Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարեւորն ու Չափազանց Կարեւորը

Ապրիլ 29, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Մայիս 15-ին նախատեսուած Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան լիբանանցի ժողովուրդին մէջ համատարած ուժաթափութիւն, յուսաբեկութիւն, ընկճուածութիւն ու բարոյալքում ստեղծած եւ երկար ժամանակէ մը ի վեր շարունակուող ընկերատնտեսական ճգնաժամի մը պայմաններուն մէջ:

Բարենպաստ մթնոլորտ ստեղծուած է լիբանանեան վաղեմի աւանդութեան` քուէներու գնման երեւոյթի առաւել «ծաղկման» համար: Մինչ տոլարի ներկայ բարձր փոխարժէքը մտածել կու տար, որ այսօր քուէին, իմա՛ մարդոց արժանապատուութեան, գինը շատ աւելի աժան պիտի ըլլայ, սակայն լրատուամիջոցներու մէջ շրջանառուող շշուկներուն համաձայն, քուէին գինը կարգ մը ընտրաշրջաններու մէջ 400-էն մինչեւ 1000 տոլարի միջեւ կը տարուբերի. առաջին հայեացքով` ոչ տրամաբանական թուացող իրողութիւն մը, որ ունի իր դրդապատճառը:

«Շարք Աուսաթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ լրատուամիջոցներ, մասնաւորաբար պատկերասփիւռի կարգ մը կայաններ թեկնածուներու ընտրական քարոզչութեան համար մեծ գումարներ կը պահանջեն: Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին, պատկերասփիւռի կայաններէն մէկը ընտրական քարոզչութեան յատկացուած իր յայտագիրներէն մէկուն մասնակցութեան համար թեկնածուներէն 10-20 հազար տոլար կը պահանջէ, քաղաքական յայտագիրի մը մասնակցութեան համար` 100-200 հազար տոլար, իսկ «ամբողջական թղթածրար»-ին համար` աւելի քան 1 միլիոն տոլար, եւ խօսքը «ֆրեշ» տոլարի մասին է:

Իրողութիւն մը, որ հարցականի տակ կը դնէ ընտրութիւններուն արդարութիւնը` նկատի ունենալով, որ այդ գումարները կրնան վճարել միայն ունեւոր կամ օտարերկրեայ աջակցութիւն վայելող թեկնածուները:

Այս գումարները կը ծախսուին ոչ անպայման յայտարարուած անմիջական նպատակին` ընտրութիւններուն համար, որովհետեւ անոնք իրողութեան մէջ միայն միջոց են: 2022-ի խորհրդարանական ընտրութիւնները սովորական խորհրդարանական ընտրութենէ մը աւելի կարեւոր են, որովհետեւ անոնց պիտի յաջորդէ քաղաքական ու սահմանադրական ներկայ տարազի բարեփոխման միջազգային խորհրդաժողով մը:

Ըստ լրատուամիջոցներու, այդ ուղղութեամբ ջանքերը հիմնականին մէջ ֆրանսական են. ինչ որ մտածել կու տայ, թէ նշեալ խորհրդաժողովը հաւանաբար գումարուի Փարիզի կամ մէկ այլ ֆրանսական քաղաքի մէջ:

Դժբախտաբար իրողութիւնն այն է, որ լիբանանցիները բազմիցս փաստած են, որ անկարող են իրենց հարցերը ինքնուրոյն լուծելու եւ պարբերաբար կարիքը ունին Թաէֆի եւ Տոհայի նման միջազգային խորհրդաժողովներու: Այժմ կը թուի, թէ նոր միջազգային խորհրդաժողովի մը կարիքն ու պայմանները հասունցած են:

Լիբանանահայութիւնը կը գտնուի այդ խորհրդաժողովին պատշաճ կերպով մասնակցելու հրամայականին առջեւ, ուստի եւ ունի նախապատրաստական աշխատանք մը, որ առաջին հերթին խորհրդարանական ընտրութիւններուն ճիշդ ներկայացուցչութիւն ապահովելն է, որովհետեւ միայն այդ պարագային է, որ պիտի կարողանայ երկիրին մէջ իր քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային պատշաճ դիրքն ու ապագան ապահովել: Այդ նպատակին հասնելու համար ան իր մէջ պէտք է գտնէ ներկայ ընկերատնտեսական պայմաններու ստեղծած ծանր մթնոլորտի յաղթահարման բարոյական ուժը:

Ահաւոր է նոյնիսկ երեւակայել այն մղձաւանջային տարբերակը, որ հայ համայնքին ու անոր առօրեայ կեանքին հետ որեւէ առնչութիւն չունեցող եւ ընդհանրապէս երկրին հիմնաքարը եղող համայնքային դրութեան չհաւատացող պատահական, իր օտարերկրեայ հովանաւորը, տեղացի հովանաւորը կամ լաւագոյն պարագային միայն իր անձը ներկայացնող հայ մը, խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքին լոյսին տակ, իբրեւ լիբանանահայութեան ներկայացուցիչ մասնակցի այդ խորհրդաժողովին: Այդպիսի բեմագրութեան մը հետեւանքն ու այդ անձին գործելիք աւերը բնականաբար պիտի ըլլան ահաւոր:

Ահա թէ ինչո՛ւ հայ համայնքի շահերու պատշաճ կերպով պաշտպանումն ու անոր անվտանգութեան ապահովումը համայնքի կեանքի կազմակերպման ու ղեկավարման մէջ 100-ամեայ փորձառութիւն ունեցող հայկական աւանդական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները չեղողներուն վստահիլը «հաւաքական անձնասպանութիւն» պիտի ըլլայ: Ուստի բոլորս 15 մայիսին լաւապէս կատարենք մեր պարտականութիւնը, որպէսզի երբ քննութեան` միջազգային խորհրդաժողովի օրը գայ, կատարելապէս պատրաստ ըլլանք, որովհետեւ խորհրդարանական ընտրութիւնները կարեւոր են, իսկ անկէ անմիջապէս ետք նախատեսուած խորհրդաժողովը` չափազանց կարեւոր:

 

 

Նախորդը

Գիրքերու Մտերմութեան Հետ. «Վերափոխեալ Արքայամօր Ներբողագիրը` Սուրբ Ներսէս Լամբրոնացի (1153-1198)» (Հեղինակ` Մեսրոպ Հայունի)

Յաջորդը

Յայտարարութիւն` ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէի. Համախմբենք Մեր Ուժերը, Թոյլ Չտանք Մեր Երկրին Կործանումը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?