Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյթ Միսքի Արուեստի Եւ Մշակոյթի Բացօթեայ Ցուցահարթակին Կը Մասնակցին Նաեւ Հայ Արուեստագէտներ

Յուլիս 9, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԻԼՎԻ ԳԱՅԵԱՆ

Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Պէյթ Միսքի (Beit Misk) եւ «Վըրճին ռատիօ»-ի (virginradiolebanon) տնօրէնութեանց, մշակութային ուշագրաւ ձեռնարկի մը բացումը կատարուեցաւ, ուրբաթ, 2 յուլիս 2021-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին հիւսիսային Մեթնի Աթշանա աւանէն անդին` Պէյթ Միսքի «Արուեստի եւ մշակոյթի բացօթեայ ցուցահարթակ»-ին վրայ (Art And-Culture-Showcase): Պէյրութէն 21 քմ հեռու եւ Մեթնի սրընթաց մայրուղիին վրայ կէս ժամէն հասանելի այս գեղատեսիլ ամարանոցի մէկ փողոցը յատկացուած է արուեստի ու մշակոյթի այլազան ձիրքերու ցուցադրութեան, որ կ՛երկարի զոյգ շաբաթավերջերու` 2-4 յուլիս եւ 9-11 յուլիս 2021-ի ընթացքին:

Աւելի քան երեսուն տեղական հաստատութիւններ կը մասնակցին արուեստի գործերով եւ ստեղծագործական տարբեր հնարքներով, կահաւորումի, ձեռագործներու, զարդարանքներու, յուշանուէրներու, նորաձեւութեան, օճառի եւ շպարի քսուկներու (քրեմ) արտադրութիւններով: Կայ նաեւ մանուկներու զբօսման յատուկ բաժանմունք:

Տասնեօթը կրպակներ յատկացուած են լիբանանեան առտնին ուտեստեղէններու, խմիչքի եւ պահածոներու վաճառման համար:

«Առնելի Արթ Կալըրի»
Ծովիկ Առնելեան

Զանազան երկիրներէ ժամանած աւելի քան քառասուն արուեստագէտներու փաղանգին մէջ ուշագրաւ էր «Առնելի արթ կալըրի»-ի («Առնելի արուեստի ցուցասրահ») տաղաւարը:  Արուեստագէտ ընտանիքի մէջ հասակ առած` երաժշտագէտ, սաքսոֆոնիստ Գրիգոր Առնելեանի դուստրը` Ծովիկ Առնելեան, քանի մը տարիէ ի վեր նախաձեռնած է «Առնելի արթ կալըրի»-ի համացանցային գաղափարի իրագործման: Համալսարանական գեղարուեստի բաժանմունքի մագիստրոսի ուսմանց հետեւող այս ուսանողուհիին ոչինչէն մեկնարկած նախաձեռնութիւնը հիմնական թիրախ ունի` իր եւ իր նման տաղանդաւոր ձեռներէցներու եւ երիտասարդներու արուեստի հմտութիւնները խթանելու եւ ծանօթացման կամրջումի դեր կատարելու հայկական, շրջանային թէ համաշխարհային արուեստի շրջանակներուն հետ: Ապագայ ծրագիրներուն մասին «Ազդակ»-ի հարցումներուն պատասխանելով` երիտասարդ արուեստագէտը յայտնեց, որ մօտերս իր նախաձեռնած «Առնելի արթ կալըրի»-ի մասնակից 13 արուեստագէտներու ստեղծագործութիւնները պիտի ցուցադրուին Ճափոնի մէջ: Պատանի տարիքէն գծելու ձիրքով  յատկանշուող` Ծովիկ Առնելեան իր հիմնած «Առնելի արթ կալըրի»-ի ճամբով կը միտի արուեստի համալսարանական ուսման հետեւած տաղանդաւոր ու մասնագէտ, աւելի քան` սիրողական մակարդակէ, երիտասարդ արուեստագէտները «պատրաստել», անոնց թղթածրարը` փորթֆոլիոն կազմել ու բացայայտել զանոնք միջազգային հարթակներու վրայ: Ան քանի մը տարի պաշտօնավարած է Լիբանանի մէջ գործող արուեստի միջազգային ցուցասրահի մը մէջ, ինչ որ առաւել եւս ամրագրած է անոր «ֆեմինիստ» եւ առհասարակ կիներու կարողականութեան հզօրացման զօրակցութեան թեքումներն ու արուեստի գնահատման ոճն ու հմտութիւնը` նախաքայլերը առնելով ապագայ արուեստաբանի կազմաւորման: Լիբանանի այժմու տնտեսական ու ապրուստի կենցաղային ոչ նախանձելի պայմաններուն մէջ նման քայլի մը մասին հարցումին անդրադառնալով` Առնելեան ըսաւ. «Մենք երբեք չենք յանձնուիր յուսալքութեան ու կը գործենք, այնքան ատեն որ կարող ենք»:

