Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Միջմասնաճիւղային Տողանցքը Վերածաղկումի Շեփորը Հնչեցուց

Յուլիս 9, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ-ի միջմասնաճիւղային տողանցքները նշանակալից դեր ունեցած են միութեան ծաւալուն գործունէութեան մէջ ու երկրի տարբեր նահանգներու հայութիւնը կամրջող ազդակներ հանդիսացած են: 1927-ին, քանի մը հարիւր հանդիսականներու ներկայութեան, Հալէպ-Պէյրութ ֆութպոլի խումբերու հանդիպումով մը սկսած միջմասնաճիւղային խաղերը տարիներու ընթացքին վերածուած են մարզական-սկաուտական փառատօներու, որոնց ներկայ եղած են տասնեակ հազարաւոր հանդիսականներ, Հալէպ այցելող մտաւորականներ եւ հանրային գործիչներ, ինչպէս` Սիմոն Վրացեան, Շաւարշ Միսաքեան, Դրօ եւ Յակոբ Օշական:

Այս տարի ՀՄԸՄ-ը սուրիական պատերազմի տասնամեակի դժնդակ պայմաններու էջը փակեց միջմասնաճիւղային մարզական սկաուտական տողանցք-փառատօնով:

Այս տարուան տողանցքը յատկանշական էր քանի մը տուեալներով:

Տողանցքին կը մասնակցէին սերունդներ, որոնք սուրիական պատերազմին բերումով զրկուած էին մարզական-սկաուտական այս հանդիսաւոր տօնակատարութենէն եւ առաջին անգամ կը մասնակցէին ՀՄԸՄ-ի կուռ շարքերը միացնող ու Հալէպի մարզական դաշտը դղրդացնող միջմասնաճիւղային տողանցքին:

Սուրիոյ պատերազմին պատճառով երկիրը ցարդ կը դիմագրաւէ ապահովական հարցեր, հիւսիսային շրջանի նահանգներէն դէպի Հալէպ ցամաքային ճամբան զինեալներու թափանցումներուն պատճառով չի բանիր, նահանգէ նահանգ երթեւեկութիւնը տակաւին կը մնայ դժուար, ծախսալից ու երբեմն` երկար ժամեր խլող: Այս բոլորը, սակայն, յաղթահարեցին ՀՄԸՄ-ականները եւ գործնապէս փաստեցին, որ ՀՄԸՄ-ականին կամքն ու աշխատասիրութիւնը, կազմակերպուածութիւնն ու արթուն միտքը կրնան յաղթահարել ամէն դժուարութիւն եւ անել կացութիւններէ ելքեր գտնել անպայման:

Եւ այսպէս, միջմասնաճիւղային տողանցք-փառատօնին մասնակցելու համար Հալէպ ժամանեցին Ճեզիրէի սիրտէն` Գամիշլիէն, Սուրիոյ ծովափնեայ շրջանէն` Լաթաքիայէն, պատերազմի տարիներուն թրքական սպառնալիքներուն ենթակայ եղող, սակայն կանգուն մնացող հայատրոփ Քեսապէն, մայրաքաղաք Դամասկոսէն հարիւրաւոր ՀՄԸՄ-ականներ` իրենց սկաուտական ու մարզական խումբերով եւ փողերախումբերով: Անոնց միացան Հալէպի մասնաճիւղն ու Սուրիոյ Հայ սեւ գօտիներու միութիւնը իրենց խումբերով եւ Հալէպի պետական մարզական դաշտը թնդաց` հիւրընկալելով նաեւ հազարաւոր հանդիսականներ:

Հպարտառիթ երեւոյթ էր այսքան տարիներու ընդմիջումէ ետք կրկին տեսնել ՀՄԸՄ-ականները համախմբուած, գունեղ տարազներով, խրոխտ քայլերով եւ սկաուտական կարգապահութեամբ: Դաշտին մէկ ծայրէն միւսը կը տողանցէին փոքրերը, պատանիները, երիտասարդներն ու երէց սերունդները միասին, կուռ շարքերով, քայլերու նոյն կշռոյթով, ՀՄԸՄ-ի առաքելութեան հանդէպ միեւնոյն հաւատարմութեամբ:

Նախքան տողանցքը` Սուրիոյ տարբեր նահանգներու հայ մարզիկները միջմասնաճիւղային մրցաշարքերու մասնակցեցան: Անոնք մարզական ոգիով մրցեցան, փորձառութիւններ փոխանակեցին ու ընկերային ջերմ մթնոլորտի մը մէջ իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն հետ յարաբերութիւնները ամրապնդեցին:

Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնն ալ միացաւ փառատօնին եւ իր գեղարուեստական յայտագիրով, հայկական մշակոյթի երանգներով հարստացուց զայն:

Այս տողանցքով սուրիահայ մարզական-սկաուտական կեանքը նոր փուլ թեւակոխեց:

Ակնկալելի է, որ այսուհետ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ մասնաճիւղերը թիւի եւ գործունէութեան որակի աճ արձանագրեն: Միջմասնաճիւղային նման ձեռնարկները խթանիչ ուժ են այս իմաստով:

ՀՄԸՄ-ի Հալէպի ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի դաշտերու վերանորոգումն ու արդիական չափանիշներու համապատասխանեցումը եւս իրենց դերը պիտի ունենան մարզական կեանքի աշխուժացման եւ երիտասարդութեան համախմբումին մէջ: ՀՄԸՄ-ի գործունէութեան շուրջ ստեղծուած խանդավառութիւնը պիտի համակէ երիտասարդ սերունդը` միանալու անոր շարքերուն:

Յիրաւի, այս տարուան միջմասնաճիւղային տողանցքին շեփորները ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ ընտանիքին լուսաւոր մէկ էջին բացումը աւետեցին:

Բարի՛ երթ մաղթենք ՀՄԸՄ-ի հայ արիներուն, որոնք այս տողանցքով վերահաստատեցին, որ հաւատարիմ ժառանգորդներն են խաւար դամբանէն յարութիւն առած հսկայ նուիրման տորմիղ, հրաթեւ, կամաւոր բանակին ու տարբեր պայմաններու մէջ կը շարունակեն մարմնակրթական եւ բարոյական դաստիարակութեամբ վերածաղկիլ:

 

Նախորդը

Անթոյն Սլաք. Ո՞վ Է Չարը…

Յաջորդը

Արցախեան Հիմնահարցի Կարգաւորման Բանալին Արցախում Է. Դաւիթ Իշխանեան

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?