ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Համաճարակի արհաւիրքը այլազան ձեւերով արտայայտուած է արուեստի եւ գրականութեան մէջ: Գեղարուեստական առումով, հետաքրքրական են այն գործերը, որոնք համաճարակը կը ներկայացնեն առասպելական, այլաբանական եւ կամ փոխաբերական առումով: Թերեւս ամէնէն ծանօթ գործերն են Փիեթըր Պրիւկելի «Մահուան յաղթանակը» պաստառը (1562) եւ Ալպէր Քամիւի «Ժանտախտ»-ը (1947):
Ընկերաբանական առումով, ուսանելի են շարք մը գործեր, որոնք ձեռք կ՛առնեն մարդկային յարաբերութիւնները եւ իշխանութեան վարքը համավարակի պայմաններուն տակ:
Մեկնաբանելի է այն փաստը, որ ոչ մէկ շարժապատկեր պատրաստուած է 1918-ի ահաւոր Սպանական «Թում»-ի (ինֆլուենզա) մասին, որ զոհեր խլած էր նաեւ ճգնաժամային օրեր ապրող Հայաստանի մէջ: Նորածին արուեստը բաւարար ինքնավստահութիւն չունէր նման ահեղ եւ զգայուն նիւթի մը ձեռք զարնելու համար: Պահպանուած է միայն առողջապահական, դաստիարակչական բնոյթ ունեցող կարճ ու անխօս երիզ մը, որ կը կոչուի «Dr. Wise on Influenza» (1919, 18 վ): Այդ շրջանին նկարուած գրեթէ բոլոր ժապաւէնները այժմ քայքայուած են իրենց քիմիական բաղադրութեան պատճառով: Այս նիւթին նախապէս անդրադարձած եմ «Հայֆիլմ»-ի արխիւներու պահպանման առնչութեամբ (1):
Ա.- «Նոսֆերաթու» (Nosferatu) (Բեմադրիչ` F.W. Murnau 1922, 94 վ)
Համավարակի բներգով մեծ յաջողութիւն գտած խաղարկային առաջին ժապաւէնն է. հիմնուած է արեւելեան Եւրոպայի առասպելներու վրայ: Կը կարծուէր, թէ «Նոսֆերաթու» հին ռոմաներէնով կը նշանակէ արիւնախում մարդաչղջիկ (վամփիր): Յաջողութենէն քաջալերուած` Մուրնօ 1926-ին բեմադրած է համավարակի բներգով այլ ժապաւէն մը եւս` հիմնուած գերմանական «Տոքթ. Ֆաուսթուս» առասպելին վրայ: Այս պարագային գիտնականը իր հոգին սատանային կը ծախէ համաճարակէ փրկելու համար իր քաղաքը: Երկու ժապաւէններն ալ կը յենին եւրոպական նորաստեղծ առասպելներու վրայ, որոնք ի հարկէ այլաբանական են: Ի դէպ, ժամանակագրական առումով, համաճարակի այլաբանական մեկնաբանութեամբ առաջին խաղարկային ժապաւէնն է «Ժանտախտը Ֆլորանսի մէջ» (The Plague in Florence, Otto Rippert, 1919), որուն բեմագրութիւնը կը պատկանի ականաւոր բեմադրիչ Ֆրից Լանկի եւ հիմնուած է ականաւոր բանաստեղծ Էտկար Ալեն Փոյի «Կարմիր մահու դիմակը» պատմուածքին վրայ: Այդտեղ համաճարակը այլաբանական խորհրդանիշն է այն վաւաշոտ բարքերուն, որոնք կը տարածուին, երբ ցանկայարոյց կին մը մուտք կը գործէ քաղաք: Բներգը ունի ակնյայտ կրօնաբարոյական բնոյթ:
