(16)
Խորէն Ա. կաթողիկոս սրամիտ եւ առատաձեռն էր:
1981-ին նոր աբեղայ ձեռնադրուած եմ եւ օծակիցիս` հայր Գեղամին հետ Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ սուրբ պսակի մը օրհնութիւնը կատարելէ ետք դուրս կ՛ելլենք ու մեր սենեակները պիտի երթանք, երբ Խորէն կաթողիկոս վեհարանի պատշգամը կը ճեմէր եւ նշան կ՛ընէ, որ իր մօտ բարձրանանք:
Վեհարանի իր գրասենեակին մէջ մեզ կ՛ընդունի եւ կը յանդիմանէ` ըսելով. «Կ՛իմանամ, որ ժողովուրդին մէջ սիկարեթ կը ծխէք: Ամօ՛թ ձեզի: Հո՛ս սպասեցէք. հիմա կու գամ»: Մենք կասկարմիր եղած, պատժուած աշակերտներու պէս կը սպասենք:
Վեհափառ հայրապետ իր ննջարանը կ՛անցնի: Քիչ ետք երկու մեծ տուփ (իւրաքանչիւրին մէջ քսանական հատ) Rothmans սիկարեթ կը բերէ, մեզի կու տայ եւ խորէնեան ժպիտով կը յարէ. «Ո՜վ գիտէ` ի՜նչ աժաննոց սիկարեթ կը ծխէք կոր. է՜հ, առած ամսականնիդ ի՞նչ է, որ ի՜նչ ծխէք. մենք ալ ձեզի պէս էինք. սիկարեթ ըսածդ ա՛ս է, Rothmans-ը: Ի՞նչ քարի պէս կեցեր էք: Մէկական հատ վառեցէ՛ք, հոտը կարօտցեր եմ»: Կաթողիկոսական հրահանգ էր, կը վառենք… Մենք ալ ձեզ կարօտցած ենք, սիրելի՜ վեհափառ հայրապետ… Ինք տարիներէ ի վեր չէր ծխեր արդէն, բայց երբեմն-երբեմն շրթունքին կը կպցնէր` հին օրերու կարօտով:
(17)
Դպրեվանքի ընծայարանի տարիներուս ընդհանուր եկեղեցւոյ պատմութեան մեր դասախօսն էր Արտաւազդ արք. Թրթռեանը: Դասանիւթն էր` խաչակրութիւնները:
Սրբազան հայրը կը հրաւիրէ տիրացու մը` դասը պատմելու, որ կը սկսի լակոնական ոճով պատմել` անշուշտ թուականներն ալ դասագիրքէն կարդալով. «Առաջին խաչակրութիւնը տեղի կ՛ունենայ 1096-1099. խաչակիրներ չեն յաջողիր գրաւել Երուսաղէմը: Երկրորդ խաչակրութիւնը տեղի կ՛ունենայ 1147-1149. խաչակիրներ չեն յաջողիր գրաւել Երուսաղէմը: Երրորդ խաչակրութիւնը տեղի կ՛ունենայ 1189-1192. խաչակիրներ չեն յաջողիր գրաւել Երուսաղէմը: Չորրորդ խաչակրութիւնը տեղի կ՛ունենայ 1202-1204. խաչակիրներ չեն յաջողիր գրաւել Երուսաղէմը»:
Միւս սարկաւագներս կը նայէինք հանդարտաբարոյ եւ համբերատար սրբազան հօր, որ աթոռին վրայ զսպանակի պէս կը շարժէր եւ ճակնդեղի նման կը կարմրէր, սակայն ձայն չէր հաներ: Իսկ տիրացուն տիրականօրէն կը շարունակէ իր խաչակրական արշաւը. «Հինգերորդ խաչակրութիւնը տեղի կ՛ունենայ 1217-1221. խաչակիրներ չեն յաջողիր գրաւել Երուսաղէմը: Վեցերորդ խաչակրութիւնը տեղի կ՛ունենայ 1228-1229. խաչակիրներ չեն յաջողիր գրաւել Երուսաղէմը: Եօթներորդ խաչակրութիւնը տեղի կ՛ունենայ 1248-1254. խաչակիրներ չեն յաջողիր գրաւել Երուսաղէմը: Ութերորդ խաչակրութիւնը տեղի կ՛ունենայ 1270-ին. խաչակիրներ վերջապէս կը յաջողին գրաւել Երուսաղէմը»: Եւ Արտաւազդ սրբազան կը պոռթկայ. «Սմբուկ կը գրաւեն», ու դասարանէն դուրս կ՛արշաւէ…
