Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստանի Իշխանութիւնները Բոլոր Առումներով Մեզ Վատ Անակնկալներու Առջեւ Դրին». Աշոտ Բագրատունի

Փետրուար 17, 2022
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ստորեւ կը ներկայացնենք «Ժամանակ» օրաթերթին հարցազրոյցը` լիբանանահայ  քաղաքական վերլուծաբան Աշոտ  Բագրատունիին հետ, որ զրոյցին ընթացքին անդրադարձած է Լիբանանի, Հայաստանի եւ տարածաշրջանի կարեւորագոյն զարգացումներուն:

Ի՞նչ զարգացումներու սպասել, ինչո՞ւ պարտուեցանք Արցախի երկրորդ պատերազմը, խաղաղութիւն կամ բնականոնացում` ո՞ւր կը սկսին եւ ո՞ւր կ՛աւարտին սահմանները, ի՞նչ հայեացքով պէտք է դիտարկենք մեզի համար այդքան կարեւոր երկրին` Ռուսիոյ մեծ քայլերն ու շարժումները: Սագօ Արեան այս բոլոր հարցերուն մասին զրուցած է Ա. Բագրատունիին հետ:

 ՀԱՐՑՈՒՄ.- Արցախի պատերազմի ամենաթէժ օրերուն ընթացք առաւ որոշ հետաքրքրութիւն մը արաբական աշխարհին հանդէպ, որ երկկողմանի էր: Այսօր, սակայն, այդ առումով յստակ եւ թիրախային քայլեր չկան: Ի՞նչ է պատճառը:

ԱՇՈՏ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ.- Առաջին հերթին արաբական աշխարհի հետաքրքրութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի հարցով հետեւեալ հունին մէջ կ՛ուզեմ դնել. հետաքրքրութիւն միշտ ալ կայ, որովհետեւ արաբական աշխարհի մէջ ամէն տեղ կան հայկական գաղութներ, որոնց աշխուժութիւնը միշտ ալ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է: Երբեմն քաղաքական պայմանները շահաւոր եղած են, որ այդ երկիրները աջակցին Հայ դատին, երբեմն ալ` ոչ: Արցախի պատերազմէն առաջ Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ եւ Եգիպտոսի միջեւ յարաբերութիւնները բաւական լարուած էին` Լիպիոյ եւ այլ հարցերով. բան մը, որ հետաքրքրութիւն ստեղծեց արաբական աշխարհին մէջ` քաղաքականօրէն հարուած հասցնելու Թուրքիոյ: Միւս կողմէ` Լիբանանի մէջ հայկական կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ հիմնական աշխատանք տարուած էր քաղաքական գետնի վրայ, որպէսզի իսլամական եւ արաբական աշխարհի ժողովներուն Հայաստանի եւ Արցախի հանդէպ թշնամական բանաձեւեր չհնչեն եւ չորդեգրուին: Իսկ յատկապէս Լիբանանի պարագային, արցախեան զարգացումներուն վերաբերող մեր ցոյցերէն, մեր հաւաքներէն ու բացատրութիւններէն ետք ամբողջ արաբ քրիստոնեայ զանգուածը ոտքի ելաւ` ըսելով, որ Արցախը նոր Պոլիսն է, եւ պէտք է ամէն ինչ ընել պաշտպանելու համար զայն: Քրիստոնեայ կուսակցութիւնները` ըլլան անոնք հայկական կուսակցութիւններու դաշնակից կամ ոչ, այս գետնի վրայ Հայաստանի կողմն էին: Հայկական գաղութը պետական մակարդակի վրայ ալ կրցաւ որոշ չափով դէպի Հայաստան ուղղել կողմնացոյցը: Բայց եւ այնպէս, Հայաստան չօգտագործեց առիթը, եւ երկրի իշխանութիւնները մեզ շատ գէշ անակնկալի առջեւ դրին, որովհետեւ «Յաղթելու ենք»-ը վերածուեցաւ անձնատուութեան: Բացի քանի մը գործարարներէ` Հայաստան իբրեւ պետութիւն եւ կառավարութիւն վճռական քայլեր չառաւ դէպի արաբական աշխարհ: Պէտք չէ մոռնալ, որ արաբական աշխարհի մէջ խլրտումները, քաղաքական եւ իրավիճակի այլ փոփոխութիւնները շատ արագ կ՛ըլլան, իսկ Հայաստանի կառավարութիւնը չկրցաւ պէտք եղած ժամանակին այդ գործընթացները դրական հունի մը տանիլ: Ապագային, երբ արաբական աշխարհի կապերը Թուրքիոյ հետ կրկին բարելաւուին, Հայաստանի կառավարութիւնը վերջնականապէս զրկուած կ՛ըլլայ  «արաբական գործօն»-ը օգտագործելու եւ ի շահ Հայաստանի ծառայեցնելու առիթէն:

Հ.- Արցախի պատերազմէն առաջ եւ Տաւուշի ռազմական գործողութիւններու օրերուն զանազան մեկնաբաններ անդրադարձ կատարեցին կազի խողովակաշարերու նոր դասաւորման: Այս մասին լսա՞ծ էք: Ի՞նչ է ձեր կարծիքը,  արդեօք «կազի հաշիւներո՞ւ» պատճառով տեղի ունեցաւ պատերազմը:

Ա. Բ.- Մեր շրջանի արդի պատմութիւնը դիտարկելէ ետք արդէն պարզ կը դառնայ, որ կազատարները պատճառ եղած են պատերազմներու, իշխանափոխութեան, նոր դասաւորումներու, բայց այս անգամուան պատերազմը, իմ կարծիքով, քիչ մը կազի հաշիւներէ աւելի մեծ պատերազմ մըն էր: Կազի հաշիւները անշուշտ գործօն են, եւ իրականութիւն է, որ Եւրոպան կազի «ծարաւ» ունի, նաեւ իրականութիւն է, որ Ռուսիա կազի գլխաւոր արտադրողն է, իսկ այդ կազը կ՛անցնի Ուքրանիայէն, ուր, մեզի ծանօթ է, թէ ի՛նչ կը կատարուի: Արցախի առաջին պատերազմէն ի վեր արդէն յայտնի էր, որ ոչ միայն կազի, այլ կազատարերու հաշիւներ կային: Կայ Ազրպէյճան-Վրաստան-Թուրքիա եւ անկէ դէպի Եւրոպա գացող կազատարի խնդիրը, որ Ռուսիոյ հաշուոյն չի գար: Կան ուրիշ բազմաթիւ հաշիւներ, որոնց մասին պէտք է մտածել, թէ ինչո՛ւ առաջին պատերազմին իսկ մեր ձեռքը չմնացին Գետաշէնը, Շահումեանը, իսկ մենք երբ կարողութիւնը ունեցանք հարուածելու կազատարերը, ինչո՞ւ յանկարծ Ղարաբաղի պատերազմին այսքան դաժան ձեւով վերջ դրուեցաւ:

Հ.- Լիբանան նոյնպէս ունի կազի իր պաշարները արտահանելու լուրջ խնդիր: Այսօր ի՞նչ հունի մէջ է այդ հիմնահարցը, մանաւանդ որ Լիբանան կազը արտահանելու պարագային պարտաւոր է ինչ-որ կերպ խօսիլ կամ «հասկցուիլ» իրեն թշնամի համարուող Իսրայէլի հետ:

Ա. Բ.- Լիբանանի կազին մասին խօսելով` պէտք է նկատի ունենանք, որ անիկա փոքր երկիր է եւ կարողութիւն չունի այդ կազը արտահանելու, ուստի յստակ է, որ պէտք ունի այլ երկիրներու նեցուկին: Բայց կան հարցեր, որոնք հանրութեան ծանօթ չեն: Ըստ «Պրիթիշ փեթրոլիում»-ին, Լիբանանի կազի հանքը,  մանաւանդ` «Պլոք 4» անունով յայտնի հատուածը, շրջանի ամէնէն մեծ կազի հանքերէն մին է: Այս մէկը նոր պատկեր կը ստեղծէ այն իմաստով, որ Լիբանանի մէջ ստեղծուած «կազային պատկեր»-ով Եւրոպայի կազը այլեւս կախեալ չ՛ըլլար Ռուսիայէն, ոչ ալ պէտք ունի հսկայական կազատարներու. ինչպէս` Քաթարէն Սուրիա, Իրաքէն Սուրիա, Իրանէն Սուրիա, Ազրպէյճանէն Թուրքիա, որովհետեւ արդէն Միջերկրական ծովուն մէջ մեծ քանակութեամբ կազ գոյութիւն ունի: Այս բոլորը պատճառ եղան, որ ակռաներ սրին դէպի լիբանանեան, սուրիական եւ եգիպտական ծովեզերքները, որովհետեւ Թուրքիոյ բաժին չինկաւ այդ կազէն: Պայքար կայ, թէ ո՛ր երկիրներու ընկերութիւնները պիտի արտահանեն այդ կազը: Շատ մը տնտեսագէտներ կ՛ըսեն, որ ներկայիս Լիբանանի վրայ Ամերիկայի կողմէ բանեցուած ճնշումներուն պատճառներէն մին այն է, որ այդ երկրին բաժին չելաւ այստեղի կազի արտահանման ծրագիրէն: Թշնամի Իսրայէլին հետ Լիբանան ծովային հարց ունի, ուր կազ գոյութիւն ունի, այդ հարցը անուղղակիօրէն կը լուծուի կամաց-կամաց: Այս պարագային պէտք է ըսել, որ նախագահ զօր. Աուն իր նախկիններուն չըրածը կրցաւ ընել` Լիբանանի իրաւունքը պահանջելով, նաեւ շաբաթներ առաջ լուր մը տարածուեցաւ իսրայէլեան աղբիւրներով, որ 80 տոկոսով Իսրայէլը համաձայն է Լիբանանի նախագահին ուզածը տալու: Անշուշտ Իսրայէլի ծրագիրը աւելի մեծ նպատակ մը կը հետապնդէ:

Հ.- Արաբական գետնի վրայ երեւելի է նաեւ, որ արեւմտեան պլոքին ճիգերով մեծ աշխատանք կը տարուի Իսրայէլի հետ բնականոնացում մը` (թաթպիհ) իրականացնելու համար: Այս մասին ի՞նչ կը մտածէք` նախ որպէս հայ, ապա որպէս Լիբանանի քաղաքացի:

Ա. Բ.- Արաբական գետնի վրայ, այո՛, երեւելի է, որ մեծ ճնշում կայ բնականոնացումը իրականացնելու համար. խօսքը Իսրայէլի հետ համաձայնութեան, խաղաղութեան, նաեւ սահմանները բանալու մասին է: Նորութիւն չէ, որ պաղեստինեան կամ արաբ-իսրայէլեան խնդիրը բաւական երկար ու բարդ հարց է: Բոլորն ալ փորձած են այդ հարցը լուծել, սակայն ցարդ ոեւէ մէկը չէ կարողացած, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Թրամփի օրերուն վերջինիս փեսային` Քուշների կողմէ առաջ քաշուած Միջին Արեւելքի ծրագիրով: Բազմաթիւ քաղաքագէտներ կ՛ըսեն, որ այդ ծրագիրը իրականութիւն է եւ պիտի ըլլայ այլեւս, որովհետեւ միջազգային որոշում կայ Միջին Արեւելքի, Կովկասի եւ Եւրոպայի հակամարտութիւնները վերջացնելու եւ անցնելու յաջորդ փուլին, որ հարաւարեւելեան Չինաստանի մէջ պիտի ըլլայ:

Բայց թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Լիբանանի պարագային, կայ հիմնական իրականութիւն մը, որ այս երկու փոքր երկիրները երբեմն իրենց «քիթէն անդին» չեն տեսներ: Այսինքն, երբ մենք կ՛ըսենք, որ մեծ պետութիւնները երկարաժամկէտ արտաքին քաղաքականութիւն կը վարեն, շատեր կը կարծեն, որ 10-20 տարուան մասին է խօսքը, բայց իրականութեան մէջ անոնք ոչ իսկ 100 տարուան ժամկէտներ են, այլ` դարերու: Օրինակ, Ռուսիոյ պարագային, անոր արտաքին քաղաքականութիւնը ցարական օրերէն մինչեւ համայնավարութիւն եւ մինչեւ Միջերկրականի «տաք ջուրեր»-ը հասնիլը, կը խօսինք 400-500 տարուան պատմութեան մը մասին, որ վերջապէս Սուրիոյ հարցին պատճառով իրականացաւ, եւ ան կրցաւ Միջերկրական հասնիլ: Հիմա ի՞նչ են արդեօք Ռուսիոյ յաջորդ քայլերը` «տաք ջուրեր» հասնելէն ետք. անպայման ճանապարհ մը բանալ դէպի իր բանակը` Սուրիոյ մէջ, եւ Ռուսիայէն յստակ ճանապարհ` դէպի Սուրիա կամ Լիբանան:

Այստեղ կ՛ուզեմ տարածաշրջանային կարգ մը կէտեր յիշեցնել: Առաջին հերթին` Վրաստանի հարցը, ուր իշխանափոխութիւն տեղի ունեցաւ եւ հեռացաւ ռուսական ճնշումներէ, երկրորդը` այդ եղաւ նաեւ Ուքրանիոյ մէջ: Այս դէպքերը զուգադիպութիւններ չեն, որովհետեւ Վրաստան Ռուսիան կը կապէ Հայաստանին եւ Իրանին, որ իր կարգին կապուած է Իրաքին, այդ ալ` Սուրիոյ: Այս յստակ ճամբան էր Ռուսիոյ` դէպի Միջին Արեւելք եւ դէպի Միջերկրականի «տաք ջուրեր»: Ուքրանիա ռուսական կազի ծորակ էր դէպի Եւրոպա: Ընդհանրապէս Հայաստանի եւ Լիբանանի քաղաքական բառամթերքին մէջ սեւի ու սպիտակի հարցը կայ, բայց պէտք չէ մոռնալ, որ քաղաքականութիւնը սեւ ու սպիտակ չէ: Ռուսիա Ամերիկայի դէմ չէ, Ռուսիա Եւրոպայի դէմ չէ, երբեմն մեծ պետութիւններու շահերը կը համընկնին. օրինակ` Ռուսիա կազ ունի եւ պէտք է ծախէ, իսկ Եւրոպան կազի պէտք ունի եւ պէտք է գնէ: Ուրեմն կը համընկնին իրենց շահերը այս կէտին: Ուքրանիոյ ծորակը մտահոգիչ էր, եւ Եւրոպան ու Ամերիկան իրենք իրենց ձեւով այդ հարցը լուծեցին: Տարածաշրջանին մէջ կայ նաեւ կազի խողովակներու այլ ճանապարհի հարց: Միշտ ծրագիր եղած է Ծոցի երկիրներէն` Քաթարէն դէպի Սուրիա կառուցել կազատար մը, որմէ ետք դէպի Եւրոպա հասնիլ, բայց Քաթարը ամբողջովին իրենց տրամադրութեան տակ չէ, նաեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը կամ անկէ առաջ հայրը` Հաֆեզ Ասատը բնաւ արեւմտամէտ հակումներ չունէին, հետեւաբար շատ կարեւոր էր Պաշշար Ասատը կամ հայրը վերացնել, որպէսզի անցնին յաջորդ փուլին: Պարզ է, որ Ուքրանիոյ եւ Սուրիոյ հարցերը իրարու հետ կապ ունին: Ունինք նաեւ Ղարաբաղի հարցը. Ղարաբաղն ալ յստակ միջանցքային խնդիր է Ռուսիայէն դէպի Իրան անցնելու: Այս օրերուն յաճախ միջանցքներու մասին կը խօսուի, կայ թրքական միջանցքը դէպի Ազրպէյճան եւ իրենց թուրանական երազը: Նաեւ Ղարաբաղի հիմնահարցին հետ գոյութիւն ունի «Nabucco»-ի կազատարը, որ վտանգի տակ է, այնքան ատեն որ Ղարաբաղի հարցը տակաւին արթուն է: Ունինք Եմէնի հարցը. ճիշդ է, որ Սէուտական Արաբիան ունի ելք դէպի երկու ծով, բայց եւ այնպէս, այդ երկու ծովերը կը հսկուին մէկ կողմէ Քաթարի եւ Իրանի, իսկ միւս կողմէ` Եմէնի կողմէ: Հետաքրքրական չէ՞ արդեօք, որ այս նշուած երկիրներուն մէջ հիմնական հարցեր կան, եւ այս երկիրները աշխարհաքաղաքականօրէն, ռազմավարականօրէն համաշխարհային տնտեսութան վրայ ազդելու կարելիութիւն ունին, բայց տարօրինակ զուգադիպութեամբ մը այդտեղ խլրտումներ ու պատերազմներ տեղի կ՛ունենան:

Ինչ կը վերաբերի բնականանոցումին (թաթպիհ): Հսկայ ցամաքամաս մըն է Ափրիկէն, ուր կան թրիլիոն տոլարներու հարստութիւններ, որոնց հասնիլ կարելի է միայն ծովով կամ օդային ճամբով: Եւրոպան, Ասիան եւ Ափրիկէն իրարու միացած են, բայց` ո՛չ ցամաքային ճամբով, որովհետեւ Սուրիոյ, Լիբանանի սահմանները Իսրայէլի հետ փակ են, գրաւեալ Պաղեստինին հետ փակ են: Եթէ վայրկեան մը մտածենք, որ այդ սահմանը բաց է, խօսքը կ՛երթայ Ֆրանսայէն մինչեւ Հարաւային Ափրիկէ պարզ ճամբաներով` ինքնաշարժով, շոգեկառքով հասնելու կարելիութեան, Ռուսիաէն մինչեւ Հարաւային Ափրիկէ հասնելու կարելիութեան մասին, Չինաստանէն մինչեւ Հարաւային Ափրիկէ հասնելու կարելիութեան մասին, ինչպէս նաեւ խօսքը թրիլիոն տոլարներու հարստութեան մը մասին է, որ պիտի անցնի Եգիպտոսէն, Իսրայէլէն, Պաղեստինէն, Լիբանանէն եւ Սուրիայէն, Իրաքէն, Իրանէն եւ սկզբունքով` Հայաստանէն, եթէ Ղարաբաղի հարցը ի շահ մեզի լուծուած ըլլայ, եւ եթէ Սիւնիքը պահուած ըլլայ մեզի: Այս նկատի ունիմ, երբ կ՛ըսեմ` փոքր մտածումներ եւ մեծ արտաքին քաղաքականութիւն: «Ռուսիա մեզ ծախեց, Ռուսիա մեզ գնեց, Ամերիկան մեզ ծախեց, Ամերիկան մեզ գնեց» քաղաքական խօսակցութիւն չէ, այլ պէտք է տեսնել, թէ շուրջը ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ եւ անոր համեմատ որոշումներ տալ: Սիւնիքի այսօր մեր ձեռքէն երթալը կը նշանակէ հեռու մնալ այդ միջանցքներէն, կը նշանակէ մեր չշահիլը այդ միջանցքներէն: Ղարաբաղի հարցը ի վնաս մեզի լուծուիլը կը նշանակէ Ռուսիայէն դէպի Իրան ճամբան խաթարելը, ինչպէս նաեւ կը նշանակէ Ափրիկէէն դէպի Ռուսիա ճանապարհներու ստեղծման խաթարումը:

Իմ անձնական կարծիքովս, Իսրայէլի հետ համաձայնութիւնը վերջ ի վերջոյ պէտք է ըլլայ, ինչպէս որ Ազրպէյճանի կամ Թուրքիոյ հետ խաղաղութիւնը վերջ ի վերջոյ պէտք է ըլլայ, բայց հետաքրքրականը այն է, որ այս երեք պետութիւնները` Իսրայէլ, Ազրպէյճան եւ Թուրքիա ցեղասպան պետութիւններ են, մարդասպան պետութիւններ են, իրատեսական քաղաքականութիւն խաղացող պետութիւններ են, կը ջարդեն, կը գրաւեն, յետոյ խաղաղութեան մասին կը խօսին, եւ` միայն իրենց շահերը ապահովելէ ետք: Այդ իսկ պատճառով ներկայ փուլին նեղացուցիչ է, երբ Լիբանանի մէջ ծունկի կու գանք օտար պետութիւններու ճնշումներու տակ, նաեւ` երբ այդ ճնշումները բնաւ մեր պետութեան շահերուն օգտին չեն: Այսօր առկայ տագնապը Լիբանանը ծունկի բերելու համար է, որպէսզի «այո՛» ըսէ բնականոնացումին, «այո՛» ըսէ իր կազը աժանի ծախելու, եւ ոչ միայն «այո՛»  ըսէ Իսրայէլի հետ համաձայնութեան ու խաղաղութեան, այլ նաեւ «այո՛» ըսէ Իսրայէլի պայմաններուն: Ես չեմ կարծեր, որ Լիբանանի մէջ կայ որեւէ կողմ, որ մերժէ խաղաղութիւնը Իսրայէլի հետ, բայց պայմաններ կան. առաջինը` Պաղեստինի հետ համաձայնութիւնն է, պաղեստինեան ժողովուրդին ուզածն է, պաղեստինցի գաղթականներու Պաղեստին վերադարձն է. այդ հարցը, իմ կարծիքով, Լիբանանի հարցը չէ, Պաղեստինի հարցն է, բայց իբրեւ հայու` ինծի համար սկզբունքային հարց է, որ այդ հողը պաղեստինցիին հողն է, եւ ինք կ՛որոշէ այդ հողին ճակատագիրը: Երկրորդ` Լիբանանի գրաւեալ տարածքները վերադարձնելու հարց կայ, ծովային իրաւունքները վերադարձնելու հարց կայ, ատկէ ետք միայն կրնանք սկսիլ խօսիլ Հըզպալլային զէնքին, անոր շրջանային ուժին եւ Լիբանանի ապահովութեան անվտանգութեան մասին: Ինչպէս որ Ամերիկան ու Իսրայէլը կը հետաքրքրէ Իսրայէլի ապահովութիւնը, մեզի համար ալ կենսական է Լիբանանի ապահովութիւնը: Նոյնիսկ պատկերացնենք, որ այս բոլորը եղան, ի՞նչ երաշխիք կայ, որ Իսրայէլ կրկին չհարուածէ Լիբանանը:

Չկայ որեւէ միջազգային օրէնք կամ կազմակերպութիւն, որ կրնայ Իսրայէլը կասեցնել, մանաւանդ որ կայ կազի հարստութեան հարցը: Եթէ Լիբանան կարողութիւնը եւ կարողականութիւնը չունենայ ինքզինք պաշտպանելու որեւէ թշնամիի դէմ, ապարդիւն է մնացեալ նիւթերու մասին խօսիլը: Հարցը ոչ թէ բնականոնացում ընելու կամ չընելու հարց է, ատիկա վերջ ի վերջոյ պիտի ըլլայ, բայց այդ խաղաղութիւնը ի շահ որո՞ւ պիտի ըլլայ եւ որո՞ւ պայմաններով պիտի ըլլայ:

Հայաստանի պետութիւնը այս բոլոր պայմաններն ու շրջանի մեծ պատկերը չկրցաւ տեսնել, չուզեց տեսնել, եւ իրեն համար ամէնէն կարեւոր պատերազմին պարտուեցաւ: Ես թէ՛ իբր Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնը կրող անձ, թէ՛ իբր հայ եւ թէ՛ իբրեւ լիբանանցի` չեմ ըսեր, որ խաղաղութեան դէմ եմ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ, բայց այդ խաղաղութիւնը պէտք է իմ պետութեան շահերէն մեկնած եւ իմ պետութեանս նպաստող պայմաններով ըլլայ, ոչ թէ` պարտուած ու անձնատրուած առաջնորդի մը ձեռքով գրուած խաղաղութիւն, որ դաւաճանած է երկրին, ժողովուրդին ու բանակին:

Նախորդը

Տեառնընդառաջի Նախատօնակի Նշում ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնին Մէջ

Յաջորդը

Ֆրանսական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն

RelatedPosts

«Մեր Ազգին Ու Հայրենիքին Տագնապները Պէտք Է  Միասնաբար Դիմագրաւենք»* Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գլխաւոր լուրեր

«Մեր Ազգին Ու Հայրենիքին Տագնապները Պէտք Է Միասնաբար Դիմագրաւենք»* Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յունուար 24, 2023
«Մեր Ազգին Ու Հայրենիքին Տագնապները Պէտք Է  Միասնաբար Դիմագրաւենք»* Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գլխաւոր լուրեր

«Մեր Ազգին Ու Հայրենիքին Տագնապները Պէտք Է Միասնաբար Դիմագրաւենք»* Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յունուար 23, 2023
Թարգմանութեան Մղումը Եղաւ Այն, Որ Պատմութիւնը Փորձեմ Ճիշդ Պարունակի Մէջ Դնել Եւ Թեհլիրեանի Կողմէ Արտասանուած Բանաւոր Խօսքը Անգլերէնով Թուղթին Յանձնել
Հարցազրոյց

Թարգմանութեան Մղումը Եղաւ Այն, Որ Պատմութիւնը Փորձեմ Ճիշդ Պարունակի Մէջ Դնել Եւ Թեհլիրեանի Կողմէ Արտասանուած Բանաւոր Խօսքը Անգլերէնով Թուղթին Յանձնել

Յունուար 16, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In