Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Անկախութեան Տեսլականը` «Իրատեսական Քաղաքականութեան» Զոհ

February 19, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Ա.

Արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք շատ յաճախ կը խօսուի Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան մասին, իսկ օրէ օր աւելի կը նսեմանան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան եւ գերիշխանութեան ապահովման ու երաշխաւորման յոյսերը: Պատերազմէն յաղթական դուրս գալու Ազրպէյճանի դիրքը եւ միջազգային կողմերու շահերը, որոնք կը հետապնդուին Հարաւային Կովկասի մէջ` որեւէ բնոյթի դերակատարութիւն, տնտեսական գործակցութիւն թէ քաղաքական ներկայութիւն ապահովելու նպատակով, աստիճանաբար գորշ ամպերով կը ծածկեն Արցախի անկախութեան տեսլականը:

Եթէ Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան պահպանման առաջնահերթութեան օրակարգը առաւելաբար կը քննարկուի Թուրքիա- Ազրպէյճան ճակատին կողմէ, Մինսքի խումբի համանախագահ պետութիւններուն, նաեւ միջազգային ընտանիքին որդեգրած դիրքորոշումները լուրջ հարցադրումներու դուռ կը բանան, ինչ կը վերաբերի Արցախի վերջնական կարգավիճակին որոշման, որովհետեւ բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, որ թէ՛ Մինսքի խումբին համանախագահները` Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա եւ Ֆրանսա, թէ՛ ամբողջ միջազգային ընտանիքը, ներառեալ` Հարաւային Կովկասի մէջ քաղաքական, զինուորական եւ տնտեսական շահեր եւ ծրագրեր ունեցող Իրանը ոչինչ պիտի ընեն, որպէսզի ապահովեն Արցախի պետութեան անկախութիւնը: Այս գաղափարը  միջազգային օրակարգին վրայ այլեւս տեղ չունի:

Կայ աւելի վտանգաւորը: Հայկական մակարդակի վրայ արդէն իսկ սկսած են երեւան գալ կեցուածքներ եւ դիրքորոշումներ, որոնք «առաւելներ» են Ազրպէյճանի համար: Նման չափազանց մտահոգիչ կեցուածք որդեգրեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ քանի մը օր առաջ առցանց ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ` «Մատրիտեան սկզբունքները  երբ բանակցութիւններու հիմք դարձան, անոնցմէ մին հողային ամբողջականութեան սկզբունքն է, զոր երկու կողմերն ալ իբրեւ բանակցութիւններու հիմք ընդունած են: Այստեղ նկատի պէտք է ունենալ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Ազրպէյճան 1992-ին Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան ծիրին մէջ իրարու սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը եւ հողային ամբողջականութիւնը ճանչցած են»:

Հայաստանի վարչապետին կողմէ նման յայտարարութիւն մտահոգութիւններու դուռ կը բանայ, որովհետեւ թէ՛ Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան ստեղծման մասին համաձայնագիրը, թէ՛ 2007-ին ներկայացուած Մատրիտեան սկզբունքները կը յիշատակեն Հելսինքեան աքթի երեք դրոյթները` ուժի գործածութենէ կամ ուժի սպառնալիքէ խուսափում, պետութիւններու հողային ամբողջականութիւն եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունք: Իսկ ծագած հարցումը այն է, թէ Հայաստանի վարչապետը ինչո՞ւ միայն կը յիշէ Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան պահպանման դրոյթը` չնշելով Արցախի հայութեան ինքնորոշման իրաւունքը, որ ամրագրուած է Մատրիտեան սկզբունքներուն դրոյթներուն հիմքը կազմող Հելսինքեան աքթով:

Ազրպէյճանի սահմաններուն մէջ արցախահայութեան ինքնութեան պահպանման մասին խօսակցութիւնները մտահոգութեան այլ պատճառ մըն են: Այս տեսակէտն ալ սկսած է արմատաւորուիլ հայ քաղաքական որոշ շրջանակներու մէջ, որոնք այլեւս չեն խօսիր Արցախի պետութեան անկախութեան մասին, այլ հրապարակ նետած են արցախահայութեան ինքնութեան պահպանման խնդիրը: Մինչդեռ երեսուն տարի առաջ` 8 յուլիս 1992-ին Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանը` Գերագոյն խորհուրդը որդեգրեց «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ ստեղծուած իրավիճակին մասին» որոշում, որուն երկրորդ կէտին մէջ նշուած է, որ` «Հայաստանի Հանրապետութեան համար անընդունելի է միջազգային կամ ներքին պետական որեւէ փաստաթուղթ, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը կը նշէ Ազրպէյճանի կազմին մէջ»: Այս պարագային պէտք է շեշտել «ներքին պետական որեւէ փաստաթուղթ» եզրը, որովհետեւ երեսուն տարի առաջ ընդունուած այս որոշումը այս օրերուն քաղաքական շահարկումներու նիւթի վերածուած է  իրատեսական քաղաքականութեան պատճառաբանութիւններով:

 

 

Նախորդը

Պուրճ Համուտը` «Մագնիս», Իսկ Ոմանց Համար` «Փորի Ցաւ»

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Արցախի Շարժման Մոլուցքով

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.