Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազատ Օր»-ի Խմբագրական. Պէտք Չէ Հանդուրժել Եւ Շնչահեղձ Դառնալ Թուրք-Ազրպէյճանական Մամլակին Մէջ

Ապրիլ 4, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

9 նոյեմբեր 2020-ի տխրահռչակ համաձայնագիրի հետեւանքները բացայայտօրէն անելի մատնած են Հայաստանն ու Արցախը: Ռուս խաղաղապահ ուժերու իսկ ներկայութեան, որոնք կը թուին անբաւարար ըլլալ, Ազրպէյճան կը փորձէ ահաբեկել Արցախի հայութիւնը` ոտնակոխ ըրած ըլլալով իր իսկ ձեռքով ստորագրուած համաձայնագիրը, մէկ կողմէ ձմրան սաստիկ պայմաններուն մէջ զրկելով Արցախի բնակչութիւնը կազի մատակարարումէն, միւս կողմէ` Ասկերանի մէջ յառաջխաղացք կատարելով եւ փորձելով գրաւել ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Փառուխ գիւղը եւ Քարագլուխ զինուորական բարձունքը: Չորս օրերու լարուած կացութենէն եւ ռազմական գործողութիւններէն ետք, հակառակ խաղաղապահ ուժերու նախնական յայտարարութեան, թէ իրենց միջնորդութեամբ եւ բանակցութիւններուն շնորհիւ ազրպէյճանական զօրամիաւորումները ետ քաշուած են Փառուխէն, թշնամիին ուժերը կը շարունակեն գրաւած պահել Քարագլուխի բարձունքի մէկ հատուածը:

Եթէ ռուսական ուժերը չյաջողին ետ մղել ազրպէյճանական ստորաբաժանումները, եւ վերջինները ամբողջութեամբ ամրակայուին Քարագլուխ բարձունքին վրայ, այն ժամանակ, Շուշիէն ետք, Ազրպէյճան ունեցած պիտի ըլլայ ռազմավարական երկրորդ յենակէտ մը, ուրկէ անմիջականօրէն պիտի հսկէ Արցախի դաշտավայրերուն եւ մայրաքաղաք Ստեփանակերտին վրայ:

Վտանգը չէ վերացած: Յայտնի կը դառնայ, որ Ազրպէյճան դարձեալ պիտի դիմէ զէնքի ուժին` կտրելով շփման գիծը եւ գրաւելով ռազմական նշանակութիւն ունեցող դիրքեր: Ըստ փորձագէտներու, եթէ Ազրպէյճան յաջողի յառաջխաղացք ունենալ Արցախի հողին վրայ, իր յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ Լաչինի անցքը ու անոր հսկողութիւնը իր ձեռքը առնելու ամէն տեսակի փորձ, Հայաստանէն ընդմիշտ պոկելու համար Արցախը, համաձայն իր հայաջինջ քաղաքականութեան:

Ակնյայտ է Ազրպէյճանի սադրանքը, երբ նոյնիսկ վերջին յարձակումներուն դիմաց Մոսկուայի պաշտօնական յայտարարութիւններուն եւ մեղադրանքներուն պատասխանելով` Պաքուն լկտիաբար հայկական կողմին վրայ կը բարդէ իր իսկ յարձակողականութեան դրսեւորումները եւ հայկական բանակը կ՛որակէ «անօրինական զինուած ուժեր»` Արցախէն անոնց դուրս բերելու պահանջը դնելով ռուսական կողմին առջեւ:

Յստակ է Ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը: Արցախի հայաթափումը իր թիւ մէկ նպատակն է, որուն համար ամէն միջոց եւ սադրանք ի գործ դրած է յաջողելու համար իր հակահայ ծրագիրներուն մէջ:

Անդին` ականատես կ՛ըլլանք թրքական խորամանկ քաղաքականութեան, որ կը գործադրուի հայ-թրքական երկխօսութեան շղարշին տակ, որուն որոգայթին մէջ մեծ փութկոտութեամբ ինկած է հայրենի ղեկավարութիւնը` առանց հաշուի առնելու, թէ երբ Հայաստան մինակ մնացած է տարածաշրջանէն ներս, Թուրքիա եւ Ազրպէյճան համատեղ կը կարգաւորեն իրենց տարածաշրջանային քաղաքականութիւնը եւ հետագայ քայլերը, շնչահեղձ ընելու Հայաստանն ու Արցախը եւ ջլատելու համար խաղաղութեան վերականգնումին միտուած բոլոր ջանքերը:

Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումի հանդիպումներու սիրալիր եւ ժպտադէմ խօսակցութիւններու լուսարձակներուն տակ բանակցող կողմերուն կողմէ քաջալերական խօսքերը եւ մասնաւորաբար Հայաստանի դիւանագիտութեան ներկայացուցիչին կողմէ յուսալից արտայայտութիւնները առ ոչինչ եղան, պարզապէս որովհետեւ նպատակը մէկ է` երկու կողմէն ճնշել Հայաստանն ու Արցախը, թուլացնել անոր դիւանագիտական միջոցները եւ թրքական քաղաքականութեան հպատակեցնել հայ ժողովուրդի օրակարգը, ընդմիշտ վերացնելով Արցախի հիմնահարցի արդար լուծումը, ինչպէս նաեւ` գետնին հաւասարեցնելով հայութեան իրաւական պահանջներն ու արդար սպասումները:

Կատարուածը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ ստորագրուած «Շուշիի հռչակագիր»-ի գործադրումը դիւանագիտական եւ ռազմական միջոցներով, որուն գլխաւոր նպատակն է այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ի պարտադրանքով Հայաստանին վրայ` մեր երկիրը եւ անոր բնակչութիւնը խեղդել նորօսմանական մամլակի ճնշող ուժին մէջ:

Վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ յստակ կը դառնայ, որ հայ-թրքական խօսակցութիւններու փակ գործընթացը եւ անոնց կողքին հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւնները

կանխորոշող` Ազրպէյճանի կողմէ 5 կէտերու փաստաթուղթը լուրջ վերապահութիւններ եւ սպառնալիքներ կ՛ընդգրկեն իրենց մէջ:

Արցախի ու Հայաստանի մէջ ապրող ժողովուրդի իրաւունքները անտեսելու կամ մերժելու միտուած որեւէ նկրտում պարզապէս անընդունելի կը դառնայ: Արցախի հայութեան ձգտումներուն հակասող որեւէ զիջում, որեւէ յանձնառութիւն մերժելի է` ըստ ամենայնի, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութենէն վերապրած սերունդներու իրաւունքները ոտնակոխելու որեւէ փորձ կտրականապէս դատապարտելի է:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի յայտարարութիւնը ինքնին խօսուն է ամբողջ հայութեան ընդվզումին ու Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու ոտնահարման առաջքը առնելու համահայկական զօրաշարժի կարեւորութեան համար: Միաժամանակ պէտք է զայն զօրաւոր կոչ մը համարել հայրենի իշխանաւորներուն` սթափելու եւ անյապաղ ստեղծելու միասնականութեան եւ համահայկական մակարդակով գործելու այն մթնոլորտը, որ այսօր, աւելի քան երբեք, անհրաժեշտ է դիմակայելու համար թուրքեւազրպէյճանական սադրանքներու նորանոր յառաջխաղացքը` դիւանագիտական եւ ռազմական գետնի վրայ:

Համահայկական տարողութեամբ պէտք է դիմադրել այն բոլոր ոտնձգութիւններուն, որոնք հայութեան  կը պարտադրուին` Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ բարի դրացնութեան եւ այսքան տանջուած խաղաղութեան մը գաղափարը դաշտ բերելով, կատարուած իրողութիւններ ստեղծելու, սահմանազատումի, սահմանագծումի, Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը ճանչնալու, զանազան հարթակներու ստեղծման քաղաքական հաշիւներու եւ ռազմական արիւնալի գործողութիւններու պարտադրանքին տակ:

Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի յարձակողականութիւնը ու հայութիւնը շնչահեղձ ընելու իրենց կրկնուող քաղաքականութիւնը պէտք չէ անպատասխան մնան:

Հայութիւնը պարտաւոր է համախոհութեամբ եւ ազգային արժանապատուութեամբ առերեսուելու իր ապագային հետ: Պահպանելու համար մեր ժողովուրդի իրերայաջորդ սերունդներու արդար իրաւունքները, Արցախի գոյութիւնը եւ հայութեան ապրելու երաշխիքը:

Նախորդը

Սփիւռքն Ու Հայրենիքը Կորսնցուցին Բան-Ա-Ստեղծ Մը (Խոսրով Ասոյեանի Յիշատակին)

Յաջորդը

ՋԱՀ Լրատուական – Թիւ 3. Հարցազրոյց Ջաւախքի Եւ Ջաւախահայութեան Մասին` Անցեալէն Մինչեւ Այսօր

RelatedPosts

Վոսփորէն Պայքալ Եւ Թուրան, Լռած Եւրոպան,  Ռուսը, Արաբը, Ամերիկան Եւ… Հայաստանը
Անդրադարձ

Վոսփորէն Պայքալ Եւ Թուրան, Լռած Եւրոպան, Ռուսը, Արաբը, Ամերիկան Եւ… Հայաստանը

Օգոստոս 19, 2022
Խոնարհութիւնը` Մեծութեան Միակ Գրաւականը
Անդրադարձ

Խոնարհութիւնը` Մեծութեան Միակ Գրաւականը

Օգոստոս 19, 2022
Ուշացած   Շնորհակալութիւն
Անդրադարձ

Գրախօսական. Պատմագիտական Լուրջ Ուսումնասիրութիւն Մը Հայ Ժողովուրդի Ազատագրական Պայքարի Ոսկեայ Էջերէն

Օգոստոս 19, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In