Չղջիկները առնչուած են մութին եւ չարին հետ: Սադայէլը ունի չղջիկի թեւեր: Արդի առասպելներու մէջ վամփիրը սեռային «կտրիճութեան» խորհրդանիշ է: Ան գիշերանց կը մտնէ ցանկայարոյց մանկամարդուհիներու ննջասենեակը: Վառ երեւակայութեան կարիք չկայ կռահելու համար, որ արիւնոտ, բայց հեշտագին «խածուածք»-ը սեռային յարաբերութիւն կը նշանակէ: Խածուածքը «վարակիչ» է, զոհը կը վերածուի վաւաշոտ մարդաչղջիկի: «Նոսֆերաթու» ժապաւէնը այլաբանական ձեւով կ՛ակնարկէ վեներական (սիֆիլիս) համաճարակի: Այս իմաստով կարելի է տեսնել որպէս բանադրանք սեռային սանձարձակութեան: Մահ խորհրդանշող առնէտները դուրս կու գան եւ կը խուժեն քաղաք, երբ անխոհեմ մարդիկ կը բանան մարդաչղջիկներու գերեզմանները:
Առասպելը կրնայ ունենալ այլաբանական քաղաքական մեկնաբանութիւն: Ա. Աշխարհամարտի աւարտին Գերմանիա կ՛ապրէր անկիւնադարձային շրջան մը: Թղթադրամի արժէքը ինկած էր զերոյի: Կը տիրէին թշուառութիւնն ու անիշխանութիւնը (ինչո՞ւ ականջս կը խօսի): Մտաւորականութիւնը (ներկայացուած փրոֆ. Վան Հելսինկով) անկարող էր որեւէ լուծում գտնել վերացնելու համար մարդաչղջիկ կոմսը (իմա` բռնակալ քայզերը): Կոմսը կը վերացուի բռնի ուժով:
Բ.- «Եօթներորդ կնիքը» (The Seventh Seal, Ingmar Bergman,1957, 96 վ)
Պերկմանի գլուխ գործոց ժապաւէնի վերնագիրը առնուած է Յովհաննու Յայտնութենէն, որ կը նկարագրէ Վերջին դատաստանը: Միջին դարերուն համաճարակը կը նկատուէր երկնային պատիժ:
Ժապաւէնի խորապատկերը 14-րդ դարու ժանտախտն է (սեւ մահ), որ խլած էր Եւրոպայի բնակչութեան մէկ երրորդին կեանքը: Գլխաւոր հերոսը ասպետ մըն է, որ վերադարձած է վատահամբաւ խաչակրական արշաւանքներէն(2): Կը հանդիպի շրջուն դերասաններու կարաւանի մը, ուր կայ փախստական զոյգ մը` իր նորածին զաւակին հետ: Այդ ակնյայտ առնչութիւն է մանուկ Յիսուսի: Իր մեղքերը քաւելու եւ հոգիի փրկութեան համար ասպետը կ՛ընդունի մարդկային կերպարանք ստացած մահուան դէմ ճատրակի մենամարտ մը մղել: Այնքան ատեն որ ինք կը շարունակէ խաղալ, մահը իրմով զբաղած պիտի ըլլայ, եւ երիտասարդ ընտանիքը ժամանակ պիտի ունենայ փախչելու: Մահը, սակայն, պարկեշտ խաղընկեր չէ, կը դիմէ խարդախութեան: Ժապաւէնի աւարտական տեսարանը մահուան պարն է, որուն պարագլուխն է մահը` չարագոյժ գերանդին ի ձեռ:
Գ.- «Խուճապ փողոցներու մէջ» (Panic in the streets, Elia Kazan, 1950, 96 վ)
«Սեւ» ժանրի (Film Noir) քաղաքական ժապաւէն մըն է, որ նոյնպէս ունի այլաբանական բնոյթ: Քազան տաղանդաւոր բեմադրիչ մըն էր, որ այս ժապաւէնը նկարելէ երկու տարի ետք մեծապէս վարկաբեկուեցաւ, երբ իր ձախակողմեան հակումներ ունեցող գործակիցներուն դէմ վկայութիւն տուաւ «Ան-Ամերիկեան Արարքներու» (House Un-American Activities Committee) տխրահռչակ յանձնախումբին: Հակառակ իր գեղարուեստական բարձր որակին, ժապաւէնը շատ գէշ ընդունելութիւն գտաւ հանդիսատեսին կողմէ, որովհետեւ 50-ականներու լաւատես ամերիկացիք չէին փափաքեր իրենց ե՛ւ խիղճը հարցաքննել, ե՛ւ տրամադրութիւնը խանգարել: Ի տարբերութիւն մեր օրերուն, երբ շուկայական մեծ պահանջ (հետեւաբար եւ` առատ արտադրութիւն) կայ համատարած գոյութենական աղէտներ պատկերող ժապաւէններու: Վերլուծումը կը թողում ընկերաբաններու:
Ժապաւէնը հարիւր տոկոս համահունչ է Քազանի ամօթալի վկայութեան: Վարակը Միացեալ Նահանգներ կը մտնէ օտարի մը կողմէ, վարակը «ան-ամերիկեան» է: Այլաբանութիւնը յստակօրէն քաղաքական է: Իշխող մաքարթիսթ մտայնութեան համար ան-ամերիկեան եւ օտարամուտ «վարակ» է ընկերվարութիւնը, որ կը հակասէ ինքնաշարժներու «Ֆորտ» ընկերութեան սեփականատէր Հենրի Ֆորտի ձեւաւորած «աշխատանքի բարոյականութեան»: Օտար բարքեր ունին կարգ մը թխամորթ կամ դեղնամորթ փոքրամասնութիւններ, որոնք կը ներգաղթեն դէպի բարգաւաճող Նոր աշխարհը: Քազանի դիրքորոշումը յիշել կու տայ այն մորանոները (ծպտեալ քրիստոնեաներ), որոնք սպանական հաւատաքննութեան (Inquisition) շրջանին վերածուած էին ամենադաժան հաւատաքննիչներու: Քազան ինք զաւակն է ներգաղթած յոյն ծնողքի: Ժապաւէնը կ՛արդարացնէ ոստիկանութեան գործադրած բռնութիւնը` ճնշելու համար անբաղձալի օտարները:
Նոյն սեռին կը պատկանի «Մարմին յափշտակողներու ներխուժումը» ժապաւէնը (Invasion of the Body Snatchers 1956 Don Siegel 80 վ): Այստեղ այլմոլորակային (իմա` օտար, ան-ամերիկեան) ծագում ունեցող պատիճներ (pod), որոնց վարակը հոգեփոխութիւն կը յառաջացնէ ամերիկացիներու մէջ` առանց փոփոխութեան ենթարկելու անոնց մարմինները: Վարակը «կը գողնայ» մարմինը: Անձը կը վերածուի զգացումէ զուրկ յարմարուողական (conformist) էակի մը: Քարոզչական ակնարկը ուղղուած էր ամբողջատիրական (իմա` խորհրդային) համակարգին, որ, ի տարբերութիւն ամերիկեան հոգեւոր իտէալիզմին, կը դաւանի անհոգի նիւթապաշտութիւն: Ժապաւէնը պատրաստուած է մաքարթիական շրջանին եւ կ՛արտայայտէր իշխանութեան խուճապը: Ո՞վ կրնար արտաքին տեսքի հիման վրայ դատել, թէ անհատը «ամերիկավարի՞» կը մտածէ, թէ՞ ոչ:
Հոլիվուտեան յետպատերազմեան լաւատես շրջանին ժապաւէնները պարտադիր կ՛ունենային լաւատեսական աւարտ: Մարդկութեան (իմա` Մ. Նահանգներու) (3) սպառնացող վտանգները պարտադիր յաղթահարելի էին: Մարդաչղջիկները պարտադիր կ՛ունենային խոցելի թոյլ կէտեր, Աքիլլէսի կրունկ` սխտոր, արծաթեայ փամփուշտ կամ արեւու լոյս, որոնք ի հարկէ խորհրդանշական իմաստ ունին:
Այդ լաւատեսութիւնը վաղուց չքացած է: Ութսունական թուականներուն արդէն պարզ դարձած էր, որ տագնապները անցողակի երեւոյթներ չեն, թէ` իսկական ուժը կը գտնուի հոյածաւալ բազմազգի դրամատիրական, ֆինանսական կազմակերպութիւններու ձեռքին, մարմիններու, որոնք ոչ մէկ ձեւով շահագրգռուած են մարդկութեան բարօրութեամբ: Այժմ կ՛արտադրուին դաւադրական (conspiratory) բնոյթի գրականութիւն եւ ի հարկէ` ժապաւէններ:
Վտանգաւոր, ցաւալի կէտը այն է, որ նման գործերը ոչ թէ կ՛օգնեն ըմբռնելու դրամատիրութեան տրամաբանութիւնն ու գործելակերպը, հետեւաբար եւ անոնց դէմ պայքարը բանիմաց կերպով կողմնորոշելու, այլ կը ծառայեն տարածելու ոչ բանիմաց սարսափ եւ սնոտիապաշտութիւն, որ կը տանի ընկերային անդամալուծութեան: Այլ խօսքով, ջուր կը լեցնեն թշնամիի ջրաղացին:
Եթէ սահմանափակուինք գեղարուեստական առումով որակաւոր ժապաւէններով, ապա կարելի է որպէս նմուշ նշել «Տասներկու կապիկները» (12 Monkeys, Terry Gilliam 1995, 129 վ): Ժապաւէնը ապագայապաշտ է եւ տարօրինակօրէն ե՛ւ տխուր ե՛ւ յուսադրիչ: Ճարտարագիտական զարգացումը կարելի կը դարձնէ օգնութեան ձեռք մեկնել դէպի անցեալ (տես կողքի որմազդը)` կանխելու համար տարրալուծարանի մէջ արհեստական կերպով պատրաստուած համավարակ տարածելու դաւադրական ծրագիր մը: Ժապաւէնին մէջ դերեր վերցուցած են առաջին շարքի աստղեր, ինչպէս` Քրիսթոֆըր Փլամըր (դաւադիր տարրալուծարանի տէր), Պրետ Փիթ (պայքարող յեղափոխական եւ Պրուս Ուիլիս (ժամանակի ճամբորդ սուրհանդակ), որ որպէս մանուկ` ականատես դարձած էր իր ապագայ մահուան եւ կը տառապէր այդ մղձաւանջով…
Աստղահոյլի հմայքի ապահովելիք շահոյթի ակնկալութեամբ պատրաստուած ժապաւէն մըն էր «Քասանտրայի անցակէտը» (The Cassandra Crossing, George Pan Cosmatos, 1976), ուր համատեղուած էին ոչ նուազ քան` Սոֆիա Լորեն, Աւա Կարտնըր, Ռիչըրտ Հերիս, Պըրթ Լենքեսթըր, Մարթին Շիին, Օ. Ճէյ Սիմփսըն… Քասանտրա այն գուշակուհին է, որ փորձած էր զգուշացնել տրովադացիները, որպէսզի պարիսպներէն ներս չառնեն դարանակալ յոյներ կրող փայտեայ ձին (իմա` մահաբեր վարակը): Անկառավարելի ժողովրդական բողոքի շարժումները կանխելու համար իշխանութիւնը վարակակիր (ի հարկէ) օտար անձը կրող շոգեկառքը կ՛ուղարկէ դէպի խախուտ անցակէտ-կամուրջ մը, ինչ որ կը նշանակէ գահավիժում եւ բոլոր ճամբորդներու ստոյգ մահ: Օտարէ մը վարակուած բոլոր քաղաքացիները կը դատապարտուին մահուան: Օտարէ վարակուած քաղաքացիներու դէմ արձակուած վճիռը կարելի է կրկին մեկնաբանել քաղաքական առումով: Ժապաւէնը պատեհապաշտական էր նաեւ այս իմաստով, որ կը փորձէր շահոյթի վերածել այդ շրջանին տիրող հակաիշխանութիւն տրամադրութիւնները:
Ծանօթ.- «Ժամանակի ճամբորդութիւնը» (Time Travel) որպէս հնարք գործածուած է բազմաթիւ ժապաւէններու մէջ: Անոնցմէ ամէնէն նշանակելին թերեւս գիտաերեւակայական վէպերու ականաւոր հեղինակ Հ. Ճ. Ուելզի նոյնանուն երկին վրայ հիմնուած «The Time Machine»-ն է (1960): Այդտեղ հերոսը կը ճամբորդէ դէպի ապագայ, լուսամիտ, ազատատենչ գաղափարներ փոխանցելու համար ստորերկրեայ գազանատիպ էակներու կողմէ ստրկացուած, ճաշակելի ոչխարներու հօտի վերածուած մարդկութեան: Այդ կ՛արտայայտէր 19-րդ դարու պարզամիտ եւ ինքնագոհ ինքնավստահութիւնը, թէ բնական եւ ընկերային գիտութիւնները արդէն իսկ գտած էին սպառիչ լուծումներ (4):
Սեւ թռչունը դպաւ սեւ քարին.- «Քորոնա» ժահրի յայտնութենէն ետք ընկերային ցանցերու վրայ այս ժապաւէնին «մարգարէական» իմացութիւն «Հպա-վարակում» (Contagion, 2011, Steven Soderbergh, 106 վ) ժապաւէնին, ուր չինական չղջիկ մը կը վարակէ խոզ մը, որ կը վարակէ մսագործը, որ… Այո՛, չարը անգամ մը եւս կը յայտնուի չղջիկի կերպարանքով:
«Քորոնա»-ի առնչութեամբ եւս կայ նման վարկած, բայց այդ թերեւս առաջարկուած է որպէս այլընտրանք` «Քորոնա» ժահրի տարրալուծարանի մը մէջ, անշրջահայեաց մարդոց կողմէ արհեստական կերպով կազմուած ըլլալու վարկածին: Ժապաւէնի բացման տեսարանն է մութին մէջ լսուող չարագուշակ հազը: Բայց այդ եւս պէտք չէ մարգարէական համարել, հազը առկայ է շնչառական գործարաններու առնչուած բոլոր ախտերու պարագային: Բարեբախտաբար կայ նաեւ հակառակ բեւեռը, աղէտը յաղթահարելու համար անհրաժեշտ է պայքարի մղող լաւատեսութիւն: Կարգ մը բեմադրիչներ այդ կը փորձեն` սարսափը տրոհելով հիւմըրի, ձաղկի միջոցով (5):
Որպէս գեղարուեստական ինքնատիպ լուծում` կարելի է նշել «Ընկերային առողջապահութիւն» («Social Hygiene», Denis Cote, 2021, 76 վ) ժապաւէնը, որուն թատրը ապագայ երկրագունդն է, երբ բնութիւնը (ո՜վ հրաշք) վերագտած է իր երբեմնի գեղատեսիլ փառքը: Գլխաւոր հերոսը համակրելի թափառաշրջիկ մըն է, որ կը փորձէ խուսափիլ (ընկերային հեռաւորութիւն պահպանել) զինք անդուլ հետապնդող կիներէն: Տարակեդրոն (excentric) ժապաւէնի հագուկապը տարաժամանակ է (տես կողքի նկարը): Խաղարկութիւնը կարծրատիպ ֆրանսական ոճի ձեւապաշտ (mannerist) բեմական է շեշտելու համար դրուագներու պայմանական, զաւեշտական բնոյթը:
«Մարգարէական» գեղեցիկ ժապաւէն մըն է 2017-ին յղացուած, բայց աւելի ուշ համակարգչային միջոցներով («Computer Aided Graphics – CAG) պատրաստուած «Վարդագոյն ամպը» («The Pink Cloud», Iuli Gerbase, 2020. 105 վ): Ամպը կրնայ խորհրդանշել համավարակը, որ կը սպաննէ զայն շնչող ամէն էակ: Ժապաւէնին դրոյթը այն է, որ մենք ատակ ենք ընդունելու անընդունելին: Այդ կարելի է մեկնաբանել որպէս թուլութիւն եւ կամ… ապրելու եւ գոյատեւելու միջոցներ ստեղծելու վճռականութիւն:
Քաղաքական.- Համավարակի եւ այլ համատարած աղէտներու պատճառած սարսափը կրնայ ընկերութեան անդամները հլու, համակերպող եւ, հետեւաբար, դիւրին կառավարելի էակներու վերածել: Ֆրանսացի այլախոհ պատմաբան-փիլիսոփայ Միշել Ֆուքօ (Michel Foucault, 1926-1984) ձեւաւորած է «կենսա-քաղաքականութիւն» (Biopolitics) կոչուող դրոյթ մը: Ըստ Ֆուքոյի, իշխանութիւնները համավարակի պատրուակով խստացուցած են քաղաքացիներու վրայ հակակշիռը (control)` սկսած 17-րդ դարէն (6, 7): Շէյքսփիր իր թատրերգութիւններէն առ նուազն չորսը (ներառեալ` «Մաքպեթ»-ը) գրած է 17-րդ դարու սկզբնաւորութեան, գաւառի մէջ, Լոնտոնէն հեռու, պահպանելով «ընկերային հեռաւորութիւն» (8): Իր երկերուն մէջ կան համաճարակի առնչուող բազմաթիւ ակնարկներ:
Ազատութիւններու սահմանափակումը խախտողները կը խարանուին որպէս անպատասխանատու, վտանգաւոր եւ` հետեւաբար, պատժուելու արժանի անհատներ: 17-րդ դարուն իշխանութիւնները ունէին հսկողութեան նախնական սահմանափակ միջոցներ: Փա՛ռք տիրոջ, այդ հարցը այժմ լիարժէք լուծուած է: Կան դէմքերը ճանչնալու ատակ հաստատուն եւ թռչող (drone) քամերաներ, կարելի է հետեւիլ բջիջային հեռախօսներու շարժումին եւ խօսակցութեան, «քուքիներ» կարելի կը դարձնեն մեր հաղորդակցութիւնները եւ մտքերը վերլուծութեան ենթարկել եւ այլն, եւ այլն…
Ազատութեան համար մղուող պայքարը այժմ կը պահանջէ աւելի մեծ զոհողութիւն: Բայց աւելի մեծ է նաեւ զայն կորսնցնելու վտանգը, աւելի ուժեղ է բռնակալութիւնը…
————————-
- «Հայկական շարժապատկերի ժառանգը եւ ժառանգորդները». «Ազդակ» 13 հոկտեմբեր 2018:
- Այդ ժամանակագրական իմաստով ճշգրիտ չէ, որովհետեւ արշաւանքները վաղուց աւարտած էին:
- Ամերիկացիներու հորիզոնը կ՛աւարտի երկրի աշխարհագրական սահմաններուն վրայ:
- Ժամանակի ճամբորդութեան բներգը նոր թափ ստացաւ յարաբերականութեան տեսութեան ժողովրդականութիւն ստանալէ ետք: Այժմ անոր աւելցած է գիտական այն վարկածը, թէ կարելի է ոստումներ (Quantum Leap) կատարել ժամանակի եւ տարածութեան մէջ: «Որդածակ»-երու (Wormhole) ընդմէջէն ոստումը թերեւս կարելի է տարրական մասնիկներու պարագային, բայց որեւէ ծաւալուն օրկանիք մարմին պիտի ձգուի եւ պատառոտուի անհաւասար ձգողութեան (gravity gradient) ազդեցութեան տակ:
- Han Q. and Daniel R. «Social Responses to Epidemics Depicted by Cinema» Emerging Infecuoust Diseases, փետ. 2020:
- The Birth of Biopolitics: Lectures at the CollՌge de France, 1978-1979:
- The Biopolitics of Social Distancing J.J. Sylvia Social Media + Society 10 August 2020:
- Անձնապէս բախտը ունեցած եմ տեսնելու այդ գողտրիկ բնակարանը: