արթ»-ի` «Զիքօ Հաուզ»-ին Մէջ Կազմակերպած Ցուցահանդէսը.  Տաղանդաւոր Գեղանկարիչ Սարգիս Սիսլեանի Գործերը Դրսեւորեցին Տագնապներու Դիմակալման Իւրայատուկ Ոճ
Արուեստ - Մշակոյթ

«Արնելի Արթ»-ի` «Զիքօ Հաուզ»-ին Մէջ Կազմակերպած Ցուցահանդէսը. Տաղանդաւոր Գեղանկարիչ Սարգիս Սիսլեանի Գործերը Դրսեւորեցին Տագնապներու Դիմակալման Իւրայատուկ Ոճ

Յունիս 20, 2022
Սպասում
Արուեստ - Մշակոյթ

Արցախեան Աղէտներու Դրսեւորումը Շարժապատկերի Մէջ

Յունիս 7, 2022
Սպասում
Արուեստ - Մշակոյթ

Արցախեան Աղէտներու Դրսեւորումը Շարժապատկերի Մէջ

Յունիս 6, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In