Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Վահան Թէքէեան իր «Բարձրացում» բանաստեղծութեան մէջ ունի մօտաւորապէս հետեւեալ տողերը. բարեկամները (աւելցնենք` գաղափարակից ընկերները) անոնք են, որոնք միասնաբար կը մտածեն կարելի ու անկարելի բաներու մասին. սակայն այս աղուոր գիւտէն անդին չ՛անցնիր` հարց տալու, թէ մարդս ի՞նչ կացութեան, հոգեվիճակի կը մատնուի, երբ տասնամեակներ շարունակ ունի այս արժանիքը լիացնող ընկեր մը Խոսրով Ասոյեան անունով, եւ օր մըն ալ յանկարծ կը կորսնցնէ զայն, չի կրնար պատասխան գտնել այն հարցումին, թէ ի՞նչ է ստեղծուած կացութիւնը ընդունելու, կուլ տալու ձեւը, ինչպէ՞ս կարելի է դուրս գալ անկարելիին սպասումէն, համակերպիլ այն «գաղափարին», որ անոր հետ հանդիպելու կամ հեռաձայնով զրուցելու առիթ պիտի չունենաս:
Սպասումը եւ անպատասխան ակնկալութիւնը վստահաբար մեղանչում չեն, սակայն վստահ չեմ, թէ արդեօք մեղանչո՞ւմ է այն, որ երբ վերջին հրաժեշտի համար եկեղեցի գացած ես եւ կը հետեւիս յուղարկաւորութեան արարողութեան, յանկարծ յիշատակներդ, որոնք վերջին շաբաթներուն մէկ-մէկ վերականգնած են մտապատկերիդ մէջ, յանկարծ յորձանուտի վերածուին եւ կլանեն ամբողջ ուշադրութիւնդ, քեզ անջատեն շրջապատէդ: Յուշեր եւ յիշատակելի դրուագներ, պատկերներ, որոնք կը տարածուին աւելի քան կէս դարու վրայ (ինչպէ՜ս ալ արագ սահեր-գացեր են տարիները): Եթէ փորձեմ այդ բոլորը վերարտադրել այստեղ, հաւանաբար բազմաթիւ էջերով հատորիկ մը պիտի կազմուի, հետեւաբար պէտք է կատարեմ ընտրութիւն, յանձն առնեմ ուրիշ տեսակի մեղանչում մը` զանց առնել այնպիսի բաժիններ, որոնք կ՛իյնան զուտ անձնականի կալուածին մէջ, կամ` բաներ, որոնք հեռացած ընկերս պիտի չուզէր լոյս աշխարհին յանձնել` ըստ խորհրդապահութիւն պահելու իր բնաւորութեան:
***
Աւազանի անունով` Խոսրով Ասլանեան, իբրեւ բանաստեղծ` Խոսրով Ասոյեան: Չէ՛, կրօնաւոր չէր, ո՛չ ալ Ասոյեանը սոսկական գրչանուն մըն էր (բայց այդ մասին չաճապարեմ): Մեր ծանօթութեան «կնքահայրը» ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնն էր, որուն երբ միացայ աւելի քան 50 տարի առաջ (Օ՜, տարիները ինչպէ՜ս սահեր-գացեր են), շատերու պէս արդէն հոն էր Խոսրովը: Շատերու հետ մտերմութիւնը աւելի հեզասահ գնաց, մինչդեռ Խոսրովը անոնցմէ էր, որոնց հետ հեռաւորութիւնը մնաց որոշ ատեն: Ժողովներէն առաջ սովորութիւն դարձուցած էինք զուարճալիքներ պատմել իրարու, սակայն ան չէր մասնակցեր այդ «նախաժողովներուն». ունէր լուրջ դիմագիծ, որ երբեմն «պաշտպանուած» կ՛ըլլար բաւական մութ գոյնով ակնոցներով: Ժողովներու պահուն ալ ընդհանրապէս լռակեաց էր, մինչդեռ կային քանի մը «մենակատար»-ներ, որոնք երբեմն վէճերով փոթորիկ կը ստեղծէին:
Որոշ ատեն ետք վարչութիւնը նորագիրներս նշանակեց տարբեր յանձնախումբերու, խմբակներու մէջ: Ես բաժին ինկայ մամուլի խմբակին, որուն գլխաւոր պարտականութիւնն էր աշխատակցիլ «Ազդակ»-ի «Զաւարեանական էջ»-ին: Օհօ՜, մեր թեւերուն տակ ինչպիսի՜ հովեր լեցուեցան: Աշխատակցիլ «Ազդակ»-ի՜ն: Խորքին մէջ աշխատանքին ծանրութեան բաժինը կ՛իյնար աւելի փորձառու եւ արդէն գրիչ շարժելու վարժ, որոշ թրծում ապրած ընկերներու ուսերուն: Խոսրովն ալ մաս կը կազմէր այդ խմբակին եւ հոն էր, որ իմացանք, թէ ան… բանաստեղծ էր, անոր բխումները սկսած էին տարածուիլ գրական թերթերու էջերուն:
Մինչեւ Խոսրովի այդ արժանիքին ծանօթացումս, մեզի` թերխաշներուս համար բանաստեղծը գիրքերու էջերէն ժպիտով կամ խոհուն դէմքերով ընթերցողին նայող նկարն էր, կամ ալ… կատակի նիւթ դառնալու թեկնածու մը. բանաստեղծ կը համարուէր ան, որ քիչ մը կտրուած է իրական աշխարհէն, «ոտքերը գետինը չեն», տարուած է զգացականութեամբ եւ այլուրային ոլորտներու մէջ կը տուայտի: Որքան յառաջացաւ Խոսրովին հետ ծանօթացումս, ա՛յնքան աւելի հիմնաւորուեցաւ հակադիր մտածումը, թէ` բանաստեղծը յիշեալ` «դասական» հասկացողութեան համապատասխանող անձը չէ անպայման (թէեւ ոմանք լաւապէս արդարացուցած են յիշեալ սահմանումները), այլ` մէկը, որ կանգնած է կողքիդ, քեզի պէս միս-ոսկորով երիտասարդ է, ունի քեզի նման զգացումներ, գերին չէ զգացումներուն, անհաղորդ չէ զգացական աշխարհին, սակայն իր մէջ գերակշռող է տրամաբանութիւնը, խոհականը, որ զինք կրնայ հասցնել փիլիսոփայելու ոլորտ: Կը մտածէ քեզի եւ ուրիշներու պէս, սակայն քեզմէ հիմնական տարբերութիւններ ալ ունի. ան ի վերուստ օժտուած է այն կարողութեամբ, որ զգացածը, մտածածը եւ ապրածը հարազատօրէն կ՛արտացոլացնէ թուղթին վրայ, կը վերարտադրէ գիրով, բառերով, տողերով ու պատկերներով, որոնք դուն երբեք պիտի չկարենաս ընել, չունիս այդ «խմորը»: Խոսրովը կանուխէն իր տեղը ամրագրած է դասուն մէջ այն բանաստեղծներուն, որոնց արտայայտուելու իւրայատուկ ձեւ(եր)ը կ՛անցնի ընթացիկ գրութեան մը ոճային եւ գրելաձեւի սահմաններէն շա՜տ անդին, զինք ալ կը վերածեն ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ-ի ու ԲԱՆ-Ա-ՍՏԵՂԾ-ի, այսինքն` իւրայատուկ խօսք ստեղծողի, կը դասեն տարբեր հորիզոններ գծողներու փաղանգին մէջ: Նման գրողներու եւ բանաստեղծներու ալ կը պատշաճի Սայաթ Նովայի մէկ տողը. «Իմ գիրն ուրիշ գրէն է…»:
***
Եւ պատահեցաւ, որ 1971-ի ապրիլ 24-ին, Զաւարեան ուսանողական միութիւնը, երէց ու պատասխանատու սերունդի քաջալերանքով, նախաձեռնեց մեր նորագոյն պատմութեան առաջին հրապարակային ցնցող ձեռնարկը` Պիքֆայայէն դէպի Անթիլիասի մայրավանք քայլարշաւը, այսինքն` մարդկային կամուրջ մը ստեղծել (այդ օրերուն նորակերտ) Պիքֆայայի յուշակոթողին եւ մայրավանքի շրջափակին մէջ տասնամեակներ առաջ կանգնած Նահատակաց մատուռին միջեւ: Սա հայութեան բողոքի ու պահանջատիրական ձայնը քանի մը տեսիպել աւելի՛ ուժեղ պիտի հնչեցնէր Ցեղասպանութեան 50-ամեակին առիթով, Պէյրութի մարզաւանի պատերէն ներս հնչած համահայկական ձայնէն:
Կանուխ առաւօտուն, փոխադրակառքերով հասանք Պիքֆայա: Երկրորդ փոխադրակառքէ մը վար իջնողներուն շարքին էր Խոսրովը: Առաջին ակնարկով իսկ զգացուց, որ բոլորովին տարբեր Խոսրովի մը դիմաց կը կանգնէի այդ օրը: Փոխադրակառքի սանդղամատէն վար ցատկողը բոցավառ աչքերով, հայութեան ու մասնաւորաբար երիտասարդութեան զայրոյթն ու քաղաքական կամքը դէմքին խտացուցած Խոսրով մըն էր` կիտուած յօնքերով, պրկուած շրթունքով: Մեզի տրամադրուած` բռունցքի պատկեր կրող կարմիր ժապաւէնները փոխադարձ օգնութեամբ ամրացուցինք մեր բազուկներուն եւ անցանք մեր պարտականութեան:
Քանի մը ժամ ետք Խոսրովին դարձեալ հանդիպեցայ մայրավանքի շրջափակին մէջ, երբ աւարտած էինք մեր պարտականութիւնը: Ցասումի, զայրոյթի եւ հատուցում պահանջողի նոյն պատկերը գամուած կը մնար դէմքին վրայ, զանոնք լարուած կը պահէր յոգնութեան նշոյլն իսկ ցոյց չտուող էութեան մէջ, մինչդեռ շատերս հեւասպառ էինք…
***
Նոյն շրջանին էր, որ օր մը, մեր ժողովներէն մէկուն սկզբնաւորութեան, երբ յանձնախումբի անդամներս տաք զրոյցի բռնուած էինք, Խոսրովը ժողովատեղի հասաւ ձեռքին ունենալով փաթեթ մը: Բացաւ մեղմ ժպիտ եւ անչափելի գոհունակութիւն բուրող նայուածքով մը, մեզի բաժնեց իր առաջին հատորէն` «Կէտեր»-էն օրինակներ: Հատորով մը հրապարակ գալը տարբեր կշիռ մը կու տար գրողին, կը վաւերագրէր, կ՛ամրագրէր ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ-ը:
Սերնդակից ընկերներու քաջալերանքով անդամակցած էի նաեւ Համազգայինի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղին: Չզարմացայ, երբ Խոսրովը գտայ նաեւ հոն: Բնական միջավայր մըն էր իրեն համար. բանաստեղծ-գրող «ձուկ»-ը մշակութային հոգեհարազատ «աւազան»-ին մէջ էր: Հոն էր, որ երախայրիքէն մօտաւորապէս երկու տարի ետք, դասախօսական ձեռնարկի մը սկզբնաւորութեան, Խոսրովը դարձեալ փաթեթով մը մօտեցաւ ընկերներու եւ տրցակ-տրցակ յանձնեց իր երկրորդ հատորէն օրինակներ: Լոյս տեսած էր «Արեւագալ»-ը (այս սիւնակները տեղը չեն մտնելու անոր հատորներուն եւ բանաստեղծական գործերուն էջերուն մէջ):
Մշակոյթի մարդիկ, Պէյրութէն մինչեւ Հայաստան, ողջոյնի արտայայտութիւններով արձագանգեցին նորածինին աշխարհ մուտքին: Գրականութեան աշխարհին մեծ դուռը բացուած էր անոր առջեւ, ու ան քալեց դէպի նոր հորիզոններ:
***
Ուսուցիչ էր, ուսուցչական դաշտ մտայ նաեւ ես: Տարբեր աշխարհներու մէջ էինք. ինք` ազգային վարժարանի մէջ դասատու, ես` աւետարանական վարժարանի մը: Տարբեր աշխարհներուն միջեւ կային բազմաթիւ հասարակաց գիծեր, բաւարարութիւն տուող կացութիւններու կողքին, կային նաեւ տագնապ առթող վիճակներ: Հայերէնով աւանդուող նիւթերուն նկատմամբ դանդաղօրէն աճող անտարբերութիւնը, Հայ Դպրոցին դիմագրաւած դժուարութիւնները, դասագիրքերու հնացումը, ուսուցչական ասպարէզին երկնակամարին լոյսի նուազումը եւ այլն մեր զրոյցներուն, մտահոգութեանց եւ մտասեւեռումներուն առանցքներն էին. «մեր» ըսելով` ի մտի ունիմ հասակակից ուսուցիչներ, որոնք կրթական տարբեր օճախներէ նոյն տագնապը կը հաւաքագրէին հասարակաց աւազանին մէջ (այսօր, երբ ետ կը նայիմ, անոնք մինչեւ իսկ երանելի՜ օրեր կրնամ որակել, ու Խոսրովին հետ այս խորացող «մղձաւանջը», մինչեւ իր մեկնումը կանխող շաբաթներուն ալ, մնաց մտատանջութեան նիւթ):
Երանութեամբ եւ բաւարարութեամբ կը յիշէր, որ այդ օրերուն դպրոցին մէջ դրական փոթորիկ մը ստեղծած էր` աշակերտները մղելով հրատարակելու պատի թերթ մը եւ այդ ճամբով անոնց միջեւ մրցակցութիւն ստեղծելով հայութեան մասին (պատմութիւն, աշխարհագրութիւն, մշակոյթ եւ այլն) արտադասագրքային նիւթեր գտնելու համար: Դպրոցին տնօրէնին գնահատանքը մարմնաւորուած էր` մրցանակաւորներուն գիրքեր նուիրելով…
***
Պայթեցաւ Լիբանանի «քաղաքացիական պատերազմ»-ը, որ, ինչպէս յստակ է մինչեւ այսօր, ներքին տագնապ մը արտայայտելէ շատ աւելին էր. փաստօրէն Լիբանան դարձած էր արտաքին մահասփիւռ-մաշեցնող խաղերու մէկ «պանդոկ»-ը:
Բոլոր շրջաններուն եւ համայնքներուն շարքին, հայութիւնն ալ իր բաժինը ըմպեց դառն բաժակէն: Մինչեւ այսօր ալ նորանոր եւ շատ աւելի դառն բաժակներ կը հրամցուին լիբանանցիներուն եւ… ըմպողները կը մնան նոյնը` բոլոր համայնքներու զաւակները, զանգուածները, որոնք հեռու ինկած են «մենաշնորհեալներու» դասէն:
Կարճ ատեն ետք աշխատանքի կոչուեցայ «Ազդակ»-ի խմբագրական կազմին մէջ: Պէտք էր անցնիլ «արեւմտեան Պէյրութ», ուր կը գտնուէր խմբագրատունը, հոն կար նաեւ ստուարաթիւ հայութիւն, բոլորուած` «Արա Երեւանեան» նորահաստատ կեդրոնին (փոխարինած էր Ս. Նշանին ետին գտնուող հին-պատմական ակումբը), Ճեմարանի, ՀՄԸՄ-ի, ՀԲԸՄ-ի ակումբներուն, Ս. Նշան եկեղեցւոյ, Հայ աւետ. եւ Հայկազեան քոլեճներուն շուրջը, տարածուելով մինչեւ Պասթայի սահմանները, Համրա եւ աւելի անդին:
Խոսրովը հոն ալ հասած էր կանուխէն: Քանի մը տարի առաջ «Բագին»-ին իր աշխատակցութիւնը չէր, որ զինք հոն տարած էր: Պահը գրիչ չէր հարկադրեր, այլ` լծուիլ հայկական կառոյցներու պաշտպանութեան` քիչ մը անկարելի եւ ստուգապէս վտանգալից առաքելութեան մը: Հայկական կեդրոնները կը գտնուէին ճակատումներու տաք գօտիներուն կամ անոնց անմիջական դրացնութեան մէջ: Խոսրովը այն ընտրեալ նուիրեալներէն էր, որոնք պէտք էր պահ մը հեռանային պուրճհամուտեան` «արեւելեան» գօտիի հայահոծ շրջաններէն եւ իրենց պարտականութիւնը իրականացնէին այլուր: Տարիներ ետք էր, որ Խոսրովը, իրեն յատուկ խորհրդապահութեամբ եւ համեստութեամբ, պիտի պատմէր, թէ որոշ օրեր ինչպիսի՜ վտանգներ դիմագրաւած են ինք ու խմբակից տղաք, իրենց «արեւմտեան» առաքելութեան օրերուն: Իսկ այդ դառն փորձառութիւնները պարզապէս նախերգանքն էին այն երկարապատում ու վտանգալի դրուագներուն, որոնք իրեն համար տարիներ եւս պիտի շարունակուէին «արեւելք»-ի մէջ, մինչեւ երկրէն իր հարկադիր հեռացումը:
***
Պէյրութի մէջ Խոսրովին հետ վերջին հանդիպումներէս ամէնէն տպաւորիչը եղաւ այն օրը, երբ զինք տեսայ, իր քիչ մը թանգարանային «Օփել»-ով, «Արա Երեւանեան» կեդրոնին մօտ: Յաճախ «Բագին»-ի խմբագրատունը կու գար աշխատանքի համար, երբեմն առիթ կ՛ըլլար հանդիպելու, զրուցելու, կատակ մը փոխանակելու, սակայն այդ օրը տարբեր բան մը կար ինքնաշարժին մէջ: Համեմատաբար խաղաղ, անհրթիռ եւ հրազէններու ճարճատիւնէ զերծ օր մըն էր. հետն էին կինը` Ռիթան եւ… նորածին մանչուկը: Խոսրովին դէմքէն տարբեր ճառագայթում մը կը ցոլար. առջինեկը` Տիգրանը հանգիստ քնացած էր Ռիթայի գիրկին մէջ:
***
Կարճ ատեն ետք Խոսրովը հարկադրուեցաւ ընտանիքը առնել եւ հեռանալ Պէյրութէն, իմացանք, որ գացեր-հաստատուեր է Լոս Անճելըս: Պատերազմական վիճակը ո՛չ մէկ ձեւով կը նպաստէր աշխարհագրական նորաստեղծ հեռաւորութիւնը ձեւով մը կամրջելու:
Ու տարիները սահեցան, շատ մը բարեկամներու, ընկերներու եւ հարազատներու ցանկին վրայ մնաց նաեւ Խոսրովին անունը:
***
1993-ի ամառը դաշնակցական մամուլի խմբագիրներն ու աշխատակիցները Հայաստան հրաւիրուած էին խորհրդաժողովի մը համար, վերանկախացումէն ետք առաջինը` մայր հայրենիքի հողին վրայ: Ժողովը տեւեց աւելի քան շաբաթ մը: Ա՛յն օրերն էին, երբ Արցախի ազատագրական ճակատումները կը գտնուէին ամէնէն տաք փուլերուն, Արցախի մեծ մասը ազատագրուած էր, Աղտամը գլխաւոր կիզակէտն էր… ՄԱԿ-ը, ազերիական փոկրոմներն ու այլ թշնամանքները մոռցած` մեծ ախորժակով որոշումներ կը բանաձեւէր ի վնաս Հայաստանի, խոր մտահոգութիւն տարածելով հայաշխարհին մէջ (բայց… չշեղիմ ճամբէս):
Խորհրդաժողովի աւարտէն ետք մտածում գոյացաւ, որ խմբագիրներս ու մամուլի աշխատակիցներս խմբովին այցելենք Արցախ: Լաչինի անցքը բացուած էր աւելի քան ամիս մը առաջ, իսկ երբ Շուշի ու Ստեփանակերտ հասանք, հեռուէն կը լսուէին ռմբակոծումի ձայները (Լիբանանէն հասնողներուս համար ո՛չ անհարազատ աղմուկ, սակայն այլ երկիրներէ եկողներու համար…):
Մեր ուղեւորութիւնը տեւեց երկու օր: Երբ Երեւան վերադարձանք, յաջորդ առաւօտուն ուղղուեցանք «Երկիր» օրաթերթի խմբագրատունը, որ կը գտնուէր օփերայէն դէպի կեդրոնական հրապարակ տանող ճամբու մը վրայ, հին շէնքի մը մէջ (այդ թաղամասը պատմութեան անցաւ շինարարութեան խուժումին պատճառով): Մուտքի աստիճաններուն վրայ եւ շուրջը քանի մը տասնեակ ընթերցողներ հաւաքուած էին օրուան թերթը կարդալու: Աստիճանին վրայ նստողներէն մէկը, ինչպէս կ՛երեւէր հեռուէն, աղ-պղպեղ գլուխով եւ մօրուսաւոր անձ մըն էր, որ գլուխը կոխած էր թերթին մէջ: Յանկարծ լսեցի. «Ահա՛ Սարգիս Մահսէրէճեանը (եւ ընկերակիցներուս անունները) կու գան մեր թերթին խմբագրատունը»: Չորս դիս նայեցայ, ընկերակիցներէս զատ ծանօթ մէկը չկար, իսկ նման արտայայտութիւն, բնականաբար, ընկերակիցներէս պիտի չգար: Նախադասութիւնը կրկնուեցաւ տարբերակով մը, թերթին վրայ կախուած գլուխը դանդաղօրէն բարձրացաւ եւ… Խոսրովին փայլուն աչքերը մեզ ողջունեցին չարաճճի ժպիտով մը: Ողջագուրումի «արարողութենէն» ետք հարցուցի. «Երբէ՞ն ի վեր հոս ես… ի՞նչ կ՛ընես» (կը մտածէի, որ իբրեւ մամուլի աշխատակից` կրնար հոն ըլլալ, սակայն խորհրդաժողովին չէր եկած): Պատասխանը լակոնական էր. «Պտոյտի եկած եմ…»: Թաքուն ժպիտը մնաց պահուըտած: Երկար ատեն չտեսած ընկեր մը վերագտած ըլլալու ուրախութիւնը բթացուցած էր մտածելու ունակութիւնս, անմիջապէս չկրցայ ես ինծի հարց տալ, թէ պատերազմի եւ տագնապի այս օրերուն (ջուր-ելեկտրականութիւն-պենզին-հաց-կենսանիւթեր դժուար գտանելի էին) պտոյտի գալու այս ի՞նչ ախորժակ…:
Յաջորդ օրը, երբ դարձեալ հանդիպելու առիթ ունեցանք, խորհրդաւոր ժպիտով մը բաւականացաւ փարատել մութը, սակայն մնաց նոյնքան լակոնական. «Արցա՛խ եկած եմ, կանչած են… գործ կայ ընելիք…»:
Երկու օր ետք իմացանք, որ Խոսրովն ու այլ ընկերներ Արցախ վերադարձեր են` իրենց սկսած գործը շարունակելու… Քանի մը օր ետք, մամուլի աշխատակիցներս ալ վերադարձանք մեր երկիրները, անսպասելօրէն վերստեղծուած կապը դարձեալ խզուեցաւ: Իսկ այդ ԳՈՐԾ-ին մանրամասնութիւնները տարիներ ետք սփռուեցան Խոսրովի իրերայաջորդ հատորներուն մէջ` սկսելով «Մենք ենք մեր սարերը» գիրքէն: Այդ գիրքերը եղան հայելին իր փորձառութեանց, դառնութեանց, ցաւին եւ, անշուշտ, ապրած հպարտանքներուն:
(Շար. 1)


