Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ – Գաղութ

Յուլիս 8, 2021
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ 

Սուրիա

ՀՄԸՄ–ի Սուրիոյ Մասնաճիւղերու Միջմասնաճիւղային Տողանցք 

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, 27 յունիսին, տասը տարիներու ընդհատումէն ետք, Հալէպի Ռիայեթ Շապապ դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ միջմասնաճիւղային տողանցք-փառատօնը` մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Դամասկոսի, Հալէպի, Լաթաքիոյ, Գամիշլիի եւ Քեսապի մասնաճիւղերու փողերախումբերուն, սկաուտական կազմերուն եւ մարզական խումբերուն: Տողանցքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ՀՄԸՄ-ի «Շաւարշ Քրիսեան» քարաթէի մարզական խումբը եւ Սուրիոյ Հայ սեւ գօտիներու միութեան մարզիկները:

Տողանցքը տեղի ունեցաւ Պաաս կուսակցութեան Հալէպի մասնաճիւղի քարտուղար Ահմատ Մանսուրի հովանիին ներքոյ:

Տողանցքը շնորհաւորական արտայայտութիւն էր Սուրիոյ նախագահ տոքթ. Պաշշար Ասատի վերընտրութեան, ինչպէս նաեւ ցնծութեան տօն էր Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 103-ամեակին առիթով:

Օրուան հանդիսավարներ Մարալ Գալայճեան-Սեմերճեան, Եղիա Քիլեճեան եւ  Մարինա Չիլաբօշեան-Պօղիկեան յայտագիրը ներկայացուցին արաբերէնով եւ հայերէնով, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ նախագահին վերընտրութեան, Հայաստանի անկախութեան եւ ՀՄԸՄ-ին նուիրուած լոզունգներով ողջունեցին տողանցող ՀՄԸՄ-ականները:

Արաբերէն բացման խօսք արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ տոքթ. Արամ Աւետիսեանը, որ նկատել տուաւ, թէ տասը տարիներու դաժան պատերազմէն Սուրիան յաղթական դուրս եկաւ` շնորհիւ սուրիական քաջարի բանակին եւ իմաստուն ղեկավարութեան: Ան մեծ յաղթանակ համարեց Սուրիոյ  նախագահ տոքթ. Պաշշար Ասատին վերընտրութիւնը, որուն ուրախութեան արտայայտութիւնը եղաւ Սուրիոյ նահանգներէն համախմբուած ՀՄԸՄ-ի հինգ մասնաճիւղերու քոյրերուն ու եղբայրներուն երախտագիտական տողանցքը:

Հայերէն բացման խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Աւետիս Տերվիշեանը, որ լուսարձակի տակ առաւ ՀՄԸՄ-ի հայակերտումի առաքելութիւնը եւ այս առիթով ողջունեց հինգ մասնաճիւղերուն խանդավառ մասնակցութիւնը միջմասնաճիւղային տողանցքին: Միութեան անունով ան շնորհաւորեց եւ զօրակցութիւն յայտնեց Սուրիոյ նախագահ տոքթ. Պաշշար Ասատին:

Մարզական ներկայացումով հանդէս եկան ՀՄԸՄ-ի «Շաւարշ Քրիսեան» քարաթէի մարզական խումբը եւ Սուրիոյ Հայ սեւ գօտիներու միութեան քունկֆու-ուշուի, կշռութաւոր մարմնամարզի, սանտայի եւ քիք-պոքսինկի մարզիկները, որուն յաջորդեց ՀՄԸՄ-ի միջմասնաճիւղային տողանցքը:

Լոզունգներու կարգին հնչեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Արամ Ա. կաթողիկոսին  ՀՄԸՄ-ի նուիրուած խօսքը:

Թեմի առաջնորդը իր սրտի խօսքին մէջ ողջունեց Սուրիոյ տարբեր շրջաններէն ժամանած ՀՄԸՄ-ականները, որոնք որպէս մէկ ամբողջութիւն միացան` միասնաբար մեր շնորհաւորութիւնները յայտնելու Սուրիոյ նախագահին` իր վերընտրութեան առիթով: Ան դիտել տուաւ, որ սուրիացի ժողովուրդը յաղթական դուրս եկած` անգամ մը եւս կը համախմբուի իր նախագահին շուրջ, որ ամբողջ տասը տարի իմաստութեամբ, խոհեմութեամբ, լրջութեամբ եւ քաջութեամբ պայքարեցաւ սուրիական հայրենիքին ազատութեան եւ անոր ամբողջականութեան պահպանման համար: Ան հաստատեց, որ Սուրիոյ բոլոր բաղադրիչ տարրերուն հետ սուրիահայութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ իր զաւակներուն արիւնը նուիրաբերելով սուրիական հայրենիքի ազատութեան եւ անկախութեան` յայտնելով Տէր Զօրէն եկող յարուցեալ հայուն հաւատարմութիւնը սուրիական հայրենիքին, անոր նախագահին եւ սուրիացի ասպնջական ժողովուրդին:

Սրբազան հայրը հպարտութեամբ յիշեց Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 103-ամեակը, որուն պայծառութիւնը ի յայտ կու գայ ազգային արժէքները պահող սուրիահայ համայնքին մէջ:

Այնուհետեւ խօսք առաւ Պաաս կուսակցութեան Հալէպի մասնաճիւղի գլխաւոր քարտուղար Ահմատ Մանսուրը, որ գեղեցիկ պատկերով մը յայտնեց, թէ Սուրիոյ եւ Հայաստանի դրօշները կը բաժնեկցին կարմիր գոյնով, որ դաւադիր ուժերուն դէմ նահատակներուն թափած արիւնը կը խորհրդանշէ:  Ան մեծապէս գնահատեց շրջաններէն ժամանած ՀՄԸՄ-ականներու մասնակցութիւնը:

Այնուհետեւ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան ձեռամբ տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու յանձնում` Սուրիոյ հինգ մասնաճիւղերու վարչութիւններուն եւ փողերախումբերուն: Ապա տեղի ունեցաւ պարգեւատրում` հինգ մասնաճիւղերու մարզական ներքին մրցաշարքերու ախոյեաններուն, ինչպէս նաեւ` Հալէպի մասնաճիւղի վերանորոգուած դաշտերուն վրայ տեղի ունեցած ոտնագնդակի եւ պասքեթպոլի մրցումներու ախոյեան խումբերուն:

Միացեալ Նահանգներ

ՀՕՄ–ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան Այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարան

29 յունիսին Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան ընդունեց այցելութիւնը ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան` գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Սիլվա Փոլատեանի: Անոնք եկած էին առաջնորդ սրբազան հօր օրհնութիւնները ստանալու իրենց ներկայ եւ հետագայ ծրագիրներու յաջողութեան համար:

Սրբազան հայրը դրուատանքով խօսեցաւ հայութեան կեանքին մէջ ՀՕՄ-ի ներկայութեան եւ դերակատարութեան մասին` նշելով, որ հայ կիներու այս կազմակերպութիւնը իր գոյութեան առաջին իսկ օրէն օգնութեան ձեռք կ՛երկարէ Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութեան կարիքաւոր հատուածներուն, բարձր կազմակերպուածութեամբ կը ղեկավարէ իր աշխատանքներն ու ծառայութիւնը եւ ազգը հարուածող ճգնաժամային բոլոր պահերուն աղէտի գօտի օգնութեան փութացող առաջին զինուորագրեալներէն է:

Սրբազանը յայտնեց, որ մեծ է ՀՕՄ-ը, որովհետեւ մեծ է ու լայնածիր իր ծառայութեան դաշտը հայրենեաց հողի վրայ թէ աշխարհատարած հայութեան կեանքին մէջ, ուր միշտ ներկայ է ան իբրեւ ազգային ու բարեսիրական անխոնջ կազմակերպութիւն: Ան նկատել տուաւ, որ աշխատանքի տեսակէտէ, ճակատ մեկնող հայ կիներու բանակ է ՀՕՄ-ը, միշտ պատնէշի վրայ եւ ընդհուպ պատրաստ` ծառայելու հայ ժողովուրդին ու հայրենիքին, բարձր գնահատելով Արեւմտեան շրջանի, Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի մէջ ու աշխարհի տարածքին գործող ՀՕՄ-ի բոլոր մասնաճիւղերու հայրենանուէր ու հայանուէր վաստակը եւ գործունէութիւնը:

Հանդիպման աւարտին Շրջանային վարչութեան անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին առաջնորդ սրբազան հօր եւ անոր մաղթեցին արեւշատ օրեր, անսպառ եռանդ ու քաջապինդ ծառայութիւն` Հայ եկեղեցւոյ ճամբով ազգի հոգեւոր անդաստանէն ներս: Թորգոմ եպս. Տօնոյեան իր օրհնութիւնը տուաւ այցելուներուն եւ անոնց ընդմէջէն խրախուսեց աշխարհատարած ՀՕՄ-ուհիները` յաջողութիւն մաղթելով Հայ օգնութեան միութեան նախաձեռնած համահայկական բոլոր աշխատանքներուն եւ ազգանուէր ծրագիրներուն:

Իրան

Կրօնական Խորհուրդի Հերթական Հանդիպում

Նախագահութեամբ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, մասնակցութեամբ Թեհրանի հայոց թեմի քահանայ հայրերուն եւ Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի պատասխանատու Շաքէ Եղիայեանի, 3 յուլիսին Կրօնական խորհուրդը գումարեց իր հերթական նիստը ազգային առաջնորդարանի սրահին մէջ:

Հանդիպման ընթացքին սրբազան հօր հաստատումով եւ Կրօնական խորհուրդի որոշումով Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնէն սկսեալ պատարագի արարողութիւնները դռնփակ կարգով պիտի կատարուին եւ սփռուին եկեղեցիներու ինստակրամային էջերով` նկատի առնելով համաճարակային 5-րդ ալիքի վտանգը: Սրբազան հայրը հայորդիներուն կոչ ուղղեց նաեւ զգուշանալ մարդաշատ հաւաքոյթներէն եւ խրախճանքներէն:

Ազգային Առաջնորդարանի Այգիի Վերաբացում

Հովանաւորութեամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեանի եւ Թեմական խորհուրդին, կազմակերպութեամբ Թաւրիզի Հայ համալսարանականներու միութեան, 1 յուլիսին, ամրան եղանակին համար վերաբացուեցաւ ազգային առաջնորդարանի այգին, որ ըստ տարիներու աւանդութեան, սոյն եղանակին հաւաքավայրն է թաւրիզահայութեան:

Նկատի ունենալով երկրին մէջ տիրող քորոնա ժահրի մտավախութիւնը` նախազգուշական բոլոր միջոցները կիրարկուած էին կանխելու համար համավարակը:

Թաւրիզի Հայ համալսարանականներու միութիւնը, որուն աշխուժ գործունէութիւնը արդէն տարիներէ ի վեր ծանօթ է Ատրպատականի հայութեան` ակադեմական, դասախօսական, ուսուցողական, մանկավարժական եւ ընկերային նախաձեռնութիւններով, ընդառաջելով Թեմական խորհուրդի առաջարկին, ստանձնեց նաեւ այգիի այս տարուան պաշտօնական բացումը կազմակերպել` հրաւիրելով սրբազան հայրը, որ իր ներկայութեամբ օրհնէ տարեկան սոյն նախաձեռնութիւնը:

Առ այդ,  սրբազանը ներկայացաւ առաջնորդարանի այգին, շրջագայեցաւ բոլոր բաժինները, ուր Թաւրիզի Հայ համալսարանական միութեան անդամները խաղեր կազմակերպած էին բոլոր տարիքի ներկաներուն համար:

Յայտնենք, որ միութեան վարչութիւնը իր կեդրոնատեղիին մէջ հաստատած էր շարժական յատուկ խոհանոց, ուրկէ համադամ տաք կերակուրներ տրամադրուեցան փափաքողներուն: Այս առիթով վարչութիւնը փառաւոր ընթրիքով պատուեց առաջնորդ սրբազանը, նաեւ` Պատգամաւորական ժողովի ու Թեմական խորհուրդի անդամները, շնորհակալութիւն յայտնելով սոյն ձեռնարկը իրենց յանձնելու վստահութեան համար:

Առաջնորդ սրբազանը բարձր գնահատեց միութեան աշխատանքը, որ ամբողջ մէկ տարի հասկնալի պատճառներով դադրեցուած ըլլալով` սոյն նախաձեռնութեամբ կը վերսկսի: Ան յայտնեց, որ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը այն համոզումը ունի, որ պէտք է պայքարի իր դիմաց պարզուած բոլոր տեսակի դժուարութիւններուն դէմ եւ հաւատայ մեր ազգային կեանքէն ներս գործող բոլոր միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ազգանպաստ առաքելութեան:

Պոլիս

Մահ` Եդուարդ Գովանի

29 յունիսին Պոլսոյ մէջ իր մահկանացուն կնքեց յայտնի ելեւմտագէտ-հաշուապահ Եդուարդ Գովանը, որ իր սերունդի ուրոյն ներկայացուցիչներէն մէկն էր: Ասպարէզին մէջ արձանագրած յաջողութիւններուն զուգահեռ, երկար տասնամեակներ կամաւոր սկզբունքով անփոխարինելի ներդրում մը եւ թանկ ծառայութիւն բերած էր Պոլսոյ հաւաքական կեանքին: Ամբողջ քառասուն տարի գլխաւորած էր իր հիմնադրած հաշուապահական գրասենեակը, որուն գործունէութիւնը համատարած գնահատանքի արժանացած էր: Երդուեալ հաշուապահի հանգամանքով յիշեալ գրասենեակը փակելէ վերջ ալ շարունակած էր գործունէութիւն ծաւալել:

Արհեստավարժ կեանքէ դուրս` իսկական կամաւոր զինուոր մըն էր համայնքին մէջ: Ուսուցչագործած էր Մխիթարեան եւ Կեդրոնական վարժարաններէն ներս: Զանազան համայնքային կառոյցներու վարչական խորհուրդներուն մաս կազմած էր երկար տասնամեակներ: Պատրիարքական աթոռի խորհրդականներէն եղած էր, նաեւ գլխաւորած` անոր ելեւմտական յանձնախումբը: Իր մասնագիտական պաշարը միշտ ծառայեցուցած էր համայնքին: Հրապարակային ելոյթներ ունեցած է համայնքային վաքըֆներու հարկերու վերաբերեալ մանրամասնութիւններուն շուրջ: Պատրիարքական աթոռին կողմէ պարգեւատրուած է մետալով եւ գնահատագրով` որպէս իր հանրային ծառայութիւններու նկատմամբ  բարձր գնահատանքի դրսեւորում: Հրատարակած էր նաեւ գիրքեր, պատրաստած էր բառարաններ, գրի առած էր ասպարէզի յուշեր:

Քանատա

Թեմի Առաջնորդի Այցելութիւնը Վանգուվըրի Հայ Համայնք

Վերջերս Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան այցելեց Վանգուվըրի հայ համայնք եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց ս. պատարագ, նաեւ յղեց իր պատգամը:

Առաջնորդ սրբազանը անդրադարձաւ հայրերու տօնին եւ ի սրտէ շնորհաւորեց բոլոր հայրերը` մաղթելով անոնց առողջ եւ երկար կեանք եւ հաւատարմութիւն իրենց ընտանիքին նկատմամբ: Սրբազանը նաեւ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ այն դժուար ժամանակահատուածին, որ անցանք ու տակաւին կը շարունակենք անցնիլ համաճարակի ստեղծած պայմաններուն բերումով, ինչպէս նաեւ Արցախի պարտադրուած պատերազմին` թելադրելով, որ չյուսահատինք, չընկրկինք, այլ վերագտնենք մենք մեզ` որպէս անհատ, ընտանիք, համայնք եւ հայրենիք, միասնական ճիգերով, համերաշխ ոգիով շարունակելու մեր աշխատանքը առաւել աշխուժ, առաւել կազմակերպ, յանուն մեր գաղութներու հզօրացման, յանուն մեր հայրենիքի ու պետականութեան ամրացման, յանուն մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերատիրացման:

Ս. պատարագի աւարտին առաջնորդ սրբազանը օրհնեց եկեղեցւոյ նորընտիր հոգաբարձութեան անդամները` անոնց թելադրելով հաւատարմօրէն ու անշահախնդիր կերպով ծառայել Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պայծառացման եւ անոր շուրջ համախմբուող հաւատացեալներու հոգեւոր կարիքներու գոհացման: Ապա կատարեց օծումը Տէրունական պատկերի մը, որ գծած եւ եկեղեցւոյ նուիրած էր արուեստագէտներ Համլեթ եւ Արեգա Յովակիմեան ամոլը:

Նշենք, որ Բաբգէն արք. Չարեան նախօրօք հանդիպում ունեցած էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւին, նորընտիր հոգաբարձուներուն եւ ազգային երեսփոխաններուն հետ` ներկայութեամբ Ազգային վարչութեան անդամ Յակոբ Տէր Յակոբեանի:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Ճի՞շդ, Թէ՞ Սխալ… Ստուգենք Մեր Գիտելիքները` Գիրութեան Մասին

Յաջորդը

Ռիատը` Փարիզի Վերջին Յոյսը

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գահիրէի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուած Է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան` 28 Մայիսի Եւ ՀՅԴ-ի Հիմնադրութեան 135-Ամեակը

Յուլիս 10, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 10, 2025
Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?