Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Գծանկարային արկածախնդրական պատմութիւններու գիրքերու ամէնէն ժողովրդական գործերէն մէկն է պելճիքացի գծանկարիչ Հերժէի (Ճորճ Ռեմի,1907-1983) Թենթենի արկածախնդրութիւններու շարքը` հրատարակուած 1929-1979 տարիներուն: Վերջին տասնամեակին, ինչպէս բազմաթիւ արժէքներ, Թենթեն եւս զանազան նկատառումներով հարցականի տակ առնուեցաւ: 2010-ին քոնկոցիներու կողմէ արշաւ մը սկսաւ Պելճիքայի մէջ արգիլելու «Թենթեն Քոնկոյի մէջ» գիրքը: Այս առիթով Փարիզ բնակող քոնկոցի լրագրող Ռոճըր Պոնկոս գրած է յօդուած մը, որուն վերջին պարբերութեան մէջ ան յատկանշականօրէն կ՛ըսէ. «Անձամբ ես կողմնակից չեմ, որ գիրքը արգիլուի, որովհետեւ կը խորհիմ, որ երեխաներու համար կարեւոր է կարդալ այն եւ պարզել, թէ ինչպէ՛ս վարուած են սեւամորթներուն հետ աշխարհի այդ գաղութատիրական տեսլականին մէջ: Քոնկոյի բնակիչներէն շատեր, որոնք կը պաշտպանեն դատական դիմումը, անպայման չեն փորձեր Թենթենը արգիլել: Անոնք այդ կը նկատեն լաւ հնարաւորութիւն` բարձրացնելու ամբողջ խնդրի մասին իրազեկութիւնը եւ Պելճիքայէն գաղութատիրութեան ժամանակ տեղի ունեցած վայրագութիւններու պաշտօնական ճանաչումը պահանջելու համար: Այս պատմութեան ճանաչումը մեզի համար շատ կարեւոր է, նոյնիսկ` անկախութենէն 50 տարի ետք, ինչպէս հայերու համար կարեւոր է ցեղասպանութեան ճանաչումը»:
Կը ներկայացնենք երկու մտաւորականներու կարծիքներ
Ն.
Արձակագիր Ճորճ Միշելսըն Ֆոյ, որ Նիւ Եորքի համալսարանին մէջ կը դասաւանդէ ստեղծագործական գրութիւն նիւթը, կը գրէ.
Մենք պէ՞տք է արգիլենք Թենթենը եւ Միլուն
Թենթենի գծանկարներու վերահրատարակութեան առիթով ծագած է հարցում մը. ինչպէ՞ս վարուիլ զուարճալի, հանրաճանաչ պատմութիւններու հետ, որոնք ստեղծուած են այն ժամանակներուն, երբ գաղութատիրական եւ առանձին-առանձին խտրական, ցեղապաշտական վերաբերմունքը արեւմտեան կանոն էր եւ կ՛արտացոլուէր Թենթենի նման կերպարներու վարքագիծին եւ վերաբերմունքին մէջ ինչպէս երիտասարդ, այնպէս ալ տարեց ընթերցողներու համար նախատեսուած գիրքերու մէջ:
Թենթենի տարեդարձը նշելու համար Հերժէի հրատարակիչները շուրջ 10 տարի առաջ թուայնացած տարբերակը հրապարակեցին առաջին գիրքին` «Թենթեն Քոնկոյի մէջ», գիրք մը, որուն մէջ պատկերուած են երշիկաձեւ շրթունքներով, ներքնազգեստով եւ նիզակներով նկարուած ափրիկեցիները, զորս վհուկներու կողմէ նետուած հայհոյանքներէն, անէծքներէն եւ այլ իրավիճակներէն փրկելու համար կ’օգնէ արհեստագիտութեան տիրապետող պելճիքացի բարեացակամ լրագրող Թենթեն:
Նկատի առնելով պելճիքացիներուն վարքագիծը իրենց նախկին գաղութին մէջ, ուր պելճիքական իշխանութեան ներքեւ միլիոնաւոր (ըստ կարգ մը աղբիւրներու` 1, իսկ ըստ ուրիշներու մինչեւ 10 միլիոն) քոնկոցիներ մահացան գերաշխատանքէ, չարաշահումէ, խոշտանգումներէ եւ սովէն, Թենթենի տարեդարձը նշելու համար այս գիրքին ընտրութիւնը լաւագոյն պարագային ոչ նրբանկատ կը թուի:
Վատագոյն պարագային, նկատի առնելով բովանդակութիւնը, կը թուի, թէ անիկա կ՛օրինականացնէ ցեղասպանութիւնը:
«Մենք մեզի իսկապէս կը հարցնենք` արդեօ՞ք այդ ճիշդ պահն էր», ըսած է Պելճիքա բնակող քոնկոցի գծագրիչ Պարլի Պարուտի` նկատի ունենալով Եւրոպայի մէջ ցեղապաշտական, աջակողմեան խումբերու վերածնունդը:
Անհրաժեշտ է նոյնպէս նշել, որ Թենթենի պատմութիւնները զանգուածային եւ անմտօրէն տղամարդու արեւելում ունին: Միակ կին կերպարը, որ կը կրկնուի շարքին մէջ, Պիանքա Քաստաֆիորէն է` փքուն, ճնշող եւ անմիտ: Ան օփերայի երգչուհի է, իր մեծ կուրծքերով եւ սոսկալի տենչանք ունի Կունոյի արիաները պատուհաններու ապակիները փշրող ձայնով երգելու:
Եւ այդուհանդերձ, Թենթենի արկածախնդրութիւնները շատ հետաքրքրական են, լաւ պատմուած, գեղեցիկ նկարազարդուած եւ այսօր ալ սիրուած են բոլոր սեռերու երեխաներու կողմէ: Անոնք նոյնպէս շատ զուարճալի են` լեցուած ծիծաղելի թիւրիմացութիւններով, միամիտ, անխելք կերպարներով եւ դժբախտ պատահարներով, որոնցմէ շատերը կը խայտառակեն հերոսը:
Եւ այդուհանդերձ. Թենթենի վարքագիծը, թէեւ որոշ չափով արհամարհական է կարգ մը ցեղերու (յատկապէս ափրիկեցիներու) խելամտութեան եւ կրթութեան նկատմամբ, իրականութեան մէջ բաւական լուսաւորուած է իր ժամանակի չափանիշներով:
Նախ` նկատի ունենալով Քոնկոյի ափրիկեցիներէն մինչեւ ճափոնական տիրապետութեան տակ գտնուող չիներ, հարաւամերիկեան ցեղերէն մինչեւ բնիկ ամերիկացիներ` Միացեալ Նահանգներու մէջ, Թենթեն միշտ կ՛աջակցի խեղճին, անպաշտպանին եւ կը փորձէ օգնել անոր: Այդ, անշուշտ, հայրական, նուաստացուցիչ օգնութեան ձեւ է, բայց նկատի առնելով այն, որ տեղի կ՛ունենար իրական կեանքին մէջ այդ ցեղային խումբերուն հետ 1920-ականներուն, 30-ականներուն եւ 40-ականներուն, կը գերազանցէ մրցակցութեան մեծ մասը:
Պէտք է նոյնպէս նշեմ, որ մարդոց երկու խումբերը, որոնք Հերժէն գրեթէ անփոփոխ կը ներկայացնէ որպէս զզուելի, արհեստագիտութիւններ ունեցող ճափոնցիներն են (յատկապէս` Չինաստանի մէջ) եւ ամերիկացիները, յատկապէս` ամերիկացի գործարարները:
Հաստատ է, որ եթէ նոյնիսկ անտեսենք այս պատմութիւններուն մէջ կառուցուած ցեղային եւ սեռային խտրականութիւնը, Թենթեն քաղաքական ճշգրտութեան նոյնիսկ աւելի մեղմ խոչընդոտներէն չի կրնար անցնիլ:
Անոր լաւագոյն ընկերը` նաւապետ Հատոք, ցնորած եւ ոգելից ըմպելիի անուղղայ մոլի է: Հատոքի սպասաւոր Նեստորը այլ կեանք չունի, քան` կենցաղային ստրկութիւնը: Թենթենի շունը` Սնոուին (ֆրանսերէն` Միլու), պարբերաբար եւ պատահաբար ծեփուած է ուիսքիով եւ այլ խմիչքներով: Կրկնուող կատակները կը շրջապատեն փրոֆ. Քալքուլուսի (Թուրնուսոլ) խուլութիւնը:
Թենթենի շուրջը տարակարծութիւնները կ՛արտացոլացնեն բանավէճերը շարք մը այլ գիրքերու շուրջը, որոնք գրուած են մեր, ենթադրաբար, աւելի լուսաւոր ժամանակներէն առաջ:
Ժոզեֆ Քոնրատ, օրինակ, «Խաւարի սիրտը» տեղադրած է հիմնականին մէջ Քոնկոյի մէջ` ներկայացնելով ափրիկեցիները որպէս վայրենի, ապաշնորհ եւ այնքան բարոյապէս թերի, որ անոնք նոյնիսկ քաշքշած են ենթադրաբար «քաղաքակիրթ» եւրոպացիները, որոնք կը ղեկավարէին զիրենք:
Էռնեստ Հեմինկուէյ օգտագործած է սեւամորթ բառը` նկատի ունենալով ափրիկեան ծագումով ամերիկացիները եւ արատաւորած` հրեաները այնպիսի կերպարներու միջոցով, ինչպիսին է Քոհենը «Արեւը նոյնպէս կը ծագի»-ին մէջ:
Տղամարդիկ, որոնք բռնութիւն կը գործադրեն կիներու նկատմամբ, կը թափանցեն մինչեւ 1960-ական թուականները եւ նոյնիսկ ատկէ ետք գրուած վէպերուն մէջ:
Ուրեմն մենք պէ՞տք է արգիլենք Թենթենը, Քոնրատը, Հեմինկուէյը: Արդեօ՞ք մեր երեխաները պԷտք չէ կարդան «Փոքրիկ տունը մարգագետինին մէջ» շարքը, քանի որ Լաուրա Ինկալս Ուայլտրի որոշ սպիտակ կերպարներ կը պաշտպանէին բնիկ ամերիկացիներու բացասական կարծրատիպերը, որոնք տարածուած էին այն ժամանակ, եւ այդ յանգեցուց այն բանին, որ Ուայլտրի անունը յետմահու հանուեցաւ մանկական գիրքի մրցանակէն:
Այսպիսի ճամբով երթալը քանի մը կարեւոր հետեւանքներ կ՛ունենայ: Ատիկա տրամաբանօրէն կը յանգեցնէ համաշխարհային գրականութեան բացարձակ մեծամասնութեան գրաքննութեան:
Այդ տարբեր շերտերու իշխանութիւններուն, շատ հաւանաբար չընտրուած իշխանութիւններուն հնարաւորութիւն կու տայ արգիլել այն ժամանակ տարածուած մշակութային արժէքներու վրայ հիմնուած գիրքերը, որոնք կրնան հետագային փոխուիլ:
Եւ այդ պատճառ մը եւս կը ստեղծէր այն մարդոց համար, որոնք արդէն կախուած են պաստառի մշակոյթի քնէածական (hypnotic), յաճախ ընկերային վնասակար շողոքորթութիւններէ, խուսափելու ընթերցանութեան աւելի մտածուած հաճոյքներէն:
Եւ այդուհանդերձ…
Նոյնպէս կարեւոր է, որ Թենթեն կարդացող երեխաները, կամ Հեմինկուէյ կարդացող երկրորդական վարժարանի աշակերտները, կամ Քոնրատի հեքիաթէն ազդուած` Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ դրսեւորուած չափահաս ընթերցողները ներմղութեամբ (osmosis) չընկալեն իրենց հետեւած կերպարներուն մէջ արմատացած խտրական, ցեղապաշտական, սեռախտրական արժէքները:
Մենք պէտք է միջոց գտնենք այս գիրքերը պահելու համար` միաժամանակ ազդարարելով, որ անոնք կը կրեն մշակութային ուղերձներ, որոնք վնասակար են տարբեր սեռերու կամ մարդոց խումբերու համար. ուղերձներ, որոնք ոչ թէ պէտք է անտեսուին, այլ զեղչուին բանական, բարոյագիտական եւ մարդասիրական հիմքերով:
Ասիկա այնքան ալ դժուար չէր ըլլար:
Հեմինկուէյի վէպերու նման գործերը կրնան գնահատուիլ Ա.-էն մինչեւ Զ., ինչպէս` դասարանային աշխատանքը, հիմնուելով գիրքի կերպարներու կամ պատմուածքի մէջ ներծծող ընկերային, հասարակական վնասակար վերաբերմունքի քանակին եւ ուժին վրայ, որուն գնահատականը յստակ նշուած է կողքին կամ թռուցիկին վրայ: Ատիկա ընելու համար վարչարարական կարծիքի պէտք չ՛ըլլար. տեղական գրադարանավարները եւ դպրոցի ուսուցիչները կրնան ըստ անհրաժեշտութեան գնահատել գիրքերը եւ բացատրել տուեալ գնահատականին պատճառները` ժամանակաւոր հիմքերով:
Այս կամ այն ուղղութեամբ աւելորդաբանութիւնները, ծայրայեղութիւնները սովորաբար կը լուծուին դպրոցի խորհուրդի նիստերու կամ տեղական մամուլի միջոցով:
Խօսքի ազատութիւնը երաշխաւորող իրաւական լռելեայն դիրքը, այս պարագային` կարդալու եւ գրելու ազատութիւնը, կայ եւ պէտք է պահպանուի. այն է` գիրքերը չեն կրնար եւ պէտք չէ արգիլուին, քանի դեռ անոնք ակներեւ եւ ներկայ վտանգ չեն ներկայացներ քաղաքացիական հասարակութեան համար, ինչպէս, օրինակ, բռնութեան էական արարքներու կոչ ընելը:
Կարեւոր հետեւութիւնը կ՛ըլլայ այն, որ լաւ գիրքերը ի վերջոյ չարգիլուին: Երեխաները կրնան ծիծաղիլ Սնոուիի (Միլու) չարաճճիութիւններուն վրայ, իսկ մեծերը յուզուիլ Ճէյք Պառնսի անախորժ իրավիճակէն, միաժամանակ առասպելական աղի հատիկի հետ առնելով հինցած, անմարդկային արժէքները, որոնք կ՛ակնարկուին անոնց այլ էջերուն մէջ:
Արդեօք Թենթենի Գիրքերը Դեռ Յարմա՞ր Են
Դպրոցականներուն Համար: Արդեօք Այդ Գիրքերը Ընդհանրապէս
Կը Վիրաւորե՞ն Ժամանակակից Զգայնութիւնը
Լա՛ւ, ուրեմն սկսիմ մէջբերումով.
