Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Մասնագէտներու եւ հոգեբաններու կողմէ մանաւանդ վերջին տասնամեակին յաճախ կը կրկնուի ընդհանրապէս դրական մնալու, անոր անհրաժեշտութեան եւ օգուտներու մասին: Ըսելը դիւրին է, բայց գործադրելը որքա՜ն դժուար է: «ՈւենԱյՈւորք» պլոկը կը ներկայացնէ պարզ միջոցներ, ձեւեր` դրական վերաբերմունք պահպանելու համար:
Ն.
Աշխատանքի մէջ դրական վերաբերմունք
պահպանելու պարզ եղանակներ
Երբ մարդիկ կը մտածեն դրական վերաբերմունք ունենալու մասին, անոնք հաւանաբար կը կարծեն, թէ ատիկա աւելին է, քան` երեսին ժպիտ դնելը եւ ուրախ միտքեր մտածելը: Բայց ատկէ աւելին է: Դրական վերաբերմունքը աւելի խոր է եւ աւելի ազդեցիկ է մակերեսային ուրախութենէն: Ժխտական վերաբերմունքը կը խթանէ վախը եւ կը խանգարէ կեդրոնացումն ու միտքը, մինչ դրական վերաբերմունքը հակառակն է: Ոչ ոք պէտք է ապրի անընդհատ «կռուի կամ փախուստի» կացութեան մէջ, բայց ժխտական վերաբերմունքը կը ստեղծէ ճիշդ այդ բեմագրութիւնը: Ուսումնասիրութիւնները նոյնպէս ցոյց տուած են, որ իսկական դրական վերաբերմունք ունենալը կեանքի ձեր տեսակէտը լայն հնարաւորութիւններով լեցուն կը թուի: Այդ տեսակէտը կը յանգեցնէ անոր, որ իրականութեան մէջ ձեր կեանքը ապրիք այնպէս, որ բնական ըլլայ նոր հմտութիւններ ձեռք բերելը:
Ահաւասիկ աշխատավայրին մէջ դրական վերաբերմունք պահպանելու քանի մը եղանակներ` անկախ անոնց բնական ըլլալէն, կամ չըլլալէն.
– Դուք ձեզ շրջապատեց՛էք դրական մարդոցմով:
Եթէ դուք միշտ ժխտական մարդոց հետ էք, որոնք միշտ կը բողոքեն եւ դժգոհ են ամէն բանէ, դուք կը դառնաք բողոքող եւ աշխարհը կը տեսնէք նոյնքան ժխտական, որքան անոնք: Կրնաք մտածել, որ դուք կրնաք դրական մնալ եւ փոխել զանոնք, բայց ատիկա այդպէս չ՛ըլլար: Փորձեցէ՛ք կապուիլ այն մարդոց հետ, որոնք կը սիրեն իրենց աշխատանքը, ունին նոր գաղափարներ եւ բացի աշխատանքէն` կը հետաքրքրուին բազմաթիւ այլ բաներով: Ատիկա աւելի լաւ կը դարձնէ ձեր ամբողջ հայեացքը:
– Ձեր միտքը միշտ դրական նիւթերով լեցուցէ՛ք:
Ականջակալներով ունկնդրեցէք դրական երաժշտութիւն: Կարդացէք յուսադրող գիրքեր: Դիտեցէք տեսանիւթեր, որոնք դրական են կամ կ՛օգնեն կատարելագործել հմտութիւնները:
– Հսկեցէք ձեր լեզուն:
Ո՛չ, խօսքը լեզուի ոստիկանութեան մասին չէ: Խօսքը կը վերաբերի այն բառերուն, որոնք դուք կը գործածէք խօսելու եւ մտածելու ընթացքին: Լեզուի կառոյցը կ՛ազդէ ձեր հայեացքին վրայ` աշխարհին եւ մարդոց հանդէպ: Ամէն օր գործածուող լեզուն` ինչպէս միտքի, այնպէս ալ բանաւոր խօսքի մէջ կուտակուող ազդեցութիւն կ՛ունենայ այն բանին վրայ, թէ ինչպէ՛ս կը մտածես քու մասիդ, քու աշխատանքիդ եւ քեզ շրջապատողներուն մասին:
– Ազնիւ, հաճելի եղէք այլ մարդոց:
Այլ մարդոց հանդէպ ազնիւ, բարի ըլլալը ձեզ կ՛երջանկացնէ: Ոեւէ անհատի համար բարի գործ կատարելու յիշողութիւնը մեզի կը ստիպէ այդ կրկին ընել: Եթէ այլ մարդոց հանդէպ ազնիւ, հաճելի ըլլալը կը դարձնէք սովորական, այդ մէկը կը դառնայ առատաձեռնութեան եւ երջանկութեան շրջան մը, դուք ձեզ լաւ կը զգաք: Ձեր շրջապատը նոյնպէս երջանիկ կը զգայ: Ժխտողականութիւնը կ՛առաջնորդէ աւելի շատ ժխտողականութեան: Եղէք ազնիւ եւ հաճելի` այլ մարդոց եւ տեսէք, թէ այդ ինչպէ՛ս կ՛արդիւնաւորուի:
Ձեր գործընկերները գնահատելը եւ ճանչնալը կրնայ շատ օգնել ձեր օրը աւելի լաւ դարձնելու համար:
– Մի՛ ապաւինիք դրականութեան արտաքին աղբիւրին:
Դրական վերաբերմունք ունեցէք դուք ձեզի հետ: Մտածեցէք գոյատեւման գործիքի պէս դրական վերաբերմունքի մասին. ատիկա միշտ ունեցէք արտակարգ իրավիճակներու ատեն:
Անկախ անկէ, որ կ՛ապաւինիք արտայայտութեան մը, որ բազմիցս կը կրկնէք, երբ ժամանակները ճնշում կը յառաջացնեն, կամ ունիք այլ հնարք մը` յարութիւն առնելու եւ դրական վերաբերմունք պահելու համար, համոզուեցէք, որ պէտք է գտնէք մեքանիզմ մը, որ չ՛ապաւինիր ուրիշին կամ յատուկ կացութեան մը:
– Ստեղծեցէք յատկանշական պահեր` իւրաքանչիւր օրուան եւ շաբթուան ընթացքին:
Ամէն օր ստեղծեցէք փոքր «յատկանշական պահեր», որոնք կ՛օգնեն ձեզի ծրագիրներ իրականացնելու կամ օրերը իմաստաւորելու: Կարեւոր է արժէքաւոր ընդմիջումներ կատարել:
Մի՛ դիմէք անառողջ սնունդին: Դուք ի վերջոյ կ՛ունենաք ժխտական ազդեցութիւններ եւ վնասակար սնունդի կամ աւելորդ սուրճի վատ սովորութիւն:
Կարելիութեան պարագային, դադարներ առէք դուրսը կամ աշխատանքէ հեռու:
Նկատի առէ՛ք զբօսանքը, առանձնութիւնը, լռութիւնը:
Գտէք տեղ մը, ուր գիրք կրնաք կարդալ:
– Ստանձնեցէք պատասխանատուութիւն եւ ընտրեցէք ձեր արձագանգը:
Ձեր գործունէութեան եւ ձեր իրավիճակի համար պատասխանատուութիւն ստանձնելէ հրաժարիլը կամ ձեր արձագանգը անմիջապէս կը սպաննեն դրական վերաբերմունքը:
Ի վերջոյ, եթէ բան մը կը պատահի, եւ դուք էք յանցաւորը կամ ձեւով մը պատասխանատու էք, ատիկա չընդունիլը կը նշանակէ, որ դուք չէք կրնար ուղղել վարքը, եւ ան պիտի կրկնուի:
Դուք աւելի դրական կ՛ըլլաք` տեսնելով, որ կեանքին վրայ որոշ հսկողութիւն ունիք, եւ այդ պարզապէս ճակատագիրի ողորմութեան ձգուած չէ: Ձեր արձագանգին ձեւը կ՛ազդէ արդիւնքին վրայ, նոյնիսկ երբ իրադարձութիւնները ձեր հակակշիռէն դուրս են:
– Ժամանակէն շուտ որոշեցէք ձեր արձագանգը յայտնի խնդիրներուն:
Ըլլան անոնք յաճախորդներ, պաշտօնակիցներ, թէ կանոնաւոր ծրագիրներ, աշխատանքին մէջ կան որոշ բաներ, որոնց հետ միշտ կը վախնաք գործ ունենալէ: Գիտէք, որ անոնք ձեզ վշտացուցած են: Նախապէս որոշեցէք, որ այդպէս չըլլայ:
Եթէ յաճախորդը միշտ ստիպուած է փոփոխութիւններ կատարել, ակնկալեցէք ատիկա: Ընտրեցէք հանգիստ վերաբերիլ այդ երեւոյթին հետ, թոյլ չտալ, որ անիկա ձեզ անհանգստացնէ: Փորձեցէք այլ ձեւով նայիլ յաճախորդին կամ աշխատակիցներուն, որոնք ձեզ կը ջղայնացնեն: Թերեւս անոնք տունը վատ ժամանակի մէջ են, կամ իրենք ճնշուած են:
– Խորունկ շնչեցէք:
Շնչառութիւնը խորապէս կը խաբէ ձեր մարմինը` հանդարտելով: Հանգիստ մարդիկ աւելի լաւ վերաբերմունք ունին:
Եթէ կը կարծէք, որ բանի մը նկատմամբ վատ վերաբերմունք կը ստանաք, գտէք տեղ մը, ուր կրնաք առանձին մնալ եւ կատարել խոր շնչառական վարժութիւններ: Ասիկա ոչ միայն կը նուազեցնէ ճնշուածութիւնը, այլ կ՛օգնէ մաքրելու ձեր միտքը եւ այլ ձեւով տեսնելու իրավիճակը:
– Կատարեցէք առաքելութեան յայտարարութիւն:
Դուք ունի՞ք անձնական առաքելութեան յայտարարութիւն: Ուր որ դուք կ՛աշխատիք, հաւանաբար առաքելութեան յայտարարութիւն ունի, բայց դուք ձերը պէտք է ունենաք:
Առաքելութեան անձնական յայտարարութիւնը կ՛օգնէ ձեզի` սահմանելու աշխատանքին մէջ ձեր նպատակը եւ կ՛օգնէ յայտնաբերելու, թէ ի՛նչ բան կը դրդէ ձեր վարքը:
Երբ կը զգաս, որ նպատակ ունիս, կրնաս դրական ըլլալ: Երբ կը զգաս, որ նպատակ չունիս կամ չես գիտեր, թէ ինչո՛վ կը զբաղիս աշխատանքին մէջ… այնքան ալ դրական չես ըլլար:
– Անձնական նպատակներ ունեցէք:
Նպատակները քիչ մը կը տարբերին անձնական առաքելութեան յայտարարութիւններէն անով, որ անոնք յատուկ բաներ են, որոնց կ՛ուզէք հասնիլ: Անոնք նման են այն նուէրներուն, զորս կը սպասես:
Այդուհանդերձ, նպատակները ոչ միայն «զուարճալի են ապագային մէջ», այլ այն իրական ուղեցոյցներն են, որոնք դուք կը գործածէք հասնելու համար:
Դրական ըլլալը դժուար է, եթէ կը կարծէք, որ ոչ մէկ տեղ կ՛երթաք: Նպատակները ապացոյցներ են, որ դուք ունիք ծրագիր եւ կ՛աշխատիք նպատակի մը ուղղութեամբ: Անոնք կը վկայեն յառաջ շարժելու, դրական շարժումի մասին:
– Յիշեցէք, որ ոչ ոք ձեզի պարտական է:
Լաւ վերաբերմունքը ամէնէն աւելի սպաննողներէն մէկը ապրիլն է` մտածելով, որ մարդիկ քեզի պարտական են:
Ոչ ոք քեզի պարտք ունի: Կեանքը արդար չէ: Ուրիշ որեւէ բանի հաւատալը ձեզի կը ստիպէ անընդհատ մեղաւորութեան, զոհի, զայրոյթի, կրաւորական-յարձակողապաշտութեան եւ ուրախութեան վիճակի մէջ ըլլալ: Բացասականութիւնը գոյութեան օրինաչափ վիճակն է, եթէ կը կարծէք, որ աշխարհը ձեզի պարտական է:
Ինչպէ՞ս ազատիլ այս վերաբերմունքէն:
Ինձմէ կախուած է, որ իրադարձութիւնները կատարուին:
Աշխատասիրութիւնը այն է, որ լաւ արդիւնքներու կը յանգեցնէ:
Ես պէտք է պատրաստ ըլլամ արագ ընդունիլ փոփոխութիւնները:
Երբ ամէն բան դժուար է, ես տակաւին կը շարունակեմ յառաջանալ:
Եթէ այդ չորս հասկացողութիւնները ձեր գլխուն մէջն են, դուք բացասականութեան մէջ պիտի չմտնէք` սպասելով, որ աշխարհը ձեզի համար բան մը ընէ:
– Դադրեցէք բողոքելէ:
Մենք նշեցինք, թէ ինչպէ՛ս պէտք է վերահսկել ձեր լեզուն: Ատիկա ակներեւաբար կը ներառէ բողոքները, բայց բողոքները այնքան հսկայական խնդիրներ են, որոնք կ՛երաշխաւորեն իրենց սեփական բաժինը:
Դադրեցէք բողոքելէ:
Բողոքելը ոչինչ կ՛ընէ: Եթէ շատ բողոքող մարդոց շրջանակի մէջ էք, հեռացէ՛ք անոնցմէ: Փորձեցէք իրավիճակը տեսնել դրական կամ այլ տեսանկիւնէ:
Բողոքները ամէն բան բացասական լոյսի ներքեւ տեսնելու միջոց են` առանց նկատի առնելու որեւէ այլ բացատրութիւն: Անիկա միակողմանի ճամբայ է դէպի դժգոհութիւն, որ կը կերտուի հետագայ ճամբորդութեամբ:
– Ողջունեցէք ծիծաղելով:
Ծիծաղիլը ձեզի օգտակար է ֆիզիքապէս եւ անշուշտ կ՛օգնէ ձեզի շատ աւելի լաւ զգալու: Ո՞վ չի սիրեր լաւ ծիծաղիլ:
Հիւմըրը յատկապէս լաւ է, երբ ամէն բան շատ սխալ կ՛ընթանայ: Ո՞վ չի սիրեր այն տղան, որ մղձաւանջային նախագիծի մը մէջ կ՛առաջարկէ հնարք մը, որ յանկարծ ամբողջ խառնաշփոթը զուարճալի կը թուի: Եղէք այդ տղան: Փորձեցէք հիւմըր գտնել այնտեղ, ուր կրնաք:
Մարդոց հետ ծիծաղիլը տարբեր է, քան` անոնց վրայ ծիծաղիլը: Երբեք մի՛ կատակէք ուրիշներու մասին` անոնց հաշուոյն ծիծաղելու համար:
– Հետաքրքիր եղէք եւ սորվեցէք:
Միտքը, որ փակ է նոր բաներ սորվելու համար, կը դառնայ լճացած եւ բացասական: Փոփոխութիւնները, նոր գաղափարները կամ որեւէ յաւելեալ առաջադրանք տհաճ կը դառնայ նման անձի համար:
Եղէք անձ մը, որ պատրաստ է սորվելու եւ հետաքրքրուելու շատ բաներով: Ձեր վերաբերմունքը դրական կ՛ըլլայ, որովհետեւ դուք հեռատես էք եւ կ՛ուզէք հասկնալ` փակուելու փոխարէն: Հետաքրքրուելով նոր իրավիճակի կամ այն բոլոր բաներուն շուրջը, որոնք տեղի կ՛ունենան, ձեզի կը ստիպէ ուշադիր ըլլալ եւ տեղեակ ըլլալ ներկայ պահու մասին, եւ ատիկա բացասականը ձեզմէ դուրս կը մղէ:
– Կարճատեւի փոխարէն` փնտռեցէք երկարատեւը:
Երբ կարճատեւ իրավիճակը բարդ է, ձեր տեսլականը նկատեցէք երկարատեւը:
Կարճատեւ իրավիճակները ծանր կ՛ազդեն զգացումներու վրայ: Անոր հիման վրայ որոշումներ տալը կամ գործողութիւններու ձեռնարկելը ոչ միայն վատ գաղափար է, այլ հակուած է սնուցանելու բացասական վերաբերմունքը:
Երկարատեւ դիտանկիւնով, իրատես մտածելը դրական կը դարձնէ ձեր օրը եւ կ՛օգնէ կառուցելու մեր նախապէս նշած նպատակները:
– Կեղծեցէք, մինչեւ որ ընէք:
Ոչ, ասիկա կեղծաւոր ըլլալու կոչ չէ:
Իրականութիւնը այն է, որ երբեմն մենք միշտ չէ, որ կը «զգանք» մեր ուզած ապրումը: Նստիլը` սպասելով, որ անիկա մեզի կու գայ, համոզուելու վստահ միջոց է, որ ան երբեք պիտի չգայ: Դուք յաճախ ստիպուած էք ատիկա կեղծել` մինչեւ իրական գործարքին գալը:
Երջանիկ չէ՞ք զգար: Ներկայացուածէն ուրախ չէ՞ք: Կեղծեցէ՛ք. իրական յոյզը աւելի յաճախ կը յայտնուի: Դուք ձեզ ամէն օր շատ խանդավառ եւ դրական պիտի չզգաք, բայց միաժամանակ թոյլ մի՛ տաք, որ ան խանգարէ ձեր վարքը: