Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Կարօ Կարապետեանի Անուան Ազրպէյճանագիտութեան Կեդրոնը Կը Պատրաստէ Բազմակողմանիօրէն Զարգացած Գործիչներ
Համահայկական մտաւոր ներուժի համախմբումին ուղղուած Genesis Armenia-ի նախաձեռնութեամբ հիմնուած ազրպէյճանագիտութեան կեդրոնի ուսանողները արդէն իսկ յանձնեցին երրորդ քննութիւնը: Արդիւնքները կը վկայեն, որ դասաւանդման աւարտին մասնագիտական ասպարէզ մուտք պիտի գործեն բազմակողմանիօրէն պատրաստուած գործիչներ: Այս մասին կը յայտնեն կեդրոնին մասնագէտները:
Արդէն 3 ամիս է, որ Արցախէն եւ Հայաստանէն ընտրուած աւելի քան տասնեակ մը սաներ կ՛ուսումնասիրեն ազրպէյճաներէնը եւ Ազրպէյճանը` պատմական ակունքներէն, կենցաղավարութենէն սկսեալ մինչեւ ներպալատական կառոյցը եւ պաշտպանական համակարգերը:
Լիբանանահայ Կարօ Կարապետեանի անունը կրող կեդրոնը, որ համալրուած է հեռավար դասերու համար անհրաժեշտ արհեստագիտութեամբ եւ գոյքով, տեղակայուած է Ստեփանակերտի մէջ:
«Genesis Armenia-ի քաղաքականութեան հիմքը հայկական զոյգ պետութիւններու ռազմաքաղաքական եւ անվտանգային մարտահրաւէրները յաղթահարելու նպատակներն են: Իսկ այդ նպատակներուն հասնելու համար, առաջին հերթին, պէտք է լաւ ճանչնալ թշնամին: Մենք սկսած ենք ու պիտի շարունակենք այդ գործը», կը յայտնեն կեդրոնին մասնագէտները:
Մայր Աթոռին Յայտարարութիւնը` «Կանխել Ազրպէյճանի Կողմէ Իրականացուող Մշակութային Եղեռնագործութիւնը»
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգը տարածած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը յայտնէ, «Օրերս Ազրպէյճանի իշխանութիւնները ի դէմս Մշակոյթի նախարարին հանդէս եկած են հերթական հակահայկական նախաձեռնութեամբ:
«Համաձայն վերջինիս յայտարարութեան, Ազրպէյճանի մէջ ձեւաւորուած է տեղի եւ արտերկրեայ մասնագէտներէ կազմուած «Աղուանական պատմութեան եւ ճարտարապետութեան մասնագէտներու աշխատանքային խումբ», որուն նպատակն է, այսպէս կոչուած, աղուանական կրօնական տաճարներէն հեռացնել «հայերու ձգած կեղծ հետքերը:
«Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը խստօրէն կը դատապարտէ ազրպէյճանական իշխանութիւններու սոյն նախաձեռնութիւնը եւ զայն կ՛որակէ` իբրեւ հակամարդկային եւ հակաքաղաքակրթական գործողութիւն` Հայաստանի, Արցախի եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ շարունակական թշնամութեան եւ ատելութեան ընդգծուած դրսեւորումներով:
«Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած Արցախի քրիստոնէական սրբավայրերու հայկական ինքնութիւնը գիտականօրէն հաստատուած իրողութիւն է եւ չի կրնար վիճարկման առարկայ դառնալ խելամիտ եւ առարկայական մտածողութեան շրջանակներու մէջ:
«Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը դիմէ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման մէջ ներգրաւուած բոլոր երկիրներուն, առաջին հերթին ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող պետութիւններուն, քոյր եկեղեցիներուն եւ կրօնական կառոյցներուն, միջազգային մասնագիտացուած կազմակերպութիւններուն` խստագոյնս արձագանգելու Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուող մշակութային եղեռնագործութեան անթաքոյց այս փաստին` կասեցնելու եւ կանխելու համար վանտալութեան այս ու նմանօրինակ դրսեւորումները»:
Հայ Դասական Եւ Ժամանակակից Գրողներու Ֆրանսային Վերաբերող Լաւագոյն Գործերը Զետեղուեցան Մէկ Գիրքի Մէջ
«Մենք եւ աշխարհը» շարքին «Ֆրանսայի մագնիսական ուժը» ժողովածուին մէջ ներառուեցան հայ դասական եւ ժամանակակից գրողներու` ֆրանսական նիւթով գրուած բանաստեղծութիւնները, գրախօսականները, խոհագրութիւնները:
«Ֆրանսայի մագնիսական ուժը»` «Մենք եւ աշխարհը» շարքին երկրորդ գիրքն է: Առաջինը նուիրուած էր Իրանին: Յառաջիկային պիտի ամբողջանան այս շարքին երրորդ եւ չորրորդ գիրքերը, որոնք պիտի անդրադառնան Վրաստանին եւ Ռուսիոյ», նշեց Միլիտոնեան եւ աւելցուց, որ մնայուն հրատարակուեր են աշխարհի մեծերու` Հայաստանի մասին յուշերն ու ստեղծագործութիւնները, սակայն մենք գրեթէ չենք ներկայացուցած մեր գեղարուեստական հայեացքը աշխարհի մասին: Շարքը այդ միտումը ունի: Թերեւս գտնուին բացթողումներ, բայց հիմնականօրէն զետեղուեր են գործերը այն հեղինակներուն, որոնք շարքերով, պատմուածքներով արտայայտեր են իրենց հայեացքը Ֆրանսայի մասին: Այդ հեղինակներէն են` Չարենցը, Իսահակեանը, Արշակ Չօպանեանը, Վարուժանը, Շահան Շահնուրը, Ալեքսանդր Շիրվանզադէն, Վիգէն Իսահակեանը, ժամանակակիցներէն` Հենրիկ Էդոյեանը, Արեւշատ Աւագեանը, Արտեմ Յարութիւնեանը, Շանթ Մկրտչեանը, Յովհաննէս Գրիգորեանը, Ղուկաս Սիրունեանը, Էդուարդ Եարենցը, Անուշ Վարդանեանը եւ ուրիշներ», տեղեկացուց միութեան նախագահը:
Նշենք, որ գիրքին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ փետրուար 9-ին Հայաստանի Գրողներու միութեան տան մէջ, միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան նշեց` շարքի իւրայատկութիւններէն մէկը այն է, որ գիրքերու կազմերուն վրայ Մարտիրոս Սարեանի նկարներն են: Ան յայտնեց, որ «Ֆրանսայի մագնիսական ուժը» նախատեսած են նաեւ ֆրանսերէնի թարգմանել:
Միլիտոնեան յիշեցուց, որ Վիգէն Իսահակեանի «Փարիզ, Քոչար, անցած օրեր» գիրքը հսկայական տեղեկութիւն կը բովանդակէ 20-րդ դարու սկիզբը Փարիզի մշակութային իրադարձութիւններուն մասին: «Գիրքին մէջ ներկայացուած է, թէ ինչպէ՛ս Երուանդ Քոչար Փիքասոյի, Տալիի, Ճաքոմետիի հետ հետաքրքրական օրեր անցուցած է. այդ յուշերը կարծես կը թուին երազային ըլլալ, բայց իրական են», շեշտեց Միլիտոնեան:
Հաղորդենք, որ «Ֆրանսայի մագնիսական ուժը» հրատարակուած է Մարսէյ քաղաքի Խ. Աբովեանի անուան վարժարանի աջակցութեամբ, որուն նախագահը Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ Կարէն Խուրշուտեանն է, իսկ գիրքը լոյս ընծայած է «Ծիծեռնակ» հրատարակչութիւնը:
Արցախի Առաջին «ԹՈՒՄՕ Տուփ»-ը Բացուեցաւ Մարտակերտի Մէջ
