Աշխատաւորաց տօնին առիթով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Ծածուկ եւ բացայայտ անգործութիւնը ցաւոտ է:
Գործի առիթները հազուագիւտ են:
Աշխատաւորներուն աշխատավարձերը` համեստ: Օ՛ն, միասին աշխատելու. թերեւս կարենանք փոխել պարզուած այս մտահոգիչ իրավիճակը, ինչպէս նաեւ անհատական ներդրում կատարել` ազգային ապաքինման ծրագիրին մէջ»: