Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մի՛ Արտօներ

Նոյեմբեր 19, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Որ նոր ցաւեր ունենանք
Մեզի շատ մօտ կը բնակի մահը
Պատնէշ եղիր
Մեր եւ մահուան միջեւ…

Ապրող մարդոց մէջ չգտանք, ոչ ալ` նահատակուածներուն աճիւններուն մէջ: Գերիներուն մէջ եթէ ըլլար, գոնէ  աղօտ յոյս մը կ՛ունենայինք…

Շիրիմներուն մէջ անունդ չկայ, զինո՛ւոր:

Ո՞ւր ես: Կը փնտռենք քեզ օր ու գիշեր` յոյսի ծուէն մը միայն շալկած մեզի  հետ: Անունդ մեր ճակատներուն կապած` կը հարցնենք քարէ քար, կը հարցնենք ծառերուն, թռչուններուն, ամէն անցորդի… միթէ առանց հետք մը ձգելու անհետացա՞ր… միայն մարմին չես դուն, ո՞ւր տարին հոգիդ, ձա՛յն տուր:

Անդունդները կամրջեցիր մատղաշ մարմինովդ. բոլոր կամուրջներուն վրայէն անցանք, իսկ դուն ո՞ւր ես…

Ոսկորներդ  ամենակարող զօրութեամբ գոյացան մօրդ սրտին մօտ. սկզբնաղբիւրդ` ծնողներդ, ստեղծիչին հետ, քեզ կերտեցին: Արմատներդ, ծիներդ  պահուած են ծնողներուդ եւ հեռաւոր մշուշապատ լեռներուն մէջ: Երբեք չես կրնար կորսուիլ…

Պահպանուած է ոչ միայն հետքդ, պահպանուած  ես դուն` քու ամբողջութեամբդ, փորագրուած` քու ստեղծիչիդ ափին մէջ, ան պահած է քեզ իր բիբերուն մէջ  եւ մտածումներուն կիզակէտին  վրայ…

Դիմեցինք Անոր,այդ պատճառով մեր յոյսը չենք կորսնցուցած… Չենք վհատիր…

Ամուր մնա՛, սարի պէս, սիրոյ պէս. սէրը` մօր սէրը  մահուընէ աւելի զօրաւոր է: Ովկիանոսներուն ջուրերն անգամ չեն կրնար մարել անոր ահաւոր կրակը: Կարօտդ եւ սէրդ ուժ կու տան սպասելու  քեզ, համբերելու եւ հեռուն տեսնելու համար:

Արդարութիւնը ցօղի պէս կը հասնի, ուժ կու տայ…

Յաւերժութեան բիբերուն մէջ ա՛լ տարածութիւնները կոծով չեն լեցուիր, հապա` սիրով, աղերսանքով եւ պատասխան կարեկցանքով:

Մայրերու եւ հարազատներու հեծութիւնն ու ողբը բաւարար է…

Լսէ՛… Գտի՛ր  իր սիրելիներէն անտես մնացած կորսուած զինուորը , բայց` ոչ անհետք…

Դուն բազմած  լեռներուն մէջ վեհ` բնաւ հեռու չես մեր տառապանքէն, Տէր…

Ողորմիր հայրաբար, լսէ ճիչը արդար… հազար ձայներուն մէջ յստակ` ճիչը տանջալի:

Ձայնդ, պատասխանդ աննենգ, հարազատ, կը զատորոշուի ձայներուն մէջէն բոլոր:

Արեւուն տակ ոչ ոք ունինք Քեզմէ զատ. պաշարուած ենք թշնամիներով, նենգ մարդոցմով…

Աղերսն այս, ահե՛ղ Դատաւոր, գուցէ  աննշան, բայց մեզի համար` կեանքի չափ կարեւոր, ընդունէ սիրով:

Չես մերժեր Դուն բնաւ, չես անտեսեր…: Մայրերու սրտերուն մէջ արեամբ ծլած կակաչներ կան: Սարերը  ինկած  կոկոններ կան արմատախիլ, ճմլուած, նորոգէ զանոնք: Մեր նուիրաբերած  սրտի կտորները հայրենի հողի պաշտպանութեան` անտես մի՛ ըներ: Մայրերու տառապանքը ցաւն է ազգին, տառապանքը բոլորիս` դառնացած, խոցոտած արժանապատուութեամբ:

Յոյսի կանթեղներ դեռ կը պլպլան: Մայրեր չեն չարացած Քեզի դէմ, մայրերը չեն կրնար չարանալ: Նուիրական  տեսիլքն է անոնց` հայրենի փրկութիւնը մեր:

Մայրեր  օդի իւրաքանչիւր ներշնչումի հետ ցաւ կը ներծծեն:

Զինուորէն մատղաշ` ո՛չ մէկ հնչիւն, ո՛չ մէկ լուր… Վեց երկար ու ձիգ ամիսներ անցան վեց դարերու պէս: Պատուհաններէն տխուր քաղաքն  է երեւցողը` ցաւած աչքի պէս. սպասող հայեացքներ, աղօթքի մրմունջ, օրէ օր հալող շշուկի վերածուող…

Տուներուն  բաց դարպասները  հաւատքով վերադարձի յոյսով կը սպասեն: Կը սպասեն տուները` սրտերուն մէջ աղօթքի կայծ, նոյնիսկ եթէ ժամանակի ձեռքը փակէ բոլոր դռները, եթէ նոյնիսկ ծնողներ անվերադարձ հեռանան տուներէն, իրենց ապրած աշխարհէն եւ այս  կեանքէն, աներեւոյթ դառնան, միեւնոյնն է, կը սպասեն անոնց վերադարձին: Տաք շունչը արեւներուն, տիեզերք հինգ հազար` դեռ կը թեւածէ իրենց  ապրած տուներուն շրջակայքը, փողոցներուն եւ հայրենի հողին վրայ, ամէնուրեք:

Աշխարհ չեկած ժառանգներն անոնց կը հաւաքուին օր մը, կը խուժեն անոնց ապրած փողոցները, կը պատմեն սխրանքին եւ չապրուած կեանքին մասին:

Օր մը լքուած, որբացած տուներուն լոյսերը կը լուսաւորուին, ժամանակը  ուրախութեան մեղեդի կը հիւսէ տերեւներու փսփսուքով, նորածիններու գեղգեղով, թռչուններու դայլայլով խօսելու անոնց հարազատներուն:

Հերոսածին մայրերու ոգին վեհ է, ազնիւ.  հայրենիքը կեանքէն ալ թանկ է անոնց  համար,որ իրենց ամենաթանկը, լուսաշող անկրկնելին   նուիրեցին հայրենի երկրի խաղաղութեան համար:

Հիմա փողոցները  սեւ ժապաւէններով զարդարուած են. թէեւ գարուն է, ծաղիկներու  փոխարէն` ծաղիկներու քանակով զոհուած մատղաշ կեանքեր են…

Հողաթումբի մը վրայ նստած` սպիտակազգեստ կին մը կ՛աղօթէ իր անյայտ զինուորին համար:

Չարերը միացան, լոյսս գողնալ փորձեցին, գեղեցիկ բալես արեւանգել…

Անհետք չէ ան, հոս են բոլորը, կողք-կողքի կը ննջեն, ձայն մի՛ հանէք, մի՛ խանգարէք երազը իմ զինուորներուս, բոլորն ալ իմն են, իմ հերոսիս ընկերները հարազատ;

Հիմա երկրագունդի վրայ ամէն բան անիմաստ կը թուի ինծի համար, կ՛ըսէ սպիտակազգեստ կինը. ես արդէն դժոխքը տեսայ, իջայ այնտեղ, բայց բարձրացայ… Դժոխքը տեսած մայրերուն  տանջանքէն, անոնց ցաւէն թպրտացող սրտերէն զատ ալ ո՛չ մէկ բան կը հետաքրքրէ զիս:

Ամէն կողմ թափառող տխրութիւնը իր թեւերուն մէջ առած է վիրաւոր քաղաքներն ու գիւղերը: Քրքիչն ու ծիծաղը իրենց տեղերը զիջած են տխրութեան եւ հառաչանքին: Մարդիկ աւելի կը նախընտրեն լռել, քան` խօսիլ: Օրերը չար, պայթուցիկ են: Մարդիկ կորսնցուցած են իրենց վստահութիւնը, նոյնիսկ` իրարու նկատմամբ: Կասկածն է տիրողը  եւ` գալիքին նմատմամբ անյուսութիւնն ու վախը: Բոլորը շփօթութեան մէջ: Ամէն անհեթեթ գաղափար, ամէն կասկած սողոսկած է սահմաններէն ներս, սահմանները վտանգուած են հիմա… Բզկտուած են երկիր ու երկինք, սատանան ազատ արձակուած է, իր հրեղէն թոյնը տակաւին կ՛արձակէ  անշնչացած մարմիններուն վրայ: Լեռներ կը շարժին, ապառաժները անդունդ կ՛իյնան: Ո՛ւր որ է` կը  խելագարին  երկնային պատկերով ստեղծուած հրեշտականման փխրուն այս  էակները: Մայրերը անպաշտպան են, անօգնական… տար Քու դաշտդ, Դո՛ւն կերակրէ զանոնք քու հոգիովդ, թող ծլարձակին գեղեցիկն ու բարին: Ժայռոտ, ցաւէն քարացած մեր երկրին, անձրեւի պէս վերէն թափող խաղաղութիւն հարկաւոր է…

Վերադարձուր կորսուածները, իրենց հարազատներուն:

Երկինքը երբ իր մութ վարագոյրներով ծածկեց երկիրը, երկնային բոլոր լոյսերը անջատուեցան. մայրեր շարունակեցին փնտռել այն բանալին, որուն հետ կրնային բանալ երկնային օթեւաններուն դռները. օթեւաններ, որ պատեր չունենան, անջատման կամ սահմանափակման:

Եւ աթոռին վրայ բազմողը սկսաւ ամպերուն վրայ  յանցանքները գրել ու ջնջել: Անձրեւի թացութեան պէս անոնց կպչունութիւնը վերածուեցաւ ցօղի:

Մետաքսեայ խոտ, կանաչ եւ ծաղիկ  բուսցուց բնութիւնը, որ իր թարմութեամբ եւ մաքրութեամբ հանգստացուց սրտերը…

Արցախ հողդ որոգուած մնաց հերոսներու արեամբ սուրբ: Կրկին կը վերադառնաս մեզի, որովհետեւ հպարտ ճակտիդ վրայ քաջերու անուններն են. ամէն քարի վրայ  արեան շիթեր, ամէն անկիւն` տառերը մեր սրբազան, հերոսներու աճիւններ, նշխարներ…

Արեան կանչը տուն կը կանչէ, դէպի երկիր արեւի, երկիր հայրենի:

Հալէպ

 

Նախորդը

Տեսակէտ. Հայ Եկեղեցական Երգեցողութիւն

Յաջորդը

Ակնարկ. 44-Օրեայ Պատերազմէն Ետք Մեծագոյն Բախումը

RelatedPosts

Հայաստան-Սփիւռք Երիտասարդական Յարաբերութիւններ
Անդրադարձ

Խելագարելու Ժամանակը Չէ Փիւնիկ Պիտի Ստեղծուի՞

Սեպտեմբեր 29, 2023
Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Երուանդ Արաբեան (Արապեան)
Անդրադարձ

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Երուանդ Արաբեան (Արապեան)

Սեպտեմբեր 29, 2023
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Ի՞նչ Եւ Ո՞ր Օրուան Կը Սպասեն Քաջերը…

Սեպտեմբեր 27, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In