Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Յունիս 24, 2021
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ 

Միացեալ Նահանգներ

Իրաքի Հիւպատոսարանին Մէջ Գնահատանքի Ձեռնարկ` Ի Պատիւ Համբարձում Աղպաշեանի

Երեքշաբթի, 25 մայիսին, Լոս Անճելըսի մէջ Իրաքի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսարանին մէջ տեղի ունեցաւ գնահատանքի ձեռնարկ մը` գլխաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Իրաքի գլխաւոր հիւպատոս դոկտ. Սալուան Սինճարիի:

Մարտ 2021-ին իրաքահայ ճարտարագէտ Համբարձում Աղպաշեանի հեղինակութեամբ լոյս տեսաւ «Իրաքահայութեան արդի պատմութիւնը» խորագիրով արաբերէն 420 էջնոց շատ հետաքրքրական եւ բովանդակալից հատորը, որ կը բաղկանայ երկու գլխաւոր բաժիններէ: Առաջինը լուսարձակի տակ կ՛առնէ հին ժամանակներէ ի վեր Իրաք ապրող հայութեան պատմութիւնը, նաեւ` Մեծ եղեռնէն ետք Իրաք հաստատուած հայերուն կեանքը: Երկրորդ բաժինը կը ներկայացնէ հայոց բերած նպաստը Իրաքի կեանքին մէջ: Այս հատորը իրաքահայ գաղութի վերջին հարիւր տարիներու արժէքաւոր շտեմարան է:

Այդ հատորին առիթով սրտի խօսք մը գրած էր հիւպատոս Սինճարի, իսկ օրհնութեան գիր մը ղրկուած էր նաեւ Իրաք ծնած հոգեւորականներէն` Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ համայն Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ եւ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Գերագոյն խորհուրդի անդամ Վահան արք. Յովհաննէսեանի կողմէ:

Փոխհիւպատոս Աքիտ Սուտանի բարի գալուստի  խօսքով ողջունեց ներկաները: Ան շնորհաւորեց մեր հայրենակիցը` ճարտարագէտ Համբարձում Աղպաշեանը, որ նման հոյակապ հատորով մը ծանօթացուց Իրաքի հայ համայնքը:

Գլխաւոր խօսքը վերապահուած էր գլխաւոր հիւպատոս Սինճարիին, որ մասնագիտութեամբ պատմաբան է եւ Իրաքի համալսարաններու մէջ պատմութեան դասախօս եղած է: Ան գնահատանքի խօսքերով արժեւորեց Համբարձում Աղպաշեանի այս հատորը, որ առարկայականօրէն տուած է իրաքահայութեան ընդհանուր պատմութիւնը, եւ մանաւանդ` Հայոց ցեղասպանութենէն ետք Իրաք ապաստան գտած եւ Իրաքի ժողովուրդին հետ սերտօրէն շաղուած հայութեան կեանքը:

Գլխաւոր հիւպատոսը յիշեց, որ Իրաքի ժողովուրդը լայնօրէն եւ սիրով իր սիրտն ու տունը բացաւ գաղթական եւ Ցեղասպանութենէն ազատած հայերուն, եւ ուրախ էր ըսելու, որ հայերը միշտ ալ երախտագիտութեամբ կը յիշեն այդ: Նմանապէս, Սինճարի բարձր գնահատեց Իրաքի ժողովուրդին` հայերուն բերած նպաստին համար:

Վերջապէս, խօսքը տրուեցաւ մեծարեալին` Համբարձում Աղպաշեանին: Ան շատ յուզուած էր. ան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց գլխաւոր հիւպատոսին, որ յօժարեցաւ գիրքին յառաջաբանը գրելու: «Այս հատորը ձեւով մը Իրաքի ազնիւ ժողովուրդին եւ իշխանութեան շնորհակալութիւն յայտնելու արարք մըն է, քանի որ ջարդէն ազատած մեր ծնողներուն մէջ ըլլալով` հայրս` Մինաս Աղպաշեան, այդ օրհնեալ երկրին եւ ժողովուրդին հետ ապրելով` կրցանք ողջ մնալ եւ մեր նպաստը բերել հայրենիք Իրաքին, ժողովուրդին եւ համայն մարդկութեան», ըսաւ Աղպաշեան:

Ապա գլխաւոր հիւպատոսը գնահատագիրով մը պարգեւատրեց «Իրաքահայերու արդի պատմութիւն» գիրքին հեղինակը: Ներկայ եղող հայկական միութիւններու ներկայացուցիչները իրենց հերթին յուշանուէրներով շնորհաւորեցին Աղպաշեանը:

Կիպրոս

 Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահը Եւ Հայազգի Յայտնի Հեռացատկորդ Ռոպերթ Էմմիեան Այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան

18 յունիսին, ընկերակցութեամբ պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի, Ազգային առաջնորդարան այցելեցին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանը եւ հայազգի յայտնի հեռացատկորդ, Եւրոպայի, ԽՍՀՄ-ի ու Հայաստանի Հանրապետութեան բազմաթիւ անգամներ ախոյեան, 1987-ին Եւրոպայի 8,86 մեթրի մրցանիշ հաստատած,  ներկայիս «Արմինիըն աթլեթիքս ֆետերէյշըն»-ի նախագահ Ռոպերթ Էմմիեանը: Անոնք դիմաւորուեցան թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի կողմէ:

Այցելելէ ետք Նարեկ վարժարան, հիւրերը ուղղուեցան եկեղեցի: Անոնք իրենց շնորհակալութիւններն ու երախտագիտութիւնը յայտնեցին Կիպրոսի գաղութին կողմէ ցուցաբերուած նիւթաբարոյական օժանդակութեանց` Հայաստանի ու յատկապէս Արցախի նկատմամբ ու մեծապէս գնահատեցին կիպրահայ գաղութի բոլոր մակարդակներու վրայ տարած աշխատանքներն ու հայապահպանման առաքելութիւնը: Այցելութեան աւարտին Ա. Թովմասեան սրբազան հօր նուիրեց Վահրամ Բալայեանի «Շուշի» երկլեզու գիրքը:

Յայտնենք, որ Հայաստանը ներկայացնող 28 մարզիկներ հայրենիքի զանազան շրջաններէն ժամանեցին Լիմասոլ` մասնակցելու համար 19 եւ 20 յունիսին կազմակերպուած միջեւրոպական խաղերուն:

Գերմանիա

Անժելա Մերքելի Այցելութիւնը Պերլինի «Թումօ» Կեդրոն

17 յունիսին Գերմանիոյ դիւանապետ Անժելա Մերքել այցելեց Պերլինի «Թումօ» կեդրոնը, ուր TUMO CEO Մարի Լու Փափազեանի հետ շրջեցաւ կեդրոնին մէջ եւ մօտէն ծանօթացաւ անոր աշխատանքներուն, տրամադրած օժանդակութիւններուն, վերջին զարգացումներուն եւ ապագայ ծրագիրներուն:

Այնուհետեւ Գերմանիոյ կրթութեան նախարարը եւ CEO of KfW Development Bank մասնակցեցան կրթական մարզի ապագային մասին արծարծող ասուլիսի մը:

Պերլինի «Թումօ» կեդրոնին բացումը կատարուեցաւ 2020-ին` առցանց դրութեամբ: Կեդրոնը կը գտնուի Պերլինի պատմական Չարլոթենպըրկ տարածքին մէջ: Ունի երկու հազար քառ. մեթր տարածութիւն եւ կարելիութիւնը ունի ընդունելու աւելի քան հազար հինգ հարիւր աշակերտ:

Յայտնենք, որ մօտիկ ապագային կ՛ակնկալուի դասաւանդութիւնները կատարել ֆիզիքական ներկայութեամբ:

Իրան

Հայկական Վարժարաններու Տեսչակազմերու Եւ Տնօրէններու Գնահատանք

Նախաձեռնութեամբ Իսլամական խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Արա Շահվերդեանի, համագործակցութեամբ Թեհրանի հայոց թեմի Կրթական խորհուրդին, 14 յունիսին հայոց ազգային Շանթ-Մարիամեան դպրոցի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական վարժարաններու տեսչակազմի եւ տնօրէնութեան հետ հանդիպում, որուն ընթացքին տնօրէնները պարգեւատրուեցան կրթութեան նախարարութեան տեղակալի անունով տրուած գնահատագիրներով:

Կրթական խորհուրդի նախագահ Ալֆրետ Կարապետեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ առցանց դասաւանդման նրբութիւններուն եւ անոր ստեղծած բացթողումներուն` յոյս յայտնելով, որ համատեղ ջանքերով եւ համբերատարութեամբ կարելի է յաղթահարել ժամանակի թելադրանքն ու հետեւանքները:

Վարժարաններու տնօրէնները ներկայացուցին իրենց ունեցած վարչական եւ ֆինանսական մտահոգութիւնները, եւ առաւել եւս շօշափելի դարձան աշակերտութեան թիւի նուազումն ու դրական միջավայր մը ստեղծելու անհրաժեշտութեան հետ կապուած հարցերը:

Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի Քահանայական Ձեռնադրութեան 53-րդ Տարեդարձի Նշում

17 յունիսին Ազգային առաջնորդարանի պաշտօնէութիւնը անակնկալ կերպով նշեց Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի քահանայական ձեռնադրութեան 53-րդ տարեդարձն ու անուանակոչութիւնը:

Թեհրանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդի ատենապետ Նորայր Արամեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ սրբազան հօր բեղուն գործունէութեան` հաստատելով, որ սրբազանին շնորհիւ` համայնքը տարբեր ասպարէզներու մէջ յաջողութիւններ արձանագրած է, եւ մաղթեց, որ երկար տարիներ վայելեն սրբազան հօր ներկայութիւնն ու հոգեւոր հովուութիւնը:

Սրբազան հայրը իր հերթին իր գոհունակութիւնը յայտնելով` վերյիշեց ինքզինք եւ իր ուխտակից ընկերները, որոնք 53 տարիներ առաջ սուրբ խորանին առջեւ որպէս կուսակրօն քահանայ` ուխտեցին ծառայել Աստուծոյ, ազգին եւ հայրենիքին, որուն հաւատարիմ մնալով` տքնաջանօրէն աշխատեցան արդարացնել զիրենք ձեռնադրող Լիբանանի առաջնորդ` Տաճատ սրբազանի, Խորէն վեհափառին, նաեւ իրենց ծնողներուն եւ ժողովուրդին կողմէ վայելած վստահութիւնը:

Հայ Կանանց Գթութեան Միութեան Վաստակաշատ Անդամուհիներու Մեծարանք

Նոր Ջուղայի Հայ կանանց գթութեան միութեան վարչութիւնը իր վաստակաշատ անդամուհիները գնահատելու եւ մեծարելու նպատակով պատուոգրեր շնորհեց անոնց, որոնք երկար տարիներ գործունէութիւն ծաւալելով վարչական կազմերուն եւ յանձնախումբերուն մէջ` ոչ միայն Նոր Ջուղայի Հայ կանանց գթութեան միութեան եւ անոր ենթակայ ծերանոցի վերելքին պատճառ հանդիսացած են, այլեւ իրենց ջանադիր աշխատանքով կրտսեր միութենականներուն համար դարձած են տիպար:

Առ այդ, վարչութեան անդամուհիները վերջին ամիսներու ընթացքին առանձնաբար այցելելով Ծաղկուշ Փաթաթանեանի, Երան Միրզայեանի, Նուարդ Շահնազարեանի եւ Քրիստ Պօղոսեանի բնակարանները, անոնց յայտնեցին միութենականներու ողջոյնի եւ երախտիքի խօսքերը, նաեւ յանձնեցին վարչութեան կողմէ պատրաստուած պատուոգրերը:

Հարկ է նշել, որ մինչեւ այցելութիւններու կազմակերպումը կեանքէն առ յաւէտ հեռացաւ Հայ կանանց գթութեան միութեան երկար տարիներու վարչական կազմի անդամ Լիլիկ Պօղոսեանը, որուն պատուոգիրը յանձնուեցաւ անոր ընտանիքին:

Սպահանի Հայոց Թեմի 17-րդ Նստաշրջանի Պատգամաւորական Ժողովի Ընտրութիւններ

19 յունիսին Հայ դատի յանձնախումբի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ Սպահանի հայոց թեմի 17-րդ նստաշրջանի Պատգամաւորական ժողովի ընտրութիւններուն մասնակցող ՀՅԴ համակիրներու պաշտպանած 12 թեկնածուներուն նախընտրական գրասենեակի  պաշտօնական բացումը:

Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վահէ Թորոսեան յաջողութիւն մաղթեց թեկնածուներուն: Ան շեշտեց, որ յառաջիկայ չորս տարիները բազմատեսակ մարտահրաւէրներով ողողուած տարիներ պիտի ըլլան թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ թեմի իմաստով, վստահութիւն յայտնելով, որ թեմի պատգամաւորները միասնական ջանքերով եւ կառուցողական որոշումներով պիտի կարենան դժուարութիւնները փարատել: Ան նաեւ կոչ ուղղեց խուռներամ շարքերով մասնակցելու թեմի 17-րդ նստաշրջանի Պատգամաւորական ժողովի ընտրութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան 25 յունիսին:

ՀՅԴ համակիրներուն պաշտպանած թեկնածուներն են` Աշոտ Դաւթեան, Նոէլ Մինասեան, Արմինէ Սիմոնեան, Սանտրա Խաչատուրեան, Հենրիկ Յակոբեան, Անահիտ Փիլոսեան, Սքարլեթ Հայրապետեան, Զարենուշ Աղուրեան, Գեղարդ Մանսուրեան, Սիփան Ղազարեան, Նորւիկ Պօղոսեան եւ Արգին Աբնուսեան:

Յայտնենք, որ 19 եւ 21 յունիսին, կազմակերպութեամբ Սպահանի հայոց թեմի 17-րդ նստաշրջանի Պատգամաւորական ժողովի ընտրական յանձնախումբին, ներկայութեամբ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Սիփան եպս. Քէչէճեանի եւ ազգային մարմիններու եւ Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն, Նոր Ջուղայի Հայ մշակութային «Արարատ» միութեան բացօթեայ տարածքին մէջ Նոր Ջուղայի ընտրատարածքի 14 թեկնածուները հանդիպում ունեցան համայնքի անդամներուն հետ: Անոնք հերթաբար ներկայացուցին իրենց կենսագրական գիծերն ու ծրագիրները, նաեւ պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն:

 

Նախորդը

Ենթագիտակցական Փորձ. Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հայրենասէր Կինը

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հովուապետական Այցելութիւնը Քանատա
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հովուապետական Այցելութիւնը Քանատա

Հոկտեմբեր 29, 2025
Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-Ամեակը
Գաղութէ Գաղութ

Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-Ամեակը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հանդիպեցաւ Քանատայի Վարչապետ Մարք Քառնիի Հետ

Հոկտեմբեր 23, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?