Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանգիստ` Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի

November 18, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 14 նոյեմբեր 2021-ին, Պոլսոյ Ս. Փրկիչ հիւանդանոցին մէջ կեանքին հրաժեշտ տուաւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան միաբան Թաթուլ ծ. վրդ. Անուշեանը: Ան 18 տարիներ պոլսահայ համայնքին մէջ կրօնական ծառայութիւններ մատուցած է եւ բազմաթիւ պաշտօններ վարած: Հայր սուրբին վերջին օծումը պիտի կատարուի հինգշաբթի, 18 նոյեմբերին, Գումգաբուի աթոռանիստ Ս. Աստուածածին մայր տաճարին մէջ` նախագահութեամբ Պոլսոյ հայոց Սահակ Բ. պատրիարքին, յընթացս Ս. եւ անմահ պատարագի:

Հայր Թաթուլին վախճանումով Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին եւ ի մասնաւորի պոլսահայ համայնքը կը կորսնցնեն իրենց արժէքաւոր անդամներէն մէկը:

Կենսագրական գիծեր:

Ծնած էր 1966-ին, Պոլիս: Աւազանի անունով Արէտ: Բարձրագոյն ուսումը կը ստանայ Սթանպուլի համալսարանի Գրան Ֆաքիւլթէի անգլերէն լեզուագիտութեան բաժինը: 2003-ին Մեսրոպ արք. Մութաֆեան պատրիարքին կողմէ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ` անուանուելով Թաթուլ աբեղայ: Ան 2003-ի ամրան նշանակուեցաւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ: Նոյն տարուան աշնան կը մեկնի Լիբանան, եւ կը մասնակցի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի երկամեայ լսարանի Ս. գրային, ծիսագիտական, շարականագիտական, աստուածաբանական եւ քարոզախօսական դասընթացքներուն եւ կը վկայուի 2005-ին: 2005-2006-ին Պիքֆայայի դպրեվանքին մէջ կ՛ուսումնասիրէ իր վարդապետական աւարտաճառը, միաժամանակ կը ստանձնէ ուսուցչական պաշտօն Ժառանգաւորաց եւ Ընծայարանի բաժիններուն մէջ ու կը դասաւանդէ Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն, ներածութիւն Հին կտակարանի, մեկնաբանութիւն, Ս. գրային յունարէն, քրիստոնէական եւ հայոց պատմութիւն: 2006 հոկտեմբերին կը նշանակուի Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ: 2007-ի հոկտեմբերին կ՛ամբողջացնէ իր աւարտաճառը` «Քրիստոնէութեան երկթեւեան մուտքը Հայաստան», եւ կը ստանայ վարդապետական գաւազանի իշխանութիւն: 2017-ի դեկտեմբերին կը ստանայ ծայրագոյն վարդապետական գաւազանի իշխանութիւն` ներկայացնելէ ետք «Նիկիոյ Ս. ժողովը եւ Հայ եկեղեցին» թեզը:

2010-ին կ՛ընտրուի Կրօնական ժողովի անդամ եւ ատենապետ` մինչեւ 2015: Կը պաշտօնավարէ Թաքսիմի Էսայեան, Ֆերիգիւղի Մէրամէթճեան եւ Փանկալթըի Վիեննական Մխիթարեան վարժարաններուն մէջ: Հայր սուրբը կը վարէ պատրիարքարանի դիւանապետի պաշտօնը, նաեւ հրատարակչական բաժանմունքի նախագահութիւնը: Ան կը դասաւանդէ Ս. աթոռի Ժառանգաւորաց լսարանին մէջ հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն եւ գրաբար: Կը նշանակուի Ս. Էջմիածինի Ծիսական յանձնախումբի անդամ: 2019-ին դարձեալ կ՛ընտրուի Կրօնական ժողովի անդամ եւ ատենապետ:

 

Նախորդը

Նշմար. Լուրջը Կատակէն Ծանր Է

Յաջորդը

Զօր. Աուն Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.