Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զարմանքի Արտայայտութիւնը Ինչո՞ւ Նոյնն Է Բոլոր Երկիրներուն Մէջ

Նոյեմբեր 19, 2021
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Ինչո՞ւ երբ  ջղայնանաք ձեր ձեռքերը կը սեղմէք եւ անակնկալէն, ցնցումէն կը ծածկէք ձեր դէմքը:

Ասիկա այն կեցուածքն է, որ մենք կրկին ու կրկին կը տեսնենք աղէտներու նկարներուն մէջ. մարդիկ, որոնք ձեռքերը կը դնեն իրենց բերաններուն կամ գլուխը բռնած` կը նային սարսափած:

Կը թուի, թէ մարդկային ընդհանուր բան մը կայ աղէտներուն արձագանգելու ձեւին մէջ, բայց ըստ մասնագէտներու, միայն աղէտը չէ, որ նման արձագանգ կը յառաջացնէ մարդոց մէջ:

Յաղթանակի, պարտութեան եւ ճնշուածութեան ընդհանուր շարժուձեւեր կան, որոնք կարծես թէ բոլոր երկիրներուն մէջ նոյնն են:

Թէ ինչո՛ւ Սան Ֆրանսիսքոյի եւ Փեքինի բնակիչները կրնան երկուքն ալ ճզմել, սեղմել իրենց ձեռքերը ջղայնութենէն, մարմնային լեզուի (body language) հինգ մասնագէտներ իրենց կարծիքները յայտնած են:

Ասիկա այն արձագանգն է, որ մենք յաճախ կը տեսնենք թերթի առաջին էջին մէջ, երբ մարդիկ իրենց ձեռքերը կը դնեն իրենց գլխուն կամ բերնին, երբ ցնցուած կամ սարսափով կը նային տեսարանին:

Մարմնային լեզուի մասնագէտ Քրիս Ուլրիխ կ՛ըսէ, որ բերանը ծածկելը կամ ձեռքերը գլխուն դնելը պատասխան է, որ կ՛օգնէ մարդոց աւելի ապահով եւ փոքր զգալու ընկալուող սպառնալիքէն: Ուլրիխ ըսաւ, որ ծածկելով իրենց դէմքին մէկ մասը` կրնան իրենց թաքնուած զգալ ցնցող իրադարձութենէն:

Բացի ատկէ, այս շարժումները կը ծառայեն երկրորդ նպատակին` թոյլ տալով մարդուն հանգստացնել ինքնիրեն, հպման միջոցով, որ նոյնպէս կը կոչուի «խաղաղարար» շարժուձեւ:

«Ատիկա կը նշանակէ` ես ամէն ինչ կը յաղթահարեմ: Ատիկա ինքնամփոփիչ շարժուձեւ է, որ կ՛օգնէ մեզի տուեալ պահուն», ըսաւ Ուլրիխ:

Բարձր անձկութեան ժամանակ մարդիկ կրնան փորձել հանգստացնել իրենք զիրենք` սեղմելով ձեռքերը: Ուլրիխ ըսաւ, որ մարդիկ յաճախ կ՛ունենան այդ արձագանգը, երբ հանրութեան, հանդիսատեսներու առջեւ են կամ կը ջղայնանան:

Ձեռքի շարժուձեւերը, ձեռքերը աւելի՞ բարձր կը խօսին, քան բառերը:

«Ատիկա անոնց համար վստահութիւն է, որ անոնք կը յաղթահարեն այդ միջոցով», ըսաւ Ուլրիխ, որ այդ շարժուձեւը կը կապէ երեխան հանդարտեցնել փորձող ծնողին հետ:

Ըստ Ուլրիխի, տարածուած այլ շարժուձեւ մը ` վիզը կամ գլուխը ճնշուած վիճակի մէջ շփելը, կ՛օգնէ թեթեւցնելու ճնշուածութիւնը:

«Ասիկա վերակենդանանալու, վերապրելու միջոց է: Եթէ ես կը շփեմ վիզս, այդ բառացի պարանոցի ցաւ է», ըսաւ Ուլրիխ:

Ուսումնասիրութիւնը կը պարզէ, որ նուրբ շարժուձեւերը կրնան բարելաւել կատարումը

Մարմնային լեզուի մասնագէտ Ճանին Թրայուըր կ՛ըսէ, որ դիպչելով կամ ծածկելով իր վիզը` մարդը նոյնպէս կը պաշտպանէ խոցելի տարածք մը:

«Մենք ունինք քնային զարկերակ` պարանոցին մէջ: Մեր վիզը բաց ձգելով` մենք աւելի խոցելի կը դառնանք: Շուներու միջեւ  կռիւի ժամանակ շունը կը յանձնուի ետ թեքելով եւ իր վիզը բաց ձգելով»:

Անկախ անկէ, թէ որքա՛ն մեծ կամ սարսափելի է մարզիկը մրցակցութեան մէջ, մրցակիցներու մեծամասնութիւնը յաղթանակներուն կամ պարտութիւններուն կ՛արձագանգէ յատուկ ձեւերով:

2008 թուականի ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ թէ՛ աչազուրկ, թէ՛ տեսնող մարզիկները յաղթանակը տօնած են նոյն ձեւերով, նոյնիսկ երբ անոնք տարբեր շրջաններէ եղած են:

Ուսումնասիրութիւնը քննած է ճիւտոյի մրցակիցներու նկարները` 2008 թուականի Ողիմպիական եւ Փարալիմփիկ խաղերու ժամանակ:

Տարբեր շրջաններէ ժամանած երկսեռ թէ՛ աչազուրկ եւ թէ՛ տեսնող մարզիկները ցոյց տուած են նմանատիպ վարքագիծ, երբ յաղթած են մրցումը: Յաղթողները հետեւողականօրէն ետ կը նետէին իրենց գլուխը, կ՛ուռեցնէին  իրենց մարմինը կամ յաղթական կը  բարձրացնէին  ձեռքերը:

Թրայուըր կը նկարագրէ, որ յաղթանակի այս ձեւերը «պայթելու» միջոց են եւ աւելի շատ դիրք գրաւելու` որպէս յաղթող:

Այդուհանդերձ, պարտութիւն կրող մարզիկը կը կիրարկէ  այնպիսի ձեւեր, որոնք զանոնք ֆիզիքապէս կը փոքրացնեն, օրինակ` ծռիլը կամ գլուխը կախելը:

«Երբ կը պարտուիս, կ՛ուզես անհետանալ», ըսաւ Թրայուըր:

Հետազօտութեան հեղինակները նոյնպէս ապացոյցներ գտած են, որ ճիւտոյի մրցակիցները պարտուելու ատեն նոյն ձեւերը ունեցած են` բացառութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ արեւմտեան եւրասիական շրջաններու քանի մը մրցակիցներու:

Աշխարհի զանազան երկիրներու մրցանակաբաշխութիւններու եւ գեղեցկութեան մրցումներու ժամանակ ձեռքը սրտին վրայ դնելը կը դիտուի որպէս անկեղծութեան միջազգային շարժուձեւեր:

Այդուհանդերձ, Ժանին Թրայուըր կը զգուշացնէ, որ շատերուն կը սորվեցնեն կատարել այդ շարժուձեւերը, որպէսզի անոնք կարողանան համոզիչ կերպով անկեղծ եւ խոնարհ երեւիլ:

Բայց Վարայերը հնարք ունի` իրականը կեղծէն զանազանելու համար: Անկեղծ մարդը կը սկսի շարժուձեւեր ընել` խօսելէ պահ մը  առաջ:

Օրինակ, եթէ կ՛ուզէք որոշել, թէ արդեօք լաւագոյն դերասանի Օսքարը նուաճողը իրականութեան մէջ  երախտապարտ է, մի՛ փնտռէք արցունքներ, փոխարէնը` համոզուեցէք, որ անոր ձեռքը արդէն սրտին վրայ է նախքան շնորհակալութիւն յայտնելը ակադեմիային:

Որպէս այլընտրանք` Վարայեր ըսաւ, որ մարզուած անձը սովորաբար կը սկսի շնորհակալութիւն յայտնելով եւ կ՛աւարտէ իր խօսքը` ձեռքը դնելով սրտին:

«Դուք կրնաք տարբերակել իրականը կեղծէն, եթէ շարժուձեւը բառէն կէս զարկ առաջ է: Երբ  կը փորձեն մեզ խաբել, ուրեմն անոնք  մարզուած են», ըսաւ Թրայուըր:

 

Մարզական Մրցումներու Ընթացքին Ինչո՞ւ
Մարզիկները Եւ Համակիրները Իրենց Գլուխները Կը Բռնեն
Ձախողութեան Պարագային

Յատկապէս ֆութպոլի պարագային, դիտեցէք միջազգային, տեղական արհեստավարժ, կամ դպրոցական մրցումները. միշտ նոյնն է` մարզիկները եւ համակիրները իրենց գլուխները կը բռնեն, երբ կարելի չ՛ըլլար կոլ նշանակել:

Ֆիլ Նոպելի հռչակաւոր նկարը` Մայքըլ Օուէնի, Լիվըրփուլի իր խմբակիցները եւ համակիրները իրենց գլուխները բռնած: Նկարը ընտրուեցաւ տասնամեակի լաւագոյնը:

«Լիվըրփուլ»-ի եւ «Մանչեսթր Եունայթըտ»-ի միջեւ 1999-ին տեղի  ունեցած ֆութպոլի մրցումին ընթացքին, երբ Մայքլ Օուէն չկրցաւ լաւագոյն առիթը կոլի վերածել, անմիջապէս զայն լուսանկարեցին, ձեռքերը գլխուն դրած: Նկարին մէջ  պատկերուած են անոր խմբակիցներէն երկուքը, որոնք նոյնպէս իրենց գլուխները բռնած են, ինչպէս`  համակիրներուն մէջ գտնուող գրեթէ իւրաքանչիւր անձ:

Բայց Ինչո՞ւ:

Ոչ ոք վստահ գիտէ, թէեւ կան տեսութիւններ:

«Անոնք կը փակեն աշխարհը-, կ՛ըսէ մարմնային լեզուի մասնագէտ Ռոպերթ Ֆիփս:- Անոնք ոչինչ կ՛ուզեն  տեսնել եւ չեն ուզեր, որ մէկը զիրենք տեսնէ: Անոնք կ՛ուզեն պահել իրենց կարմրիլը: Ֆութպոլիստները  կրնան նոյնիսկ ծունկի գալ. անոնց ամբողջ ներուժը սպառած է ամօթէն»:

«Յուսախաբ համակիրները նոյն բանը կ՛ընեն: Յուսախաբութիւնը յաճախ կ՛արտայայտուի ձեռքի մը  շարժուձեւով, որ կը ծածկէ ճակատը մազի գիծին մօտ,- կ՛ըսէ ան:

Այդուահանդերձ, երբ կոլ կը նշանակուի, մարզիկները բռունցքով կը հարուածեն օդը եւ կը բարձրացնեն ձեռքերը:

Մարմնային լեզուի այլ մասնագէտ Ալան Փիզ քիչ մը այլ տեսութիւն ունի գլուխը ծածկելու մասին:

«Գլխու օրօրոցը մօր կրկնօրինակն է, որ կը բռնէ երեխային գլուխը` ճնշուած իրավիճակներու մէջ մխիթարութիւն եւ  հանգստութիւն տալու համար: Տարբերութիւնը այն է, որ մարզիկները կ՛օրօրեն իրենց գլուխը: Համակիրները նոյնպէս ատիկա կ՛ընեն նոյն պատճառով, որպէսզի իրենք զիրենք մխիթարեն ճնշուած վիճակի ժամանակ», կ՛ըսէ ան:

Ըստ Փիզի, այս արձագանգները միայն ֆութպոլիստներու շրջանակին մէջ չեն, այլ ընդհանուր են:

«Մենք պարզած ենք, որ այս շարժուձեւը կը գործածուի ճնշուածութեան մէջ գտնուող մարդոց կողմէ` մարզական դաշտերէն մինչեւ ժողովներու դահլիճներ, իւրաքանչիւր երկրի մէջ», կը նշէ ան:

Բայց ինչո՞ւ յստակ պատասխաններ չկան:

«1960-ականներուն եւ 70-ականներուն զգացումներու  արտայայտման վրայ շատ աշխատանք կատարուած է, բայց այդ  իր կարեւորութիւնը կը կորսնցնէ, քանի որ ճանաչողական հոգեբանութիւնը ինքնիրեն կու գայ», կ՛ըսէ այլ մասնագէտ մը` Ռիչըրտ Քոքս:

Ֆութպոլի համակիրները նոյնպէս կրնան շարժում մը ընել, երբ իրենց խումբը ոսկի առիթ մը կորսնցնէ: Ասոր ամէնէն յայտնի օրինակը հաւանաբար 1999 թուականին տեղի ունեցածն է:

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. 44-Օրեայ Պատերազմէն Ետք Մեծագոյն Բախումը

Յաջորդը

Խաչատուր Ստեփանեանի Հատորին Շնորհահանդէսին Առիթով*

RelatedPosts

Թանգարաններու Ամէնէն  Յանդուգն Կողոպուտները Պատմութեան Ընթացքին
Մշակութային եւ Այլազան

Թանգարաններու Ամէնէն Յանդուգն Կողոպուտները Պատմութեան Ընթացքին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր
Մշակութային եւ Այլազան

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?