ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Արեւմտահայ ազգային-ազատագրական պայքարին մէջ մեծ տարածում գտաւ հայդուկային կամ ֆետայական շարժումը: Հայդուկային շարժումը Արեւմտեան Հայաստանի մէջ սկսաւ 19-րդ դարու 1880-ական թուականներու կէսերուն: Անոր հարուածը ուղղուած էր ամէն տեսակի ճնշում բանեցնողներուն եւ բռնակալներուն:
Մեծ մասամբ իբրեւ ճնշող եւ բռնակալ հանդէս կու գային քիւրտ ռազմական աւագանին` ցեղապետները եւ թուրք պաշտօնէութիւնը: Չհանդուրժելով լլկանքները` հայ գիւղացին ոեւէ քիւրտ աղա կամ թուրք ոստիկան մը սպաննելէ ետք լքելով տունը, տեղն ու ընտանիքը` կը բարձրանար լեռները: Երբեմն մինակ, երբեմն խումբով, բայց` միշտ կապ պահելով շրջակայ հայկական գիւղերու հետ:
Հայդուկները կ՛ապաստանէին լեռները: Անոնք անսպասելի յարձակումներ կը գործէին կառավարական զօրքերու, քիւրտ հրոսակախումբերու կամ հարկահաններու վրայ: Հայդուկային խումբերուն մէջ կը տիրէր երկաթեայ կարգապահութիւն:
Առաջին հայդուկներէն էր Արաբոն (Առաքել Մխիթարեան):
Ֆետայական շարժումները վերելք ապրեցան, երբ անոնց գործունէութիւնը սկսաւ ղեկավարուիլ ազգային կուսակցութիւններու կողմէ:
Հայդուկային շարժման ականաւոր դէմքերէն էին` Աղբիւր Սերոբը, Հրայր Դժոխքը, Գէորգ Չաւուշը եւ հազարաւոր այլ ֆետայիներ: Վերոնշեալ հայդուկապետներու խումբերու անդամ էին քաջարի ֆետայիներ, որոնց կարգին էր նաեւ Զուլումաթը (Պասեցի Յովհաննէս):
Հայ յեղափոխութեան ու ազգային-ազատագրական շարժման ժամանակաշրջանին, երբ մէկ կողմէ հարիւրաւոր դէպքերու կամ դէմքերու մասին յուշեր կամ պատումներ կ՛արձանագրուէին թուղթին, միւս կողմէ` հազարաւոր երգեր կը հիւսուէին` նուիրուած սխրալի այդ իրադարձութիւններուն եւ անոնց ծնունդ տուող անձնուրացներուն մասին:
Յատկապէս Արեւմտեան Հայաստանի հողատարածքին վրայ, երբ քիւրտերու հետ անմիջական կռիւներ տեղի կ՛ունենային, հայերէնով նուիրուած երգերէն զատ, քիւրտեր նաեւ կը յօրինէին երգեր այդ դէպքերուն ու դէմքերուն նուիրուած: Եղած են նաեւ հայեր, որոնք քրտերէն երգած են անոնց մասին:
Ուստի այս աշխատասիրութեան մէջ, իբրեւ հիմնական նիւթ, լուսարձակի տակ կ՛առնենք ֆետայի Զուլումաթին (Պասեցի Յովհաննէս) նուիրուած երկու երգեր` յատկապէս առանձնացնելով քրտերէն երգը:
Նախ անհրաժեշտ է, որ տեղեկանանք, թէ ո՞վ էր ԶՈՒԼՈՒՄԱԹ եւ ի՞նչ պայմաններու տակ անոր երգ նուիրած են:
Պասեցի Յովհաննէս` հայ ազգային-ազատագրական շարժման մարտիկ, ֆետայի, ՀՅԴ-ի անդամ:
Յովհաննէսը Բաղէշի նահանգի Տատիկ գաւառի Պաս գիւղի համեստ զաւակն էր: Մայրը զինք ծնաւ Կ. Պոլիս, պանդխտութեան մէջ (ծննդեան թուականը անյայտ է), բայց մանուկ Յովհաննէս բերուեցաւ հայրենի բնագաւառ եւ հոն հասակ առաւ:
Բարձրահասակ, նիհար, ոսկրոտ եւ ջղուտ պատանին, որ բնականէն աւելի ընդունակ էր, շուտով յայտնի դարձաւ գաւառին մէջ իր ժրութեամբ եւ քաջութեամբ: Վախ ու երկիւղ գոյութիւն չունէին իրեն համար, իսկ ժամանակաշրջանը, որուն ընթացքին դարձած էր հասուն երիտասարդ, լեցուն էր անակնկալներով եւ փոթորիկներով: Հայկական յեղափոխութիւնն էր, որ կը ծնէր, կը կազմակերպուէր:
Կը սկսէր անհաւասար կռիւ մը տիրող բռնակալութեան ընդդէմ:
Զոհը կ՛ըմբոստանար իր դահիճին դէմ: Սկզբնական այս շրջանին էր, որ երեւան եկաւ Սալնոյ Ձորի ու Տարօնի շրջաններուն մէջ Սերոբ Աղբիւրի յեղափոխական խումբը:
Զուլումաթը եղաւ այն առաջիններէն, որոնք միացան Սերոբ Աղբիւրի յեղափոխական խումբին, եւ այնուհետեւ ալ` 1895-1898-ին, մնաց Սերոբի ու Գուրգէնի կարեւոր զինակիցներէն մէկը: Մասնակցեցաւ անոնց մղած կռիւներուն ու կատարած գործողութիւններուն` ըլլալով անվախ ու համարձակ եւ կռիւներու մէջ թշնամիին անշեղ ու անսխալ հարուածող մը` անխնայ ու կատաղի:
Մասնակցած է Խաթաւինի, Բաբշէնի (ուր ծանր վիրաւորուած է) կռիւներուն: Ռուբէն Տէր Մինասեան իր «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները» շարքի երրորդ հատորին մէջ կը հաստատէ, որ Զուլումաթ համեստ ու հնազանդ զինուոր մըն էր, դիւրաբեկ` լաւ խմբապետի մը կամ կոմիտէի մը ձեռքին տակ, բայց կատարեալ պատուհաս մը` թշնամիի համար: Հոնկէ ալ առած է իր «Զուլումաթ» անունը:
Զուլումաթի անունն ալ, այլ հայ ֆետայիներու անուններուն նման, սարսափ տարածեց քիւրտերու շրջանակին մէջ: Անոնք վախով կը հնչէին Զուլումաթի անունը: Քիւրտ մայրերը Զուլումաթի անունով կը վախցնէին իրենց մանուկները, երբ կ՛ըսէին. «Լռէ՛, տղա՛ս, Զուլումը կու գայ հիմա»:
Բաբշէնի կռիւին Զուլումաթի հետ կը պատահի հետաքրքրական դէպք մը, որ պատմական կարեւորութեան համար այստեղ պարտք կը զգանք յիշատակել:
1898 հոկտեմբեր 20-ին Սերոբ 16 հոգինոց խումբի մը հետ կը մտնէ Պիթլիսի մօտ գտնուող Բաբշէն գիւղը, սակայն գիւղը կը շրջապատուի մատնիչի մը թուրք իշխանութեան լուր հասցնելու պատճառով: Ֆետայիները կռուելով կը նահանջեն ու դիրք կը բռնեն գիւղի վերեւը գտնուող ժայռերուն ետեւը:
Խումբին մաս կը կազմեն` Առիւծ Աւագը, Փալապեխ Կարապետը, Առաքելը, Պիթլիսցի Սարգիսը, Մուշեղը, Երկար Նատոն, Սոսկալի Նատոն, Քաջ Զուլումաթը եւ ուրիշներ:
Կռիւը կը տեւէ մինչեւ իրիկուան մութը: Թուրքերը տուած էին աւելի քան 30 զոհ, իսկ ֆետայիները մէկ զոհ` Սարգիսը, թեթեւ վիրաւոր մը եւ ծանր վիրաւոր մը` Զուլումաթը:
Սերոբ ծանր վիրաւորը Փալապեխ Կարապետին յանձնելով` կը հրամայէ, որ տանի եւ սպաննէ զայն:
Կարապետ Զուլումաթը կը տանի, սակայն չի սպաններ:
Կ՛իջնէ գիւղ մը, մսուրի մը մէջ կը պառկեցնէ վիրաւորը եւ վրան խոտերով կը ծածկէ ու կը պատուիրէ տանտիրոջ, որ լաւ խնամեն վիրաւորը:
Օրեր յետոյ Զուլումաթ կ՛ապաքինի:
Փալապեխ Կարապետը Զուլումաթին հետ կը ներկայանայ Սերոբին, Նեմրութայ լերան վրայ: Սերոբ կը համբուրէ Կարապետին ճակատը, եւ զինուորները կը համբուրեն Զուլումաթը:
Աղբիւր Սերոբի զոհուելէն (1899) ետք Զուլումաթ անցած է Կովկաս: 1903-ին զէնք հասցուցած է Խլաթ ու Սասուն: 1904-ին մասնակցած է Մշոյ դաշտի, Խլաթի ու Վասպուրականի կռիւներուն (Բերդակ, Կուրաւու, Շամիրամ, Աղթամար):
1905-էն Պարսկաստանի սահմանագլուխին (հիմնական յենակետն էր Ս. Թադէոս առաքեալի վանքը) զբաղած է զէնք փոխադրելու գործով: Եղած է պարսկական յեղափոխութեան մարտիկներէն: Ժամանակ մը Սալմաստ եւ Խոյ զէնքերու փոխադրութեամբ զբաղելէ ետք, Խոյի մօտ, Սէյտավար գիւղի պատմական Աւարայրի դաշտին մէջ մղուած կռիւի ժամանակ, 1911 թ. փետրուարին կ՛իյնայ հերոսական մահով:
Զուլումաթի սխրագործութեան ու քաջարի կեցուածքներուն պատճառով քիւրտերը զայն նկարագրող երգ յօրինեցին: Այս մէկը բնականաբար կ՛ապացուցէ Զուլումաթին հեղինակութիւնը եւ վարկը:
Այդ երգին ծնունդ տուող դէպքի` մեր հետազօտական աշխատութենէն կը հետեւցնենք, որ Զուլումաթ Խաթաւինի կռիւի վերջաւորութեան (պակաս բաներ կան). Մուշեղի խումբը այդ ցերեկ պահուըտած էր Խաթաւին փոքր լերան ստորոտը, նոր աւերուած ջրաղացի մը մէջ, Խաթուն եւ Եփրատ գետերու միացման անկիւնին մօտ:
Հոն էին քանի մը օրէ ի վեր եւ իրենց պաշարը հատած` կը մնային անօթի:
Զուլումաթը կը փորձէր ջրաղացի քարերու եւ պատերու վրայ նստած ալիւրի փոշին խնամքով հաւաքել ու երբ բաւական հաւաքած էր, ցերեկով ցախերէ կրակ ըրաւ եւ սալի վրայ եփեց անիւղ բաղարջներ ու բաժնեց սովէն հիւծած ընկերներուն:
Ինք ոչինչ կերաւ, միայն իբր թէ կատակով, լիզեց ջրաղացի քարերու եւ պատերու վրայ մնացած ալիւրի փոշին ու ատով բաւականացած` «զիմ փոր պզտիկ ի» կատակեց:
Քիւրտ հովիւները նշմարելով ֆետայիներու օճախին ծուխը` «հաւար» փրցուցին: Հայտարան աշիրեթը ոտքի ելաւ եւ լուր հասցուց նաեւ միւս աշիրեթներուն ու տաճիկ զօրքերու կեդրոնին, որ հարիւրաւոր ֆետայիներ հոն են, «հաւարէ՜…»:
Մուշեղի խումբը կը բաղկանար ընդամէնը 12 ֆետայիներէ, որոնցմէ մէկն ալ Զուլումաթն էր:
Բոլորը կը պաշարուին, եւ շուրջ երեք օր անընդհատ կռիւ տեղի կ՛ունենայ:
Մեծ թիւով ձիաւոր, հետեւակ զօրքը եւ քրտական խուժանը մէկէ աւելի անգամ փորձած էին զօրեղ գրոհով ոչնչացնել ֆետայիները:
