Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Հայ Եկեղեցական Երգեցողութիւն

Նոյեմբեր 19, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՊՈՒՀ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ

«Երգեցողութիւնը սրտին հետ կապ ունի, որ ուղղակի հոգիին կ՛երթայ»

ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ

Հայ եկեղեցական երգեցողութիւնը, որ դարերու տողանցքով մեզի հասած է, այսօր կը տառապի անկարող տիրացուներէն եւ անվարժ դպրապետներէն: Շատ յաճախ գրուած ու շեշտուած է կարեւորութիւնը` հայ եկեղեցական երգերու պատշաճ կատարման:

Այս երգերու խումբին կը պատկանին` շարականները, տաղերը, մեղեդիները, սրբասացութիւնները, ս. պատարագի երգերը եւ այլն: Իւրաքանչիւր երգիչ, ունենալով իր յատուկ մօտեցումը, իր մեկնաբանութիւնը, երբեմն` արեւելեան շեշտերով, անտեղի զարդ դարձուածքներով կ՛երգեն` առանց ուշադրութիւն դարձնելու աղօթքի բառերուն եւ քաղցր մեղեդիին:

Ներկայիս հաւատացեալը, որ եկեղեցի կը յաճախէ, տուն կը վերադառնայ խառնիճաղանճ ձայներով լեցուած: Որքա՜ն ցաւալի է տեսնել խորանի սպասարկողներուն աններդաշնակութիւնը եւ անտեղի մրցակցութիւնը` գերազանցելու զիրար: Որքա՜ն տհաճ է երաժշտագէտներուն, երաժշտասէր հասարակութեան` լսել անմշակ ձայները, արուեստազուրկ երգեցողութիւնը:

Կայ նաեւ երգեհոնի պարագան, որ անհրաժեշտ է ոչ միայն ձայներուն ընկերանալու, այլ նաեւ` այդ ձայներուն թերութիւնները ծածկելու: Այսօր, դժբախտաբար, կան «երգեհոնահարներ», որոնցմէ ոմանք ոչ իսկ պաշտօնական դասընթացքներու հետեւած են: Կը նուագեն ազատօրէն` մերթ բարձր, մերթ ցած, ձայնակարգը անտեղիօրէն փոխելով եւ անյարմար ու անպատշաճ խաղերով:

Երբեք թող չառարկուի, որ ունկնդիր հասարակութիւնը բան չի հասկնար եւ չի կրնար գնահատել լաւը, գեղեցիկը:

Եկեղեցին պէտք է ըլլայ հարազատ արտայայտիչը մեր հայ եկեղեցական երգերուն: Երբեք կարեւոր չէ, թէ որքան գեղեցիկ են երգերը, կարեւորը անոնց մեկնաբանութիւնն է, արուեստով ներկայացումը:

«Պէտք է երգուին սրտով եւ ոչ բերնով կամ կոկորդով»:

Համբերութեամբ սպասած ենք ու կը յուսանք, որ մեր եկեղեցական իշխանութիւնը վերջ պիտի տայ այս աններելի անկարգութեան եւ վերջապէս գիտակցի, որ հայ եկեղեցական երգեցողութիւնը պէտք է կատարուի ծայրագոյն բծախնդրութեամբ, բարձր մակարդակով, լրջօրէն եւ պաշտաճօրէն:

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Մի՛ Արտօներ

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?