ԼՈՌԻ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Տարի մը առաջ հայու յոյսը անմար էր,
Տարի մը առաջ խուճապը անյայտ գաղափար էր,
Տարի մը առաջ յանձնուիլը անհնար էր,
Տարի մը առաջ հայու պարտութիւնը անվկայ էր:
Ինչո՞ւ այսօր այդպէս չէ:
Այսօր հայու սիրտը փշրուած է,
Այսօր ամբողջ ազգը ցնցուած է,
Այսօր անոր վստահութիւնը վերացած է.
Այսօր հայու էութիւնը ապշած է:
Եւ կայ մէկ դարման` յառաջանալ դէպի ինչպէս որ էր… տարի մը առաջ: