Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Հրատապ Առաջնահերթութի՞ւն, Թէ՞ Անտեղի Պերճանք

Յուլիս 7, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ անցեալ շաբաթավերջին յայտարարեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պատրաստ է 500 հազար եւրոյի գումարի ներդրում մը կատարելու` ֆինանսաւորելու համար Լիբանանի յատուկ դատական ատեանին աշխատանքներուն մէկ մասը: Կառավարութեան անունով այդ նուիրատուութիւնը կատարուեցաւ առանց այդ հարցին նախարարաց խորհուրդի կողմէ քննարկման: Բազմաթիւ նախարարներ, ներառեալ` ելեւմուտքի նախարարը, յայտարարեցին, որ հարցէն անտեղեակ են եւ այդ մասին տեղեակ դարձած են լրատուամիջոցներէն:

Վարչապետի պաշտօնակատարին ինքնագլուխ որոշումը խնդրայարոյց է, եւ` ոչ միայն արարողակարգային առումով: Երբ երկիրը ընկերատնտեսական այսքան ծանր պայմաններու մէջ է, երբ քաղաքացիները կքած են ապրուստի արագ կշռոյթով վատթարացող տագնապներու հսկայ բեռին տակ, երբ ամէն առաւօտ նոր դժուարութիւն մը կը թակէ բազում հարցերու մէջ խեղդուած լիբանանցիին դուռը, արդեօք նման առատաձեռնութիւն մը տեղի՞ն կամ նպատակայարմա՞ր է:

Երբ ժողովուրդը կը դիմագրաւէ սղաճի արագընթաց ու ահաւոր վերելքի, դեղորայքի անգտանելիութեան հետզհետէ ահագնացող, պենզինի, մազութի, ելեկտրականութեան չգոյութեան եւ այդ բոլորին անմիջական հետեւանքերուն տագնապը, երբ ամէն վայրկեան քաղաքացին կը մղէ գոյութենական դաժան պայքար, այս բազում եւ բազմապիսի հարցերու ու տագնապներու դարմանման կամ առնուազն անոնց տարողութեան մեղմացման հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունեցող եւ ոչ մէկ ձեւով ծառայող նման նուիրատուութիւն մը կատարելը անտեղի պերճանք մըն է:

Երբ ընտանիքդ սովահար է, տանդ պատերը մի՛ ներկեր, իսկ եթէ այդ գումարը ունիս, ինչո՞ւ զայն քու ընտանիքիդ անմիջական ու հրատապ կարիքներուն չես յատկացներ: Իսկ հոկտեմբեր 2019-ին «Ուացափ»-ի ծրագիրի օգտագործման համար 6 տոլարի սակ ճշդելու մասին խօսակցութենէն ետք երկրին մէջ տիրող կացութեան նկատմամբ իր ցասումը արտայայտած ժողովուրդը ո՞ւր է հիմա, ինչո՞ւ կը լռէ:

Տեղի ունեցածը գայթակղութիւն մըն է, սակայն, զարմանալիօրէն, բացի կարգ մը մեղմ խօսքերէ, մինչեւ այս պահս ոչինչ կը լսուի: Թերեւս այստեղ եւս համայնքայնութեան ախտն է, որ կը գործէ, սակայն այդ դատարանը, որուն անձնակազմը երկար տարիներով լիբանանցիներուն հաշուոյն ապրեցաւ եւ ի վերջոյ «լեռը մուկ ծնաւ», կը կոչուի Լիբանանի յատուկ դատարան, բայց եւ այնպէս ներկայ պայմաններուն մէջ արդեօք թրիփոլիցիին, աքքարցիին, պէյրութցիին, պեքացիին, ի վերջոյ բազմաչարչար լիբանանցիին համար առաջնահերթութի՞ւն մըն է անիկա, կամ` անյետաձգելի հրատապ հա՞րց մը:

Երկրի քաղաքական վերնախաւին ու ժողովուրդին առաջնահերթութիւնները նոյնը չեն, մինչ առաջինները երկրին ներկայ ընկերատնտեսական ճգնաժամի պայմաններուն մէջ բիւզանդական վէճերով զբաղած են,  ժողովուրդը կը հիւծի, կը կքի իր ուսերուն ծանրացած խաչին բեռին տակ, եւ քիչ են անոնք, որոնք անոր քիչ մը ջուր կու տան, կը փորձեն մեղմացնել անոր բեռը:

Այս առումով, մենք բախտաւոր ենք, որովհետեւ, ի տարբերութիւն այլ համայնքներու, մեր մօտ բոլորը այդպիսին են` մեր երեք կուսակցութիւնները, երեք յարանուանութիւնները, բոլոր բարեսիրական միութիւնները եւ ազգասէր ու մարդասէր նուիրատուները: Այո՛, ճիշդ է, որ մեր կարելիութիւններն ու կարողականութիւնը այլ համայնքներէ նուազ են, սակայն ունինք պատմութեան ընթացքին թրծուած, 1001 անգամ փորձուած ու փաստուած հաւաքական կամք, կորով եւ յոյս, զորս պէտք է մեր աչքի լոյսին պէս պահպանենք ու արդար կերպով գնահատենք:

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Ընտրական Հետազօտութիւնները Գիտական Հիմքով Որոնումնե՞ր Են, Թէ՞ Բախտագուշակութիւն

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?