(18)
Դպրեվանքի աւարտական տարիներուս Գարեգին Բ. աթոռակից կաթողիկոս մեզի հովուական աստուածաբանութիւն եւ Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն կը դասախօսէր:
Անգամ մը մեր դասընկերներէն մին դասը պատրաստելուն մէջ կը թերանայ: Վեհափառ հայրապետը կը հարցնէ, թէ ինչո՞ւ դասը չէր պատրաստած, եւ ան միամտաբար կը պատասխանէ. «Ժամանակ չունեցայ»: Գարեգին կաթողիկոս պոռթկուն բարկութեամբ եւ բարձր ձայնով ժամանակը տնտեսելու մասին աւելի քան երեսուն վայրկեան վերլուծական մը կը կատարէ ու կ՛եզրակացնէ. «Ես եթէ որպէս կաթողիկոս ձեզի դաս տալու ժամանակ կը գտնեմ, ի՞նչ ըսել է դաս սորվելու ժամանակ չունեցայ», եւ դասարանին դուռը խորտակող ուժգնութեամբ գոցելով` դուրս կ՛ելլէ…
(19)
Դպրեվանքի տեսչական կազմին մաս կազմած օրերուս սովորութիւն ունէինք շաբաթ զուգադիպող սուրբերու անունները կրող դպրեվանեցիները կամ տունը նոյն անունով եղբայր ունեցողները (օրինակ` Սարգիս, Յակոբ, Պօղոս) նախաճաշէն յետոյ տուն ղրկելու, որպէսզի իրենց հարազատներուն հետ նշէին այդ անուանակոչութիւնը եւ կիրակի առաւօտ Անթիլիաս սուրբ պատարագին գային ու դպրեվանեցիներուս վերամիանային:
Ս. Յակոբի տօնին «Յակոբ» անունը ունեցող աշակերտները շաբաթ օրուան նախաճաշէն յետոյ տուն պիտի երթային, երբ Հրակ անունով տղայ մը, որ նաեւ գիտէինք, թէ եղբայր ալ չունէր, նախաճաշի ընթացքին ձեռքը կը բարձրացնէ եւ խօսքը տեսուչ սրբազանին ուղղելով` կը խնդրէ. «Սրբազա՛ն հայր, իմ քոյրիկիս անունը Յակոբ է. ես ալ կրնա՞մ տուն երթալ»:
Բոլորս կը խնդանք: Տաթեւ արք. Սարգիսեան կը գնահատէ Հրակին սրամտութիւնը եւ բացառութիւն ընելով` կ՛արտօնէ, որ ան ալ տուն երթայ Ս. Յակոբի տօնին առիթով…
(20)
Դպրեվանքի մէջ բոլոր սաներն ալ զանազան պաշտօններ կ՛ունենան: Եսայի անունով դպրեվանեցիի մը պաշտօնն է դասի դադարներուն ուսուցչական կազմին սուրճը ուսուցչարան բերել:
Օր մըն ալ Եսայի սուրճը կը բերէ, ուսուցիչներուն կը հրամցնէ եւ փոխանակ անմիջապէս ուսուցչարանէն դուրս ելլելու, կը յամենայ` մոխրամանները մաքրելով, գիրքերն ու տետրակները գրադարանին մէջ շարելով եւ այլ ոչ կենսական աշխատանքներով: Մինչ այդ մենք կը սկսինք մեր սուրճը խմել: Օծակիցս` Համազասպ աբղ. Քիւրքճեան, որ ֆրանսերէն կը դասաւանդէր եւ դպրեվանեցիներէն շատ չէր