Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Սեմին. Գործը Ինքնին Խոստում Է

November 19, 2021
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Լիբանան քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, առողջապահական, կրթական եւ կենցաղային ահռելի տագնապի մէջ է:

Անդամալուծուած է գրեթէ ամէն ինչ: Եւ ամէն օր տեղական եւ շրջանային մակարդակներու վրայ զիրար կը հրմշտկեն Լիբանանն ու լիբանանցին հարուածող անակնկալ կեցուածքներն ու իրադարձութիւնները:

Խոստումներն ու յոյսերը տեղատուութիւն կամ մակընթացութիւն կ՛ապրին, սակայն ամէնուրեք յուսալքութեան եւ անձնատուութեան հոգեվիճակ կը տիրէ:

Ու այս ընդհանուր թոհուբոհին մէջ Լիբանան կը պատրաստուի յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

Ընտրութիւնները պէտք է կայանան անպայման: Մարտ թէ մայիս, Լիբանան պէտք է ունենայ նոր խորհրդարան, ապա` նոր կառավարութիւն եւ հանրապետութեան նոր նախագահ:

Ա՛յս կը պահանջէ ժողովրդավարութիւնը, սահմանադրութիւնը, օրինականութիւնը: Եւ ա՛յս կը պահանջէ իր ցաւերուն դարմանը եւ ներկայ դժոխային վիճակէն դուրս գալու ձգտող քաղաքացին:

Մինչեւ ընտրութիւններ պիտի լսուին բարձր ձայներ, սքանչելի խոստումներ, փոփոխութեան ձգտող «անփոփոխելի» դէմքերու «նուաճումներ» եւ ստապատիր ելոյթներ:

Լրատուական միջոցները վճարովի քարոզչութեան հարթակ պիտի դառնան եւ դրամն ու ժողովուրդին ցաւը պիտի շահագործուին ընտրական առաւելութիւն ապահովելու համար: Արտաքին ուժեր, պետութիւններ թէ կազմակերպութիւններ ժողովրդավարութեան պահպանման եւ փոփոխութիւն յառաջացնելու լոզունգներով յառաջ պիտի քշեն իրենց հաւատարիմ թեկնածուները` զանոնք հասցնելու խորհրդարան եւ անոնց միջոցով Լիբանանի մէջ իրագործելու իրենց ծրագիրները:

Յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցինք մենք եւս` իբրեւ քաղաքական ուժ, հասցնելու համար լիբանանցի քաղաքացիին եւ լիբանանցի հայուն ձայնը, պահանջը, ակնկալութիւնը պահելու Լիբանանը իբրեւ ազգային միասնականութեան, համայնքային գոյակցութեան, երկխօսութեան եւ ժողովրդավարութեան օրրան:

Իբրեւ լիբանանցի եւ հայ քաղաքացի, մեզի համար առաջնահերթ է մեր համայնքի ուժեղութիւնը` ի խնդիր Լիբանանի ուժեղութեան: Առաջնահերթ է միակամութիւնը` ի խնդիր Լիբանանի մէկութեան: Առաջնահերթ է քաղաքացիին բարօրութիւնը` ի խնդիր Լիբանանի բարօրութեան:

Ու իբրեւ հպարտ լիբանանցի հայ քաղաքացիներ, մենք իրաւունք ունինք Լիբանանի նկատմամբ հարիւրամեակ մը եւ աւելի կատարած մեր զոհողութիւններուն փոխարէն մեր ձայնը լսելի դարձնելու ու պահանջատէր ըլլալու որեւէ անտեսումի, որեւէ բացթողումի նկատմամբ:

Ու այս մէկը մենք պարտաւոր ենք կատարելու հաւաքաբար:

Մինչեւ երեսփոխանական ընտրութիւններ պիտի լսենք մոլորեցնող ձայներ, պիտի ենթարկուինք ստապատիր յարձակումներու, զրպարտութեանց թէ ամբաստանութեանց, պիտի երեւան նոր դէմքեր, ծառայութիւն մատուցող նոր թեկնածուներ, պիտի բաշխուի դրամ, պիտի շահագործուի մեր ժողովուրդին ցաւը, պիտի կատարուին սնամէջ ամբոխահաճոյ ելոյթներ, պիտի կազմակերպուին արուեստական այցելութիւններ:

Ու ետքը, ընտրութեան յաջորդ օրը, պիտի երեւի իրականութիւնը: Հայկական իրականութենէն հեռու մարդիկ պիտի մոռնան իրենց խոստումներն ու իրենց քուէարկողները եւ հեռանան` իրենց սեփական գործն ու իրենց վստահուած դերակատարութիւնը աւարտած ըլլալով:

Իսկ մենք` ՀՅ Դաշնակցութիւնը, հաւատարիմ ենք եւ, ինչպէս միշտ, հաւատարիմ կը մնանք մեր ժողովուրդին:

Մենք խոստումներ տալու պարտաւորութիւն չունինք: Տասնամեակներու վրայ երկարած մեր գործը վկայ է: Գործը ինքնին խոստում է, ու միաժամանակ` իրականութիւն, որ տեւաբար ալ գնահատուած է մեր ժողովուրդին կողմէ: Խոստումէն անդին գործն է կարեւորը:

Մեր ժողովուրդին կողքին միշտ կանգնած ՀՅ Դաշնակցութիւնը, անոր ամէնէն դժուարին օրերուն ծառայութիւն մատուցած ՀՅ Դաշնակցութիւնը չի կրնար վարկաբեկել իր ժողովուրդը միայն ընտրական օրակարգով նախաձեռնութիւններ կատարելով:

Եւ մեր ժողովուրդը լաւապէս կը գիտակցի այս իրականութեան:

Լաւապէս կը գիտակցի Լիբանանի հայութիւնը, թէ ո՛վ է իր մնայուն նեցուկը եւ ո՛վ է ժամանակաւոր ու պատեհապաշտ պաշտօնատենչ շահագործը:

Կը մնայ, որ մեր ժողովուրդը հաւաքաբար ամրապնդէ իր տոկունութիւնը եւ, քիչ մը եւս դիմանալով, վերցնէ երեսփոխանական ընտրութիւններու ձեռնոցը:

Արտերկրի հայ քաղաքացիներուն կողքին, հիմնական պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ Լիբանան ապրող քաղաքացիներուն վրայ` մեծաթիւ մասնակցութիւն բերելու յառաջիկայ ընտրութիւններուն:

Որպէսզի կարենայ ընտրել ճի՛շդը:

Որպէսզի ընտրէ զինք ներկայացնող պատասխանատուները:

Եւ միասնաբար դարձեալ կը յաղթահարենք տագնապը:

 

 

Նախորդը

«Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Վիճելի Հարցերու Լուծման Գործին Մէջ Ռուսական Դիւանագիտութեան Դերը Կ՛աճի» Կ՛ըսէ Փութին

Յաջորդը

«Իրան Կը Մօտենայ Հիւլէական Զէնք Արտադրելու Պէտք Եղած Մակարդակին» Կ՛ըսէ Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութիւնը

RelatedPosts

Խմբագրական.  Պետականութեան Յարատեւութեան  Կարգախօսին Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 24, 2026
Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.