Խումբը պատերու եւ մեծ քարերու ետեւ դիրք բռնած` կը կրակէր տասնեակներով եւ կը սպաննէր մօտենալ փորձող թշնամին: Խիտ շարքերով ու գրոհներով թշնամին կ՛ուզէր վերջ տալ կռուողներու կեանքին, բայց աւարտին մօտ 200 դիակ կը ձգէ հոն իր շարքերէն: Ֆետայիները կ՛ունենան մէկ զոհ եւ երեք վիրաւոր, որոնցմէ մէկը կ՛ըլլայ Զուլումաթը, որ դիրքէն դուրս խոյանալով` սպաննած էր թուրք սպայ մը ու արագ կասեցնելով իր արիւնահոսութիւնը` կրկին մտած էր կռուի մէջ:
Երրորդ իրիկունը պաշարողները, ճարահատ, խոտի դէզեր կը դնեն ջրաղացին շուրջ եւ կրակ կու տան: Մուշեղի խումբը շնչած էր մուխն ու բոցերը: Արդէն փամփուշտները հատնելու վրայ էին: Օգտուելով բոցերու լոյսէն` ֆետայիները միահամուռ կրակ կը բանան սարսափելի գոռոցով, եւ առաջինը դուրս կը նետուի Զուլումաթը, որուն կը հետեւին միւս մարտիկները ու կ՛անհետանան խաւարին մէջ:
Թշնամին խուճապի մատնուելով` իրար կ՛անցնի եւ կը կորսնցնէ ֆետայիներուն հետքը: Բայց կրակը կը սպառնար բոցերու մէջ առնել վիրաւոր Մակարը, որ ի վիճակի չէր հետեւելու իր զինակից ընկերներուն: Զուլումաթը վերադառնալով` կը ցատկէ, կը քաշէ զայն դուրս եւ կռնակին առնելով իր ընկերը` կը հասնի միւսներուն:
Այս մասին ժողովուրդը հետեւեալ երգը կը հիւսէ անոր.
Մակարը ծանր վիրաւոր,
Զուլումաթը կռնակ առաւ,
Մտաւ ջաղացի չոր ջրտուն
Ու ելաւ, հասաւ ընկերներուն:
Մակարը ըսաւ. «Ընկե՛ր ջան,
Թող որ հոս մեռնիմ»,
Զուլումաթը ըսաւ. «Չէ՛, ընկե՛ր ջան…
Քեզի կրնա՞մ թշնամուն թողուլ…»:
Խումբը յոգնատանջ ու կիսաքաղց, երկար ժամանակ քալելէ ետք, Սուչխան ձորին մէջ կը հանդիպի քրտական տարազով ծպտուած Աղբիւր Սերոբի խումբին, որ օգնութեան կու գար, եւ արշալոյսին երկու խումբերը միացած` կը բարձրանան Նեմրութ:
Վերոնշեալ դէպքին ու յատկապէս Զուլումաթին նուիրուած է երկու երգ:
Առաջինը բնականաբար հայերէնն է, որ ներկայացուցինք վերը:
Հայերէն այս երգին հոգի ու կեանք տուողը վստահաբար այդ դէպքը ապրողը կամ այդ ապրումը ներշնչողն է, որ այսքան հարազատ կրնայ դրսեւորել, թէեւ երգին հեղինակը մեզի կը մնայ անծանօթ:
Երգը թէեւ իր պարզ բառերու շարահիւսուածքով կը ներկայանայ մեզի, սակայն խորքը այլ բան է, եւ ամէն ինչէ առաջ դէպքին նկարագրութիւնն է:
Վերոնշեալ կռիւի պատումը եւ Զուլումաթին մասին նկարագրող երկրորդ երգը հեղինակած է քիւրտ երգահան մը, որ լաւագոյնս կը դրսեւորէ այդ իրադարձութիւնները:
Իրօ սէ ռօժէ ու շէվէ
Ասեարէ Հասանան, Հայտարան
Սիպկան, Ճէլալան
Սարը պավէ Զուլումաթ գըր թապուր
Պաժէ պավէ Զուլումաթ
Զրավա լը տակէ կատէ
Շառակի չը տըպու:
Մալազկերտէ խուպան լը տավէ աշէ,
Իրօ սէ ռօժէ ասքեարէ հէր չար
Պապէ աշիրաթան
Սար պավէ Զուլումաթ տըքշէ:
(Քրտերէնէ թարգմանուած)
Երեք գիշեր, երեք ցերեկ
Հասնանցի, հայտարանցի
Սիպկանցի, ճելալցի ասկեարը
Զուլումաթի վրայ կռիւ կ՛ընէին:
Զուլումաթի հասակը բարակ
Առուոյտի ցօղունի նման է,
Կռիւ մը տուաւ ահաւոր:
Մանազկերտի ձորի ջաղացքին մէջ,
Այսօր երեք օր է, որ
Չորս աշիրէթ ու ասկեարը,
Յարձակած են Զուլումաթ հսկայի վրայ…
Յիշողութիւններով մէկտեղուած` այս երգի պատմական հենքը կը մնայ հայ ֆետայիին ասպետական նկարագիրը, քիւրտի դէմ կատարուած կռիւը, հայ հերոսին կամքն ու պատգամը:
Զուլումաթին նուիրուած քրտերէն երգը հեղինակուած է քիւրտ ցեղի ենթակայի մը կողմէ:
Պատմական կարեւորութեան համար կ՛արժէ ընդգծել յիշարժան իրողութիւն մը:
Քիւրտերը յատուկ սովորութիւն մը ունին. կռուի մէջ պարտութեան ընթացքին իրենց հակառակորդին` դէպքի կամ դէմքին գովաբանական երգեր հիւսելու, եւ այս տեսակի երգերուն թիւը պատմութեան մէջ շատ են, յատկապէս` հայերուն նուիրուած երգերը:
Արդարեւ, Զուլումաթի սխրանքն ու քաջագործութիւնները պատճառ դարձած են, որ քիւրտ երգահանը քրտերէն երգ հիւսէ անոր մասին` վեր առնելով ֆետայի Զուլումաթի կերպարը վերոնշեալ կռուի ընդմէջէն:
Եթէ ուշադրութեամբ հետեւինք երգի բառերուն, յստակօրէն կրնանք ներթափանցել եւ հասկնալ քիւրտ հեղինակին իրապաշտ մօտեցումն ու արտայայտութիւնը:
Երգին հեղինակը կը նկարագրէ Զուլումաթի վրայ կատարուած յարձակումը եւ տեղի ունեցած կռիւի տարողութիւնը` քրտական չորս աշիրէթներու` հասնանցի, հայտարանցի, սիպկանցի եւ ճելալցի զինուորներու մասնակցութեամբ. մեզի կը ներկայացուի կռիւի ահաւորութիւնը:
Այնուհետեւ հեղինակը մանրամասնութեան կ՛երթայ, երբ կը նկարագրէ Զուլումաթի մարմինը, թէ` «Զուլումաթի հասակը բարակ է», ապա անոր հասակը արուեստի բարձրորակ ներկայացումով կը նմանցնէ, երբ կ՛երգէ. «Առուոյտի ցօղունի նման է»:
Երգին յաջորդող բառերուն մէջ քիւրտ հեղինակը կ՛անդրադառնայ ու կը հիմնաւորէ, որ «Մանազկերտի ձորի ջաղացքին մէջ» երեք օր անդադար «Չորս աշիրեթ ու ասկեար» զարմանալի կերպով «Յարձակած են Զուլումաթ հսկայի վրայ»: Հեղինակը Զուլումաթի մասին կը խոստովանի ու կը հաստատէ, որ Զուլումաթ «հսկայ» մըն է:
Թէեւ երգին ու երաժշտութեան քիւրտ հեղինակը մեզի կը մնայ անծանօթ, սակայն ան բազմակողմանի ձեւով եւ ամէնէն հարազատութեամբ նկարագրած է այդ քաջարի արարքը:
Անդրադարձանք քիւրտ հեղինակի ստեղծագործութեան, որ մնալով իր խղճին ականջալուր եւ կեցուածք ունենալով համամարդկային անարդարութեան դէմ, իբրեւ զգացում, դիմած է իր մտքին ու սրտին: Հետեւաբար այս զուգահեռ գործօններու շնորհիւ` ան ստեղծագործած, երգած ու յօրինած է Զուլումաթին նուիրուած երգը, որուն մէջ արտայայտուեցան իր խոր զգացմունքը, յուզմունքը եւ պոռթկումը` ամենայն թափանցիկութեամբ:
Երգին խօսքերը յատկապէս ցոյց կու տան, որ երգը հիւսուած է ժողովրդական երգի ընդհանուր բնոյթով ու ոճով:
Երգին բառերը նկարագրական համակողմանիութեամբ ինքնին հերոսապատումն է:
Զուլումաթի քաջագործութիւնը նկարագրող եւ անոր առթած հպարտանքն ու պարծանքը գովերգող եղանակաւորուած պատմութիւն գրուեցաւ նաեւ երգերով, որոնց համար յարմար նկատեցինք նուիրել այս աշխատութիւնը:
Արդարեւ, այս ուսումնասիրութեան մէջ կատարուած յայտնաբերումներն ու վերլուծումները ամբողջացնելու նպատակով կը կատարենք հետեւեալ հիմնաւորումը. ֆետայի Զուլումաթի հերոսապատումին նուիրուած երգերուն ընդմէջէն շատ աւելի ակներեւ կը դառնան հետեւեալ չորս խորհուրդները` գաղափարը, կարգապահութիւնը, ընկերասիրութիւնը եւ երաժշտութիւնը:
Այս աշխատասիրութիւնը երաժշտական բնոյթի հետազօտական գործ է, սակայն` դէպքի եւ արարքի յիշատակման հետամուտ ըլլալով: Առ այդ, իր մէջ ինքնաբերաբար կ՛ընդգրկէ նաեւ պատմական եւ ազգային-ազատագրական շարժման հոլովոյթ եւ բնութագրում:
Այսպիսով, հայոց հասարակական-քաղաքական կեանքին մէջ հերոսներն ու կատարուած հերոսութիւնները իրենց դրոշմը ձգեցին հիմնաւորուած այս երգերու բնոյթին վրայ եւ յիշուած կենցաղավարութեան հանգամանքներուն մէջ:
Ֆետայական շարժման երեւոյթը տասնեակ տարիներ շարունակ դաստիարակիչ եւ ուսուցանելիք կողմեր ունեցաւ եւ տակաւին կ՛ունենայ: Իրերայաջորդ սերունդներ ուժ առին ազատագրական զինեալ պայքարի մարտիրոսներէն, որոնց պատգամը այսօր տիրական կը մնայ նոր սերունդներուն մէջ` պահանջատէր ու պայքարող ըլլալու, մինչեւ հայութեան ամբողջական իրաւունքներու ձեռքբերումը:
—————————-
Օգտագործուած աղբիւրներ
– Ամուրեան Անտրէ, «ՀՅ Դաշնակցութիւնը Պարսկաստանում, 1890-1918», Թեհրան, 1950:
– Անձնական արխիւներ:
– «Դրօշակ», Մարզպետի (Ղազարոս Ղազարոսեան) յօդուածը, մարտ 1912, թիւ 3 (221):
– Կոմս, «Խոնարհ հերոսներ», Գ. գիրք, Պէյրութ, 1956:
– «Յուշապատում ՀՅ Դաշնակցութեան 1890-1950», հրատարակութիւն` ՀՅԴ Բիւրոյի, Պոսթըն, «Հայրենիք»-ի տպարան, 1950: Պատրաստած է Սիմոն Վրացեանը, որուն կը պատկանին հատորի բոլոր անստորագիր գրութիւնները:
– Ռուբէն, «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», 2-րդ (1973), 3-րդ (1974) եւ 5-րդ (1977) հատորներ, Բ. հրատարակութիւն, Պէյրութ:
– Վարանդեան Միքայէլ, «ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութիւն», Ա. հատոր, Փարիզ, 1932:


