Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաղեստինցի Ժիրայր

April 2, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Տակաւին, այո՛, «Ֆալասթինցի Ժիրայր»: Մեր սերունդի  «ամենաբուռն» պատանեկութեան տարիներուն էր, որ այս անունը յաճախ լսելի կը դառնար…

Լսելի կը դառնար ոչ միայն միութենական շրջանակներուն, այլ` ամբողջ գաղութի դրուածքով:

Պատկառելի, ծայր աստիճան լուրջ, թեթեւ ժպիտ մը դէմքին, եւ մանաւանդ դժուար պայմանի մը, պատահարի մը, դէպքի մը ատեն կը յայտնուէր մեզի համար անծանօթ, սակայն սիրելի ընկ. Ժիրայրը, «Պաղեստինցի Ժիրայրը»:

Գիտէինք միայն, որ Պէյրութի Նշան Փալանճեան Ճեմարանին հետ, (որ աւելի ուշ վերակոչուեցաւ ու դարձաւ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան) առնչութիւն մը ունէր ընկ. Ժիրայր, աւելի ուշ, երբ  Ճեմարանը Պէյրութի սրտէն տեղափոխուեցաւ  աշխարհագրականօրէն աւելի քրիստոնէական շրջան համարուող Մըզհեր շրջանը, ընկ. Ժիրայրը նոյնպէս իր աշխատանքի վայրը փոխեց:

Պատերազմը նոր աւարտած էր, եւ Պէյրութը կամաց-կամաց կը վերադառնար իր բնականոն հունին: Իրարմէ  բաժնուած եւ կիսուած մայրաքաղաքը (որ կարծէք կիսուած էր յար եւ նման Պաղ պատերազմի «մասնակից» բեւեռ- երկիրներուն, տեղ մը նոյնպէս կը պահէր այդ ներքին «հարմոնիա»-ն: Այդպէս էր նաեւ, որ արեւելեան Պէյրութը աշխարհին կը ներկայանար, որպէս արեւմտեան պլոքի «կանոններ»-ով ու «քրայթերեաներ»-ով ապրող քաղաք, իսկ միւս Պէյրութը` արեւմտեանը կամ ինչպէս մենք` լիբանանցիներս կ՛ըսենք` «Ղարպիյէ»-ն մեծ ձուլարանն էր ԽՍՀՄ-ի ուժին հաւատացող, այդ ուժի գաղափարական դրօշակը վեր պահող  բոլոր տեսակի ուժերուն:

Պաղեստինցիք, ձախակողմեաններ, անկախ,  բայց ձախամէտ մտաւորական ուժեր, տակաւին,  կրօնական թեքում ունեցող եւ լիբանանցի  անապահով եւ աշխատաւոր խաւերու իրաւունքներուն համար պայքարող ուժեր (որոնք խմորուելով վերածուեցան այսօր շիի համայնքը ղեկավարող երկու հիմնական թեւերուն` իմամ Մուսա Սատըրի հիմնադրած «Հարաքաթ մահրումին»-էն սերած` Ամալ շարժումը եւ աւելի ուշ ալ Իսրայէլի դէմ զինեալ պայքարի դրօշակ պարզած ու Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան գաղափարաբանական դպրոցէն սնունդ առած Հըզպալլա կազմակերպութիւնը, որ ծննդեան առաջին օրերուն կը ճանչցուէր որպէս «Ալ մուքաուամա ալ իսլամիյա» անուանումով):

Այդ օրերուն էր նաեւ, որ կ՛ենթադրէինք, թէ ընկ. Ժիրայրը իր «անուանում»-ը ստացած է  Պէյրութի մէջ կայք հաստատած պաղեստինեան  ջոկատներուն հետ շփուելէն, կապ ըլլալով, սուրհանդակի դեր կատարելով, եւ մեզի համար ալ մինչեւ հիմա թաքուն մնացող (եւ անշուշտ հարկ էր, որ այդ ամէն ինչը մնար ու տեւէր` յարգելով յեղափոխական կուսակցութեան մը անգիր օրէնքներուն աւետարանը) ինչ-որ «յարաբերական» անունով յայտնի առաքելութիւն մը կատարելով:

Ընկ. Ժիրայր մինչեւ ատամները լուրջ, փոքր ժպիտով այս մարդը այդ տեսակի զինուորեալ էր:

Սակաւախօս, լռութեան մէջ ամբողջ աշխարհի մը խորհուրդները իր ուսերուն ու, ամենակարեւորը, գիտակից իր ըրածին եւ գիտակից իր առաքելութեան:

Այդ օրերուն էր նաեւ, որ զինք աւելի սկսայ տեսնել: Ճեմարանի Հայագիտական հիմնարկի օրերն էին, վարժարանի մեծ «օթոպիւսներ»-ը հաւաքուած կ՛ըլլային, իսկ ընկ. Ժիրայր  բոլորին համար յայտնի իր  բարակ ժպիտով խորհուրդներ կու տար Ճեմարանի վարիչներուն:

Վարիչը անշուշտ մեքենայի վարորդն էր, որուն այդ անուանումը տալով քիչ մը ակնածանք եւ քիչ մըն ալ կարեւոր գործ մը կատարողի հոգատարութիւնը  ցոյց կը տրուէր: Այդ օրերուն էր նաեւ, որ արդէն ինծի պարզ կը դառնար, որ նոյն ընկ. Ժիրայրը` «Պաղեստինցի Ժիրայր»-ը  իրապէս «պահապան հրեշտակ»-ն է  ՀՅԴ անուանի գործիչ եւ Ճեմարանի երկար տարիներու տնօրէն Հրաչ Տասնապետեանին:

Ամէն տեղ ընկ. Հրաչին կողքին էր, ու կարծես ստեղծուած էր տպաւորութիւն, որ նախքան ընկ. Հրաչին որեւէ տեղ գտնուիլը կամ այցելելը`  արդէն իսկ իրմէ շատ առաջ «դէպքի վայր» հասած պէտք էր ըլլար ընկ. Ժիրայրը, նոյն «Պաղեստինցի Ժիրայր»-ը:

Յետպատերազմեան Պէյրութը անցած էր ինքնակազմակերպումի մեծ փուլին, ամէն տեղ աշխատանք, եռուն կեանք, նոր եւ թարմ ծրագիրներ ու ասոնց բոլորին կողքին, դէպի լուսաւոր ապագան նայող քաջ երիտասարդութիւն: Աւելի կոփուած էր մեր կեանքը, գիտէինք նաեւ, որ անցեալի դառն տեսարանները ա՛լ պիտի չըլլան, ու գիտէինք նաեւ, որ Պէյրութը դարձեալ պիտի ծաղկի, եւ մենք անոր լուսաւոր օրերուն ու պայծառ գիշերներուն երանգներովը պիտի ապրինք:

Գուցէ գեղարուեստական բանի մը մերձ եղաւ նկարագրականը, բայց ամենակարեւորն այն էր, որ այդ լուսեղէն սպասումներուն մէջ գոյացած, ամրացած էր մեծ հաւատքը:

Այդ հաւատքի շէնքին մէջ կային այնպիսի մարդիկ, որոնք վաստակած էին այդ յարգանքը, ապրած էին մեր քաղաքի, «քաղաք»-ի (պէյրութցիք «Ղարպիյէ» շրջանին քաղաք անուանումը կը սիրէին տալ) ամբողջ օրհասը, անցած էին վտանգներէն ու հիմա եկած էր իրենց պայքարէն  դաս մը սորվելու իրական ժամանակը:

Սակաւախօս էին այդ մարդիկ, անկեղծ էին, ժպտացող էին ու ամենակարեւորը` սիրող:

Այդ տեսակին կը պատկանէր ընկ. Ժիրայրը, նոյն «Պաղեստինցի Ժիրայր»-ը, որ այս օրերուն  յաւերժին մէջ փակեց իր աչքերը եւ այս օրերուն ալ պիտի միանայ իր այնքան սիրած քաղաքին` Պէյրութի հողին:

Իր տեսակին մասին կ՛արժէ երկար մտածել, իսկ բնութագրում մը տալու համար կ՛արժէ մէկ բառով լրացնել ամէն ինչ ու ըսել, որ ան` ընկ. Ժիրայրը «խոնարհ հերոս»-ներու շարքին հերթական մէկ զինուորն էր, պարզ, անմիջական ու ամենակարեւորը` անկեղծ ու նուիրական:

 

 

Նախորդը

Խոնարհ Հերոսի Մը` Ժիրայր Նալպանտեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն. Հաղորդագրութիւն (Քաղաքացիներուն Եւ Ելեկտրածին Շարժակներու Սեփականատէրերուն` 2022 Մարտ Ամսուան Ելեկտրականութեան Վճարումին Վերաբերեալ)

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.