սիրուած, կը դառնայ եւ հեղինակաւոր շեշտով կ՛ըսէ. «Եսայի՛, չարաճիճի՛ Եսայի, գիտեմ, որ շաքարի տեղ դիտմամբ աղ դրած ես սուրճիս մէջ, սակայն որպէսզի քեզի դա՛ս ըլայ, ես այս աղո՛վ սուրճը պիտի խմեմ»: Եսայի իր ուզածը առած ըլլալով` շուտով դուրս կ՛ելլէ ուսուցչարանէն: Հայր Համազասպ ցմրուր կը խմէ իր սուրճը: Մինչեւ հիմա չեմ հասկցած, թէ այսպիսով ի՞նչ դաս տուաւ Եսայիին…
(21)
Ներսէս արք. Բախտիկեանին հետ Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ սուրբ պսակի մը օրհնութիւնը կը կատարենք:
Սրբազան հայրը յաճախ յիշեցուցած էր, որ ինք չէր փափաքեր խառն ամուսնութիւններու նախագահել: Կը պարզուի, որ հարսը արաբ է: Ներսէս սրբազան խրատականը խօսած ատեն կ՛անդրադառնայ այս իրողութեան, եւ աւելի կը բորբոքի, որովհետեւ նաեւ հարսին ու հարսնքոյրին հագուստ-կապուստը առաջին պահէն իսկ եկեղեցւոյ մթնոլորտին յարմար չէր տեսած եւ այս մասին քիթին տակէն անհասկնալի նկատողութիւններ ըրած էր: Այս բոլորին վրայ բարդուած էին նաեւ նկարիչին աւելորդ շարժումները: Սրբազան հօր համբերութեան բաժակը կը յորդի, երբ հարսը քիչ մը կ՛ուշանայ խրատականի հարցումին փութով «Այո» պատասխանելու եւ փեսային ու խաչեղբայրին յիշեցումէն ետք արաբերէն շեշտով կէսբերան «Այո» մը կ՛ըսէ: Ներսէս սրբազան օրհնեալ բերանը կը բանայ եւ հայապահպանումի լուացողական մը կը սկսի ու պատշաճ հագուստ-կապուստով եկեղեցի մտնելու հրամայականով կ՛եզրափակէ:
Խորհրդակատարութիւնը աւարտելէն ետք, երբ Թաղական խորհուրդի գրասենեակը կ՛երթանք, սրբազան հայրը խաղաղած էր եւ մինչեւ իսկ` որոշ զուարթախոհութիւն մը զգեցած, երբ թաղական մը կ՛ըսէ իրեն. «Սրբազա՛ն հայր, ձեր խօսած հայերէնէն հարսը բան մը չհասկցաւ»: Ներսէս սրբազան կը պատասխանէ. «Ճի՛շդ ես: Հե՛տս եկուր: Չկարծէ, որ իր գեղեցկութիւնը գովեցի»: Թաղականը կ՛առնէ եւ եկեղեցի կը մտնէ այս անգամ իր ըսելիքները ուղղակի հարսին փոխանցելու համար` թաղականին թարգմանական օժանդակութեամբ…
(22)
Ներսէս արք. Բախտիկեան ծանր հիւանդութիւն մը կ՛անցընէ եւ քանի մը օր հիւանդանոց մնալէ ետք Անթիլիասի մայրավանք կը վերադառնայ: Նկատի ունենալով, որ յատուկ հոգածութեան կարիք ունի, Գարեգին կաթողիկոս կը յայտնէ, որ բուժքոյր մը պիտի բերուի, որպէսզի քսանչորս ժամ քովը մնայ: Սրբազան հայրը կը մերժէ: Այդ պարագային, վեհափառ հայրապետը միաբան մը կը նշանակէ եւ սրբազան հօր կ՛ըսէ. «Հայր սուրբին սենեակէն ձեր սենեակին պատուհանը կ՛երեւի. երբ դուք ձեր անկողինին քովի լոյսը վառէք, կը նշանակէ, որ հայր սուրբին պէտք ունիք, եւ ան վազելով ձեր քովը կը հասնի»: «Շա՛տ լաւ, շնորհակալութիւն, վեհափա՛ռ», կը պատասխանէ Ներսէս սրբազան: Գարեգին կաթողիկոս եւ իրեն ընկերացող հայր սուրբը կը մեկնին:
Ներսէս սրբազանին սենեակը եպիսկոպոսարանն է, իսկ հայր սուրբին սենեակը` վարդապետարանը: Երկուքին մէջտեղ ընդարձակ բակը կայ:
Հայր սուրբը մինչեւ կէս գիշեր իր պատուհանէն սրբազան հօր պատուհանը կը դիտէ եւ կ՛ուրախանայ, որ անոր լոյսը բնաւ չի վառիր. ուրեմն սրբազան հայրը հանգիստ կը քնանայ: Երբ հայր սուրբը կէս քուն-կէս արթուն կը պայքարի քունին դէմ, յանկարծ կը տեսնէ, որ սրբազան հօր լոյսը կը վառի: Ան մէկ շունչով եպիսկոպոսարան կը վազէ եւ Ներսէս սրբազանին սենեակը կը մտնէ` շնչասպառ եւ իրար անցած. «Հրամեցէ՛ք, սրբազա՛ն հայր, ինչպէ՞ս կրնամ օգտակար ըլլալ, ի՞նչ կրնամ ընել, ի՞նչ ունիք» գոչելով: Ներսէս սրբազան պաղ-պաղ կը պատասխանէ. «Բան մը չունիմ, հայրենակի՛ց. լաւ եմ: Պարզապէս փորձ մը ըրի: Ըսի` նայիմ պիտի գա՞ս: Ապրի՛ս, վստահելի ես եղեր: Կրնաս հիմա երթալ …»:
(23)
Ս. Էջմիածինի Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը կը վախճանի (1994) եւ նոր կաթողիկոսի նախընտրական խմորումները կը սկսին: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի Ս. Էջմիածին փոխադրուելու հաւանականութիւնը օրէ օր աւելի կ՛աճի:
Այդ օրերուն Անթիլիասի մէջ վանական անմեղ ժամանցի խաղ մը կը սկսի Ղեւոնդ արք. Չէպէեանին շուրջ, որ նշանաւոր էր իր միամտութեամբ: Խումբ մը միաբաններ կ՛որոշեն սրբազան հայրը համոզել, որ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան յարմարագոյն թեկնածուն ինքն է` նկատի ունենալով իր տարիքը, փորձառութիւնը, բազում անգամ Հայաստան երթալը, երանաշնորհ Վազգէն վեհափառ հայրապետին հիւր ըլլալը, երկու հայրապետական Սուրբ Աթոռներու մերձեցումի բաղձալի երազի իրականացումը եւ այլ դրական քայլեր: Ղեւոնդ սրբազան կամաց-կամաց կը համոզուի, որ եթէ Գարեգին Բ. կաթողիկոս շանս ունի Ամենայն Հայոց կաթողիկոս ըլլալու, ինք առաւել եւս այդ շանսը ունի` տղոց թուած առաւելութիւններուն լոյսին տակ, երբ մանաւանդ Ս. Էջմիածինէն պատուիրակներ (անշուշտ Անթիլիասի միաբաններէ նշանակուած «տեղական պատուիրակներ» բոլորն ալ) եւս կը սկսին իրեն այցելել եւ նոյն յանկերգը կրկնել. առաւել, (դարձեալ սարքովի…) լիբանանեան հեռատեսիլի լուրերէն արաբերէնով (լեզու, որ Ղեւոնդ սրբազան չէր հասկնար եւ իրեն կը թարգմանուէր թէ…) յատուկ յայտագիր կը տրուէր, ուր կը խօսուէր, որ Ս. Էջմիածինի կաթողիկոսական թափուր Սուրբ Աթոռի յարմարագոյն թեկնածուն Ղեւոնդ արք. Չէպէեանն էր, եւ եթէ այս ընտրութիւնը կայանար, մեծ պատիւ մը պիտի ըլլար Լիբանանի համար. Լիբանանի պետութիւնը արդէն իսկ կը շնորհաւորէր Ղեւոնդ սրբազանը այս ընտրութեան առիթով: Իսկ Ղեւոնդ սրբազան յարմար կը նկատէր քանի մը օր յետոյ նախագահական պալատ այցելել եւ իր շնորհակալութիւնը յայտնել Լիբանանի վսեմաշուք նախագահին…
Օր մըն ալ երեք միաբան Ղեւոնդ սրբազանին սենեակը կու գան եւ խորհրդապահաբար կը յայտնեն. «Սրբազա՛ն հայր, ամէն բան լաւ ընթացքի մէջ է: Բայց գիտէք, 1956-1958¬ի օրերուն բարեգործական, ռամկավար եւ հնչակեան ճակատին հետ դուք բարեկամական յարաբերութիւններ չունէիք: Պէտք է անոնց սիրտն ալ շահինք: Անոնցմէ մարդիկ ալ քուէ պիտի տան կաթողիկոսական ընտրութեան ատեն: Այս հինգշաբթի, ժամը 1-ին ասոնցմէ չորս հոգի պիտի գան եւ ձեզ ճաշի պիտի հրաւիրեն. ոչ մի՛ ըսէք. գացէ՛ք անոնց հետ: Դուք դիւանագէտ էք. գիտէ՛ք` ի՛նչ պիտի խօսիք»: Ղեւոնդ սրբազան «Եղաւ, ճանըմ»-ով համամտութիւնը կը յայտնէ եւ կը ճամբէ իր բանագնացները:
Միւս ճակատի դրածոյ չորս հիւրընկալ երկու լիւքս ինքնաշարժով կու գան եւ Ղեւոնդ սրբազանը Պէյրութի ծովեզերեայ ճաշարաններէն մին կը տանին եւ ապա մայրավանք կը բերեն ու կը մեկնին: Միաբաններ անհամբեր կը խմբուին սրբազան հօր շուրջ եւ կը հարցնեն. «Ի՞նչ եղաւ, սրբազա՛ն հայր»: «Ամէն բան շա՜տ լաւ անցաւ,- կը պատմէ սրբազանը,- շա՜տ քաղաքավար մարդիկ էին: Ո՛չ իրենք նիւթը բացին, ո՛չ ես նիւթը բացի: Կերանք. խմեցինք. եկանք»: Ասկէ լաւ դիւանագիտութի՞ւն: Մարդը Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութիւնը հախ ըրած, եկած է: Արդիւնքն ալ յետոյ յայտնի եղաւ արդէն…
(24)
10 մարտ 2003-ին պետական երեսփոխան եւ համբաւաւոր բժիշկ Անդրանիկ Մանուկեան 93 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեր էր: Յաջորդ օր առաւօտեան, նախաճաշի ընթացքին, մայրավանքի սեղանատունը հայերէն օրաթերթերը աչքէ կ՛անցընեմ: Ղեւոնդ սրբազան կը հարցնէ. «Ի՞նչ նորութիւն կայ թերթերուն մէջ»: «Տոքթոր Անդրանիկ Մանուկեանը մեռեր է, սրբազա՛ն հայր», կը պատասխանեմ: «Վա՜յ, մե՜ղք եղեր է. լաւ բարեկամնիս էր տոքթորը», կ՛ըսէ ան, եւ կ՛աւելցնէ դասական հարցումը. «Քանի՞ տարեկան էր»: «93», կը պատասխանեմ: «Է՜հ, մեղք չէ եղեր…», կը փիլիսոփայէ:
(25)
Արամ Ա. կաթողիկոս տասնօրեայ ճամբորդութենէն Անթիլիաս կը վերադառնայ եւ հարց կու տայ վեհարանի սպասաւորին. «Յարո՛ւթ, բացակայութեանս միջոցին բան մը եկա՞ւ»: Ան կը պատասխանէ. «Այո՛, վեհափա՛ռ տէր, Հալէպէն երկու տուփ փախլաւա եկաւ, սառնարանը դրի»: «Յարո՛ւթ,¬ կ՛ըսէ վեհափառ հայրապետը,¬ քեզի քանի անգամ ըսած եմ, որ եթէ փախլաւա, շոքոլա կամ ուրիշ անուշեղէն գայ, միաբանական սեղանատուն ղրկէ. հոս ուտող չկայ: Բե՛ր նայինք փախլաւաները»:
Յարութ կը բերէ գոյնզգոյն նուէրի թուղթերու մէջ փաթթուած փախլաւաները, եւ Արամ կաթողիկոս կը բանայ զանոնք: Ի՜նչ տեսնէ… պաղ-պաղ հայերէն գիրքեր կ՛ելլեն տուփերուն մէջէն: Յարութն ալ կը զարմանայ: Վեհափառը կը սկսի խնդալ: «Յարո՛ւթ,¬ կը բացագանչէ ան,¬ աս ի՞նչ տեսակ փախլաւա է»: Յարութ անայլայլ կը պատասխանէ. «Ես ի՞նչ գիտնամ. Հալէպէն գիրք կու գա՞յ մը. իմ գիտցածս` Հալէպէն փախլաւա կու գայ…»:
Նոյնիսկ պատերազմի ամէնէն դժնդակ օրերուն Հալէպի մէջ գիրք լոյս տեսաւ եւ աշխարհի ամէն կողմ ցրուեցաւ…
(26)
2004-ի ապրիլն է:
Կիպրոսէն Անթիլիաս կը ժամանեն Կարպիս եւ Անահիտ Էսքիճեաններ` մահամերձ Զարեհ արք. Ազնաւորեանին տեսութեան: Հազիւ մայրավանք մտած` անոնք բակի նստարանին վրայ կը տեսնեն Տիրայր եպս. Փանոսեանը, որ թաքսի կը սպասէ Պիքֆայայի վանքը բարձրանալու համար: Քանի մը քաղաքավարական նախադասութիւններ կը փոխանակեն, եւ սրբազան հօր թաքսին կը հասնի:
Քիչ ետք Էսքիճեաններուն լուր կը տրուի, որ Արամ Ա. կաթողիկոս զիրենք անմիջապէս պիտի ընդունի Պիքֆայայի վեհարանը: Անոնք ալ փութով թաքսի մը կ՛առնեն եւ Պիքֆայա կը հասնին: Եւ ի՞նչ տեսնեն… Տիրայր սրբազանը առօք-փառօք ծառին տակը բազմած է: Կը մօտենան եւ զարմացած` «Աստուած օգնական, դուք հիմա վարը չէի՞ք,¬ կը հարցնեն: «Այո՛,¬ կը պատասխանէ սրբազան հայրը եւ կ՛աւելցնէ,¬ երկու հատ Տիրայր սրբազան կայ. անիկա միւսն է, վարը մնաց»:
Պիքֆայայի սենեակին բանալին մոռցած ըլլալով` քիչ ետք Տիրայր սրբազան դարձեալ թաքսի կ՛առնէ, Անթիլիաս կ՛իջնէ, բանալին կ՛առնէ, բակի նոյն նստարանին վրայ կը նստի եւ թաքսի կը սպասէ, որպէսզի նորէն Պիքֆայա բարձրանայ: Մինչ այդ Էսքիճեաններ վեհափառ հայրապետին հետ իրենց տեսակցութիւնը կ՛աւարտեն եւ Զարեհ սրբազանին քով կը վերադառնան: Դարձեալ, հազիւ Անթիլիաս մտած, բակի նոյն նստարանին վրայ Տիրայր սրբազանը կը տեսնեն: Այս անգամ այլեւս իրենց աչքերուն չեն հաւատար: Կամաց-կամաց կը մօտենան, եւ Կարպիսը կը պոռայ. «Պապա՛մ, սրբազա՛ն հայր, չի կրնար ըլլալ»: Տիրայր սրբազանը կը սկսի քահ-քահ խնդալով ըսել. «Ինչո՞ւ պիտի չըլլայ եղեր: Ըսի, չէ՞, երկու հատ Տիրայր սրբազան կայ. մէկը վերը, մէկը` վարը. ասի ալ վարի Տիրայր սրբազանն է, հիմա հաւատացի՞ք…»:
(Շար. 3)