Հարցազրոյց` Ասպրամ Կրպէեանին Հետ
Հարցազրոյցը վարեց եւ արտագրեց` ՅԱՐՈՒԹ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ռազմիկ» յանձնախումբը հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Ասպրամ Կրպէեանին հետ, որ անդրադարձաւ հայ-թրքական յարաբերութեան գործընթացին եւ անոր ազդեցութեան` հայկական պետականութեան վրայ: «ՌԱԶՄԻԿ».- Այսօր ինչպէ՞ս կրնանք որակել Հայաստան-Թուրքիա-Ազրպէյճան աշխարհաքաղաքական յարաբերութիւններու ներկայ ընթացքը եւ շրջանի կացութիւնը: ԱՍՊՐԱՄ ԿՐՊԷԵԱՆ.- Նախ, Հայաստան ըսելով` պէտք է հասկնանք, թէ ո՞ր...




















