Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ի 95-ամեակին Առթիւ` Շնորհաւորութիւններս. Թէեւ Քիչ Մը Ուշ, Բայց` Սրտանց

Ապրիլ 1, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ահա կ՛ըսեմ անհրաժեշտն ու ճշմարիտը:

Չեմ փորձեր աժան չքմեղանքով մը ինքզինքս արդարացնել: Օրին ստացած էի «Ազդակ»-ի 95-ամեակի յատուկ թիւին մասնակից դառնալու հրաւէրս ու նաեւ, ժամկէտէն առաջ ալ, «սրտի խօսքս» պատրաստած: Սակայն, ակամայ, մոռացութեան մը գիրկը իյնալով, մաղթանքներս ճիշդ ատենին չէի կրցած մամուլին հասցէագրել: Եւ ամէնէն «սոսկալին», կը կարծէի, թէ ինք` «Ազդակ»-ն էր զիս մոռցողը: Այսօր այս տարակարծութիւնը լուծուեցաւ` շնորհիւ «լափ թափ»-իս եւ իր «յիշողութեան» մէջ սառած ու խառնակ վիճակի մէջ մնացած այդ «ֆայլիս»:

Ինչ որ է: Ճանչնալով հայ մամուլին ներողամիտ ոգին, ահաւասիկ պարտականութիւնս կը կատարեմ` փորձելով հեռու մնալ ցարդ կրկնուած խօսքերէս:

Ինչպէս սովորութիւն է կրկնել, առաջին իսկ հերթին, իր ծննդեան 95-ամեակին սրտանց կը շնորհաւորեմ «Ազդակ»-ն ու անոր մեծ ընտանիքը` գլխաւոր խմբագիրէն, մինչեւ բոլոր խմբագիրները, համեստ աշխատակիցներն ու պատասխանատուները, որովհետեւ կը հաւատամ, որ յոբելենական թուականները, անկիւնադարձային ըլլալով հանդերձ, նաեւ կ՛ապահովեն տուեալ հաստատութեան, միութեան կամ ժողովուրդին եւ կամ նոյնիսկ անհատին յարատեւութիւնը, բարգաւաճումն ու կենսունակութիւնը: Կը հաւատամ, որ տարեդարձի այս նշումը խորքին մէջ մեր կեանքը վերարժեւորելու ձգտում մըն ալ ունի իր ետին թաքնուած: Եւ երբ ամէն անգամ զայն հրապարակային կերպով կը յիշենք, կը նշենք, կը նշանակէ, որ մենք զմեզ արժեւորած ալ կ՛ըլլանք:

Ու համեստօրէն յիշեցնեմ, որ մեզի համար հայ մամուլը միայն լուր տարածող միջոց չէ եղած, այլ նաեւ օրուան գլխաւոր դէպքերու, ազգային անցուդարձերու եւ վիճակներու, հայ ժողովուրդի մշակութային, ընկերային, քաղաքական համոզումներու տարածողն ու հրամցնողը դարձած է:

Այս առթիւ, հանդարտ անկեղծութեամբ եւ հպարտութեամբ, նաեւ աւելցնեմ, որ կար ժամանակ, երբ ե՛ս ալ «Ազդակ»-ի մեծ ընտանիքին մաս կազմած էի, երբ ան իր ամէնօրեայ էջերու քանակը կը կրկնապատկէր:

Յիշատակելի, երանելի ու մանաւանդ` ուսուցանող օրեր…

Իսկ այս օրերուն, երբ բազմացած են մեր ազգային գոյութեան սպառնացող վտանգները եւ բոլորիս համար դարձած` ամէնօրեայ հեւք, երբ ազգովին կը գտնուինք նորագոյն պատմութեան ճակատագրական փուլի մը սեմին, ահա կը տեսնենք հայ մամուլը եւ յատկապէս անոր «Ազդակ»-ը իր կեանքով եւ գործով, իր դերին գիտակից, հակառակ ծանր դժուարութիւններուն, միշտ միանալով մեր ժողովուրդի խուլ ցաւերուն, մեր ժողովուրդը առաջնորդած է դէպի հաւաքական ապրում եւ գիտակցութիւն, դէպի հասարակական առողջ կարծիք մշակելու ճանապարհ:

Եւ հպարտութեամբ պէտք է նշել, որ «Ազդակ»-ը իր անցնող ինը եւ քիչ մը աւելի տասնամեակներուն հայ ընթերցողին համար աշխարհին նայող միայն մեծ  պատուհան մը չեղաւ, չդարձաւ, այլ շնորհիւ իր ազգային շունչին, հեռու սովորական չափանիշներէն ու մանաւանդ մօտեցման եւ մատուցման արդիական ու այժմէական որդեգրումներէն, նիւթերու նկարագիրէն, հայութիւն բուրելու իր վաստակով, հայու գոյութիւն ապահովեց ու միշտ մնաց պատնէշի վրայ եւ իր յառաջատար դիրքով դարձաւ իր ընթերցողներուն ազգային «պահակը»:

Ու ամէն առիթով կրկնած ենք, թէ իրականութիւն է, որ աշխարհի կարգ մը հսկայ օրաթերթեր ներկայիս լուրջ տագնապներ կ՛ապրին, եւ որոնք վտանգուած են ու նոյնիսկ,  շատերու պարագային իրենց գոյութիւնը պիտի չկարենան պահել: Միւս կողմէ` համակարգիչը, «ինթըրնեթ»-կայքէջերը, «այ ֆոններու», ձայնասփիւռին ու պատկերասփիւռին լուրեր հաղորդելու եւ փոխանցելու արագ ու նորագոյն միջոցները թէեւ կը խանգարեն մամուլին հեզասահ գործընթացը, բայց պէտք չէ մոռնալ, որ այս բոլոր նշեալները գործնականապէս չեն կրնար մեր ազգային ցաւերն ու խոցելի կէտերը մատնանշել, մեր արարքները գնահատել եւ քննադատել ու դառնալ ստեղծագործ իրականութիւն մեր բոլորին տուներէն ներս:

Անոր համար զօրավիգ պէտք է կանգնիլ հայ մամուլին եւ այս պարագային` անպայման «Ազդակ»-ին, որ սքանչելի հաւատարմութեամբ կը շարունակէ իր ամէնօրեայ առաքելութիւնը:

Անկասկած, սփիւռքի համար «Ազդակ» նաեւ ազգային հարստութիւն մըն է, եւ մենք  հպարտ ենք իր տարիքով: Ու թէեւ բոլորիս առօրեայ կեանքի բազմազան մտահոգութիւններն ու անոնցմով բեռնաւորուած հարցերը կը կրծեն մեր ժամանակը, բայց իբրեւ հաւատարիմ ընթերցող-քաջալերողներ` մեզի կ՛իյնայ զինք «ողջ» եւ «առողջ» պահել, որպէսզի ան, հակառակ վերեւ յիշուած տագնապներուն, առաւել երիտասարդացած շարունակէ եւ մեզի քաղաքական մտածողութիւնը սնուցանէ, մեր հայու ազգային գիտակցութեան ըմբռնումը մակերեսէն անդին պահէ եւ իր այս սրբազան իր աշխատանք-ճանապարհը, հեզասահ շարունակէ:

Չմոռնանք սակայն, որ մամուլը կ՛ապրի շնորհիւ զայն կեանքի կոչողներու եւ հաւատարիմ ընթերցողներու նիւթաբարոյական նեցուկին: Հայ ընթերցողը ի՛նք պէտք է գնահատէ այս մէկը:

Արդ, ողջոյնի, բարի երթի, յարատեւութեան,  բարգաւաճման եւ սրտանց շնորհաւորանքներուս կողքին, հայութիւն բուրող եւ Հայ դատի պաշտպան, կեցուածքի ու տեսակէտի տէր մեր «Ազդակ»-ին կը մաղթեմ, որ ան միշտ բարգաւաճի, յարատեւէ եւ յաջողութեամբ շարունակէ ազգային եւ հասարակական առողջ կարծիք մշակելու իր ճանապարհը:

bedig43@aol.com

Նախորդը

Տեղի Ունեցաւ «Կրթամշակութային Կեանքն Արցախում» Խորագիրով Գիտաժողովը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ստորագրութիւններ Յանուն (Ոչ)ինչի՞
Անդրադարձ

Ստորագրութիւններ Յանուն (Ոչ)ինչի՞

Օգոստոս 21, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամին Հետքերով

Օգոստոս 20, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրտս Արդեօք Յանցաւո՞ր Է

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?