
Վերջին շաբաթներուն Գարավարդանեան ընտանիքը խոր սուգի մատնուեցաւ, երբ անակնկալ կերպով կորսնցուց իր հարազատներէն, ընտանիքին սիւնը նկատուող Յակոբը: Հակառակ Լիբանանի (եւ համայն աշխարհի) մէջ փետրուար 2020-էն ի վեր տիրող «Քորոնա» ժահրի վարակիչ մահասփիւռ մթնոլորտին` Յակոբ երեք պատուաստները ստացած էր եւ «Փի.Սի.Ար.»-ի ժխտական արդիւնքներով միտքը «հանգիստ» էր, սակայն անոր առողջական վիճակին անակնկալ խանգարումը, մարմնապէս հեռացուցած էր զինք իր հարազատներէն ու բարեկամներէն` ցնցելով ու շփոթի մատնելով իր ընտանիքն ու սիրելիները:
Յակոբին հետ առաջին ծանօթութիւնս եղած էր տարիներ առաջ` ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբին մէջ, երբ երիտասարդ, թիկնեղ, գերմանացիի տեսքով ակումբ եկաւ, ու երբ կը պատրաստուէի հարցնել, թէ ո՞վ է այս երիտասարդը`«Ահլե՜ն գերմանացի» բառերը լսեցի շուրջս նստողներէն: Ապա բարեկամացանք ու մտերմացանք, եւ առիթ ունեցայ զինք յաճախ տեսնելու, մերթ պարզ հագուածքով ու մերթ` հայաբնակ թաղերը պաշտպանող տղոց յատուկ «տարազ»-ով: Սակայն Պուրճ Համուտի հայաբնակ թաղերու պաշտպանութեան իր կամաւոր մասնակցութիւնը կարճատեւ եղած էր: Ապու Տապիի «Իթթիհատ» թերթէն աշխատանքի առաջարկ ստանալով, մեկնած էր հոն` իր «ապագան» կերտելու: Տարիներ ետք, երբ ան վերադարձած էր Պէյրութ` հարազատները տեսնելու, բախումներու բռնկումով` ճամբաները փակուած էին: Ստիպուած` Յակոբ հրաժարած էր կրկին Ապու Տապի մեկնելէ ու որոշած` Պէյրութ մնալ եւ ընտանիք կազմել: Անոր մայրը վերադարձուցած էր մինչ այդ իր աշխատավարձէն ընտանիքին համար ղրկած, բայց չգործածուած «ամսական ծախս»-ի կուտակուած կոկիկ գումարը` «Տունը խանութ չի բանար, բայց խանութը տուն կը բանայ» ըսելով ու թելադրած` սեփական իր «գործը» հիմնել: Այդպէս ալ եղած էր, ու Յակոբ, եղբօրը եւ հարազատներու օգնութեամբ, հիմնած էր իր անձնական հաստատութիւնը, որ դժբախտաբար հետագային Լիբանանի մէջ տիրած ապահովական անկայուն վիճակին ու տնտեսական աննպաստ պայմաններուն բերումով, ստիպուած, փակած էր: Սակայն «Երբ դուռ մը փակուի, Աստուած ուրիշ դուռ կը բանայ» կ՛ըսեն, ու բարեբախտաբար ծանօթ մը կ՛առաջարկէ իրեն` միասին աշխատիլ իր հաստատութենէն ներս: Յակոբ կ՛ընդառաջէ ու երախտապարտ մնալով` կը պաշտօնավարէ հոն, մինչեւ իր վաղաժամ մահը:
Ան եղած էր հոգատար հայր ու ճիգ չէր խնայեր իր զաւակներուն յաջող ու փայլուն ապագայ ապահովելու: Բնատուր ձիրքով` վարպետ գծող էր ու իր արհեստին բերումով հմտացած էր այդ մարզին մէջ, ժառանգաբար արուեստի այդ «խմորումը» փոխանցելով իր զաւակներուն: Ու իրապէս, անոր մէկ զաւակը, մասնագիտանալով այդ ճիւղին մէջ, կը դառնայ խոստմնալից երիտասարդ գեղանկարիչ-քանդակագործ:
Յակոբ նուիրումով ու ճշդապահութեամբ կ՛աշխատէր ու իր աշխատանքի ժամերուն ընձեռած յարմարութեամբ, կը մասնակցէր շրջանի միութենական գործունէութեան: Օրինակ` կը յիշեմ մեր հանդիպումը, Համազգայինի յոբելեանի մը առիթով «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի մէջ կայացած երեկոյթին, ուր ինք ալ ներկայ էր` որպէս անդամ այդ առիթով կազմուած օժանդակ ենթայանձնախումբին` Ճեմարանի (հանգուցեալ) օրիորդ Ալիսին, գրագիտուհի Նազին եւ ուրիշներու կողքին: Հոն էր նաեւ իր ապագայ կողակիցը` Սիլվան, որ նոյնպէս մաս կը կազմէր այդ ենթայանձնախումբին:
Խառնուածքով ծառայասէր, շէնշող ու կատակասէր էր: «Քորոնա»-ի սկիզբները, երբ մարդիկ մտահոգ էին, թէ իրենք ալ կրնան վարակուիլ ու «վեր բարձրանալ», Յակոբ կը կատակէր` ըսելով. «Եթէ ես վարակուիմ, տեղս ապահոված եմ, բնաւ մի՛ մտահոգուիք ինծի համար հող գնելու…»: Սակայն անցնող տարին խիստ ծանր եղած էր Յակոբին եւ իր հարազատներուն համար: Կորսնցուցած էր քեռայրը, քանի մը ամիս ետք նաեւ` քոյրը, ինչ որ առաւել եւս վշտացուցած էր զինք: Զուարթ նկարագրով այս հայորդին թէեւ կը փորձէր միշտ ժպտուն ու կենսուրախ երեւիլ, բայց հարազատներուն կորուստը զգալիօրէն ազդած էր վրան: Այսուհանդերձ, ան սիրով, ժպտերես ու ազնուութեամբ կը վարուէր շուրջիններուն հետ: Ան սիրուած ու յարգուած էր բոլորէն` իր պաշտօնավարած հաստատութեան պաշտօնեաներէն, միութենական բարեկամներէն թէ ծանօթներէն: Ան կը սիրէր կեանքը եւ շատ ծրագիրներ ունէր գործադրելիք այն ենթադրութեամբ, որ ինք տակաւին «ժամանակ ունի»` առանց կռահելու, որ անողոք մահուան ուրուականը զի՛նք եւս թիրախաւորած էր:
Սիրելի՛ Յակոբ, անփոխարինելի մարդ չկայ, ճի՛շդ է, սակայն դուն անփոխարինելի ես զաւակներուդ, ընտանիքիդ ու հարազատներուդ համար:
Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ ընկեր: Խունկ ու ծաղիկ շիրիմիդ:
ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԻՑ ՍԳԱԿԻՐ ԲԱՐԵԿԱՄ ՄԸ


