Ուզած եմ ըլլալ կարիքաւորներու հետ եւ այսօր պատահաբար եղայ հոն, սակայն երբեք չէի երեւակայած, թէ անոնք այնքան նեղ կացութեան մէջ են, բայց եւ այնպէս հանդիպեցայ սրտցաւ երեւոյթներու Արագածի որոշ տուներու մէջ: Եթէ ունեւորները գոնէ մէկ անգամ խղճմտաբար մտածած ըլլային անոնց մասին, այսօր անոնք նուազ նեղ պայմաններու մէջ կ՛ըլլային, սակայն դժբախտաբար ունեւորները նոյնիսկ իրենց մտահոգութեան վերջին տեղը չեն տուած այդ հայորդիներուն:
Շրջած ժամանակս մտածեցի, որ այս հայորդիները ինչո՞ւ այս վիճակին մէջ են: Արդեօք որովհետեւ միայն նկարուելու համա՞ր իրենց այցելութիւն տուած են մարդիկ: Արդեօք որովհետեւ միայն 5-6 տունի՞ արժէք տրուած է` ինչ-ինչ պատճառներով: Չունին` անո՞ր համար շահագործուած են:
Ամէն բան ներելի է, բացի աղքատներու աղքատութիւնը շահագործելը…
Մարտահրաւէր: Մէկ անգամ ձեր ձեռքը ձեր խղճին դնելով անցէք այդ հայորդիներու տուներուն քովէն եւ կը տեսնէք տուներ առանց անկողինի, տուներ առանց ջուրի, տուներ առանց սենեակի, տուներ առանց լոյսի, տուներ առանց վերմակի, տուներ առանց դուռի, բայց տուներ ՄԱՐԴԵՐՈՎ եւ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՄԲ լեցուն:
Ճիշդ է, որ անոնք աղքատ են, բայց լուռ են եւ անխօս: Ճիշդ է, որ կը ժպտան, բայց «իրենց անկողինները արցունքով կը լուան»:
Հիմա մտէք ձեր անկողինները եւ եթէ կրնաք հանգիստ քնանալ` քնացէք, եթէ ձեր խիղճը կը ներէ, որ հանգիստ քնանաք` քնացէք:
Այս բոլոր ապրումներէս ետք պահ մը նաեւ մտածեցի, որ վեհափառ հայրապետը, Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը եւ Արագածի կոմիտէն իրենց կարելին ըրին եւ կը շարունակեն ընել, սակայն հիմա ժամանակն է, որ է ունեւորներն ալ մասնակցին այս սուրբ առաքելութեան եւ իրենց պարտականութիւնը կատարեն:
Վարձքը կատա՛ր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վեհափառ հայրապետին, Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Արագածի կոմիտէութեան: