Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեղի Ունեցաւ «Կրթամշակութային Կեանքն Արցախում» Խորագիրով Գիտաժողովը

Ապրիլ 1, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

29 մարտին, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկին եւ Արցախի պետական համալսարանին նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ «Կրթամշակութային կեանքն Արցախում» խորագիրով գիտաժողովը, որ սկզբունքով նախատեսուած էր կազմակերպել Արցախի մէջ, սակայն ազրպէյճանական յարձակումներու լոյսին տակ ստեղծուած լարուածութեան խորացման պատճառով անիկա տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան` ԳԱԱ-ի նախագահ, ակադեմիկոս Աշոտ Սաղեան, Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Անահիտ Յակոբեան, Արցախի պետական համալսարանի նախագահ Արմէն Սարգսեան, ՀՀ ԳԱԱ-ի Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան (որուն խօսքին ամբողջութիւնը կը հրատարակենք ստորեւ) եւ Համազգայինի երեւանեան գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան:

Արցախէն առցանց միացումով ելոյթ ունեցաւ Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան:

Գիտաժողովին մասնակցող գիտութեան եւ մշակոյթի ճանչցուած գործիչները անդրադարձան տարբեր նիւթերու, ինչպէս` «Կրթամշակութային կեանքը Արցախում», «Արցախահայերի դերը Պաքուի նաւթաարդիւնաբերութեան զարգացման գործում», «Ազրպէյճանի կողմից կիրառուող մշակութային եղեռնագործ քաղաքականութեան շարունակական գործողութիւններն Արցախում», «Արցախի ազգաբանական պատկերը», «Հայկական մշակութային ժառանգութեան իւրացման քաղաքականութիւնը 1991-2019 թթ.»:

«Մշակոյթը Ինքնապաշտպանութեան
Հիմնական Զէնքն Է». Մկրտիչ Մկրտիչեան

Այս գիտաժողովը, ինչպէս ներկաները գիտեն, կազմակերպուած էր Արցախի մէջ տեղի ունենալու համար: Վերջին օրերու անակնկալ դէպքերը պարտադրեցին վայրի ակամայ փոփոխութիւնը: Համազգայինի` Արցախի մէջ գիտաժողովի մը համակազմակերպիչը ըլլալու փափաքը պայմանաւորուած է անշուշտ գիտաժողովի նիւթով, բայց նաեւ վերջին պատերազմին ստեղծած իրավիճակով` Արցախին այս ձեւով գոնէ մեր բարոյական քաջալերանքն ու համակրանքը արտայայտելու ներքին մղումով: Ի հարկէ Համազգայինը այլապէս ներկայութիւն է Արցախի մէջ, բայց այս գիտաժողովով մուտք կը գործուի Արցախի մտաւորական ոլորտին մէջ, որ ինքնաճանաչողութեան փնտռտուքին հիմնական բանալին է:

Այս գիտաժողովը իրականացնելու առաջին փորձը ձախողեցաւ համավարակի պատճառով: Ամէն ինչ որոշուած ու գործադրուելու պատրաստ էր, երբ առաջին անգամ ըլլալով Արցախը առողջապահական պատճառներով իր դուռերը փակեց:

Գիտաժողովի կազմակերպական կոմիտէին ընտրած նիւթը («Կրթամշակութային կեանքը Արցախում»), առաւելաբար պատմական նիւթ ըլլալով հանդերձ, միաժամանակ կը վերաբերի ներկային ու մանաւանդ` ապագային: Ասիկա մարդկութեան հասարակական կեանքի կանխադրոյթներէն մէկն է. այն է, թէ հաւաքականութեան մը ինքնութիւնն ու ներքին յարակցութիւնը ժամանակի ընթացքին կը պահպանուին եւ կ’ուժեղանան, երբ անոր մշակոյթը կը զարգանայ անցեալէն ներկային հասնող գիծը ուղիղ շարունակելու պայմանով` տեւապէս նորոգելով հինը` զայն յարմարցնելով շրջապատի յարափոփոխ իրականութեան. այս պարագային է, որ կեանքի բացասական անխուսափելի վերիվայրումներու քանդիչ ազդեցութիւններու հետեւանքները իրենց կարելի նուազագոյն չափերուն մէջ կը սահմանափակուին:

Որոշ հասարակութիւններու մէջ այն կարծիքը կը տիրապետէ, որ մշակոյթ եւ կրթութիւն հեռու պէտք է մնան քաղաքականութենէն. այդպէս կ’աւանդէ առհասարակ իշխող վերնախաւը` հաւանական մրցակիցներ հեռու պահել փորձելով քաղաքականութեան ասպարէզէն: Պարագան ըմբռնելի է, բայց ատիկա ճշմարտութեան հետ որեւէ առնչութիւն չունի. առողջ տեսակէտ իսկ չէ: Բայց նոյնպէս տեսանելի իրականութիւն է, որ առհասարակ գիտնականին եւ ընդհանրապէս մտաւորականին համար քաղաքականութեան գործնական դաշտը այնքան ալ գրաւիչ ասպարէզ մը չէ:

Միւս կողմէ, սակայն, հասարակութեան կեանքի որեւէ ոլորտի ամէն ինչը որոշողը, իր սահմանումո՛վ իսկ, քաղաքականութիւնն է. իսկ գործօն քաղաքական մարդու հիմնական մտահոգութիւններէն մէկը իշխանութեան հասնիլն ու հասնելէն ետք այդտեղ մնալն է: Հետեւաբար քաղաքական ծրագիրը, այսինքն քաղաքականութեան որոշումը սահմանող քաղաքականութիւնը կարելի չէ վստահիլ զայն գործադրողին: Ատիկա պէտք է վստահիլ միտքի արհեստավարժներուն` մշակոյթի մարդոց եւ առհասարակ մտաւորականութեան: Այսինքն քաղաքականութեան սերտողութեան, որոնման ու քաղաքական լաւագոյն լուծումներու եզրակացութեան աշխատանքին մէջ մտաւորականութեան հիմնական դերակատարութիւն վիճակուած է:

Հետեւաբար մշակոյթ ու քաղաքականութիւն պիտի զարգանան նոյն վայրերուն ու ժամանակներուն մէջ, որպէսզի իրարու հետ հաշտ ու համահունչ ըլլան: Արդ, հայութեան նման համաշխարհային տարածում վայելող հաւաքականութեան պարագային, ասիկա դժուար կառավարելի կացութիւն է. բոլորովին տարբեր կազմաւորում ունեցող, երբեմն նոյնիսկ մշակութային ու կենցաղային մարզերէն ներս հակադիր տրամադրութիւններու տէր խմբաւորումները ի մի բերելը անիրապաշտ ու անիրագործելի նպատակ կրնայ նկատուիլ: Յամենայն դէպս վերջին երեսուն տարիներու հայկական փորձառութիւնը դրական պէտք է համարել. տուեալ ժամանակաշրջանին Հայաստանի եւ սփիւռքներու միջեւ մերձեցումը նկատելի դարձած էր` շնորհիւ իրարու հետ անկաշկանդ հաղորդակցութեան կարելիութեան: Համահայկական հասարակութեան ներկայի պառակտումը ՀՀ ներկայ իշխանութիւններուն կողմէ թափուած յատուկ ճիգով ստեղծուած իրավիճակ է, որ քաղաքական փոփոխութիւններով սրբագրելի է:

Ուրոյն մշակոյթով համահայկական հասարակութեան մը կազմաւորումը ցնորք չէ: Հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ այդ կազմաւորումը սկսաւ, ո՞վ չի գիտեր, Արցախի՛ մէջ, համահայկական քաջալերանքով ու մասնակցութեամբ: Արցախի ազատագրական պայքարով կայացած համահայկական համախոհութիւնը ո՛չ միայն ազատագրեց Արցախը, այլ իբրեւ ատկէ բխող հիմնական ձեռքբերում` պէտք է նկատել նաեւ այդ յաջողութեամբ նուիրագործուած համահայկական միաբանութեան ամրապնդումը, որ աւելի ուշ պսակուեցաւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով բիւրեղացած համահայկական հռչակագրով, որ արտայայտեց համազգային տեսլականն ու կամքը եւ ուրուագծեց համայն հայութեան մտապատկերը իր ապագային մասին:

Ժամանակակից աշխարհի մէջ հայկական մասնիկներու միջեւ յարաբերութիւնը դիւրացած է: Իսկ յարաբերութիւնը միաւորման նպաստող կարելիութիւններ կը ստեղծէ: Համահայկական հասարակութեան կազմաւորումը ներկայի պայմաններուն մէջ ինքնաբերաբար տեղի կ’ունենայ, բայց նպատակասլաց ծրագիրներով կարելի է եւ հարկաւո՛ր է գործընթացները արագացնել:

Ի դէպ, հայկական մարդկային զանգուածներու միջեւ կապը մէկէ աւելի անգամներ արգելակուած է Խորհրդային Հայաստանի եւ Հայաստանի արդի հանրապետութեան իշխանութիւններու որոշումով: Տասնամեակներ շարունակ հայրենիքի եւ հայկական սփիւռքի միջեւ կապը չափազանց ցանցառ էր. վիճակը զգալիօրէն բարելաւուեցաւ Պաղ պատերազմի ձիւնհալով: Հայաստանի Հանրապետութեան սկզբնական շրջանին քաղաքական պատճառներով փորձուեցաւ նոյնանման վիճակ ստեղծել, բայց ձախողեցաւ: Ներկայ հանգրուանին ալ յարաբերութիւնները այնքան ալ ջերմ չեն:

Արցախը վերջին երեսնամեակին հանդիսացած է համահայկական միաւորման հիմնական օղակներէն մէկը. հայրենի եւ սփիւռքեան երիտասարդութիւնը այստեղ` իրենց արցախցի տարեկիցներուն հետ միասին ստացան հայոց նորագոյն զարթօնքի արեան մկրտութիւնը. անոնք յաղթեցին: Այս խորհուրդը աւելի եւս կը շեշտէ Արցախի կարեւորութիւնը` բարդուելով անոր հանրայայտ ռազմավարական անփոխարինելիութեան հանգամանքին վրայ. հայութեան այդ կարեւոր մասի անփոխարինելիութեան չգիտակցողը ամբողջի անէացման ճամբան կը բանայ:

Ինչ կը վերաբերի մշակոյթին, ան ինքնապաշտպանութեան հիմնական զէնքն է, երբ լռած կ’ըլլան աղմկարար զէնքերը: Պարապ տեղը չէ, որ մեր օրերուն կը փորձուի աղաւաղել հայկական մշակոյթը` զայն պարպելով իր ինքնութեան հոմանիշը դարձած տարրերէն: Նոյնը կը փորձուի հանրային կրթութեան ոլորտէն ներս, որ նոր սերունդներուն մշակոյթի փոխանցման մայր խողովակներէն մէկն է: Վստահաբար հայութեան հակառակորդները չեն յաջողիր. հազարամեակներու անցեալ ունեցող մշակոյթ մը հիմնովին քանդելը չափազանց դժուար գործ է, սակայն անոնք անո՛ր ձգտած են միշտ` այդ ուղղութեան մէջ յաճախ վերածուելով հայկական զանգուածներու դահիճի:

Նախորդը

Այնթապի Հերոսամարտը

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի 95-ամեակին Առթիւ` Շնորհաւորութիւններս. Թէեւ Քիչ Մը Ուշ, Բայց` Սրտանց

RelatedPosts

Ստորագրութիւններ Յանուն (Ոչ)ինչի՞
Անդրադարձ

Ստորագրութիւններ Յանուն (Ոչ)ինչի՞

Օգոստոս 21, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամին Հետքերով

Օգոստոս 20, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրտս Արդեօք Յանցաւո՞ր Է

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?