Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ-Գաղութ

Նոյեմբեր 18, 2021
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Յարգանքի Տուրք` Արցախեան Պատերազմի
Նահատակներու Առաջին Տարելիցին Առիթով

Քեսապ

7 նոյեմբերին Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ սուրբ պատարագի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Արցախի 44-օրեայ պատերազմին Շուշիի ինքնապաշտպանութեան մարտերուն ընթացքին նահատակուած սուրիահայ երեք հերոսներուն` Յարութ Բանոյեանի, Յակոբ Ասթարճեանի եւ Մոսիկ Սեքլէմեանի նահատակութեան Ա. տարելիցին առիթով, որմէ ետք «Սահակեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ:

Ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին նահատակներուն յիշատակը, այնուհետեւ դամբանական խօսք արտասանեց Դալար Թութիկեան: Գեղարուեստական բաժինով Մարինա Բենդէզեան կարդաց «Մի հպարտ անուն» արձակ ստեղծագործութիւնը, ՍԵՄ-ի «Շանթ» մասնաճիւղի ընկերները ներկայացուցին նահատակ ընկերներուն կենսագրականները: Ապա տեղի ունեցաւ Յարութ Բանոյեանի մասին պատմող տեսերիզի մը ցուցադրութիւնը:

Աւարտին հայ առաքելական համայնքի տեսուչ Անդրանիկ աբղ. Քիւրիւմեան իր խօսքին մէջ վեր առաւ հայրենասիրութեան, ծառայութեան եւ զոհողութեան գաղափարները` հաւաքական մեր կեանքի պահպանման ի խնդիր եւ «Պահպանիչ»-ով փակեց ձեռնարկը:

Գամիշլի

9 նոյեմբերին Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ` հանդիսապետութեամբ Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեանի: Պատարագը մատուցեց Պսակ քհնյ. Պէրպէրեան: Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` արցախեան 44-օրեայ պատերազմին հալէպահայ Յարութ Բանոյեանի, Յակոբ Աստարճեանի, Մոսիկ Սեքլէմեանի եւ արցախեան 44-օրեայ բոլոր նահատակներու առաջին տարելիցին առիթով: Լեւոն վրդ. Եղիայեան իր քարոզին մէջ լուսարձակի տակ առաւ սիրոյ եւ զոհողութեան գաղափարը` նկատել տալով, որ սիրել զԱստուած եւ հայրենիք` կը նշանակէ պաշտպանել, անոնց պաշտպանութեան համար զոհուիլ: Հայր սուրբը շեշտեց, որ մեր նահատակներու գերագոյն սէրը դարձաւ հայրենիքը:

Աւարտին, առաջնորդարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ` կազմակերպութեամբ ՍԵՄ-ի «Նիկոլ Դուման» մասնաճիւղին: Յակոբ Պարսումեան իր ելոյթին մէջ յայտնեց, որ մեր նահատակները ապացուցեցին իրենց անսահման սէրը հայրենիքին նկատմամբ եւ հաւատարիմ մնացին իրենց դաշնակցականի երդումին: Այնուհետեւ խումբ մը ՍԵՄ-ականներ ներկայացուցին երեք նահատակներուն կենսագրական տուեալները:                                                                              Աւարտին ցաւակցութիւններ ընդունուեցան առաջնորդարանի դահլիճին մէջ:

Միացեալ Նահանգներ

Կազմակերպութեամբ Պոսթընի ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէին, 8 նոյեմբերին «Ժառանգութեան պարտէզ»-ին մէջ նշուեցաւ Արցախի 44-օրեայ պատերազմին տարելիցը:

Օրուան հանդիսավար տոքթ. Վազրիկ Չիլոյեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ այս պատերազմը շարունակութիւնն է այն պատերազմներուն, որոնք մղուած են Հայաստանի դէմ` պարզապէս հող գրաւելու եւ հայաթափ ընելու համար շրջանը:

Օրուան բանախօս, Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան, որ Արցախի առաջին պատերազմին իր հայրը կորսնցուցած էր եւ ապա քանի մը տարի ետք սխալմամբ ականի մը բախելով` իր իսկ տեսողութիւնը, իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ կորսնցուցած ենք Արցախին երեք չորրորդը եւ մնացած է միայն մէկ փոքր մասնիկը, սակայն հակառակ այս կացութեան` պէտք չէ ընկրկիլ եւ յոյսը կորսնցնել, լաւատես պէտք է ըլլալ, որովհետեւ կատարելիք աշխատանք ունինք, վերստին պէտք է կառուցենք փուլ եկած կառոյցները:

Այնուհետեւ խօսք առաւ շրջանի հովիւ Անդրանիկ Ա. քհնյ. Պալճեան:

Գեղարուեստական յայտագրով երգով ելոյթ ունեցան Եղիշէ Մանուչարեան եւ Վիգի Աւետիսեան:

Կիպրոս

Մաշտոց Ա. Քհնյ. Աշգարեանի Մասնակցութիւնը Լատին Եկեղեցւոյ Կազմակերպած Ընդունելութեան

5 նոյեմբերին Լառնաքայի եւ Լիմասոլի հովիւ Մաշտոց Ա. քհնյ. Աշգարեան, ներկայացնելով թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանը, Լատին եկեղեցւոյ առաքելական նուիրակին հրաւէրով ներկայ գտնուեցաւ վերոնշեալ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ կազմակերպուած ընդունելութեան մը` ի պատիւ Ատոլֆօ Թիթօ Քանաք Ելլանա արքեպիսկոպոսի հաւատարմագիրի յանձնումին առիթով:

Քահանայ հայրը առիթը ունեցաւ զրուցելու Լիբանանի դեսպանին, մարոնի համայնքի սրբազանին եւ լատին արքեպիսկոպոսին հետ, որուն նաեւ կաթողիկոսական փոխանորդ սրբազան հօր եւ եկեղեցւոյ անունով շնորհաւորեց եւ իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց:

Քանատա

ՀՅԴ Քանատայի Երիտասարդները Կը Միանան Հայաստանի Դիմադրութեան Շարժումին

ՀՅԴ-ի Քանատայի երիտասարդական միութիւնը եւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութիւնը, միանալով Հայաստանի ու սփիւռքի դիմադրութեան շարժումին, 9 նոյեմբերին բողոքի ցոյցեր կազմակերպեցին Օթթաուայի մէջ:

Առաջին ցոյցը տեղի ունեցաւ Ազրպէյճանի դեսպանատան դիմաց` ի զօրակցութիւն Արցախի հայութեան եւ ի դատապարտումն Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ Հայաստանն ու Արցախը բռնագրաւելու նկրտումներուն: Ցոյցը կը կրէր «Սէյ նօ թու տը թըրքիֆիքէյշըն աֆ Արմինիա» լոզունգը, որուն ընթացքին երիտասարդները դատապարտեցին ազրպէյճանական բռնազաւթումներն եւ իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեցին Հայաստանի ու Արցախի հայրենակիցներուն եւ կոչ ուղղեցին Քանատայի կառավարութեան ու միջազգային հանրութեան, որպէզի սատար կանգնին հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան ու դատապարտեն թուրք-ազրպէյճանական նկրտումները:

Երկրորդ ցոյցը տեղի ունեցաւ Օթթաուայի Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան դիմաց, որուն նպատակն էր մատնանշել Հայաստանի ու Արցախի անվտանգային լրջագոյն խնդիրները, դատապարտել Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ Հայաստանի իշխանութիւններուն բացայայտ եւ քուլիսային պայմանաւորուածութիւնները` մատնանշելով անոնց յարուցած վտանգներն ու հաւանական անդառնալի հետեւանքները, ինչպէս նաեւ` աջակցիլ հայրենիքի մէջ ձեւաւորուող ազգային դիմադրութեան ու շեշտել հայրենիքի եւ սփիւռքի միասնականութիւնն ու համախմբուածութիւնը Հայաստանի, Արցախի եւ համայն հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր:

Այնուհետեւ երիտասարդները ծաղկեպսակներ զետեղեցին Արցախի նահատակ հերոսներուն նկարներուն դիմաց` վերանորոգելով իրենց ուխտը` միասնական ոգիով աշխատելու ի խնդիր հայութեան գերագոյն շահերուն եւ անսակարկօրէն աջակցելու հայրենիքի մէջ ձեւաւորուած դիմադրութեան շարժումին:

Աւարտին, երիտասարդները բողոքագիր-նամակ մը յանձնեցին Հայաստանի դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանին` ուղղուած Հայաստանի իշխանութիւններուն: Դեսպանը գնահատեց երիտասարդներուն հայրենասիրութիւնը եւ յորդորեց միասնական ճիգերով յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները:

 

Նախորդը

Ձեր Պատասխանը Կը Պատմէ Ձեր Մասին. Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին

Յաջորդը

Գեղարուեստի Սենտիքայի Վարչութեան Անդամ Առաջին Հայուհի Մարալ Մանիս. «Արուեստով Պէտք Է Զարգանալ Ու Հոգին Կրթել, Որովհետեւ Առանց Արուեստի` Ժողովուրդը Պատմութիւն Չունի»

RelatedPosts

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ

Մայիս 12, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 8, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 6, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?