Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Որովհետեւ Կոմիտէի Որոշում Էր (Մօրս` Սեդա Վարժապետեանի Քաղցր Յիշատակին)

April 2, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զաւակդ եւ գաղափարակիցդ`
ՀՐԱՉ

Բարութեան, ազնուութեան, համեստութեան մարմնացում էր մայրս: Համակ նուիրումի, ծառայութեան իր ամբողջ վաստակով սիրուած ու յարգուած էր անխտիր բոլորէն` հարազատներ թէ հաւաքական մեր ածու: Կուսակցութեան, ԼՕԽ-ի, Համազգայինի շարքերուն մէջ տասնամեակներու իր ներդրումը եղաւ անգնահատելի եւ, հակառակ համագաղութային իր աշխուժ գործունէութեան տարողութեան ու շրջագիծին, անոր գործը առաւելաբար յատկանշուեցաւ Էշրեֆիէի Ազատամարտ ակումբով:

Բազմաթիւ յիշատակներ ու ապրումներ կան կապուած անոր անունին` իբրեւ կուսակցական, ԼՕԽ-ի ատենապետուհի, Շրջանային վարչութեան անդամ, Համազգայինի ժրաջան անդամ, երեսփոխանական ընտրութիւններուն Պէյրութի աշխատանքային կորիզի մնայուն մասնակից, եւ շարքը երկար է: Մէկ խօսքով` ո՛ւր գործ, Սեդան` հո՛ն: Ազատամարտը իր տունն էր, ինչպէս` հօրս տունը, ի՛մ տունս, եղբօրս տունը, մեր ընտանիքի՛ն տունը: Այդ սիրելի ակումբին հարազատ պատերը լեզու ունենան եւ խօսին …

Բազմաթիւ ու բազմազան ապրուած օրերէն, քաղցր ու անարատ յիշատակներէն, սակայն, կ՛ուզեմ առանձնացնել մէկ դրուագ, որ ամէնէն աւելի դրոշմուած է մէջս եւ այնուհետեւ հունաւորած է ազգային ու կուսակցական իմ ճանապարհս:

Պատերազմական իրավիճակ էր, եւ օրին հայ համայնքն էր թիրախը քրիստոնեայ զինեալ ուժերուն: Դաշնակցութիւնը լծուած էր համայնքի ինքնապաշտպանութեան: Պուրճ Համուտը անառիկ էր, սակայն այլ շրջաններու մէջ, որոնց շարքին Էշրեֆիէն` ոչ: Աւելի՛ն: Ազատամարտը կը գտնուէր քրիստոնեայ ուժերու որջին մէջ: Հակառակ անոր, սակայն, Էշրեֆիէի հայութեան ֆիզիքական ինքնապաշտպանութեան գործին լծուած էր կուսակցութիւնը: Եւ ահա այս կացութեան մէջ պատահեցաւ դրուագը, որուն ակնարկեցի: Մարտական մեր տղաքը, բացի մեր կեդրոնէն (ակումբ-եկեղեցի-դպրոց) տարածուած են քանի մը տարբեր դիրքերու մէջ: Կարիքը կը զգացուի դիրքեր զէնք-զինամթերքի փոխադրութեան: Օրուան պատասխանատուները, փողոց թափած շրջանի հակառակորդ զինեալներուն ուշադրութենէն վրիպելու միտումով, փոխադրութեան գործը կը վստահին երկու ընկերուհիներու` Արաքսին եւ Սեդային, որոնք նորածինի կառքը «ապրանք»-ով բեռնաւորած, նորածինն ալ վրան հանգիստ տեղաւորած, կ՛անցնին գործի եւ յաջողութեամբ կը պսակեն իրենց առաքելութիւնը: Մինչ այդ, յայտնեմ, որ այդ մանուկը սիրելիներ Փիեռին եւ Արաքսին տղան է, նոյնքան սիրելի Խաժակ Գուլաճեանը:

Տարիներ ետք, երբ աւելի հասուն էի, լաւ կը յիշեմ, ամառ մը մօրս հետ պատշգամը նստած կը զրուցէինք հինէն-նորէն, ի միջի այլոց հարցուցի իրեն. «Մա՛մ, դուն, որ նկարագիրով այնքան փխրուն ու դիւրաբեկ ես այդպիսի գործերու համար, ինչպէ՞ս ունեցար այդ համարձակութիւնը, որ ընդունիս այդ գործը ընել»: Անվարան պատասխանեց. «Կոմիտէի որոշում էր…»:

Մա՛մ ջան, չեմ գիտեր ինչո՛ւ, օրին չհամբուրեցի ձեռքերդ եւ այնքա՜ն սովորական ընկալեցի պատասխանդ: Այսօր, սակայն, կը զգամ պատասխանիդ խորութիւնը եւ հպարտ եմ քեզմով: Հպարտ եմ պարզ, բայց խորիմաստ կարճ, երեք բառով ամփոփուած պատասխանովդ, որ կը մարմնաւորէ հաւատաւոր ու կարգապահ կուսակցականի ամբողջ էութիւնդ: Հիմա, որ կը ննջես հայ ազգային գերեզմանատան մէջ, Պուրճ Համուտ, եւ լուսաւոր, անարատ ու ջինջ հոգիդ կը սաւառնի անդենականին մէջ, վստահ եմ, որ կը շարունակես հսկել մեր վրայ, ինչպէս միշտ, անհուն խանդաղատանքով ու անսահման հոգատարութեամբ: Թոյլ տուր, մա՛մ, ուշացած, բայց գէթ յետադարձ ու առցանց կարգով համբուրեմ քաղցր ու սուրբ ձեռքերդ:

Այո՛ ապրիլի 3-ին, երկու տարի կ՛ըլլայ, որ յաւերժի ճամբորդ ես: Կարօտցեր եմ, շա՜տ-շա՜տ: Վարձքդ կատար, մա՛մ, վարձքդ կատար, ընկերուհի՛ Սեդա:

(Մարսէյ

Նախորդը

Յակոբ Գարավարդանեանի Մահուան Քառասունքի Վառ Յիշատակին. Զուարթ Ու Հոգատար Հայորդին

Յաջորդը

Քրիստոսի Հաւատարիմ Զինուորը. Պետիկ Սարկաւագ Յովհաննէսեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.