ՀՌԻՓՍԻՄԷ ԿՏՈՅԵԱՆ
Ես թողեցի փառքի ճամբան
Եւ ընտրեցի քարոտ ճամբան
Հայրենիքիս սիրոյն համար
Կու տամ կեանքս` թէկուզ մահուամբ:
Մի՛ անտեսէք իմ եղբայրներ,
Երբ ձեզ կու տամ վերջին բարեւ.
Հայրենիքը մեզ կը կանչէ,
Ինչո՞ւ թողնենք ու դուրս ելլենք:
Ինչո՞ւ ըսեն մեզ վախկոտ հայ,
Գիտեն ու մեր վրայ խնդան,
Մեր քաջերու անունները
Գիրքերու մէջ միայն մնան:
Ինչո՞ւ նորից պիտի չծնին,
Մեր աննման սիրուն հարսներ,
Արմէն Գարօ կամ Թեհլիրեան
Մնան այդպէս անյիշատակ:
Յիշեցէ՛ք ձեր մեծ եղբայրը,
Շիրազի թանկ գերեզմանը,
Կայ միշտ Մասիս սար կը կանչէր,
Օտար ինկած զաւակները:
Բարձրացուցէք ձեր բազուկներ,
Իմ քաջարի հա՛յ եղբայրներ,
Մի թողէք ձեր կոյս քոյրերը,
Երթան մտնեն թուրք հարեմը:
Արեւաշատ մեր երկիրը,
Բերքերով լի մեր դաշտերը,
Օ՛ն մշակենք մեր հողերը,
Արօր քաշեն ճահելները:
Թող մայրերը թոնիր վառեն,
Մեր հարսները օրօր երգեն,
Երեխեքը կարդան գրեն
Հայրենիքը զարգացնեն:


