Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընտրական Հետազօտութիւնները Գիտական Հիմքով Որոնումնե՞ր Են, Թէ՞ Բախտագուշակութիւն

Յուլիս 7, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ

 

Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն ի տես` չէի կրնար անձայն մնալ եւ չարձանագրել հետեւեալ մտածումները:

Այսպէս, խորհրդարանական  ընտրութեան գիտական, վիճակագրական եւ հետազօտական ամէն տեսակի կանխատեսումներուն հաւանական արդիւնքները, վստահաբար, բախտագուշակի գործի չէին նմաներ: Կան գիտական որոշ արժեչափեր, որոնց ներքեւ կը ձեւաւորուին այդ աշխատանքները: Նաեւ` եկէ՛ք ընդունինք, որ ամէն մէկ հետազօտական-վերլուծական հաստատութիւն այդքան ալ անկողմնակալ կամ անաչառ չ՛ըլլար իր մօտեցումներուն մէջ` հաշուի առնելով զինք հովանաւորող պետութեանց կամ միջազգային կեդրոններու «ճաշակով» ներկայացնելու նկրտումները:

Սակայն քաղաքական կեանքի մէջ չկայ օրինակ մը, երբ գիտական մօտեցումներով ընտրական կանխատեսումներու թիւերն ու տոկոսները իրական եղելութեան մը պատկերէն մեծ տարբերութիւն արձանագրէին յաղթական հռչակուող կողմին ի նպաստ: Հայաստանի պարագային, բոլոր կանխատեսումները կը խօսէին աւելի շատ, մօտ եւ մրցունակ թիւերու մասին, պայքարող քաղաքական հիմնական երկու խմբաւորումներու միջեւ:

Անձնապէս հրապարակային իմ ելոյթներովս ջատագովը չեմ եղած վարչապետի աթոռը զբաղեցնող անձնաւորութեան վարած քաղաքականութեան: Սակայն հետեւելով գետնի վրայ զարգացումներուն եւ աշխարհաքաղաքական «նախասիրութիւններու ճաշակի» վարկածին,  զսպելով մէջս յամեցող  անձնական հակումներս` հաւանական կը տեսնէի քանի մը տոկոսով առաւել արձանագրելու պատկեր մը` իշխող ուժին ի հաշիւ: Կանխատեսուած  այդ արդիւնքը ամենեւին ալ Փաշինեանին ու իր ներկայացուցած խումբին հնարաւորութիւն պիտի չտար ձեռք բերել մեծամասնութիւն եւ կազմել  կառավարութիւն: Բոլոր լուրջ հետազօտական կեդրոնները կը տեսնէին ընտրութեան երկրորդ փուլի անխուսափելի հանգրուան մը, ուր պիտի վճռուէր այս արտահերթ ընտրութեան ճակատագիրը:

Պէտք է ընդունինք մէկ իրականութիւն, որ այս բոլորին մէջ փաշինեանական բախտագուշակները ճիշդ դուրս եկան իրենց մեծխօսիկութեամբ: Աճպարարի մը բոլոր հնարքները ի գործ դրուեցան, եւ շինծու իրականութեան մը արդիւնքները կուպրով կրկին զարդարեց շատ գովերգուած հայկական ժողովրդավարութեան պաստառը:

«Կոլափ»-ի նման հետազօտական կեդրոններու եւ միջազգային բոլոր լրատուամիջոցներու  կանխատեսումները ի դերեւ ելան: Ի տես յայտարարուած պաշտօնական թիւերուն` պէտք է հարց տալ անոնց, թէ իրենց քաղած տեղեկութիւնները որքանո՞վ հաւաստի են եւ` Երկիր մոլորակի աղբիւրներէ սնած: Վերջապէս, նուազ կամ առաւել չափով այդ տոկոսներու տրամաբանական տարբերութիւնները պէտք է բացատրել ու հասկնալ` մտահան չընելով ուրկէ հովանաւորուելու այդ հաստատութիւններու երբեմն թաքուն, երբեմն ալ յականէ-անուանէ հասցէագրուած էութիւնը:

Այլ հանգամանքներու վրայ պիտի չկեդրոնանամ եւ միայն այս առարկութեամբ պիտի փորձեմ հայ հասարակութեան ուշադրութեան կիզակէտը դարձնել տուեալ երեւոյթը: Այս մէկն ալ ընդգծեմ, որ հրաշագործութեան հաւատացող չեմ, որպէսզի ընտրութեան վերջին օրուան մէջ նաեւ տեսնեմ աստուածային միջամտութիւն, Հոգեգալստեան օրուան նման բնազանցական ազդու հնարք` համայն ընտրազանգուածը իր քուէն ուղղորդելու Փաշինեանի հաշուոյն, որուն իբրեւ արդիւնք ալ առկայ  իշխանութիւնը ստացաւ «շռնդալից յաղթանակ»-ի յայտարարուած այս պատկերը:

Եթէ տրամաբանական թիւերով խօսուէր ու ներկայացուէր մրցունակ պատկերին մօտ արդիւնքներ, գլուխ պիտի ծռէի «ժողովուրդի կամքի առջեւ» եւ բարձրաձայն պիտի աղաղակէի` «Ձայն բազմաց, ձայն Աստուծոյ»:

Այսուամենայնիւ, ընտրութեան գործընթացին հսկող միջազգային դիտորդներու տեսակէտները եկան վկայելու արդիւնքներուն վաւերականութեան մասին: Վերեւ մատնանշած նոյն հարցադրումներս իրենց ալ ուղղելով` կու գամ հաստատելու, որ լեռը որոտաց, բայց մուկ ծնաւ: Իսկ Ջիւանի բառերով պիտի ըսէի.

«Յղի է, ծնելու մօտ է, գոռում է սարը ահագին,

Տայ Աստուած, որ ծնի առիւծ եւ ոչ փոքրիկ մի մուկ չնչին»:

Չեմ ուզեր այս բառերով նսեմացնել Փաշինեան անձը, սակայն տրամաբանութեանս մէջ կ՛ուզեմ արդարացնել  հողատուի, կեղծ եւ շինծու տեղեկութիւններով պատերազմ ղեկավարողի եւ մահացու մեղքերու մէջ թաթխուած առաջնորդի կերպարի «շռնդալից վերընտրութեան» հանգամանքը:

Մեղքը չեմ ուզեր բարդել այն խեղճացած զանգուածին վրայ, որ միայն իր կուշտին «տարտով» կ՛ապրի: Հարցը այդ ստրկացած զանգուածէն ալ անդին է: Ամէն գնով իշխանութիւն պահելու մոլուցքին մէջ պէտք է տեսնել բացակայ օղակը: Անոնց մէջ, որոնք չարդարացուցին անարիւն յեղափոխութեան լոզունգները, հաշուետուութեան  եւ արդար համակարգի գերիշխանութեամբ օժտելու «նոր Հայաստանը»:

Քաղաքական դաշտը կը սպասէր, որ ազգի ճակտին պարտուողականութեան խարանը մաքրուէր, ապա դէմ յանդիման  կանգնէինք քաղաքակիրթ մարդկութեան դիմաց` ճակատաբաց, առանց ամօթի բարդոյթին:

Յառաջիկայ օրերը դիմակայենք ամերիկացի գրող Օկտաւիա Պաթլըրի այս յարիր մտածումներով. «Ընտրեցէ՛ք ձեր ղեկավարները իմաստութեամբ եւ նախամտածուածութեամբ: Վախկոտով առաջնորդուիլը կը նշանակէ վերահսկուիլ այն ամէնով, որոնցմէ վեհերոտը կը վախնայ: Յիմարով առաջնորդուիլը կը նշանակէ առաջնորդուիլ յիմարին վերահսկող պատեհապաշտներու կողմէ: Գողի մը կողմէ առաջնորդուիլը կը նշանակէ մատուցել ձեր ամենաթանկ գանձերը գողցողին: Ստախօսի կողմէ առաջնորդուիլը կը նշանակէ նաեւ ստելը ընդունիլ: Բռնապետի կողմէ առաջնորդուլիը կը  նշանակէ ստրկութեան վաճառել դուն զքեզ եւ այն բոլորը, զորս կը սիրէք»:

Իրերու դասաւորումով, որոնց մէջ միջազգային մութ ուժեր իրենց փայլը ունէին, սուտի եւ կեղծիքի նոր զաւեշտական արարի մըն ալ այսպէս վերջակէտ դրուեցաւ: Յուսանք, որ այս ձեւակերպումը վերջինը կ՛ըլլայ, մուրով արձանագրուած եղելութիւններու` հայ ազգի պատմութեան էջերուն մէջ:

Սպասելով ոսկետառ յաղթական նուաճումներու, որոնք հպարտութեամբ պիտի արձանագրուին պատմութեան մատեաններուն մէջ: Պի՛նդ մնացէք:

Թորոնթօ,  27 յունիս 2021

 

Նախորդը

Տեսակէտ. Հրատապ Առաջնահերթութի՞ւն, Թէ՞ Անտեղի Պերճանք

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Դասախօսութիւնը` Տրուած Վատիկանի Մէջ. «Շուտափոյթ Կառավարութեան Կազմութիւնը Ներկայ Վտանգալից Կացութիւնը Դէպի Բարելաւում Առաջնորդող Առաջին Քայլն Է» Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Ստորագրութիւններ Յանուն (Ոչ)ինչի՞
Անդրադարձ

Ստորագրութիւններ Յանուն (Ոչ)ինչի՞

Օգոստոս 21, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամին Հետքերով

Օգոստոս 20, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրտս Արդեօք Յանցաւո՞ր Է

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?