«Ազատ Օր»-ի Խմբագրական. Պէտք Չէ Հանդուրժել Եւ Շնչահեղձ Դառնալ Թուրք-Ազրպէյճանական Մամլակին Մէջ
9 նոյեմբեր 2020-ի տխրահռչակ համաձայնագիրի հետեւանքները բացայայտօրէն անելի մատնած են Հայաստանն ու Արցախը: Ռուս խաղաղապահ ուժերու իսկ ներկայութեան, որոնք կը թուին անբաւարար ըլլալ, Ազրպէյճան կը փորձէ ահաբեկել Արցախի հայութիւնը` ոտնակոխ ըրած ըլլալով իր իսկ ձեռքով ստորագրուած համաձայնագիրը, մէկ կողմէ ձմրան սաստիկ պայմաններուն մէջ զրկելով Արցախի բնակչութիւնը կազի մատակարարումէն, միւս կողմէ` Ասկերանի մէջ յառաջխաղացք կատարելով եւ փորձելով գրաւել ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող...



















