Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գեղարուեստի Սենտիքայի Վարչութեան Անդամ Առաջին Հայուհի Մարալ Մանիս. «Արուեստով Պէտք Է Զարգանալ Ու Հոգին Կրթել, Որովհետեւ Առանց Արուեստի` Ժողովուրդը Պատմութիւն Չունի»

Նոյեմբեր 18, 2021
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ԱԶԴԱԿ».- Հետաքրքարական էր գիտնալ, որ Լիբանանի արուեստագէտներու սենտիքայի վարչութեան անդամ ընտրուած էք` պատմութեան մէջ առաջին հայը ըլլալով: Խնդրեմ` ըսէ՛ք, թէ ինչպէ՞ս եղաւ այս ընտրութիւնը:

ՄԱՐԱԼ ՄԱՆԻՍ.- Լիբանանցի նկարիչներու եւ քանդակագործներու սենտիքան հիմնուած է 2002-ին, եւ ընդհանրապէս անոր վարչութիւնը բաղկացած կ՛ըլլայ 12 անդամներէ:

2008-ին մշակոյթի նախարարութիւնը վաւերացուց այս սենտիքան եւ զայն դարձուց պաշտօնական, որովհետեւ այս սենտիքային նպատակը արուեստագէտներուն իրաւունքները պաշտպանել եւ անոնց բազմատեսակ դիւրութիւններ ու օգնութիւններ տրամադրելն է, որոնց կարգին է ապահովագրութիւնը, որեւէ հարցի լուծում գտնելը եւ այլն: Որոշ տարիքէ ետք անոնք պետական ապահովագրական սնտուկի անդամ կը դառնան եւ այնուհետեւ ամսական կը գանձեն: Գեղարուեստի արուեստագէտներու սենտիքան միացած է միւս արուեստի սենտիքաներուն: Այս սենտիքային անդամ ըլլալու համար անհատը պէտք է ունենայ ուսման մագիստրոսական աստիճան կամ ըլլայ շրջանաւարտ մը` որեւէ արուեստի հիմնարկէ մը, որուն վկայականները կը վաւերացուին կրթութեան եւ մշակոյթի նախարարութիւններուն կողմէ:

4 տարին անգամ մը տեղի կ՛ունենան սենտիքայի ընտրութիւնները, որոնց թեկնածու ըլլալու առաջարկ կը ներկայացուի տարբեր արուեստագէտներու, որոնց կարգին այս տարի առաջարկ եղաւ նաեւ ինծի: Ըսեմ նաեւ, որ վարչութեան անդամ ըլլալու համար մէկը պէտք է 6 տարի շարունակ սենտիքայի անդամ եղած ըլլայ: Այս տարուան ընտրութիւնները տեղի ունեցան 1 նոյեմբեր  2021-ին, կազմը կը բաղկանայ 12 անդամներէ, որոնց կարգին ես ալ ընտրուեցայ: Սենտիքային նախագահն է դոկտոր Նիզար Տահեր:

Մեր առաջին նիստէն ետք իւրաքանչիւր անդամ պիտի ստանձնէ իր պարտականութիւնը, եւ միասնաբար պիտի այցելենք մշակոյթի նախարարին, որպէսզի ան պաշտօնապէս ծանօթանայ նոր վարչութեան:

Ուրախութիւն եւ նոյն ատեն հպարտութիւն է, որ լիբանանեան պատմութեան մէջ այս սենտիքայի վարչութեան մաս կազմող առաջին հայուհին եմ:  Յոյսով եմ, որ արուեստագէներու եւ ի մասնաւորի հայ արուեստագէտներու լսելի ձայնը կը դառնամ: Այս առիթով, «Ազդակ»-ի միջոցով կ՛ուզեմ խօսքս ուղղել մագիստրոսական աստիճան ունեցող բոլոր արուեստագէտներուն, որպէսզի անոնք դիմեն մեզի եւ անդամակցին սենտիքային, որովհետեւ ուշ կամ կանուխ անոնք պիտի օգտուին ատկէ:

«ԱԶԴԱԿ».- 19 նոյեմբերին արուեստասէր հանրութեան պիտի ներկայանաք ձեր արուեստի գործերով` երկար բացակայութենէ ետք: Այս մասին, խնդրեմ, մանրամասնութիւններ յայտնեցէք` վայր, ժամ, նպատակ, ցուցադրուելիք գործերու թեմա, ցուցահանդէսի տեւողութիւն եւ այլն:

ՄԱՐԱԼ ՄԱՆԻՍ.- Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ 4 օր` 19-24 նոյեմբեր: Այնտեղ պիտի ներկայացնեմ 3 քանդակ եւ աւելի քան 25 գծագրութիւններ: Նաւահանգիստի պայթումէն ետք ասիկա իմ առաջին ցուցահանդէսս է: Այս ցուցահանդէսին, իմ գոյներովս պիտի ներկայացնեմ` նաւահանգիստի պայթումը, վախը, լարուածութիւնը, տիրող քաոսային իրավիճակը, ցաւալի դէպքերն ու զգացումները, զորս մինչ օրս կ՛ապրինք:

Այս աշխատանքներուն համար իմ գործածած գոյներս եղան հողի եւ ցորենի գոյները, պայթումին մօտ եղող ցորենի պահեստանոցին պատճառով: Պատրաստած եմ 2 մեթր երկարութեամբ գծագրութիւն մը, որտեղ ներկայացուած են այս բոլորը, զորս կ’ուզեմ անակնկալ պահել օրուան եւ այցելուներուն համար:

Այս առիթով կ՛ուզեմ հրաւիրել հանրութիւնը ցուցահանդէսին, որ տեղի պիտի ունենայ Ժըմէյզիի «292 Ռմէյլ 393» ցուցասրահին մէջ:

Արուեստով պէտք է զարգանալ ու հոգին կրթել, որովհետեւ առանց արուեստի` ժողովուրդը պատմութիւն չունի:

 

Նախորդը

Գաղութէ-Գաղութ

Յաջորդը

Համազգայինի Կեդրոնական Ու Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնները Այցելեցին Արամ Ա. Կաթողիկոսին

RelatedPosts

Համազգայինը Կը Ներկայացնէ «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Բեմականացումը` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած
Հարցազրոյց

Համազգայինը Կը Ներկայացնէ «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Բեմականացումը` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած

Ապրիլ 18, 2025
Ձմեռ Պապի 15 Տարիների Այցելութիւնները
Հարցազրոյց

Ձմեռ Պապի 15 Տարիների Այցելութիւնները

Մարտ 18, 2025
Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան
Հարցազրոյց

Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան

Յունուար 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?