Ապրիլեան Մտորումներ. Հայ Դատը` Հանապազօրեայ Պարտքը Մեր
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ Ապրիլ 24 է դարձեալ: Ու ես չեմ կրնար դարձեալ մտորումներս չկեդրոնացնել Հայ դատին վրայ: Չեմ կրնար չմտածել մեր ըրածներուն ու մեր չըրածներուն մասին, չեմ կրնար չտագնապիլ մեր ազգի իրավիճակին ի տես ու չեմ կրնար չփորձել կաթիլ մը ձէթ եւս աւելցնել Լուսաւորչի կանթեղին մէջ` շարունակելու համար հայ մնալու մեր պայքարը, որ հիմքն իսկ է մեր պահանջատիրութեան, մեր Դատին: Հայ դատը...




















