Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Որպէսզի Հեռու Մնանք Դառն Բաժակը Ըմպելու Փորձութենէն (Փետրուարեան Ապստամբութիւն 101-Ամեակ)

Փետրուար 18, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

«… Փետրուար 18-ը բացառիկ երեւոյթ մըն է մեր պատմութեան մէջ: Փետրուար 18-ը մեկնակէտ մըն է, աղբիւր խորհրդածութեան, բարոյական դրամագլուխ է: Անիկա ծառացում է ընդդէմ բռնակալութեան: Համաժողովրդական ըմբռնումով, հայ ժողովուրդը առաջին օրինակը տուաւ ըսելու համար, թէ ոգեկան ուժերը բաւարար են պատմութեան մէջ, որ ժողովուրդ մը իր վճռական խօսքը ըսէ»:

ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ
(«Ազդակ», 24.2.1970)

Հակասական ո՛չ մէկ իմաստ պէտք է տեսնել խորագիրին եւ մէջբերուած հատուածին միջեւ: Խորքին մէջ անոնք զիրար կ՛ամբողջացնեն, կ՛իմաստաւորեն, աւելի՛ն. հայոց պատմութեան մէջ արձանագրուած տուեալ դիպաշարին խորհուրդը լոյսին կը բերեն` անգամ մը եւս ընդգծելու, որ ազգային արժէքներու պահպանումը, պետական մտածողութեան հիմքը կը կազմեն, ազգի մը գոյութենական պայքարին կենսափիլիսոփայական տարրերը կը սնուցեն:

Ու ահա, հարիւր եւ մէկ տարի ետք, հայ գրիչը կը շարունակէ արձագանգել իր սեփական ժողովուրդին պատկանող հերոսական դրուագի մը մասին. յուշելու եւ կամ յիշատակելու առընթեր, այլապէս շեշտադրելու բիւրեղացած իրականութիւն մը, որ հաւաքական ըմբոստացումի եւ վճռական խօսք ըսելու պահերը կրնան ուշանալ` քիչ մը հիասթափութեան մատնելով նոյնինքն ժողովուրդը, այդուհանդերձ, կու գայ ժամանակը, եւ անխուսափելիօրէն, որ ազգային արժանապատուութեան տէր կանգնելու հրամայական պահանջը ինքզինք պարտադրէ` ազգը մղելով հաշուեյարդարի, ի տես իշխանական կամ պետական մակարդակի սայթաքումներու, կեղծիքի, սնոտի վերաբերումներու, քաղաքական տհասութեան եւ ապաշնորհ կողմնորոշումներու:

Արդարեւ, ի՛նչ էր փետրուարեան ապստամբութիւնը եթէ ոչ պոլշեւիկեան բռնութեան դէմ հաւաքական կամքի ու գիտակցութեան արտայայտութիւն, կարմիր ուժերու սանձազերծ վերաբերմունքի` խոշտանգումներ, ալան-թալան, սպանութիւն, կամայական ձերբակալութիւն, բանտերու մէջ կացինահարում, բայց մանաւանդ` ազգային արժանապատուութեան ստորնացում եւ մասամբ նորին:

18 փետրուար 1921:

Արդի հայ պատմագրութիւնը լիարժէք էջեր, յուշագրութիւններ, վերլուծութիւն եւ վկայութիւններու տեսականի հրամցուցած է ըստ ամենայնի, որոնք միանգամայն ջրած են այն բոլոր սուտասելուկները, յերիւրանքները, աղաւաղումներն ու ստայօդ մօտեցումները, թէ պատահածը «եղբայրասպան կռիւ» էր, «արկածախնդրութիւն», ՀՅ Դաշնակցութեան մէկ «հերթական իշխանատենչական օրինակ» եւ այլն, եւ այլն:

Փաստօրէն, փետրուարեան ապստամբութիւնը համաժողովրդական պայքարի բնոյթ կը ստանար, երբ հայ գիւղացին, մայիսեան հերոսապատումը կերտած ֆետային ու քաջարի զինուորականը, հայ մտաւորականն ու ազգային գործիչը, ժողովուրդ մը ամբողջ ի տես այն ահաւոր կացութեան, այս անգամ կարմիր զուլումին, պոլշեւիկեան սպանդին ու նոր իշխանութեան աւազակաբարոյ կեցուածքին, սուտին ու կեղծիքին, ահաւասիկ, հայութիւնը իր բոլոր շերտերով, քաղաքական ուղղութիւններով թէ գաղափարական զանազանութեամբ ըմբոստացումի դրօշը կը պարզէր եւ զէնքի կը դիմէր յանուն ազատութեան, անկախութեան, ազգային արժանապատուութեան եւ պետականութեան պաշտպանութեան:

Ի դէպ, Կասեան-Նուրիջանեան-Աթաբեկեան, այսպէս ըսած, եռեակ խունթային ձեռամբ կատարուած սպանդին առընթեր, բացայայտ քարոզչութիւն կը տարուէր պառակտումի, ատելութեան եւ այլամերժութեան: Խորքին մէջ թիրախաւորուած էր ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր ընկերական շարքերով եւ պատասխանատու շրջանակներով:

Ամէնուրեք հալածանք ու ձերբակալութիւն, նպատակաուղղուած քարոզարշաւ ծաւալած էր Դաշնակցութեան դէմ, որովհետեւ ան կրցած էր փրկել հայրենիք ու կերտել պետականութիւն եւ կը ներկայացնէր հայոց ազգայնական ուժը:

Հակառակ այն իրողութեան որ Դրօ-Լըգրան համաձայնութիւնը յստակօրէն  կ՛ընդգծէր` խաղաղութեամբ յանձնելու իշխանութիւնը եւ զերծ մնալու վատահամբաւ արարքներէ, կը պատահէր սարսափելին` ամբողջ հասարակութիւն մը դժոխային վիճակի մատնելու եւ բռնութեամբ իշխանութիւն հաստատելու վարքագիծ մը:

Համաժողովրդային ըմբոստացումին գլուխը կ՛անցնէր Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէն եւ շարժումին ղեկավարութիւնը կը յանձնուէր անզուգական զինուորական եւ հերոս Կուռօ Թարխանեան, որ շնորհիւ իր կամքին ու ազգային ոգիին, իր շուրջ հաւաքուած ֆետայական ուժերու հետ կը կերտէր նորովի հերոսապատում մը, եւ Հայաստանն ու հայութիւնը զերծ կը պահէր ստոյգ բնաջնջումի քաղաքականութենէ:

Ճիշդ է, որ փետրուարեան ապստամբութեամբ հայութեան պիտի շնորհուէր 42 օրերու ազատութեան շունչ եւ հայրենի պետականութեան տիրութիւն ընելու պատեհ առիթ, այդուամենայնիւ, օրին քաղաքական վերիվայրումները կ՛ընթանային ի վնաս հայութեան. մէկ կողմէ քեմալապոլշեւիկեան սիրաբանութիւնը եւ միւս կողմէ արեւմտեան երկիրներու խօլ պայքարները, անհանդուրժողութիւնը, հայութեան դիմաց փակած էին փրկութեան ամէն ուղի:

Ըսուած է, արդարօրէն, որ փետրուարեան ապստամբութիւնը հայութեան արժանապատիւ կեցուածքն է ընդդէմ պոլշեւիկութեան, որ զինու ուժով եւ արեան հեղումով կ՛ուզէր պարտադրել, այսպէս ըսած, պոլշեւիկադաւան ընկերվարական վարքագիծ մը, որ, հետագային, բարբարոսային ախորժակներով յագեցած խորհրդային կարգերը պիտի հանդիսանային, 70 տարի շարունակ:

Այսօր, հայրենի պետութիւնը կ՛ապրի իր ամէնէն տժգոյն ժամանակները: 44 օրերու թուրքեւազերիական սանձազերծուած պատերազմին` հայութիւնը կրեց մեծ պարտութիւն: Իր կարգին, հայութիւնը կ՛ապրի ճգնաժամ թէ՛ ներքին, եւ թէ արտաքին ճակատներու վրայ: Հայ ժողովուրդը կը դիմագրաւէ թէ՛ պառակտումի, եւ թէ քաղաքական օրհասի պահեր: Քաղաքական անորոշութիւնը կլանած է հայրենի երկնակամարը:

Դաժան է ըսել, որ օրուան իշխանական համակարգը լծուած է բռնութիւններու տեսականի կիրարկել` ազգայնական թէ ընդդիմախօս շրջանակներու վրայ: Տարուած ենք հաստատելու, որ հայ քաղաքական միտքը կը գործէ հայոց շահերուն ի վնաս: Մէկ կողմէ նիկոլական իշխանութիւնը կը սեղմէ օղակը լռութեան մատնելու ընդդիմադիր ամէն խօսք եւ կեցուածք, միւս կողմէ դաւադիր գործընթացներու տարողութիւնը տակաւ կը շատնան` սպառնալով հայութեան եւ պետականութեան:

Կարծես չէին բաւեր հայոց գլխուն սարքուած երեսուն տարիներու ապիկար եւ ազգաքանդ ներքին կեանքի սայթաքումները, ահա, վերջին տարիներու պատահած եւ շարունակուող քաղաքական ու դիւանագիտական մտքի բոպիկութիւնը, կաշառքն ու փտածութիւնը, պարզապէս պիտի ծանրացնէին հայու առօրեան եւ յուսալքումի առաջնորդէին հասարակութիւնը:

Փետրուարեան ապստամբութեան խորհուրդը նաեւ զգաստութեան հրաւէր մըն է ուշքի գալու եւ վերահայանալու:

 

 

Նախորդը

Թենթեն Այսօր Ընդունելի՞ Է

Յաջորդը

Անդրադարձ. Փետրուարեան Ապստամբութիւն – 1921 Պոլշեւիկները Եւ Հայաստանի Որբերը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?