ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Անցնող տարիներուն լիբանանահայ ընտանիքը աւելի քան հինգ տարիներ շարունակ իր մասնակցութիւնը բերաւ անողոք հիւանդութեան դէմ Ներսէս Ներսէսեանի մղած պայքարին:
Անգամ մը եւս բոլորս միասին փաստեցինք, որ ոչ ոք առանձին կը զգայ իրեն դէմ ցցուած դժուար պայմաններուն մէջ: Ոչ ոք անմասն կը մնայ ցաւէն, տրտմութենէն, բուժումէն:
Աւելի քան եօթանասուն հազար ամերիկեան տոլարի նպաստներ հաւաքուեցան ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղին եւ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին ջանքերով, ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի երիտասարդներով, «Վանայ ձայն»-ի «Ձեռք երկարենք» յայտագիրով, Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկով, ԼՕԽ-ով, Հ. Գարակէօզեան հաստատութեամբ, ԱՖՀԻԼ-ով, «Կեանք մը փրկենք» ֆոնտով, Ազգային առաջնորդարանի ընկերային ծառայութեան գրասենեակով, Երեսփոխանական գրասենեակով, Վահէ Պէրպէրեան` իր մէկ ելոյթի հասոյթով, հեռուէն ու մօտէն բարեկամներով, Հալէպէն Լիբանան հաստատուած իր ընկերներով, Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութեամբ եւ ուսուցչական կազմով: Մէկ խօսքով, բոլորս Ներսէսեան ընտանիքին կողքին էինք եւ փորձեցինք առաւելագոյն չափով անոր կեանքը երկարել, բուժումներու ձեւեր որոնել, սակայն ափսո՜ս…
Պատանեկան տարիքէն անողոք հիւանդութենէ տառապող Ներսէս բոլոր պայմաններուն մէջ միշտ ալ ներկայ եղաւ ՀՄԸՄ-ի բանակումներուն, ԼԵՄ-ի նախաձեռնութիւններուն, կենսուրախ, շէն, յոյսով լեցուն եւ յոյս տուող նկարագիրով ան իր անմիջական ընտանիքն ու շրջապատը ուրախ պահելու մնայուն ճիգի մէջ էր:
Ծնողքը` գիշերը ցերեկին խառնելով, բոլոր դռները զարնելով, միշտ յոյս եւ կորով տալով Ներսէսին կողքին մնացին, թէ՛ ցաւը, եւ թէ՛ ժպիտը փորձեցին հաւասարակշռել եւ սփոփել անոր հոգին:
Փաստօրէն, այսօրուան մեր ծանր պայմաններուն մէջ, հակառակ տնտեսական, ապահովական, առողջապահական վիճակին, «Քորոնա» ժահրին պարտադրած խստութիւններուն, նախորդ ամիսներուն առաւելագոյն խնամքը տրուեցաւ Ներսէսին, որուն օրէ օր վատթարացող առողջական վիճակը բոլորս մտահոգեց, բայց ինք մնաց պայքարող եւ կեանքին կառչած:
Վարձքը կատա՛ր բոլորին` հօր, մօր, եղբօր եւ հարազատներուն: Վարձքը կատա՛ր ՀՄԸՄ-ի եւ ԼԵՄ-ի իր եղբայրներուն եւ ընկերներուն: Վարձքը կատա՛ր բարեսիրական միութիւններուն եւ անանուն բարերարներուն:
Հողը վրադ թեթեւ գայ, սիրելի՛ Ներսէս:
Մխիթարութիւն եւ համբերութիւն հարազատներուն: