ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Շարժապատկերի 18-րդ «Կին» միջազգային փառատօնը տեղի ունեցաւ առցանց, անցեալ տարուան «համավարակային» ձեւաչափով եւ տարողութեամբ (1 Ա) (1 Բ): Կրկնութեան գնով կը շեշտեմ, որ փառատօնը կարեւոր հարթակ է սկսնակ հայ թէ կին բեմադրիչներու համար: Ֆինանսաւորումը կը կատարուի գլխաւորաբար օտար կազմակերպութիւններու կողմէ (տես կողքի որմազդը): Այս տարի իր ներդրումը ունեցած է նաեւ ՀԲԸՄ-ը, որ նաեւ տրամադրած է իր սրահը: Մուտքը այս տարի եւս անվճար է:
Կանխատրամադիր մտորումներ.- Կարճամեթրաժը նման է պատմուածքի, ատակ չէ խորանալու լայնածաւալ բներգներու մէջ: Նկատած եմ, որ գծագրային եւ վաւերագրական ժապաւէնները, որոնք կ՛արտադրուին մէկ անձի կողմէ, ընդհանրապէս աւելի կուռ եւ գեղարուեստական են, քան խաղարկայինները, որոնք կը պահանջեն տաղանդաւոր եւ համախոհ անձերու հոյլ մը եւ նիւթական լայն միջոցներ:
Պիտի անդրադառնամ միայն փունջ մը յատկանշական ժապաւէններու:
Ա.- Լսի՜ր մեզ, բաղձալի՛ ազատութիւն (Hear Us Sweet Freedom), 2021, Գերմանիա, 11 վ. խաղարկային: Բեմագիր, բեմադրիչ, գլխաւոր դերակատար պարուհի եւ երգչուհի Հելէն Իսպիրեան:
Իրադարձութիւնները կը պատահին ոչ հեռաւոր ապագային, ուր արուեստը վերացած է համավարակի պատճառով: Անգործ մնացած հտպիտը հնամեայ կամուրջէ մը ինքզինք կը նետէ դէպի երթուղիի մը ասֆալտը: Երկու պարիկներ … ներողութիւն… երբեմնի արուեստագէտներու երկու ժառանգներ` Creativa (ստեղծագործուհի) եւ Solidarosa (համերաշխուհի), կը համոզեն Financietta-ն (դրամուհի), որ միանայ իրենց, որպէսզի վերակենդանացնեն (resurrect) արուեստն ու մշակոյթը: Բացատրելու կարիք կա՞յ: Երեքով (ի հարկէ թուխ, խարտեաշ եւ շիկահեր) կը մասնակցին տարասեռ ծէսի մը, որ խառնուրդ մըն է գաղտնապաշտութեան (occult), քորոնավախութեան (coronophobia) եւ դասականամոլութեան: Թափանցիկ պարկերով պաշտպանուած մասնակիցները կը կրեն մահուան փոքր կուռք մը եւ այլ խորհրդաւոր իրեր: Յիսուսի աղօթք «Հայր Մեր»-ի նմանակութեամբ աղերսը ուղղուած է Հենտելի, զոր բեմադրիչը կը համարէ գերմանական երաժշտութեան արարիչ աստուածը: «Ծիսերգութիւն»-ը հիմնուած է 17-18-րդ դարերու Եւրոպական վերածնունդ եւ «Պարոք»-ի (Baroque) ականաւոր հեղինակներու մաղթերգներուն (oratorio) վրայ (2): Ի միջ այլոց կը լսենք Ա. Մերքելի եւ այլ գերման քաղաքական անձնաւորութիւններու անունները: Ժապաւէնը ակնբախօրէն կ՛առանձնանայ միւս մասնակիցներէն, որովհետեւ, շնորհիւ գերմանական ֆինանսաւորումին (որ միաժամանակ փառատօնի հովանաւոր է), մեծ խնամքով պատրաստուած է արհեստավարժ արուեստագէտներու հոյլի մը կողմէ, մինչդեռ միւս մասնակիցներունը սահմանափակ նիւթական միջոցներու տէր բեմադրիչներու արտադրութիւններն են: Հարկ է նշել, որ տեսալսողական առումով տպաւորիչ ժապաւէնը գաղափարական առումով անլուրջ է: Յօրինուած է ցցելու համար բեմագիր-բեմադրիչ-երգչուհի-դերասանուհի հեղինակին շնորհները: 17-րդ դարու պաճուճապատ յոյժ կաղապարուած երաժշտութիւնը հազիւ թէ փարատէ յետ արդիական քաոսային մղձաւանջը: Աւարտական տեսարանին մէջ անձնասպան հտպիտը կը կանգնի եւ մոլոր ու գլխիկոր մեր տեսադաշտէն դուրս կու գայ` մտնելով կողմնակի փողոց մը: Ժապաւէնը ստացած է փառատօնի առաջին մրցանակը: Այդ քաջալերական քայլ չէ նիւթական լայն միջոցներէ զուրկ, բայց տաղանդաւոր սկսնակ բեմադրիչներու համար:
Բ.- Նախքան մեր մեկնելը, (Before We Leave), խաղարկային, Ռուսիա, 2021,10 վ.) բեմադրիչ` Նաթալիա Կուրքինա: Ռուսերէն վերնագիրը` «Սպօրիյ», կը նշանակէ վճարելի, յետաձգուած «հարկեր»:
Ժապաւէնը կազմուած Է զուգահեռ ընթացող երկու ուղիներէ: Առաջինը` առերեւոյթ պարզ եւ հասկնալի, իսկ երկրորդը` գերբնական, անիմանալի: Առերեւոյթ, ընտանիք մը պիտի լքէ իր բնակարանը (անցաւոր աշխա՞րհը): Աղջնակի ծնողքը եւ պատանի եղբայրը կը հաւաքեն օգտակար իրեր, մինչդեո աղջնակը կը հաւաքէ իր տիկնիկները եւ այլ յուշեր: Կը յայտնուի սեւազգեստ վախազդու պառաւ մը, որ տեսանելի է միայն աղջնակին: Այդ ազդանշան է հանդիսատեսին, որ իրադարձութիւնները իրական չեն: Թերեւս ամէն ինչ կը կատարուի աղջնակին երեւակայութեան մէջ, թերեւս անոր ծնողքն ու եղբայրը յուշեր են, ուրուականներ: Աւարտական տեսարանին մէջ աղջնակը մինակ եւ ձեռնունայն կը հեռանայ տունէն: Անցեալի ստուերները կը մնան տան մէջ: Պառաւը մոմ կը վառէ ընտանեկան լուսանկարին առաջ, բաժակ մը վոտքա կը դնէ պատկերին մօտ եւ կը փակէ դուռը: Տապանաքարի վրայ բաժակ մը խմիչք դնելը ժողովրդական սովորութիւն մըն է, զոր ընթերցողներէն ոմանք կրնան գործադրած ըլլալ: Ցնցող ժապաւէնը մտային լարում կը պահանջէ տեսնելու արտա-բնականը բնականին մէջ: Արուեստը ցոյց պիտի տայ ոչ թէ իրականը, այլ իրականի մէջ գոյ կարելիութիւնները:
Գ.- «Մաշա Բ-ի մուտքն ու ելքը» (Auftritt und Abgang von Mascha B.) վաւերագրական, Գերմանիա, 2020, 14 վ.): Բեմագիր, բեմադրիչ եւ արտադրողն է Լաուրա Էնկելհարթ, որ վկայեալ ճարտարապետ մըն է: Թուայնային գովազդ մը կը պատրաստուի տակաւին անգոյ հաստատութեան մը համար: Կը յօրինուին տարածքային ճարտարապետական ոլորտը եւ անձնակազմը: Մաշա, երիտասարդ եւ հաճելի տեսքով կին մը, ընտրուած է որպէսզի գործածուի իբրեւ այդ անձնակազմի անդամներէն մէկուն նախատիպը: Մենք կը տեսնենք Մաշա Բ.-ի յօրինումի գործընթացը, որ կը սկսի Մաշա Ա.-ը նկարելով բազմաթիւ դիրքերով եւ անկիւններէ: Ապա կու գան սրբագրութեան եւ խմբագրութեան հանգրուանները:
Մարդակերպ էակներ ստեղծելու բներգը հաւանաբար գոյ էր նախքան Փիկմալիոնի հին Յունական առասպելը, որ զանազան դրսեւորումներով բազմիցս օգտագործուած է հետագային: Առասպելը ունէր բարեզարդ աւարտ, երկնային միջամտութեամբ փիկմալիոնի կերտած արձանը վերածուած էր Կալաթէայի (Կաթնաթոյր): Ճարտարագիտական յեղափոխութենէն ետք կու գար Ֆրանքշթայնի «առակը» (1818), որ ահազանգ մըն էր: Բժիշկի կառուցած էակը ճիւաղ մըն է, որ կը սպաննէ զինք արարողը: Ֆրից Լանկի մարդամեքենայ Մարիան (Մեթրոփոլիս 1927) իր կարգին կը վերածուի ոճրաբարոյ էակի մը: Ուեսթուորլտ (Westworld 1973) ժապաւէնի հաճոյակատար ծառաներ ըլլալու համար ծրագրուած մարդամեքենաները կը վերածուին անոպայ ոճրագործներու, որոնք բոլորովին դուրս են մարդոց հակակշիռէն: Բացայայտ ահազանգ …
Ներկայ ժապաւէնը եւս կարելի է ահազանգ համարել: Կենսունակ լիարիւն երիտասարդուհին կը փոխարինուի թուայնային ծրագրուած կառավարելի տիկնիկով մը: Ժապաւէնի աշխատանոցին մէջ կը տեսնենք գեր-գովազդուած «Star Wars» ժապաւէնի տիկնիկներ եւ մանրակերտեր: Ուշադիր հանդիսատեսը կը նկատէ բեմադրիչի երկբայական, քննադատական մօտեցումը: Իսկ զիս ամէնէն աւելի ցնցող տեսարանը այն էր, որ Մաշա Բ.-ը խմբագրող անձը նկարուած էր որպէս նմանակ առաջին CGI (համակարգիչով արտադրուած պատկեր) յաւակնոտ ժապաւէն The Matrix-ի (1999) թուայնատիպ հերոս Neo-ի: Աւարտական տեսարաններուն մէջ կը լսենք Օֆէնպախի Հոֆմանի հեքիաթները օփերան, ուր գիտնական Սփալանզանի, ինչպէս Փիկմալիոն, կը սիրահարի իր ստեղծած տիկնիկ Օլիմփիային: Այդ կարելի է տեսնել որպէս հեգնական վերադարձ դէպի Կալաթէա, դէպի սկզբնակէտ, դէպի այր մարդոց ցնորքը կերտելու երազներու հերոսուհին:
Դ.- Դէպի ծովը` նա երազ է հիւսում (Up to the sea, she weaves a dream) Մարիամ Խալիլզատէ, գծագրային, 9 վ. Իրան):
Տան մը տղամարդը կը մեկնի պատերազմի` ծովու ճամբով (այլաբանակա՞ն): Երիտասարդ, անփորձ կինը թաս մը ջուր կը բերէ պատուհան: Աւանդութիւնը կը պահանջէ, որ ջուրը թափէ մեկնողին ետեւէն, որպէսզի ան ողջ ու առողջ վերադառնայ: Քամին (բնութեան տարերք) թասը կը շրջէ դէպի ներս: Չարագոյժ տեսարանը կու գայ կանուխ: Հովը կը բերէ նամակ մը, որուն պարունակութիւնը չենք իմանար: Ապա լռութիւն: Նամակաբերը իր հեծանիւով կ՛անցնի ու կը դառնայ առանց կանգնելու կնոջ շեմին: Լքուած հեծանիւը կը տեսնենք յենած պատի մը: Ի դէպ, հեծանիւը եւ նամակաբերը կը տեսնուին Խալիլզատէի այլ ժապաւէններուն մէջ:
Կինը անդադար կը հիւսէ վարդագոյն թելով: Թելը կ՛երկարի եւ քնաշրջիկ կինը կը տանի դէպի ծովեզերք, դէպի իր ծովամոյն ամուսինը: Աղջնակը խեցի մը կը տանի իր ականջին` ծովէն ձայն մը լսելու յոյսով:
Կը յայտնուի կէտ մը, որ կրնայ ունենալ այլաբանական մեկնաբանութիւններ: Կինը կը փարի կէտին, կը սուզուի դէպի խորք …
Հայկական.- Մասնակցող բեմադրիչներէն ինը հայ են, որոնցմէ 4-ը` Հայաստանի կողմէ: Բներգները կենցաղային են:
Ա.- Յաջորդը.- Անահիտ Յարութիւնեան, խաղարկային 10 վ.: Ռոբերտ պատահարի որպէս հետեւանք կը կորսնցնէ քոյրը: Կաշառքի պատճառով մեղաւորը պատիժ չի կրեր: Բարոյախօսական:
Բ.- Նախշուն.- Լուսինէ Զաքարեան, վաւերագրական, 5 վ.: Թէ` Հայաստանի մէջ մայրերն ինչպէ՞ս առաջին անգամ դստրերուն հետ կը խօսին դաշտանի մասին: Յուզիչ ժապաւէն:
Գ.- Վերա.- Անի Գրիգորեան, վաւերագրական, 13 վ.: 19-ամեայ կանուխ որբացած երիտասարդուհին կը մնայ «Մեր տունը» հաստատութեան մէջ, որ կը հոգայ անոր ապրուստը, բայց ունի շատ խիստ կանոններ: Իր ամբողջ կեանքը որբանոցի մէջ ապրած երիտասարդուհին կ՛երազէ, թէկուզ պահ մը, այդ «վանդակ»-էն թռչիլ դէպի ազատութիւն:
Դ.- Ժառանգը.- Էլվինա Բարսեղեան, խաղարկային 28 վ.: Զաւեշտական ծաղրանկարային դրուագ մը, որ ցոյց կու տայ, թէ որքան անհեթեթ եւ ծիծաղելի պիտի ըլլար, եթէ այսօր տիրէր մայրիշխանութին, եւ տղամարդիկ վերածուէին հլու տնտեսներու: Ժապաւէնը ստացած է անբաղդատելիօրէն աւելի մեծ թիւով դիտում եւ հաւանութիւն, քան միւսները: Եզրակացութիւնը կը թողում ընթերցողին:
Բոլորս գիտենք, թէ ինչպիսի պայմաններու տակ կը գտնուին շարժապատկերի աշխատողները Հայաստանի մէջ: Կարելի չէ փակել առանց հիացում արձանագրելու կազմակերպողներու կամքին եւ աշխատասիրութեան: Այդ յոյս կը ներշնչէ, որ փառատօնը աճի եւ զարգանայ: Ցտեսութիւն:
- «Տես կանացի աչքերով», Ա. եւ Բ., «Ազդակ» 25 եւ 26 յունուար 2021:
- Heinrich Schütz (1615-1672), Handel (1685-1759), եւ Bach (1685-1750):