«Առնելի արթ կալըրի»-ի տաղաւարը կ՛ընդգրկէ ձեռնարկին մասնակցելու հրաւիրուած 22 քանդակագործներ եւ գեղանկարիչներ` Հայաստանէն, արաբական աշխարհէն (Լիբանան, Սուրիա, Եգիպտոս…) ու մինչեւ իսկ հեռաւոր Արեւելքէն (Ճափոն): Պէյթ Միսքի բացօթեայ այս ցուցահարթակին ընդամէնը յիսուն քանդակով եւ գեղանկարչական ստեղծագործութիւններով մասնակցող այս արուեստագէտներու շարքին են նաեւ հայ  երիտասարդ քանդակագործ-գեղանկարիչներ` Գրիգոր Աւեսեան եւ Գարամուշ (Մուշեղ Գարավարդանեան): Աւեսեան կը ներկայանայ իր քանդակով եւ գեղանկարներով, իսկ Գարամուշ կը մասնակցի «Փիուրիթի» (Purity) խորագրեալ իր գեղանկարով:

«Թալին Պակզ»
(
Թալինին Պայուսակները)

Նմանապէս հետաքրքրական էր «Թալին պակզ»-ի (Թալինին պայուսակները) կրպակը, ուր ձեռներէց հայուհին կնոջական պայուսակներու վրայ կը նախագծէ ու կը ստեղծագործէ իր ձեւաւորումի (տիզայնինկ) հմտութիւնները: Թալին Արսլանեան սկզբունքով մասնագիտացած է իբրեւ ոճաբան (սթիլիսթ), սակայն կեանքի անիւը տարբեր ճակատագիր տնօրինած էր իրեն: 2012-ին կը պարզուի, որ ամուսինը կը տառապի քաղցկեղէ: Տարի մը ետք կը բացայայտուի նաեւ իր կուրծքի քաղցկեղի ախտաճանաչումը: Սակայն ան իր երկաթեայ կամքով կը յաջողի յաղթահարել մահասփիւռ այս հիւանդութեան ֆիզիքական թէ հոգեկան ցաւերը եւ ոչինչէն կը մխրճուի կնոջական թէ ճամբորդական պայուսակներու ձեւաւորման ու յարդարումի արուեստին: Մահը արհամարհող այս տաղանդաւոր ու խիզախ հայուհին աշխուժ ներկայութիւն է ընկերային ցանցերու մէջ եւ ունի բազմահազար հետեւորդներ: Թալին իր արաբերէն ծանուցողական կարճատեւ տեսերիզներէն մէկը յատկացուցած է Պուրճ Համուտի, յատկապէս` Նոր Մարաշի Արաքս փողոցին, ուրկէ ան կը ներշնչուի ու կը լիցքաւորուի հոգեկան ու գաղափարական աւիշով: Տեսերիզին մէջ Թալին բոլորին ծանօթ իր ժպտուն դէմքով հետեւեալ բառերով կ՛ակնարկէ սփիւռքահայութեան «Փոքրիկ Հայաստան»-ին` Պուրճ Համուտին, որ փոխաբերաբար ծանօթ է «Պեւըրլի Հիլզ» մակդիրով. «Ես Շան զ՛Էլիզէ չեմ երթար, Թուր Էյֆէլ չեմ երթար, կ՛իջնեմ «Պի. Էյչ»` «Պեւըրլի Հիլզ», եւ հպարտութեամբ կը պարզէ լիբանանեան տեսարանով ձեւաւորած ու «Ես հայ եմ» մայրենիով նաշխած իր զոյգ պայուսակներն ու կ՛աւելցնէ. «Ես լիբանանցի եմ հայկակա՛ն ծագումով ու հպա՛րտ եմ»(*): Թալին Մուշլեան-Արսլանեան իր տեսերիզներուն մէջ չի մոռնար նաեւ իր երախտիքը յայտնելու նոյնպէս քաղցկեղէ տառապող իր ամուսնոյն, որ անտեսելով իր ցաւերը, թեւ ու թիկունք կը կանգնի իրեն` զօրակցելով անոր բոլոր քայլերուն:

Աւետիս Եւ Գրիգոր Տէր Պօղոսեան Եղբայրներու`
«
Տը Վինթէյճ Շափ»-ի Հնարամիտ Նախաձեռնութիւնը

«Կարիքը հնարքի խթանիչ մղումն է», կ՛ըսէ առածը (ալհաժա ումմուլ իխթիրաահ): Այդպէս ալ ներկայացած են Աւետիս եւ Գրիգոր Տէր Պօղոսեան եղբայրները` իրենց վերանորոգուած եւ վերաօգտագործուած արտադրութիւններու յատուկ կրպակով` «Տը վինթէյճ շափ»-ի վերակենդանացած առարկաներով: Փաստօրէն, Լիբանանի ներկայ պայմաններուն մէջ շատեր «կը թերթատեն հին տետրակները» եւ քանի մը անգամ կը մտածեն, նախքան գործածուած ապրանք մը աղբաման ղրկելը: Այս իմաստով, Տէր Պօղոսեան եղբայրները տարիներ առաջ գեղեցիկ գաղափարը ունեցած են հինը նորոգելու, «տգեղը» գեղեցկացնելու եւ անպէտք կարծուած հին ապրանքներէն նոր, գեղեցիկ, վերամշակուած ու վերակազմուած «գլուխ-գործոցներ» պատրաստելու: Այլ խօսքով, երբ հիմնական, մայր կամ հում նիւթերն ու տարրերը կան` մնացեալը ճաշակի, մտայղացքի եւ ստեղծագործական հմտութեան հարց է: Ահա հո՛ս է, որ կը շեշտուի Տէր Պօղոսեան եղբայրներու հնարամիտ նախաձեռնութիւնը, կեանքն ու անոր բաղադրիչները իւրայատուկ ոճով դիտելու եւ ներկայացնելու եզակի մօտեցումը: Տէր Պօղոսեաններու վերակազմած, «յարդարուած» առարկաներու նախկին կամ իսկական սեփականատէրերը եթէ առիթը ունենան տեսնելու իրենց գոյքերուն նոր տեսքը` վստահաբար պիտի ուզեն կրկնապատիկ (եթէ ոչ տասնապատիկ) գինով վերատիրանալ անոնց:

Այս հարթակի ցուցադրութեամբ Տէր Պօղոսեան եղբայրները արդէն կը հաստատեն, որ իրենք յաջողած են իրենց «հինէն ու անգործածելիէն նորը հնարելու» ձեռներէցութեան առաքելութեան մէջ: Պէյթ Միսքի ցուցահանդէսի  ներկաները շրջագայելով, կրկին ու կրկին կը դիտեն անոնց վերանորոգ գոյքերը, իսկ շատեր չհաւատալով` համոզուելու պէտք ունին, թէ իրենց տեսածը նոր չէ, այլ վերանորոգուած եւ վերստին կեանք ստացած է:

Ձեռնարկին կը մասնակցին նաեւ անկախ արուեստագէտներ, ինչպէս` Կիպրոսի Լիմասոլ քաղաքէն ծանօթ գեղանկարիչ Սոնիա Պօղոսեանը, որ յատուկ հարթակի վրայ կը ցուցադրէ իր ստեղծագործութիւնները: Արուեստագէտ Պօղոսեանի ներկայացուցած գեղանկարը խանդավառ գոյներու խճանկար (մոզայիք) մը կը ցոլացնէ: Անոր հանրային կապերու աշխատանքը ստանձնած է նոյնպէս արուեստը արժեւորող ու գնահատող իր երիտասարդ զաւակը:

Նշենք, որ ձեռնարկի տեւողութեան մերթ ընթ մերթ ներկայացուեցան գեղարուեստական պահեր, ինչպէս սաքսոֆոնիստ Գրիգոր Առնելեան, ջութակահարներ Լիլիթ Անտոնեան եւ Լիւսի Չամսարեան եւ այլ ծանօթ երաժշտագէտներ ելոյթ ունեցան արեւելեան թէ արեւմտեան նուագարաններով` ստեղծելով հաճելի մթնոլորտ մը:

Պէյթ Միսքի այս ցուցահարթակը կը շարունակուի նաեւ այս շաբաթավերջին` 9 յուլիսէն մինչեւ 11 յուլիս 2021, երեկոյեան ժամը 5:00-էն մինչեւ գիշերուան ժամը 10:00: Մուտքը` ազատ:

 

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 8 Յուլիս 2021)

Յաջորդը

«Մհեր Ջուլհաճեան» Աշակերտական Շարադրական Մրցանք. Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?