Փետրուար 10-ին Արցախի մէջ սկիզբ առաւ ԹՈՒՄՕ-ի կրթական ծրագրի ընդլայնման գործընթացը, երբ Մարտակերտի մէջ, ԹՈՒՄՕ-ի ղեկավարութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու մասնակցութեամբ, տեղի ունեցաւ Արցախի առաջին «ԹՈՒՄՕ տուփ»-ի բացումը:
Բացման հանդիսութեան մասնակցած էին նաեւ «ԹՈՒՄՕ Ստեփանակերտ»-ի շրջանաւարտները եւ առաջադէմ ուսանողները, որոնք տուփի առաջին ուսանողներուն հետ կիսուեցան իրենց փորձառութիւնը եւ միասին իրականացուցին փոքր նախագիծներ:
ԹՈՒՄՕ-ի տնօրէն Մարի Լու Փափազեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ նշեց. «Ճանչնալով Արցախը, ճանչնալով այստեղի մեր երիտասարդները` վստահ եմ, որ Մարտակերտի մէջ բացուող «ԹՈՒՄՕ տուփ»-ը պիտի աւելցնէ երիտասարդութեան ներգրաւուածութիւնը եւ պիտի նպաստէ արհեստագիտութեան ու ձեւաւորման ոլորտներու մէջ հմտանալու արդիւնաւէտութեան: Այս տակաւին միայն առաջին քայլն է. «ԹՈՒՄՕ Հայաստան» ծրագրի շրջանակներուն մէջ պիտի բանանք տուփեր նաեւ Ասկերանի եւ Մարտունիի մէջ` ծրագիրը հասանելի դարձնելով Արցախի բոլոր պատանիներուն եւ Ստեփանակերտի ԹՈՒՄՕ-ն վերածելով կրթական հանգոյցի, որ լեցուն պիտի ըլլայ դասընթացքներով, աշխատարաններով եւ նախագիծներով»:
Յայտնենք, որ ԹՈՒՄՕ-ի հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «ԹՈՒՄՕ կեդրոնը Արցախի մայրաքաղաքին մէջ կը գործէ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան աջակցութեամբ 2015-էն եւ այս ընթացքին ունեցած է շուրջ 4000 ուսանող, 300-է աւելի դասընթացք, 100-է աւելի աշխատարան ու նախագիծ»:
Մարտակերտի, իսկ հետագային նաեւ Ասկերանի եւ Մարտունիի «ԹՈՒՄՕ տուփ»-երու ուսանողներուն ծրագրի ինքնուսուցման փուլը պիտի սկսի տուփերու մէջ, իսկ դասընթացքներուն մասնակցելու համար պատանիները պիտի ուղեւորուին «ԹՈՒՄՕ Ստեփանակերտ»` յատուկ փոխադրամիջոցով:
Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան շեշտեց Արցախի մէջ արհեստագիտական կրթութեան տարածումը` նշելով, «Արհեստագիտական կրթութեան խրախուսումը մաս կը կազմէ Արցախի կառավարութեան առաջնահերթութիւններուն: Մարտակերտի մէջ «ԹՈՒՄՕ տուփ»-ի բացումը մեզի լրացուցիչ դրական ուժ կը պարգեւէ եւ սահմանի մէջ աւելի բարձր արդիւնքի հասնելու նշաձող: Այս կրթական փորձառութիւնը շատ կարեւոր է Մարտակերտ քաղաքի եւ յարակից գիւղերու պատանիներուն համար, որովհետեւ համոզուած եմ, որ տարիներ ետք պիտի բացայայտեն Արցախի առայժմ չերեւացող ներուժը` իրենց գաղափարներով, ստեղծարար մտքով եւ ճկունութեամբ»:
17-ամեայ մարտակերտցի Արման Դանիէլեանը շրջանաւարտ է «ԹՈՒՄՕ Ստեփանակերտ»-էն եւ մասնակցած է ԹՈՒՄՕ-ի մարդամեքենայի շինութեան ոլորտի բազմաթիւ դասընթացքներուն: Ան այժմ իբրեւ խմբավար կ՛աշխատի Մարտակերտի «Արմաթ» ճարտարապետական հաստատութեան մէջ: Արմանը եկած էր «ԹՈՒՄՕ տուփ»-ի բացման հանդիսութեան. իր քաղաքի պատանիները շնորհաւորելու` յայտնելով. «Ամենակարեւոր բանը, որ ես սորված եմ ԹՈՒՄՕ-ի մէջ, ինքնուրոյն մտածելն է: Կը շնորհաւորեմ ձեզ տուփի բացման կապակցութեամբ, եւ այս մէկը մեզի համար կարեւոր քայլ մըն է: Վստահ եմ, որ այս մէկը պիտի օգնէ ձեզի` ինքնուրոյն մտածելու, զարգանալու, եւ անպայման պիտի օգտագործէք ձեր գիտելիքները թէ՛ առօրեայի մէջ, թէ՛ մեծ բաներու հասնելով»:
Մարի Լու Փափազեան տեղեկացուց նաեւ «ԹՈՒՄՕ Հայաստան» նախաձեռնութեան յառաջիկայ քայլերուն մասին. «Մեր բարերարներուն առատաձեռն նուիրատուութիւններուն շնորհիւ` մօտ օրէն մեր ցանցին վրայ պիտի աւելնայ եւս 6 կեդրոն Հայաստանի Կապան, Վանաձոր, Կողբ, Էջմիածին, Հրազդան եւ Մարտունի քաղաքներու մէջ, ինչպէս նաեւ` առկայ կեդրոններուն եւ կառուցուողներուն կից 40 նոր «ԹՈՒՄՕ տուփ»-եր:
«ԹՈՒՄՕ Հայաստան» նախաձեռնութեան շրջանակներուն մէջ յառաջիկայ հինգ տարիներուն կը նախատեսուի մարզերու մեծ քաղաքներու մէջ ունենալ արհեստագիտականօրէն յագեցած 16 ԹՈՒՄՕ կեդրոններ, իսկ փոքր համայնքներու մէջ` 110 «ԹՈՒՄՕ տուփ»-եր: Այս ցանցին միջոցով ծրագիրը հասանելի պիտի դառնայ բոլոր պատանիներուն` երկրին ամբողջ տարածքին:
«ԹՈՒՄՕ տուփ»-ը փոքր, սակայն արհեստագիտականօրէն յագեցած ԹՈՒՄՕ մըն է: Զայն կրնանք տեղադրել որեւէ քաղաքի կամ գիւղի մէջ եւ ծառայել` իբրեւ ինքնուսուցման տարածք տեղի եւ մօտակայ բնակավայրերու պատանիներուն համար: Ուսանողները ինքնուսուցման փուլը կ՛անցընեն իրենց քաղաքին մէջ, իսկ գործնական դասընթացքներուն մասնակցելու համար կ՛երթան մօտակայ ԹՈՒՄՕ կեդրոններ: Իւրաքանչիւր «ԹՈՒՄՕ տուփ» կարելիութիւն կ՛ընձեռէ արհեստագիտութեան եւ ձեւաւորման ոլորտներուն մէջ կրթութեամբ ապահովելու տարեկան մօտաւորապէս 320 պատանի:
«ԹՈՒՄՕ Հայաստան» նախաձեռնութիւնը կ՛իրականացուի Եմենիճեան ընտանիքի, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան, Էլի եւ Էլզպիէթա Աքիլեաններու, ինչպէս նաեւ մեր միւս բարերարներու նուիրատուութիւններուն շնորհիւ, նշուած է ԹՈՒՄՕ-ի հաղորդագրութեան մէջ:
Արցախի Հայկական Մշակութային Ժառանգութիւնը Փրկելու Համար Հայաստանի Կազմակերպութիւնները Կը Դիմեն Հայաստանի Կառավարութեան Եւ ՄԱԿ–ին
Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան առաւել քան 20 կազմակերպութիւններ («Թրանսփերընսի ինթըրնեշընըլ փտածութեան դէմ կենտրոն», «Իրաւունքների պաշտպանութիւն առանց սահմանների», Ժուռնալիստներու «Ասպարէզ» ակումբ, Իրաւունքի զարգացման եւ պաշտպանութեան հիմնադրամ, «Խաղաղութեան երկխօսութիւն» կազմակերպութիւն, Հելսինկեան քաղաքացիական ասամպլէայի Վանաձորի գրասենեակ, Երեւանի մամուլի ակումբ, «Համայնքային համախմբման եւ աջակցութան կենտրոն» կազմակերպութիւն, «Յանուն հաւասար իրաւունքների» կրթական կեդրոն, «Յօդուած 3» մարդու իրաւունքներու ակումբ, Խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան կոմիտէ, Ստեղծագործ Եւրոպա հարթակ մշակութային կազմակերպութիւն, «Ինֆորմացիայի ազատութեան կեդրոն», «Փինք» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւն, «Բաց հասարակութեան հիմնադրամներ»-Հայաստան, Գորիսի մամուլի ակումբ, «Ազատ քաղաքացի» կազմակերպութիւն, Իրազեկ քաղաքացիների միաւորում, Հելսինկեան ասոցիացիա իրաւապաշտպան կազմակերպութիւն, Հանրային լրագրութեան ակումբ, Կանանց ռեսուրսային կեդրոն, Կանանց իրաւունքներու տուն, Սօսի Թաթիկեան, Էդուարդ Աբրահամեան, Բենիամին Պօղոսեան) հանդէս եկան Արցախի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման վերաբերեալ յայտարարութեամբ, զոր ներկայացուցին ՄԱԿ-ի դատարանին: Հայաստանի կազմակերպութիւնները պահանջներ ներկայացուցին նաեւ Հայաստանի վարչապետին եւ կառավարութեան, մասնաւորապէս` Հայաստանի արտաքին գործոց եւ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարարութիւններուն:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է.
«Ս.թ. փետրուար 3-ին ազրպէյճանական եւ միջազգային աղբիւրներէ յայտնի դարձած է, որ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը ձեւաւորած է «Աղուանական պատմութեան եւ ճարտարապետութեան մասնագէտներու աշխատանքային խումբ», որուն առաջադրանքն է աղուանական ճարտարապետական յուշարձաններէն հեռացնել «կեղծ հայկական հետքերը»: Ակնյայտ է, որ այս գործողութիւնը ուղղուած է Արցախի տարածքին հայկական մշակութային ժառանգութեան վերացման, որուն պատճառով նաեւ հարցականի տակ պիտի դրուի արցախահայութեան սեփական հողին վրայ ապրելու պահանջներու, անոնց իրաւունքներու պաշտպանութեան հիմքը:
Այս ծիրէն ներս յատկանշական է յիշեցնել, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները 2005 թուականին ոչնչացուցած են Նախիջեւանի Ջուղա քաղաքի հայկական գերեզմանոցը` իր հազարաւոր արժէքաւոր խաչքարերով: Անոնք տեղահանուած եւ ջարդուած են շինարարական սարքերու օգնութեամբ եւ օգտագործուած` իբրեւ շինանիւթ, իսկ գերեզմանոցի ազատուած տարածքը վերածած են զինավարժարանի: Այդպիսով, Ազրպէյճանի իշխանութիւնները ապացուցած են, որ ընդունակ ու հետեւողական են հայկական պատմական հետքերու ոչնչացմամբ իրականացնելու ցեղազտման իրենց քաղաքականութիւնը:
ՄԱԿ-ի Միջազգային արդարադատութեան դատարանը Հայաստանը ընդդէմ Ազրպէյճանի գործով իր 2021 թուականի դեկտեմբեր 7-ի միջանկեալ միջոցներու կիրարկման վերաբերեալ որոշումով պահանջած է Ազրպէյճանէն ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ քայլերը` կանխելու եւ պատժելու վանտալութեան եւ պղծման բոլոր գործողութիւնները, որոնք կատարուած են հայկական մշակութային ժառանգութեան հանդէպ, ինչպէս` եկեղեցիներու եւ պաշտամունքի այլ վայրերու, յուշարձաններու, բնութեան վայրերու, գերեզմաններու եւ այլն: Ազրպէյճանը իր ներկայ գործողութիւններով կ՛ոտնահարէ տուեալ որոշումը եւ կ՛ապացուցէ իր վճռականութիւնը` աւարտին հասցնելու սկսած գործը:
Ցաւալիօրէն Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւի պարբերական դարձած հայատեաց կոչերը ու անթաքոյց ցեղազտման ու մշակութային ցեղասպանութեան քաղաքականութիւնը պատշաճ եւ համարժէք արձագանգ չեն ստանար Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն կողմէ: Վերջինիս դիրքորոշումները յաճախ չեն համապատասխաներ Հայաստանի ինքնիշխանութեան ու անվտանգութեան, Հայաստանի եւ Արցախի բնակչութեան մարդու իրաւունքներու ոտնահարումներուն առնչուող օրհասական իրավիճակի մարտահրաւէրներուն:
«Կը պահանջենք Հայաստանի վարչապետէն եւ կառավարութենէն, մասնաւորապէս` արտաքին գործոց եւ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարարութիւններէն,
Անյապաղ`
1.- Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ հայկական մշակութային ժառանգութեան վերացման միտուած գործողութիւններուն մասին ծանուցել ՄԱԿ-ի Միջազգային արդարադատութեան դատարանին` Հայաստանը ընդդէմ Ազրպէյճանի գործով կիրարկուած միջանկեալ միջոցի չկատարման/խախտման վերաբերեալ, անհրաժեշտութեան պարագային` լրացուցիչ միջոցներու կիրարկում պահանջելու եւ նախատեսուող յանցագործութիւններն ու հայկական մշակութային ժառանգութեան անդառնալի կորուստը կանխելու նպատակով:
2.- Դիմել ՄԱԿ-ի համապատասխան կառոյցներուն, ինչպէս` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին, ներառեալ` գործելով իբրեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Գլխաւոր խորհուրդի անդամ եւ Մշակութային հարցերով յատուկ զեկուցողին` կազմակերպելու այցելութիւն Արցախ եւ դիտարկելու եւ փաստագրելու հայկական յուշարձաններու առկայ վիճակը:
Արցախի Ծովատեղ Գիւղին Մէջ Բացումը Կայացաւ Վերանորոգուած Համայնքային Կեդրոնին Եւ Բուժկէտին

Արցախի Մարտունի շրջանի Ծովատեղ գիւղի բնակիչները փետրուար 8-ին տօնեցին իրենց համայնքային նոր կեդրոնին բացումը: Շէնքը, ուր կը գտնուին գիւղապետարանն ու բուժկէտը, վերանորոգուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Հայկական բժշկական հիմնադրամի, Զուիցերիոյ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան եւ «Թուֆենկեան» բարեգործական հիմնադրամի համագործակցութեան շնորհիւ:
Կեդրոնի բացման հանդիսութեան ներկայ էին` Ծովատեղի գիւղապետ Սամուէլ Աբրահամեանը, Մարտունիի շրջանային հիւանդանոցի գլխաւոր բժիշկ Ռոպերթ Բաղդասարեանը, Հայ-ամերիկեան բժշկական միութեան ներկայացուցիչ դոկտոր Անուշ Սահակեանը, գիւղապետներ եւ յարակից գիւղերու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ներկայացուցիչներ` «Թուֆենկեան» հիմնադրամի Ստեփանակերտի եւ Երեւանի գրասենեակներէն:
«Իննսունական թուականներէն սկսեալ համայնքային կեդրոնին մէջ կը գործեն նաեւ ակումբն ու բուժկէտը. շէնքը կը գտնուէր վատ վիճակի մէջ եւ վերանորոգման կարիքը ունէր: Աշխատանքները սկսան անցեալ տարուան հոկտեմբերի վերջաւորութեան», նշեց համայնքապետ Աբրահամեանը` շնորհակալութիւն յայտնելով «Թուֆենկեան» բարեգործական հիմնադրամին: Բուժկէտները Արցախի գիւղերուն մէջ բժշկական ծառայութիւններ տրամադրող միակ կառոյցներն են: «Շնորհակալ ենք մեր սփիւռքահայ հայրենակիցներուն աջակցութեան համար` իրենց առատաձեռնութեան եւ այստեղի բնակչութեան օգնելու պատրաստակամութեան համար», աւելցուց ան: Համագործակցութեան շնորհիւ վերանորոգուած բուժկէտը համալրուեցաւ նաեւ նոր սարքաւորումներով եւ այլ անհրաժեշտ պարագաներով:
Ծովատեղի եւ անոր շրջակայ գիւղերու բնակիչները 2020 թուականին Ազրպէյճանի դէմ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին ենթարկուեցան ուժեղ ռմբակոծութիւններու: 2021 թուականի սկիզբի բուռն մարտերու ժամանակ տարածաշրջանը լքած հազարաւոր ընտանիքներ վերադարձան իրենց տուները, որոնց մէկ մասը լուրջ վնասներ կրած էին: Պատերազմէն ետք այս գիւղերէն շատերը այժմ կը գտնուին Ազրպէյճանի սահմանէն ընդամէնը քանի մը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:
Անցեալ տարի, Արցախի իշխանութիւններու հետ համապարփակ խորհրդակցութիւններէ ետք, «Թուֆենկեան» հիմնադրամը կազմեց համապարփակ ծրագիր` բաղկացած լրացուցիչ նախաձեռնութիւններէ, որոնք կը նպաստեն Մարտունիի շրջանի քանի մը գիւղերու, որոնց մաս կը կազմէ Ծովատեղի եւ յարակից գիւղերու (Հերհեր, Խերխան) կրթական, առողջապահական, տնտեսական եւ այլ կարիքներու բաւարարումը: Տարբեր ծրագիրներ ներառուեցան նաեւ մօտակայ Սօս եւ Մաճկալաշէն գիւղերուն համար: Հիմնադրամը անցեալ տարի համագործակցեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ գործող «Ճէյ.Էյչ.Էմ.»` Ճօն եւ Յասմիկ Մկրտիչեան հիմնադրամին հետ` նմանատիպ կեդրոն կառուցելու մօտակայ Հերհեր գիւղին մէջ:
«Մօտաւորապէս մէկ տարի առաջ մենք այցելեցինք Ծովատեղ` այս պատմական գիւղը, որպէսզի յանձնենք սնունդի օգնութեան խիստ անհրաժեշտ փաթեթները: Այսօր մենք ուրախ ենք` տեսնելով, որ գիւղը եւ իր բնակիչները ոտքի կը կանգնին` ապրելով, արարելով իրենց հողին վրայ», ըսաւ «Թուֆենկեան» հիմնադրամի տնօրէն Կրեկ Պետեանը: 2021 թուականի սկիզբը հիմնադրամը Մարտունիի տարբեր գիւղերու աւելի քան 400 ընտանիքներու բաժնեց սնունդի փաթեթներ, որոնք կը ներառէին` ալիւր, բրինձ, հնդկաձաւար, դդմաճի տեսակներ, ձէթ եւ այլ հիմնական ապրանքներ:
«Մենք կը շարունակենք ներդրումներ կատարել այս յաճախ անտեսուած գիւղերուն եւ Արցախի այլ հատուածներուն մէջ` վերակառուցելով ու վերանորոգելով տուներ, բուժկէտներ եւ դպրոցներ, ինչպէս նաեւ` իրականացնելով կրթական ծրագիրներ եւ առողջապահական ու տնտեսական զարգացման նպատակային ծրագիրներ: Միայն այսպէս կարելի է ապահովել աշխուժ ապագայ Արցախի հայութեան եւ ապագայ սերունդներուն համար», մեկնաբանեց Պետեանը:
«Թուֆենկեան» հիմնադրամը 2022 թուականի զարգացման ծրագրի շրջանակներուն մէջ Պոսթընի մէջ գործող Հայ-ամերիկեան բժշկական միութեան հետ միասին կ՛աշխատի Արցախի մէջ առաջնային առողջութեան պահպանման ուղղուած ծրագրին վրայ: Դիմելով հիւրերուն` բացման հանդիսութեան ընթացքին դոկտոր Սահակեան բացատրեց, որ ծրագիրը իր աշխատանքներուն պիտի սկսի Մարտունիի գիւղերէն: «Մեր ծրագիրը սփիւռքէն մեծ փորձառութիւն ունեցող բժիշկներ պիտի բերէ տեղի բուժանձնակազմին գործնական ուսուցում եւ շարունակական բժշկական կրթութիւն տրամադրելու, միաժամանակ շրջանի հիւանդներուն շարունակական օգնութիւն ցուցաբերելու համար», եզրափակեց ան: