Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հին Ստորերկրեայ Քաղաքներ` Պատմական Հայաստանի Տարածքին Մէջ

Ապրիլ 29, 2022
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Թուրքիոյ գրաւած հայկական եւ յունական տարածքներուն մէջ բազմաթիւ են հնադարեան շինութիւններ, կոթողներ, տաճարներ, բնակարաններ, որոնց մեծամասնութիւնը  ժամանակի ընթացքին ծրագրուած քանդումի ենթարկուած է այդ հողերուն վրայ մանաւանդ հայերու եւ յոյներու հետքը ջնջելու նպատակով: Եթէ գետնէն վեր գտնուող շինութիւնները որոշ չափով ծանօթ են, քիչ յայտնի են ստորգետնեայ քաղաքները, որոնց մէկ մասին անդրադարձած են Նէյքըտ Սայընս կայքը եւ գերմանացի հնագէտ Հայնրիխ Քուշ` իր «Tore zur Unterwelt» գիրքին մէջ:

Ն.

Հայկական Լեռնաշխարհին մէջ ապրող մարդոց բացառիկ հմտութիւնները եւ գիտելիքները

Ըստ երեւոյթին, շաղախը առաջին անգամ գործածուած է շինարարութեան համար ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին մէջ  ստորերկրեայ փապուղիներու կառուցման ժամանակ, շուրջ 8000 տարի առաջ:

Ամբողջ Եւրոպայի մէջ տասնեակ մը բնակավայրերու տակ յայտնաբերուած են ստորերկրեայ փապուղիներու գոյութեան ապացոյցներ: Այդ հսկայական փապուղիները յաճախ կ՛անուանուին «հին ճամբաներ»: Անոնք կ՛երկարին Հայկական Լեռնաշխարհէն մինչեւ հիւսիսային Սկովտիա:

Այդ փապուղիները կը վկայեն հին քաղաքակրթութիւններու ակներեւ հնարամտութեան մասին, որոնց մենք գրեթէ անտեղեակ ենք` բացի պատմական գիրքերու որոշ նշումներէն: Փաստօրէն կը պարզուի, որ այդ քաղաքակրթութիւնները 8000 տարի առաջ ունեցած են բաւարար գիտելիքներ եւ գործիքներ, որպէսզի կարողանան նման բարդ ստորերկրեայ կառոյցներ կառուցել:

Ուշագրաւ օրինակ է Կապադովկիան: Պորտասարը (ցաւօք, աւելի յայտնի է թրքական Կէօպեքլի թէփէ անունով), Նեւշեհիրը (նախապէս` Մուշքարա) եւ Մալաքոփի (թրք. Տերինքէօյու) ստորերկրեայ քաղաքը կը վկայեն հազարաւոր եւ հազարաւոր տարիներ առաջ Հայկական Լեռնաշխարհին մէջ ապրող մարդոց բացառիկ հմտութիւններու եւ գիտելիքներու մասին:

Հայնրիխ Քուշ

 

Առաջին Քրիստոնեաներու Ստորերկրեայ
Քաղաքը, Որ Նուաճած Է Մեծն Տիգրան,
Յայտնաբերուած Է Թուրքիոյ Մէջ

Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքը գտնուող քաղաքին փոքր քարանձաւի մը մէջ սկսած պեղումները անսպասելի յայտնագործութեան յանգեցուցած են:

Հնագիտական աշխատանքները սկսած են երկու տարի առաջ Թուրքիոյ Մարտին նահանգի Միտիաթ քաղաքին մէջ, պատմական փողոցները եւ շինութիւնները մաքրելու եւ պահպանելու ծրագիրի ծիրին մէջ:

Միտիաթ հնագոյն քաղաք է, որ գոյութիւն ունեցած է Քրիստոսէ առաջ 9-րդ դարուն, այնուհետեւ Ասորեստանի Աշուրնածիրափալ Բ. թագաւորը գրաւած է քաղաքը:

Բայց կան ենթադրութիւններ, որ քաղաքին բուն հիմնադրումը կը թուագրուի Քրիստոսէ առաջ երրորդ հազարամեակով, այն ժամանակ, երբ այդ երկիրներ եկան խուրիները, որոնք հետագային հիմնեցին Միտանի պետութիւնը:

Երկար դարեր քաղաքը մնացած է ասորական` բացի նուաճումներու հազուադէպ շրջաններէ: Այսպիսով, Քրիստոսէ առաջ Ա. դարուն շրջակայ հողերը գրաւած է Տիգրան Բ., եւ անոնք դարձած են Մեծ Հայքի մէկ մասը: Աւելի ուշ` Թրայանոս կայսեր օրով, անոնք նկատուած են Ասորեստանի հռոմէական նահանգը:

Քրիստոսէ առաջ 150-էն մինչեւ Քրիստոսէ ետք 250 թուական Միտիաթ Եդեսիոյ թագաւորութեան կազմին մէջն էր:

Փոքր Ասիոյ մէջ քրիստոնէութեան տարածման ժամանակ Միտիաթի ասորիները շատ արագ ընդունեցին նոր կրօնը: Այս հողը Արեւելքի ասորական եկեղեցւոյ բնօրրանն է:

Հնագէտները կը պնդեն, որ Միտիաթի ժամանակակից բնակիչները գիտէին ամբողջ քաղաքին մէջ քարանձաւներու գոյութեան մասին, բայց անոր ոչ մէկ կարեւորութիւն կու տային:

Պատմական աղբիւրներու մէջ կ՛ըսուի, որ Միտիաթ իր անունը ստացած է ասորերէն բառէ, որ թարգմանաբար կը նշանակէ «Քարանձաւներու քաղաք»: Անիկա նոյնպէս կը հանդիպի Քրիստոսէ առաջ Թ. դարու արձանագրութիւններուն մէջ:

Գիտնականները կը կարծեն, թէ քաղաքին տակ գտնուող քարանձաւները միշտ եղած են, բայց անոնք բնակեցուած են մօտաւորապէս 1900 տարի առաջ, առաջին քրիստոնեաներու  հռոմէական հալածանքներու ժամանակ:

Ստորերկրեայ քաղաքին մէջ պեղումներու ընթացքին  յայտնաբերուած են` խորաններ, յստակ պաշտամունքային բնոյթի առանձին սենեակներ, ուտելիքի պահեստներ, ջրհորներ եւ միջանցքներ:

Փոքր Ասիոյ մէջ արդէն իսկ յայտնաբերուած են ստորերկրեայ  քաղաքներ, որոնցմէ ամէնէն յայտնիներն են Կապադովկիոյ Տերինքէօյուն եւ Նեւշեհիրը: Բայց եթէ առաջինը փորուած եւ գործածուած է հազարամեակներ առաջ, երկրորդը գիտնականներու կողմէ կը թուագրուի բիւզանդականէն ոչ հին ժամանակաշրջանով:

Ըստ պեղումներու ղեկավար Ղանի Թարքանի, ստորերկրեայ  Միտիաթ քաղաքը անոնցմէ կը տարբերի անով, որ անիկա շարունակաբար գործածուած է գրեթէ 1900 տարի: Այն սկիզբը կառուցուած է որպէս թաքստոց:

Ինչպէս յայտնի է, Բ. դարուն քրիստոնէութիւնը պաշտօնական կրօն չէր. քրիստոնէութիւնը ընդունած ընտանիքներն ու խումբերը սովորաբար կը պահուըտէին քարանձաւներու մէջ` խուսափելու համար հռոմէական հալածանքներէն:

Թարքան նոյնպէս կը կարծէ, որ քաղաքին մէջ կրնար ապրիլ 60-70 հազար մարդ: Ասիկա շատ համարձակ ենթադրութիւն է, եւ պէտք է սպասել գոնէ մինչեւ պեղումներու աւարտը եւ բոլոր գտածօներու ուսումնասիրութիւնը:

Ասորիներու կողմէ քրիստոնէութեան ընդունումէն ի վեր Միտիաթ կը նկատուի Միջին Արեւելքի մէջ այդ կրօնի կարեւորագոյն կեդրոնը: Թէեւ ասորիները երկար ժամանակ կը կազմէին քաղաքի բնակչութեան հիմնական մասը, սակայն այս վայրերուն մէջ աստիճանաբար հաստատուեցան հայեր եւ յոյներ, որոնք նոյնպէս արագ ընդունեցին քրիստոնէութիւնը:

Իսկ Քրիստոսէ ետք Գ. դարուն Եդեսիոյ թագաւորութիւնը գրաւուեցաւ Սասանեաններու կողմէ (Իրանի իշխող գերդաստան) եւ դարձաւ անոնց կայսրութեան մէկ մասը:

Այնուհետեւ սկսան շարք մը պատերազմներ` Բիւզանդիոյ եւ Սասանեաններու, Բիւզանդիոյ եւ արաբներու միջեւ, եւ ժԱ. դարուն այս հողերը գրաւեցին թուրք-սելճուքները:

Հակառակ այն հանգամանքին, որ իսլամութիւնը դարձաւ պաշտօնական կրօն, Միտիաթի մէջ մնացին բաւական շատ քրիստոնեաներ, հիմնականին մէջ` ասորիներ եւ հայեր:

ԺԶ. դարուն Միտիաթը պաշարեց եւ գրաւեց Օսմանեան կայսրութեան իններորդ սուլթան Սելիմ Ա.-ը:

Իսլամականները, որոնց շարքին` քիւրտերը, տեղափոխուեցան հին Ասորեստանի երկիրներ:

Ժամանակ առ ժամանակ կը փորձէին ցեղային զտումներ կատարել, բայց յետոյ անոնք պարզապէս փորձեցին թալանել ամէնէն հարուստ քաղաքացիները, որոնք հիմնականին մէջ  ասորիներ եւ հայեր էին:

Այնուհանդերձ, իշխանութիւնները թոյլ չտուին, որ նման կողոպուտները հատեն որոշ սահման մը` ընդհուպ մինչեւ 1915 թուական, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը սկսաւ համակարգուած բնաջնջել ասորիները եւ հայերը:

Ստորերկրեայ Քաղաքը Իր Դպրոցով

Կապադովկիոյ ամէնէն յայտնի ստորերկրեայ քաղաքներէն  մէկը այժմ Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող յունական Մալաքոփին է (թրքերէն` Տերինքէօյու), որ կառուցուած է բիւզանդական դարաշրջանին, երբ անոր բնակիչները հոն ապաստանած են խուսափելու համար արաբ իսլամներու հալածանքներէն, արաբ-բիւզանդական պատերազմներու ատեն (780-1180 թուականներ): Բազմաստիճան քաղաքը կը տարածուի մօտաւորապէս 85 մեթր խորութեան վրայ: Այն պատսպարած է 20 հազար անձ` իրենց անասուններով եւ  սննդամթերքի խանութներով: Մալաքոփի, որ բաղկացած էր բազմաթիւ անցքերէ եւ քարանձաւներէ, Կապադովկիոյ (եւ ամբողջ Թուրքիոյ) ամէնէն խոր ստորերկրեայ քաղաքն է:

Քաղաքը Կապադովկիոյ այլ ստորերկրեայ համալիրներուն նման ունէր յարմարութիւններ,  ինչպիսիք են` գինիի եւ ձէթի մամլիչներ, ախոռներ, նկուղներ, պահեստանոցներ, սեղանատուներ եւ մատուռներ: Յայտնաբերուած են գինիի նկուղներու, ախոռներու եւ  մատուռներու մնացորդներ:

Յատուկ է երկրորդ յարկին մէջ գտնուող ընդարձակ սենեակը տակառապատ առաստաղով: Կը հաղորդուի, որ այս սենեակը գործածուած է որպէս կրօնական դպրոց:

Կը կարծուի, որ 55 մեթրնոց մեծ օդափողը գործածուած է  որպէս ջրհոր, որ ջուր կը մատակարարէր ե՛ւ վերի գիւղերուն, ե՛ւ, եթէ արտաքին աշխարհը վտանգաւոր էր, վարը ապաստանածներուն:

Քարանձաւները սկիզբը կառուցուած էին Կապադովկիոյ շրջանի փափուկ հրաբխային ժայռերու վրայ, Քրիստոսէ առաջ 8-7-րդ դարերուն, փռիւգիացիներու կողմէ: Երբ հռոմէական ժամանակներուն փռիւգիական լեզուն մահացաւ եւ  փոխարինուեցաւ իր ազգականով` յունարէնով, բնակիչները, այժմ քրիստոնեայ, ընդարձակեցին իրենց քարանձաւները մինչեւ խոր բազմաստիճան կառոյցներ, աւելցնելով մատուռները եւ յունարէն արձանագրութիւնները:

Քաղաքը իր ծաղկման տարիներուն ունէր քարէ երկու մեծ դուռ, որոնք մօտալուտ վտանգի պարագային կը փակէին ներսէն:

Թէեւ բնակիչները կրնային պահուըտած ըլլալ, անոնք իրենց կեանքը ապրած են լիարժէք, այնքան, որքան` վերը գտնուող քաղաքին մէջ: Մալաքոփիի ամէնէն վառ տարածքներէն մէկը թաղածածկ առաստաղներով խոշոր սենեակն է, որ ենթադրաբար եղած է կրօնական դպրոց, առանձին ուսումնական սենեակներով: Մալաքոփին նոյնպէս միացուած էր ստորերկրեայ միւս քաղաքներուն` փապուղիներու բարդ ցանցի միջոցով:

Այսպիսի քաղաքները շարունակեցին գործածել քրիստոնեայ բնիկները` որպէս պաշտպանութիւն 14-րդ դարուն Լենկ Թիմուրի մոնկոլական արշաւանքներէն:

Երբ շրջանը ինկաւ օսմանցիներու ձեռքը, քաղաքները բնիկներու կողմէ գործածուեցան որպէս ապաստան` խուսափելու համար  թուրք կառավարիչներէն:

Նոյնիսկ քսաներորդ դարուն մէջ տեղւոյն բնակչութիւնը` Կապադովկիոյ յոյները, տակաւին կը գործածէին ստորերկրեայ քաղաքները` խուսափելու պարբերական հալածանքներէն:

Օրինակ, Ռիչարտ ՄաքԳիլիվրէյ Տոքինս` բրիտանական Քեմպրիճ համալսարանի լեզուաբան, որ 1909-1911 թուականներուն հետազօտութիւն կատարած է այդ տարածքին մէջ` կապադովկիական յունախօս բնիկներու վերաբերեալ, արձանագրած է, որ 1909 թուականին Աքսոյի բնակչութեան մեծ մասը ապաստան գտաւ այս ստորերկրեայ սենեակներուն մէջ եւ որոշ գիշերներ չհամարձակեցաւ քնանալ գետնէն վեր:

1923 թուականին շրջանի քրիստոնեայ բնակիչները վտարուեցան Թուրքիայէն եւ տեղափոխուեցան Յունաստան` Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ բնակչութեան փոխանակման պատճառով:

Ստորերկրեայ սենեակները լքուեցան:

1963 թուականին անոնք կրկին յայտնաբերուեցան, երբ շրջանի բնակիչ մը իր տան պատին ետին առեղծուածային սենեակ մը գտաւ: Հետագայ պեղումը ցոյց տուաւ մուտք մը` դէպի փապուղիներու ցանց:

Անիկա այցելուներուն համար բացուած է 1969 թուականին, թէեւ քաղաքին միայն կէսը մատչելի է դիտելու:

Նախորդը

ԼԵՄ-ի Խօսքը

Յաջորդը

Գիրքերու Մտերմութեան Հետ. «Վերափոխեալ Արքայամօր Ներբողագիրը` Սուրբ Ներսէս Լամբրոնացի (1153-1198)» (Հեղինակ` Մեսրոպ Հայունի)

RelatedPosts

Կասպից  Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է  Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր
Մշակութային եւ Այլազան

Կասպից Ծովուն Կեդրոնը Յայտնուած Է Անսպասելի Կղզի, Որուն Մասին Ոչ Ոք Գիտէր

Յուլիս 4, 2025
Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ
Մշակութային եւ Այլազան

Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ

Յունիս 13, 2025
Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր
Մշակութային եւ Այլազան

Հաղորդակցութեան Նոր Արհեստագիտութիւնները Մինչեւ Ո՞ւր

Յունիս 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?