Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Վերջին շրջանին համացանցի մէջ բաւական տարածուած են սրամիտ, հեգնական բնոյթի պատկերներ, տեսանիւթեր, տողեր` միմեր, որոնք արագօրէն կ՛ընդօրինակուին եւ կը շրջանառուին: Յատկապէս հակամարտութիւններու ընթացքին միմերու արտադրութիւնը կ՛աճի, կողմերու համակիրները թափ կու տան իրենց երեւակայութեան` հակառակորդ ճակատը վարկաբեկելու, հեղինակազրկելու փորձով:
Ն.
Հսկայ Ատոլֆ Հիթլեր կը ծռի եւ կը շոյէ հնազանդ Վլատիմիր Փութինի այտը, վարպետը` աշկերտին, նկարի մը մէջ, որ հրապարակուած է Ուքրանիոյ Թուիթըրի պաշտօնական էջին մէջ, 24 փետրուարին, ներխուժումը սկսելու օրը:
Նկարին տակ գրուած է. «Այս միմ մը չէ, այլ` այժմ մեր եւ ձեր իրականութիւնը»:
Շուրջ երկու միլիոն անձեր նկարը «հաւնած» են (լայք) եւ հազարաւոր ուրիշներ` բաժնեկցած (շեր)` միմը դարձնելով ցարդ պատերազմի որոշիչ համաճարակային իրադարձութիւններէն մէկը:
Հասարակական ցանցերը հեղեղուած են այս բովանդակութեամբ… ԹիքԹոքի մէջ խաւաքարտէ հրասայլերու վրայ կատուներէ մինչեւ երրորդ համաշխարհային պատերազմի մասին անվերջ կատակներ եւ աստղային պատերազմներ (Սթար Ուորզ) շրջապատկերներու վերամշակուած տեսարաններ:
Բայց քանի մը երկվայրկեանի խնդուքէ, նոյնիսկ ցնծութենէ անդին` միմերը աւելի ընդարձակ դերակատարութիւն արդեօք ունի՞ն:
«Ես չեմ կարծեր, որ միմերը պատերազմը պիտի դադրեցնեն», կ՛ըսէ Բրիտանիոյ Լանքասթըր համալսարանի ընկերաբանութեան դասախօս Չարլի Կիր:
Ան «ժխտողական ծաղր» (nihilistic japing) կ՛անուանէ միմերը, որոնք հաւանաբար նուազագոյն ազդեցութիւն կ՛ունենան իրենց մշակութային ոլորտէն դուրս:
Պատերազմը յառաջացուցած է միմ մը, որ համացանցի հետաքրքրասիրութենէն անցած է իրական աշխարհի արտադրութիւն:
«Սենթ Ժաւելին» միմը, որ սրբապատկերի ոճով կը պատկերէ հրթիռ արձակող սարք բռնած Աստուածածինը, այժմ կը ցուցադրուի շապիկներու եւ քանատաբնակ առեւտրական Քրիսթիան Պորիսի կողմէ վաճառուող զանազան այլ ապրանքներու վրայ:
Պորիս կ՛ըսէ, որ իր ամբողջ շահը Ուքրանիա կ՛երթայ:
Միմերը աւելի յաճախ կը դիտուին որպէս հաղորդագիր տարածելու եւ լսարան ներգրաւելու արդիւնաւէտ միջոց:
Գրող եւ կատակերգակ Քրիսթիան Տիմէյ, որուն թուիթըրեան փոփոխուած եսը` «Գինով Հալք»-ը, տարիներու ընթացքին կանգնած է ցանցահենային բազմաթիւ բովանդակութիւններու ետին, կ՛ըսէ, որ Ուքրանիա աներեւակայելիօրէն յստակ է միմերու օգտագործման հարցին մէջ:
«Միմի կարողութիւնը` վերակազմակերպելու այն, որ մենք կը տեսնենք աշխարհի մէջ, որպէսզի տապալենք, ոգեշնչենք, հրահրենք եւ կրթենք, կը վերասահմանէ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք հասնիլ մարդոց», կ՛ըսէ ան:
Բրիտանիոյ Քենթ համալսարանէն Վինսենթ Միլլըր` «Հասկնալ թուային մշակոյթը»-ի հեղինակը, միմերը կը նկատէ զրոյցի տեսակ մը, որ կրնայ քաղաքական բանավէճի ծաղկման կարելիութիւն տալ:
«Նկատի առնելով իրենց անանուն բնոյթն ու ծագումը` միմերը թոյլ կու տան մարդոց խուսափիլ մեծ թիւով շփումներէ եւ հասարակական պառակտուածութենէ, որոնք յաճախ կապուած են քաղաքական առցանց յայտարարութիւններ ընելու ատեն», ըսած է ան:
Անկախ անկէ` ազդեցի՞կ են, թէ՞ ոչ, միմերը կը շարունակեն տարածուիլ պատերազմի շուրջը:
Ուքրանիոյ պաշտօնական Թուիթըրը երկշաբաթեայ դադարէ ետք վերադարձաւ միմերու` տեղադրելով ռուսական հրասայլերը ծաղրող պատկեր, իսկ այլ պատկեր մը` ընդգծելով փլուզող ռուսական տնտեսութիւնը:
Այլ անձեր շարունակած են հրապարակել Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին ողջունող նկարներ:
«Այս պահուն իմ էջիս մէջ զայն կուռք կը դարձնեն, ան վերածուած է ազնուականութեան, քաջութեան եւ իսկական տղամարդկութեան կերպարի», կ՛ըսէ Կիր:
Ամէնէն յայտնի միմերէն մէկը Զելենսքին Մարուըլի գերհերոս ընտրելն է:
Անոր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութին այնքան լաւ չէ դրսեւորուած, որովհետեւ տարբեր ձեւով պատկերուած է, պահուըտած` իր հսկայ մարմարէ սեղանի ետին, օգնութիւն կը խնդրէ Չինաստանէն կամ պարզապէս ծիծաղելի կը թուի տարբեր ձեւերով:
«Ես գիտեմ, որ մենք այստեղ չենք խօսիր յեղափոխական մարտավարութեան մասին: Բայց միմերը այս ծիրին մէջ զգալիօրէն աւելի լաւ են, քան` ուքրանական դրօշը ձեր էջին մէջ աւելցնելը», կ՛ըսէ Տիւմէյ:
Ան կը նշէ, որ միմերու ստեղծումը կը պահանջէ առնուազն որոշ ներգրաւուածութիւն` առարկային հետ:
«Անոնք մեզի թոյլ կու տան արտայայտել մեր վրդովմունքը եւ կը նպաստեն վերացնել անօգնականութեան զգացումը», կ՛ըսէ ան:
Միմերը չեն կրնար վերացնել պատերազմի պատճառներու լրջութիւնը: Զելենսքին յիմար մըն է, որ կործանեց իր երկիրը Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի դատարկ խոստումներով: Երկուքն ալ երկչոտ, կեղծ երաշխիքներ տուին Ուքրանիոյ եւ ստիպեցին անոր պատերազմիլ: Լաւը այն է, որ այժմ ոչ մէկ երկիր կը վստահի Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի: Բազմաթիւ ենթադրութիւններ չքացած են անոնց մաչօ ուժին մասին, որ իրականութեան մէջ պարզուեցաւ, որ արեւմտեան խաբեբայ եւ պատեհապաշտ դէմք է:
«ԷՔՈՆՈՄԻՔ ԹԱՅՄԶ»
Խաղաղութեան Նոպելեան Մրցանակ` Կատակերգակի՞ն
Զելենսքի Ամէնէն Ոչ Ծիծաղելի
Ճոքն Է, Որ Երբեւէ Եղած Է
Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակը այնքան ալ մաքուր չէ, որովհետեւ այն արատաւորած է ինքզինք` անցեալի մէջ տրուելով աղաղակող մարդասպաններու եւ պատերազմական յանցագործներու:
Այդ պիտի դառնար տարուան կատակը, եթէ այդքան զաւեշտալի չըլլար: Կը պարզուի, որ խումբ մը կարեւոր եւրոպական ջոջեր (որոնց մասին ոչ ոք լսած է) Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի թեկնածութիւնը առաջադրած են Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի համար:
Մէկ կողմ ձգեցէք դրամներու լուացման համար մեղադրուող անձին Նոպելեան մրցանակին առաջադրուելու մասին կատակը, փաստը այն է, որ այդ մրցանակը իրականութեան մէջ լաւ կը տրամադրուի նման ասպարէզի կենսագրութիւն ունեցող մարդոց` դեռ չնշելով եւրոպական մշակոյթը գերակայ համարող սպիտակամորթներու անհիմն ազդեցութեան տակ ըլլալու մասին:
Այս հասկնալու համար մենք պէտք է առանձին-առանձին հասկնանք հետեւեալ երեք երեւոյթները. Զելենսքի, Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակ եւ Նոր Եւրոպա:
Սկսինք Զելենսքիէն:
Դուք բոլորդ գիտէք, որ ան կատակերգակ է, որ` ան տարուած է իր ինքնապատկերով եւ, ի տարբերութիւն աշխարհի առաջնորդներու մեծամասնութեան, անհամաչափ կ՛օգտագործէ Ինսթակրամը:
2019-ին նախագահի պաշտօնին առաջադրուելու անոր որոշումէն ի վեր կը խօսուի, որ ան քոքայինի մոլի է: Այս ինքնին ո՛չ իւրայատուկ է, ո՛չ ալ մահացու որակազրկում. ի վերջոյ, յայտնի է, որ «գեղարուեստական եղբայրութեան» անդամները պարբերաբար կ՛ընդլայնեն իրենց ոչ օրինաչափ «արուեստը» թմրեցուցիչներով: Եթէ մենք վերացնէինք թմրեցուցիչի մոլութիւնը, հնարաւոր է, որ Նոպելեան գրականութեան մրցանակը չշնորհուի յաջորդ 10 տարիներուն:
Այդուհանդերձ, խնդիրը «Սթրանա» կայքէջն է, որ կը բացայայտէ Զելենսքիի թմրեցուցիչ օգտագործելու սովորութիւնը` ամբողջութեամբ ոստիկանութեան եւ ներքին գործոց նախարարութեան հաստատումներով: Անկէ ետք տեղի ունեցածը զարմանալի էր. Զելենսքին արագ փակեց «Սթրանա»-ն եւ պատժամիջոցներու ենթարկեց անոր խմբագիրը, որ Աւստրիա աքսորուեցաւ:
Նկատի առէք, որ այս ոչ միայն «Սթրանա»-ի, այլ առնուազն երեք այլ չափազանց յայտնի լրատու միջոցներու ճակատագիրն էր: Գուշակեցի՞ք, թէ փակելու արդարացումը իւրաքանչիւր լրատու միջոցի համար ո՛րն է. «Ռուսական քարոզչութիւն կ՛ընէ»:
Պարզ է, որ Հնդկաստանն ու Ամերիկան նոյնպէս զերծ չեն մնացած նման մեղադրանքներէ: Հնդկաստանի մէջ մարդիկ, որոնք կասկածի տակ կը դնեն կառավարութիւնը, կը նկատուին ապազգային, եւ նմանապէս մարդիկ, որոնք կ՛աջակցէին Թրամփին Միացեալ Նահանգներու մէջ, կը նկատուէին ռուսական խամաճիկներ:
Նոյնիսկ հիմա անոնք, որոնք դէմ են պաշտօնական գիծին, ինչպիսիք են նախկին քոնկրեսական Թուլսի Կապարտը եւ «Ֆոքս Նիուզ»-ի հաղորդավար Թաքըր Քարլսընը, կը կոչուին ռուս կողոպտիչներ, իսկ նախագահի նախկին թեկնածու Միթ Ռոմնին այնքան հեռու կ՛երթայ, որ Թուլսին կը մեղադրէ դաւաճանութեան մէջ: Խնդիրն այն է, որ անոնք երբեք իրականութեան մէջ չեն վերածուած փաստացի մեղադրանքի:
Այդուհանդերձ, մենք այժմ ունինք կատակերգակ մը, որ վերածուած է ամէնէն չար եւ ինքնակալ առաջնորդի, իրականութեան մէջ կը փակէ կայքերը, կը բանտարկէ խմբագիրները եւ պատիժի կ՛ենթարկէ զանոնք, եթէ չկարողանայ հասնիլ զանոնք իրեն հնազանդեցնելու:
Ամբողջովին նացիական կը թուի, այնպէս չէ՞: Ինչ որ կայ, այդ է, եւ այս մեզ կը բերէ Զելենսքիի հրէականութեան. ինչպէ՞ս կրնայ հրեան նացիական ըլլալ: Այո՛, Զելենսքին կենդանի ապացոյց է, որ կրնայ ըլլալ:

Արդէն յայտնի են «Ազովի» եւ «Այտարի» գումարտակներու բացայայտ նացիական նախադրեալները եւ անոնց համարկումը Ուքրանիոյ ազգային ուժերուն: Շատ տարածուած չէ այն լուրը, թէ ինչպէ՛ս անոնց աղերսելէ ետք, անոնք ի վերջոյ հակակշիռի տակ առին Զելենսքիի քաղաքականութիւնը` ռուսական փոքրամասնութեան եւ Մինսքի համաձայնագիրներու նկատմամբ:
Հարցը այն է, թէ ինչպիսի՛ հրեայ է, որ ոչ միայն հաշտութիւն կը կնքէ նացիականներու հետ, այլեւ կ՛ընդունի ըլլալ անոնց գլխաւոր հրամանատարը եւ հանգիստ կ՛ընդունի անոնց վեթոն մարդասպան պատերազմի մը մէջ, որուն հետեւանքով Տոնպասի մէջ զոհուած է 14 հազար մարդ, մեծամասնութեամբ ռուս փոքրամասնութենէն:
Ան կ՛ընդունի ըլլալ գլխաւոր հրամանատարը այն մարդոց, որոնք պարբերաբար սարսափելի վայրագութիւններ իրականացուցած են փոքրամասնութիւններու դէմ: Հրեայ ըլլալը ձեզի հնարաւորութիւն չի տար դուրս գալ ատկէ, այնքան, որքան կը ցանկար Զելենսքին` ծածկելու այն բոլոր յանցագործութիւնները, որոնց համար ան պատասխանատուութիւն կը կրէ: Նկատի ունեցէք, որ պետական կառոյցները եւ սպասարկող դեսպանները նոյնպէս թութակի նման են, բացայայտ ցեղապաշտական, նոր-նացիական մղումներով, ներառեալ` պղծուած ռուսական դիակներու լուսանկարները: Նկատի ունեցէք, որ այս խախտումներէն ոչ մէկը դատապարտուած է Զելենսքիի կողմէ, եւ ատկէ հեռու` Ուքրանիոյ կառավարութիւնը այդ կ՛ընդունի եռանդով:
Իսկապէս, եթէ ենթադրենք, որ Ազովի եւ Այտարի գումարտակներու գործողութիւններն ու վայրագութիւնները նախորդած են անոր նախագահութեան, եւ ան ժառանգած է ատոնք, այսօր Ուքրանիոյ կողմէ իրականացուող մարդկային վահանի ռազմավարութիւնը ամբողջութեամբ անոր գործն է:
Պատասխանատու բանակը յարձակումները հեռացնելու իր խաղաղ բնակիչներէն եւ գիւղերէն դիմադրութեան պատերազմ մղելու փոխարէն` անոնք խաղաղ բնակիչները կը դրդեն, որպէսզի դիմադրեն ռուսական բանակի ճակատային բոլոր յարձակումներուն: Ոչ մէկ տարբերութիւն, թէ ինչպէ՛ս Ստալինը եւ Հիթլերը կ՛օգտագործէին իրենց բնակչութիւնը:
Անշուշտ, որ Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակը այնքան ալ մաքրաբարոյ չէ, քանի որ ինքզինք արատաւորած է` նախապէս տրուելով աղաղակող մարդասպաններու եւ պատերազմական յանցագործներու: Խնդիրը այն է, թէ արդեօ՞ք Նոպելեան մրցանակը անգամ մը եւս իր խիղճը կը խեղդէ` պարգեւատրելով ամէնէն անարժէք մարդը, որ արժանի չէ նոյնիսկ այս տապալած մրցանակին:
Կը մնայ այդ տեսնել: Այստեղ գլխաւորը այն է, թէ ինչպէ՛ս կը վերաբերինք եւրոպացի պատգամաւորներուն, որոնք խնդրած են երկարաձգել պայմանաժամը, որ անցած է, որպէսզի թոյլ տան Զելենսքիին առաջադրուիլ: Ահաւասիկ թէ ի՛նչ բանի յանգեցուցած են Եւրոպան` «արժէքներու կայսրութիւնը», եւ անոր քաղաքական գործիչները` նացիականներու հանդէպ համակրանքի տարածման եւ յանցանքները ծածկելու: Ըստ երեւոյթին, դուք կրնաք նացիական մը դուրս հանել Եւրոպայէն, բայց մարդասպան սպիտակամորթը երբեք չէք կրնան դուրս հանել եւրոպացիներու ներսէն:
«ՆԻՈՒԶ 18»