Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Յունիս 23, 2021
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակը Կազմակերպեց «Վերելք» Ձեռնարկատիրական Վարժողական Ծրագիրը

Ամբողջացնելէ ետք եռամսեայ խտացուած դասընթացքը, 14 յունիս 2021-ին սկիզբ առաւ «ՎԵՐԵԼՔ» Ձեռնարկատիրական վարժողական ծրագիրը, որուն աւարտական 13 խումբերուն եզրափակիչ զտումները կայացան 18 յունիս 2021-ին:

Ներկայացուած լաւագոյն առաջադրանքները, նիւթական աջակցութիւն ստանալու կողքին, իրենց ծրագիրներու իրականացման ամբողջ ժամանակաշրջանին մնայուն խորհրդատուութիւն ստացան:

Հաղորդենք, որ «ՎԵՐԵԼՔ»-ը կարողութիւններու, կարելիութիւններու եւ դրամագլուխի խառն ձեռնարկութեան ծրագիր է, որ հիմնադրուած է ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին եւ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան կողմէ` մասնակցութեամբ եւ ղեկավարութեամբ մասնագիտական ու խորհրդատուական այլ խումբերու: Ան Արցախի ձգտումնալից եւ բարեփոխումներու ձեռնարկող երիտասարդներու ծրագիր է, որ ունի տեղական մակարդակի վրայ տնտեսական վերականգնումը արագացնելու եւ 18-35 տարեկան երիտասարդներու աճող ու յարատեւող կենսամակարդակ ապահովելու առաքելութիւն, յատկապէս` 2020-ի պատերազմի հետեւանքները նկատի առնելով:

Նշենք, որ «ՎԵՐԵԼՔ»-ը կը նպատակադրէ զարգացնել, ընդարձակել եւ կատարելագործել խոստմնալից եւ փոքր տնտեսութիւններ նախաձեռնելու ատակ երիտասարդներու հմտութիւններն ու գիտարհեստական (թեքնիք) գիտելիքները, զանոնք ի սպաս դնելու Արցախի մէջ ծրագիրներ իրականացնելու:

Ծրագիրը կը նպատակադրէ նաեւ մշակել փոքր տնտեսութիւններու վերաբերող յաջողակ շարք մը ձեռնարկութիւններ, որոնք պիտի գործեն Արցախի բարդ իրականութէան մէջ` իբրեւ վկայութիւն ազգային տնտեսական ծրագիրներու յաջողութեան:

«ՎԵՐԵԼՔ» ծրագիրի ձեւաչափը բաժնուած է երեք տարբեր փուլերու` կարողութիւններու կառուցում, դրամագլուխի ներդրում (վարժողական ծրագիրի շրջան) եւ կարելիութիւններու եւ գործընթացի հսկողութիւն:

Առայժմ «ՎԵՐԵԼՔ» ծրագիրը ամբողջացուցած է առաջին փուլը, որ երկարեցաւ ընթացիկ տարուան մարտէն մայիս եւ ունեցաւ 109 մասնակցող: Այս ժամանակաշրջանին ծրագիրը կազմակերպեց վարժողական 12 դասընթացներ, որոնցմէ առաջին վեցը կը վերաբերէր կառավարելու հիմնական սկզբունքներուն, իսկ երկրորդ վեցը` հետեւեալ բնագաւառներուն.

Ա. Բջիջային սարքաւորումներու զարգացումներ, Բ. Հիւրընկալում եւ զբօսաշրջութիւն, Գ. Մշտական երկրագործութիւն, Դ. Կանաչ ելեկտրականութիւն, Ե. Սնունդ եւ ըմպելիք, Զ. Նորարարական հողագործութիւն:

Առաջին փուլը աւարտելէ ետք լաւագոյն թեկնածուները ընդունուեցան հնգօրեայ գիտելիքներու ամրապնդման վարժողական ծրագիրին: Այս աշխատանքին հիմնական նպատակն էր մշակել եւ զարգացնել առաջին փուլին ստացած ձեռնարկութիւններու վերաբերող ըմբռնումները: Այս փուլին լաւագոյն հանդիսացողները ստացան նիւթական սատարում,  նաեւ` գործընթացի տեւողութեան մնայուն խորհրդատուութիւն:

Հուսկ, երրորդ փուլին, դափնեկիրները ներառուեցան 24 ամսուան տեւողութեամբ վերահսկողական ծրագիրի մը մէջ, որ կը միտի զարգացնել մասնակցողներուն ըմբռնումները` գործօն շուկայ ներթափանցելու ուղղութեամբ:

«ՎԵՐԵԼՔ» ծրագիրին մասնակից Riviera Capital-ը ամբողջ երկու տարուան ընթացքին, ընտրուած թեկնածուներու կարողութիւններուն զօրամղիչ երրորդ փուլին, կողք կողքի գործեց անոնց հետ:

Այս նախաձեռնութեան ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը աշխուժօրէն աշխատեցաւ լուծելու կարգ մը հարցեր, որոնք դիմագրաւեցին Արցախի երիտասարդները յետ 2020-ի պատերազմին, որոնցմէ է` արտագաղթի վտանգը: Գրասենեակը նաեւ կը ջանայ վերաղերսել տարիներու փորձառութիւն վաստկած սփիւռքահայութիւնը Արցախի երիտասարդութեան հետ:

Առ այդ, «ՎԵՐԵԼՔ» ծրագիրին եւ Արցախի մէջ ամիսներ անցուցած բոլոր կամաւորներուն ջանքերուն շնորհիւ, ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը յուսայ երկարաժամկէտ եւ մնայուն լուծումներ գտնել Արցախի երիտասարդութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն:

Յիշեցնենք, որ «ՎԵՐԵԼՔ» ձեռնարկատիրական ծրագիրը կ՛իրագործուի շնորհիւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի «Արցախ» Ֆոնտի օժանդակութեան:

«Յիշողութեան Կերպարանքներ…» Սեմինարի Շրջանակին Մէջ Ցուցադրուեցաւ Այվազովսկիի Վերականգնուած Կտաւը

Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի «Վերականգնուած ցուցանմուշներու պատմութիւն» ծրագիրի շրջանակին մէջ իրականացուող «Արուե՞ստ, թէ՞ գիտութիւն. երեք վերականգնուած կտաւներու պատմութիւն. Բաշինջաղեան, Կոջոյեան, Սարեան» ցուցադրութիւնը համալրուած է Յովհաննէս Այվազովսկիի «Չումակներ: Սայլաւորներ» (1857) կտաւով, որ արուեստասէրներուն ներկայացուեցաւ յունիս 15-ին:

Նշենք, որ ցուցադրութիւնը կը գործէ պատկերասրահի հիմնադրութեան 100-ամեակի եւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ իրականացուող «Յիշողութեան կերպարանքներ. ձեռագիր եւ տպագիր ժառանգութեան պահպանման եւ վերականգնման նորագոյն արհեստագիտութիւնները» 10-րդ միջազգային սեմինարի շրջանակին մէջ:

Պատկերասրահի տնօրէն Մարինա Յակոբեանը նշեց, որ հիւրերուն մեծ մասը Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան երկիրներէն է, ուստի որոշած են ցուցադրութիւնը համալրել Յովհաննէս Այվազովսկիի կտաւով, որովհետեւ ան բոլորին նկարիչն է` հայազգի ռուս նկարիչը: «Այվազովսկին աշխարհահռչակ ծովանկարիչ է, սակայն անոր այլ թեմաներով աշխատանքներէն շատեր որոշ չափով ստուերի մէջ կը մնան, այդ իսկ պատճառով ընտրեցինք «Չումակներ: Սայլաւորներ» աշխատանքը, որ վերականգնուած է հեղինակին 200-ամեակին առիթով: Մինչ այդ կտաւը երկար տարիներ պատկերասրահի պահոցին մէջ եղած է», պատմեց տնօրէնը:

Ըստ անոր, Այվազովսկիի կտաւէն զատ ցուցադրութեան ներկայացուած միւս հեղինակներուն` Սարեանի, Բաշինջաղեանի, Կոջոյեանի գործերը եւս վատ վիճակի մէջ եղած են: Որոշ կտաւներ փորձած են ժամանակին վերականգնել, բայց` անյաջող: «Մեր վերականգնողները լրացուցած են նաեւ այդ բացերը», ընդգծեց Մարինա Յակոբեանը:

