Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խոհեր` Գիրք Նուիրելու Օրուան Առիթով. Երբ Ձրի Տրուած Գիրքն Անգամ Կը Մերժուի… (19 Փետրուար)

Փետրուար 19, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Յոյսով եմ մի օր բոլորը կը հասնեն մտքի այն հասունութեան,
որ գիրք նուէր ստանալուց մեզ պէս կ՛ուրախանան:

ԱԼԵՆ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
(44-օրեայ պատերազմի նահատակ)

Հայ ժողովուրդի ընտիր, եզակի եւ անկրկնելի զաւակներէն մէկուն` Ալեն Մարգարեանի վերոնշեալ գրառումը խորքին մէջ մարդու տեսակի պայծառ ու գիտակցական բարձր մակարդակի արտայայտութիւն է:

Գերազանցապէս հայաշունչ արտայայտութիւն մը, որ իր մէջ կը պարփակէ, կը խտացնէ շատ ու շատ խորհուրդներ, բայց մանաւանդ` դաստիարակուած սերունդի մը խոր ապրումները, յոյզերն ու երազանքը բնորոշող պատգամ:

Իսկ ո՞վ էր այս տղան, որ հայկականութեամբ լեցուած էր, սրբազան Արարատի վեհութեամբ լիացած, ազգային արժէքներու բուրմունքով հասակ առած, հայ գիր ու գրականութիւնը իր առօրեայ կեանքին սնունդը համարած երիտասարդ մը, որ հազիւ քսան գարուններ բոլորած, զինուորագրուած եւ նահատակութեան փառապսակին արժանացած էր` զոհելով իր կեանքը յանուն հայրենիքի եւ հայ զինուորի փրկութեան:

Այո՛, 20-ամեայ Ալենը, ինչպէս շատ շատեր, ուզած էր նախքան իր ուսումը շարունակելը, ծառայել հայոց բանակին եւ իր պարտքը մատուցել հայրենիքին:

Բացառիկ ունակութիւններու տէր այս տղան դպրոցական տարիներուն ցոյց տուած էր այնպիսի արժանիքներ, շնորհներու տեսականի, որ մարդ արարած կը շշմի ի լուր լսածին, տեսածին, պատմուածին:

Ալեն Մարգարեանի մասին պատրաստուած բոլոր տեսերիզները ապացոյց են ճշմարտութեան մը, որ այս գերազանցիկ երիտասարդը ունէր այնպիսի կազմաւորում եւ կեանքը ապրելու հայեցողութիւն, որուն նմանը հազիւ թէ գտնուի սերունդի մը մէջ:

Ծնողքի, ուսուցիչներու, դասախօսներու, դասընկերներու, բարեկամներու թէ հարազատներու վկայութիւնները բացառապէս կը շեշտադրեն անոր ֆենոմեն ըլլալու իրողութիւնը:

Տակաւին քսան տարեկան տղայ մը, որ արդէն տիրապետած է չորս լեզուներու: Անոր գիտական միտքն ու գրասէր ըլլալու յատկութիւնը, աւելի բարձրին ձգտելու պատրաստակամութիւնը, աշխատասիրութիւնը, կարգապահութիւնն ու հզօր կամքը զինք հասցուցած էին ընդունուելու Պոսթընի համալսարանը` իբրեւ ուսումնատենչ երիտասարդ, փայլուն մտքի տէր ուսանող եւ խոստմնալից հայորդի:

Ան որոշած էր նախ ծառայել հայոց բանակին, ապա ուսումը շարունակել:

Խաղաղասէրի, բարութեան, ազնուութեան եւ ընկերասիրութեան խորհրդանիշ է եղած Ալեն Մարգարեան իր ողջուց: Խանդավառութիւնն ու ժպիտով լիացած անոր կենդանագիրը վարակիչ երեւոյթ է եղած իր շրջապատին համար: Փաստօրէն, երգի, պարի, նուագի, թատրոնի ու մարզանքի սիրահար իր նկարագիրով ան դարձած էր եզակի տղայ մը, որ կը սիրուէր բոլորէն անխտիր:

Ալեն Մարգարեանի հաւատոյ հանգանակը ընկերականութիւնն էր, ուրիշին օգտակար դառնալու պատրաստակամութիւնը, հարազատի թէ ընկերներու կարիքին հասնելու վճռակամութիւնը:

Իտէալական այս տղուն ամէնէն բնորոշ յատկութիւնը` անյագ ընթերցասէրի եւ գիրքի սիրահար ըլլալն էր: Հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ ռուսերէն հատորներ կը զարդարէին իր սեփական գրադարանը:

Ալեն Մարգարեան չէր սիրեր միջակութիւնը, ան կատարելապաշտ տղայ մըն էր, որուն կոչումն էր պատասխանել իր իսկ առաջադրած այն հարցումին, թէ «մարդ ինչպէ՞ս կրնայ տիրել աշխարհին»: Տիրել, այսինքն` ծառայել մարդկութեան` ցոյց տալով այնպիսի արժանիքներ, որոնք միայն պատիւ կը բերեն իրեն ու շրջապատին:

Մանկավարժութիւնը իրեն համար տեսակ մը դաւանանք էր. դասաւանդել, յորդորել, գիտութիւն ջամբել, գրականութեամբ պարապիլ եւ հասնիլ իր ազգի բոլոր զաւակներու կարիքներուն: Ան շրջան մը պաշտօնավարած է ԹՈՒՄՕ արհեստագիտական հիմնարկին մէջ` իբրեւ համակարգիչի մասնագէտ:

Ալեն Մարգարեան, 44-օրեայ պատերազմին, անսալով հրամանատարութեան կոչին, թէ առաջնագիծի հայ զինուորները պէտք ունին սնունդի եւ զինամթերքի, շուտափոյթ կը լծուի աշխատանքի եւ զինուորական բեռնատարով կը հասնի տղոց: Ան զոհ կը դառնայ թշնամիին անօդաչու սարքի մը հարուածին` հայ զինուորներու օժանդակութիւն բերելու պահուն:

Ալեն Մարգարեան, անզուգական այս երիտասարդը, որ ամբողջ սերունդի մը ընտիր երիտասարդներու փաղանգին կը պատկանէր, պատերազմի ճակատին վրայ կ՛իյնայ քաջաբար եւ իր զուլալ արեամբ կ՛որոգէ հողն հայրենի:

Այո՛, գիրք նուիրելու օրուան այս առիթով իւրաքանչիւր հայ պատանիի թէ երիտասարդի ուղենիշ պէտք է ըլլան Ալեններու կեանքն ու գործը, խինդն ու ժպիտը, հայրենապաշտութիւնն ու զոհուելու պատրաստականութիւնը, որովհետեւ նման տղոց սուրբ արեամբ ջրդեղուած հայրենիքը անկորնչելի է, հաստատապէս:

Ալեն Մարգարեանի սա անպաճոյճ խօսքը մեզի` բոլորիս. «Կարդացէ՛ք տղաք, կարդացէ՛ք», հայոց լինելութեան եւ գոյապայքարի ամէնէն ուժեղ պատգամն է:

Արդ, լաւագոյն բարեկամին` գիրքին հանդէպ մեր ցոյց տուած անհոգի եւ տկլոր վերաբերումը մեզ տանուլ պիտի տայ, եթէ երբեք շարունակենք ապաշնորհ գործել եւ սերունդներ հեռու պահել գիրքէն, մանաւանդ` հայ գիրքէն:

Ալեն Մարգարեանի եզակի կերպարը, շունչն ու դաստիարակութիւնը ըսուածի հակառակ ապացոյցն է:

 

 

 

Նախորդը

Փոթորիկներ` Անջրպետին Մէջ Նաեւ

Յաջորդը

Պուրճ Համուտը` «Մագնիս», Իսկ Ոմանց Համար` «Փորի Ցաւ»

RelatedPosts

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը
Անդրադարձ

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?