«Կրթուած մտքի նշանն է կարողանալ գաղափար մը արթնցնել` առանց անիկա ընդունելու», Արիստոտէլ:
Ես կը պատասխանեմ այս հարցումին, որովհետեւ վերջերս կարդացած եմ 80-ամեայ գիրք մը: Այդ գիրքը կեանքի, մարդոց, յարաբերութիւններու, վարուելակերպի եւ այլնի մասին էր: Գիրքը ոչ միայն հիանալի էր իր ժամանակին համար, այլեւ նոյնքան արդիական է հիմա, որքան` այն ժամանակ:
Ես չեմ պատրաստուիր նշելու գիրքին անունը, բայց անիկա շատ լաւ գիրք է, լաւ խորհուրդներով, որոնք ինծի շատ կ՛օգնեն կեանքին մէջ եւ մարդոց հետ յարաբերութիւններու ընթացքին: Ուրիշներ ալ, որոնք կարդացած են այդ գիրքը, վստահ եմ` նոյնը կը զգան:
Հակառակ լաւ գիրք մը ըլլալուն` անիկա սեռախտիր (sexist) է: Ես բաւական զարմացած էի, որ գոյութիւն ունի սեռախտրութիւն (sexism), թէեւ անուղղակի, բայց կար:
Ապա ես մտածեցի գիրքը գրուած ժամանակին մասին. 1930-ականներ` Ամերիկա: Անոր հիմնական ուշադրութիւնը եւ գործածուած օրինակները կը վերաբերէին այրերու եւ անոնց նուաճումներուն, եւ հեղինակը կը խօսի ձեզի հետ այնպէս, կարծես դուն անձ մըն ես, որ կը կարդայ իր գիրքը: Կին չէ, հակառակ անոր որ հեղինակը կ՛ըսէ, թէ իր տուած խորհուրդը այրերու եւ կիներու համար է. այդուհանդերձ, օրինակներուն մէջ ան հազուադէպօրէն կը նշէ կնոջ մը յաջողութիւնը:
Բայց հիմա մտածեցէ՛ք, թէ ե՛րբ գրուած է գիրքը: Այն ժամանակ աշխարհը այլ տեղ էր, իսկ հիմա այլ տեղ է: Մենք (աշխարհի որոշ վայրերուն մէջ) բարձրացած ենք մեր անցեալէն, եւ սխալներէն սորված ենք այլ աշխարհ ստեղծել:
Եթէ մենք կ՛անտեսենք կամ կը ջնջենք որեւէ գիրք, որ կը վիրաւորէ, ուրեմն մենք կ՛ընտրենք դասեր չքաղել անցեալէն. տեսնել այն, թէ ի՛նչ բան եղած է «ճիշդ» եւ ի՛նչ բան` «սխալ»:
Թենթենի գիրքերը նոյնպէս գրուած են ժամանակի մը մէջ: Ատիկա կրնայ վիրաւորել ոմանք, կրնայ չվիրաւորել ուրիշներ:

Անոնք զիս չեն վիրաւորած որպէս երեխայ բայց այլ տեսանկիւնէն, որպէս տարեց, կրնան ըլլալ այնպիսի բաժիններ, որոնք հիմա կը վիրաւորեն:
Հաւանաբար, եթէ դուք, օրինակի համար, գիրքը կը կարդաք երեխայի համար եւ գտնէք այնպիսի բաժիններ, որոնք կը վիրաւորեն ձեր ժամանակակից զգացումները, ուրեմն անիկա կրնայ դասի լաւ առիթ մը ըլլալ աշխարհի մասին, թէ ի՛նչ բաներ յարմար, վայել չեն, ո՛ր գաղափարները կամ կարծիքները ընդունելի չեն, եւ որ աւելի կարեւոր է. ԻՆՉՈ՞Ւ:
Մենք պէտք է նկատի առնենք անցեալը եւ անոր տեղը, որպէսզի հասկնանք զայն:
Բայց այդ ոչ մէկ ձեւով կը նշանակէ, որ դուք պէտք է ընդունիք զայն:
Կերթ Պուչ