Արցախի Մասին 8 Հետազօտական Ծրագիրներ Նպաստ Կը Ստանան «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Կողմէ

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքը մեկնարկեց կրթաթոշակներու նոր ծրագիր մը յունուար 2021-ին, որ կը կեդրոնանայ Արցախի մասին հետազօտական աշխատանքներու վրայ: Այս նախաձեռնութիւնը մաս կը կազմէ բաժանմունքին «Հայագիտութեան կարճաժամկէտ կրթաթոշակ»-ի ծրագիրին, եւ կը նպատակադրէ քաջալերել Արցախի մասին ժամանակակից ուսումնասիրութիւնները` յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով յետ 1994-ի ժամանակաշրջանին, ինչպէս նաեւ` առկայ կացութեան:

Դիմումներու առաջին փուլին (մարտ 1-էն ապրիլ 20)  չորս տարբեր երկիրներէ` Հայաստան, Ֆրանսա, Լիբանան եւ Միացեալ Նահանգներ, դիմումներ կատարուեցան: Այս փուլին ութ դիմողներ կրթաթոշակ ստացան` նկատի առնելով դիմումներուն որակը եւ ուսումնասիրութեան առարկաներուն այժմէականութիւնը:

Ուսումնասիրութեան նիւթերն էին` արտաքին քաղաքականութիւն եւ ապահովութիւն, միջազգային օրէնք, մշակութային ինքնութիւն, սեռային ներառականութիւն, խաղաղութեան հաստատում, սնունդի ապահովութիւն, ինչպէս նաեւ` բնապահպանական հարցեր:

Կրթաթոշակներու ընդհանուր գումարը 30 հազար եւրօ է, որ յատկացուեցաւ հետեւեալ դիմողներուն.

Ատրինէ Գրիգորեան (ԱՄՆ)
Դոկտ. Ալպերթ Հայրապետեան (Հայաստան)
Արմէն Ասրեան (Հայաստան)
Դոկտ. Քարոլ Ման (Ֆրանսա)
Ղարիպ Յարութիւնեան (Հայաստան)
Դոկտ. Իկոր Տորֆման-Լազարեւ (Ֆրանսա)
Դոկտ. Ռուբէն Էլամիրեան (Հայաստան)
Դոկտ. Թալին Փափազեան (Ֆրանսա):

Արցախի մասին հետազօտական կրթաթոշակներու այս ծրագիրը պիտի ունենայ դիմելու երկրորդ փուլ մը` յուլիս 1-էն մինչեւ 31 օգոստոս 2021: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել ծրագիրին էջը`

https://gulbenkian.pt/en/bolsas-lista/short-term-research-grants-for-the-study-of-nagorno-karabakh-ii/

Այժմէական Եւ Ուսանելի, Մովսէս Խորենացիի «Հայոց Պատմութիւն»-ի Սերպերէն Թարգմանութեան Շնորհահանդէսը

Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ պատմահայր` հայոց Հերոդոտոսի «Հայոց պատմութիւն»-ի սերպերէն  թարգմանութեան շնորհահանդէսը, որուն մասնակցեցաւ Պելկրատէն յատուկ այս առիթով Երեւան եկած հրատարակիչը` Վեսնա Պեշիչը: Հրատարակիչը լեզուաբան է, հրապարակախօս, Պելկրատի «Պեշիչ եւ որդիներ» հրատարակչութեան հիմնադիր  տնօրէնը եւ համաշխարհային առումով սերպական մշակոյթն ու իր երկրի  արժէքները քարոզողը: Վեսնա Պեշիչը 6 գիրքի հեղինակ է: Ըստ անոր, նկարահանուած են շարք մը արժէքաւոր վաւերագրական ժապաւէններ, որոնցմէ մէկը բաղկացած է 96 մասէ եւ նուիրուած է համաշխարհային պատմութեան:

Այդ  իմաստուն եւ անսահման հմայիչ կինը ճամբորդած է աշխարհի բազմաթիւ երկիրներ, մասնակցած է միջազգային բազմաթիւ համագումարներու: Ան ազատօրէն  կը խօսի ֆրանսերէն, իտալերէն, անգլերէն: Անոր հրատարակչութիւնը լոյս  կ՛ընծայէ գիրքեր, որոնք նուիրուած են մարդկութեան հնագոյն քաղաքակրթութեան: Տիկին Վեսնան Պելկրատի Գրողներու միութեան պատուաւոր անդամ է, Ժընեւի համաշխարհային մտքի, ինչպէս նաեւ Սերպիոյ զարգացման ակադեմիայի,  Մեքսիքայի Հոմերոսի երկերու ուսումնասիրման հիմնարկի անդամ: Պելկրատ ստացած է բազմաթիւ միջազգային պարգեւներ, որոնցմէ վերջինը Ռուսիոյ «Ոսկէ գրիչ» մրցանակն է (2019 թ.):

Շնորհահանդէսը վարեց տաղանդաւոր բանաստեղծ եւ թարգմանիչ, մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, Հայաստանի մէջ Սերպիոյ պատուոյ հիւպատոս Բաբգէն Սիմոնեան: Ան մեծ աւանդ ունի Պատմահօր գիրքի թարգմանութեան խմբագրման դժուարին գործին մէջ, ինչպէս նաեւ յառաջաբանին հեղինակն  է: Շնորհահանդէսին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ գիրքի  մասնագիտական յառաջաբանի հեղինակ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի թղթակից-անդամ Աելիտա Դոլուխանեանը, որ խօսեցաւ Պատմահօր երկին եւ այդ երկին այլալեզու թարգմանութիւններուն մասին եւ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց երկը` շատ բարեկամ սերպ ժողովուրդին  լեզուով թարգմանելու կապակցութեամբ: Ջերմ խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան, որ խիստ կարեւոր նկատեց միջազգային արժէք ունեցող Խորենացիի պատմութեան բարեկամ ժողովուրդի լեզուով թարգմանուելու իրողութիւնը` շեշտելով երկու ժողովուրդներու  ճակատագիրներուն նմանութիւնը: Պատմաբանին համար Խորենացիին երկին ամէն նոր  թարգմանութիւն կը նշանակէ Պատմահօր գլուխ գործոցի յարատեւութիւն: Ան պատմեց այն սրտաշարժ հանդիպման մասին, որ ունեցած է Չինաստանի մէջ տեղի  ունեցած միջազգային համագումարի ժամանակ, երբ այնտեղ հանդիպած է սերպ գործընկերոջը` իբրեւ հոգեհարազատ եղբայր:

Թարգմանութեան արժէքը յատուկ շեշտեց Հայաստանի մէջ Սերպիոյ դեսպանատան գործերու  ժամանակաւոր հաւատարմատար Թաթեանա Փանայոթովիչ-Ցվեթքովիչը, որ խիստ շահագրգիռ է հայ-սերպական գրական եւ մշակութային կապերը առաւել  ամրապնդելու գործին մէջ եւ երջանիկ է, որ Խորենացիի երկը պիտի կարդայ մայրենի լեզուով:

Իմաստուն եւ ներգործող էր Վեսնա Պեշիչի ելոյթը, որ խօսեցաւ Խորենացիի  պատմութեան թարգմանութեան ազդակներուն մասին: Վաղնջական ժամանակներէն  սերպերն ու հայերը կ՛ապրէին իրենց պատմական տարածքներուն վրայ եւ հերոսաբար  կը մաքառէին ազգային նկարագիրը անաղարտ պահելու սրբազան գործին մէջ:  Հինգերորդ դարուն Խորենացի կը սորվեցնէ, թէ ի՛նչ է հայրենիքը, ո՛րն է հերոսութիւնը, ինչպէ՛ս մարդկութեան լոյս կը բերեն կրթութիւնն ու գիտութիւնը:  Ան իր գիրքով դաստիարակած է հայերու բազում սերունդներ: Խորենացիի գիրքը  կը բացատրէ, թէ որոնք են մարդկութեան բարոյական արժէքները եւ ազգային նուիրումը, որ մարդը կը դարձնէ մարդ: 21-րդ դարուն ընթացքին, երբ որոշ ուժերու  թելադրանքով հին քաղաքակրթութիւն ունեցող, սակայն ոչ մեծ թուաքանակի  ազգերու համաշխարհայնացման անուան տակ կը կամենան կլանել եւ պատմութեան ասպարէզէն վերցնել,  Խորենացիի գիրքը սթափեցման կոչ է: Անիկա կարեւոր է ո՛չ միայն հայերուն, այլեւ աշխարհի այլ ժողովուրդներուն համար: Գիրքը աշխարհի ժողովուրդներուն օգտակար դասեր կու տայ, որպէսզի անոնք չվերածուին անհոգ եւ անսիրտ ռոպոթներու:

Վեսնա Պեշիչ ըսաւ նաեւ, որ թէպէտ ինքը ընդամէնը 3 օր է, որ Երեւան կը գտնուի, սակայն սիրած է գեղեցիկ Երեւանը, հիացած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի շքեղ շէնքով, իսկ Մաշտոցի անուան մատենադարանի հայկական հին ձեռագիրներու ցուցանմուշները զինք ապշեցուցած են:  Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր Ղեւոնդեանէն նուէր ստացած է «Մատենադարան» հրաշալի պատկերագիրքը: Ի դէպ, տիկին Վեսնան գիրք պիտի գրէ Հայաստանի մասին, եւ իր մտքին մէջ այդ գիրքը արդէն «կը գրուի»: Յաջորդ անգամ Հայաստան պիտի գայ ո՛չ թէ 10 օրով, այլ` աւելի երկար ժամանակով եւ պիտի բերէ իր նոր գիրքը, որ պիտի անուանէ` «Կոչիր ինձ, գարուն», որովհետեւ իր անունը հայերէն գարուն է, իսկ գարունը կեանքի վերածնունդն է. ինքը պիտի տեսնէ վերածնող Հայաստանը:

«Արցախի Համն Ու Հոտը»` Պերճ Պռօշեանի Տուն–Թանգարանին Մէջ

Յունիս 19-ին Աշտարակի Պերճ Պռօշեանի տուն-թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախի համն ու հոտը» խորագրով փառատօնը, որուն նպատակն է ուշադրութիւն հրաւիրել անյապաղ պաշտպանութեան կարիք ունեցող հայկական ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան` արցախեան խոհանոցին, կենցաղին, արհեստներու կենսունակութեան պահպանութեան եւ այլն:

Արցախեան թթուաշներու հարուստ տեսականին, համեղ ուտեստները, ձեռագործ աշխատանքները կը ներկայացնեն պատերազմի պատճառով տեղահանուած եւ Հայաստանի գիւղական ու քաղաքային համայնքներու մէջ բնակող արցախցիները:

Ըստ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարարութեան, պիտի կազմակերպուին ձեռարուեստի եւ ուտեստի պատրաստման վարպետաց դասեր, ուտեստներու համտես-վաճառք, ինչպէս նաեւ պիտի ցուցադրուին Սիւնիք-Արցախի տարազային համալիրները` ապահովելով Արցախի երանգներն ու շունչը:

Յայտնենք, որ «Արցախի համն ու հոտը» խորագրով փառատօնը կազմակերպուած է կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ, «Տէրեան մշակութային կեդրոն» ՀԿ-ի նախաձեռնութեամբ:

Մէկ Նամականիշով Նոր Գեղաթերթիկ` Նուիրուած «Աշխարհահռչակ Հայեր. Ալեքսանդր Սպենդիարեանի Ծննդեան 150-Ամեակ»-ին

2021 թուականի յունիս 14-ին ՀայՓոստ ընկերութիւնը Ալեքսանդր Սպենդիարեանի տուն թանգարանին մէջ մարեց եւ շրջանառութեան մէջ դրաւ «Աշխարհահռչակ հայեր. Ալեքսանդր Սպենդիարեանի ծննդեան 150-ամեակը» թեմային նուիրուած մէկ նամականիշով գեղաթերթիկ:

Նամականիշի մարումը իրականացուցին` Հայաստանի Հանրապետութեան բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարի տեղակալ Դաւիթ Սահակեանը, Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Արայիկ Խզմալեանը, ՀայՓոստ ՓԲԸ գլխաւոր տնօրէն Հայկ Կարապետեանը, Ալեքսանդր Սպենդիարեանի տուն-թանգարանի տնօրէն Մարինէ Օթարեանը եւ Հայաստանի Ֆիլաթելիսթներու հայկական ընկերութեան նախագահ Յովիկ Մուսայէլեանը:

ՀայՓոստ ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Հայկ Կարապետեանը իր ողջոյնի խօսքին մէջ նշեց. «Շատ ուրախ ենք, որ այսօր շրջանառութեան մէջ դրուած է հայ մեծ երաժիշտ, տաղանդաւոր երգահան, հայ սենեկային երաժշտութեան հիմնադիր Ալեքսանդր Սպենդիարեանի 150-ամեակին նուիրուած նամականիշը: ՀայՓոստի այս նամականիշը պիտի տարածուի ամբողջ աշխարհով` եւս մէկ անգամ յաւերժացնելով մեծն երգահանին անունը»:

890 դրամ անուանական արժէքով նամականիշին վրայ պատկերուած է հայ մեծ երաժիշտ, երգահան եւ հայ սենեկային երաժշտութեան հիմնադիր Ալեքսանդր Սպենդիարեանը (1871-1928 թուականներուն):

Գեղաթերթիկին վրայ պատկերուած է Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնը, Սպենդիարեանի արձանը, իր ստորագրութիւնը եւ «150 ամեակ» գրառումը` հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով: Գեղաթերթիկի ստորին հատուածին մէջ տեղադրուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի նշանակը, որովհետեւ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանը ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի` հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու 2020-2021 թուականներու օրացոյցին մէջ:

Երուանդ Քոչարի Թանգարանին Մէջ Բացումը Կատարուած Է «Քոչարական Գծի Մոգական Փոխհատումները» Խորագրով Ցուցադրութեան

Երուանդ Քոչարի թանգարանին մէջ բացումը կատարուած է «Քոչարական գծի մոգական փոխհատումները» խորագրով ցուցադրութեան: Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարարութենէն:

Ներկայացումը նուիրուած է Քոչարի փարիզեան շրջանի կրաֆիք ստեղծագործութիւններուն, որոնք ստեղծուած են ձեռքի ազատ, սահուն, անընդհատ շարժմամբ, առանց նախնական ուրուանկարի, սեղման թեքնիքին: Այս ստեղծագործութիւնները առանձնայատուկ տեղ կը զբաղեցնեն փարիզեան տարիներուն ստեղծած կրաֆիքական աշխատանքներու  շարքին մէջ:

Ցուցադրութեան մէջ ներկայացուած են վարպետի սեղմումով ստեղծագործութիւնները, նաեւ` քոչարական սեղմումով գործերու մոթիվներով իրականացուած իւրօրինակ լուսային պատկերները, որոնք նորարարական եղանակներով եւ նոր արհեստագիտութիւններու կիրարկմամբ առաւել ակնառու կերպով կը ներկայացնեն արուեստագէտին մտայղացումները:

Վերջերս Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Արա Խզմալեանը այցելեց Քոչարի թանգարան ու դիտեց նոր բացուած ցուցադրութիւնը, ինչպէս նաեւ տնօրէն Կարինէ Քոչարի ուղեկցութեամբ շրջայց մը կատարեց թանգարանին մէջ: Նախարարի տեղակալը տնօրէնին հետ քննարկեց թանգարանին յառաջիկայ ընելիքները, ինչպէս նաեւ` միջազգային համագործակցութեան ուղղուած շարք մը հարցերը:

Նշենք, որ «Քոչարական գծի մոգական փոխհատումները» խորագրով ցուցադրութիւնը նուիրուած է Քոչարի ծննդեան 122-ամեակին:

Նշենք, որ այս իւրայատուկ բեմադրութիւն-ցուցադրութեան համակարգողը Աշոտ Մարապեանն է: Ցուցադրութիւնը կ՛ուղեկցուի գծանկարային պատկերներով (հեղինակ` Նարեկ Նազարեան), տեսաժապաւէններով եւ երաժշտութեամբ:

 

 

 

 

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

Յաջորդը

Զոհուած Զինուորներու Աճիւններու Հարցը Մարդկային, Քաղաքական Եւ Քրէական Յանցանք Է

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 9, 2025
Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար
Հայրենի Կեանք

Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար

Յուլիս 2, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յունիս 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?