Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգասէր եւ Եկեղեցասէր Յովսէփ Քէշիշեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

Ապրիլ 30, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անտարբերութեան թշնամին եմ ես
Անհաշտ, անզիջում, մոլի ոսոխը…
ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ

Քառասուն օրեր առաջ վերջին հրաժեշտով մեզմէ յաւիտեան բաժնուեցաւ Յովսէփ Քէշիշեանը` իր հարազատներուն եւ բարեկամներուն պատճառելով սուգ ու վիշտ:

Յակոբ եւ Թամամ Քէշիշեան ամոլին զաւակն էր ան, ծնած՝ 1929-ին, Քըրըքխան: Փոքր հասակին կը յաճախէ Քըրըքխանի ֆրանսական դպրոցը:

Համեստ ընտանիքի զաւակ, Ցեղասպանութենէն ճողոպրած ծնողքի առաջին սերունդ, կեանքի ու տառապանքի լեղի բաժակը խմած` Յովսէփ Քէշիշեան հայու ամուր նկարագիրով յաղթեց տառապանքին, ամրացուց ինքզինք, քրտինք թափեց ու ջիղ սպառեց, գործ հաստատեց, հաւատաց Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան առաքելութեան:

1954-ին կ՛ամուսնանայ Պայծառ Ասատուրեանին հետ, ապա անոնք կը կազմեն իրենց բոյնը, եւ Ամենակարողը իրենց կը շնորհէ չորս զաւակներ:

Աւանդութիւն դարձած է` հայը միշտ աշխատած է իր ընտանիքին հայթայթելու բարօր կեանք: Յովսէփ Քէշիշեան աշխատեցաւ ոչ միայն ընտանիքին բեռը շալկել, այլ նաեւ ամբողջ էութեամբ հետեւեցաւ իր զաւակներուն դաստիարակութեան:

Երկար տարիներ վարեց վարչական` գանձապահի պաշտօնը, Ամանոսի եւ Շրջակայից հայրենակցական միութեան մէջ` իր օգտաշատ ծառայութեամբ սատարելով իր շատ սիրելի միութեան:

1951-ին իբրեւ Քարանթինայի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ աղքատախնամի անդամ, ունեցաւ կարեւոր դեր` օգտակար դառնալու շրջանի կարիքաւոր հայ ընտանիքներուն:

1971-ին հիմնադիրներէն մէկը հանդիսացաւ Ֆանարի ֆութպոլի «Հայրենիք» խումբին, որ հետագային պիտի միանար ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին ու վերանուանուէր ՀՄԸՄ «Լէյլաւան»:

1973-ին Ֆանարի Սպառողականի համագործակցականի իբրեւ հիմնադիր վարչական անդամ գործեց տարիներ` մատուցելով իր սիրայօժար ծառայութիւնը:

Կ՛ուզեմ յիշել դէպք մը, զոր Յովսէփ Քէշիշեան պատմած է ինծի:

Փետրուար 1976:

Քաղաքացիական պատերազմ: Քարանթինայի անկում:

Թուական մը, որ 1975-էն մինչեւ 1990-ի Լիբանանի պատմութեան էջերուն մէջ պիտի յիշուի իբրեւ արեան ծովու մէջ խեղդուած սեւ տարիներէն մէկը:

Յովսէփ Քէշիշեան կ՛իմանայ, որ արդէն նախապէս կիսափուլ դարձած շրջանի տախտակաշէն Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ զանգակատունը բոլորովին քանդուած է: Իբրեւ Ֆանարի Բանկալի մարմինի անդամ, կ՛որոշէ անպայման զանգակը փոխադրել Ֆանար:

Շուտով ճամբայ կ՛ելլէ դէպի Քարանթինա, Սարգիս Տեմիրճեանի ընկերակցութեամբ:

Հազիւ վայր կը հասնին` Յովսէփ կը խաչակնքէ ու ցած ձայնով Տէրունական աղօթքը կ՛արտասանէ: Մինչ այդ երկուքն ալ նկատի չէին առներ, որ շրջապատուած են Փաղանգաւոր զինեալներով, որոնք զարմացած կը հարցնեն, թէ այս ռումբերու տակ ի՞նչ ընելու եկած էք: Յ. Քէշիշեան կ՛ըսէ` մենք քրիստոնեայ ենք եւ եկած ենք մեր եկեղեցւոյ զանգակը փոխադրելու:

Զինեալներու պատասխանատուն` Իլիաս Եաղըլեան (Ապու Ղատապ) կ՛ըսէ. «Մենք ուրախ ենք եւ հպարտ, որ այս ռումբերուն տակ ձեր հաւաքին կառչած կը զոհաբերուիք, սակայն կը պահանջենք, որ շրջանի «Տիգրան Ծամհուր» կոմիտէութենէն հաստատագիր մը բերէք, որպէսզի մեր պարտականութիւնը կատարած ըլլանք ու ձեզի յանձնենք զանգակը»:

Յովսէփ Քէշիշեան կը դիմէ «Տիգրան Ծամհուր» կոմիտէութեան, ու հաստատագիրին հետ նաեւ չորս տղաք կ՛ընկերակցին իրեն մինչեւ Քարանթինա:

Ան կը ներկայանայ նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի օրուան առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեանին` տեղեակ պահելով զայն, որ իր օրհնութիւնը կու տայ` յաջողութիւն մաղթելով:

Բայց եւ այնպէս ան կը սկսի մտահոգուիլ, քանի որ զանգակը բաւական ծանր էր ու զայն շալկելը երկու հոգիի գործը չէր: Կռունկի (Վինճ) մը կարիքը կար անպայման:

Կու գայ Պուրճ Համուտ, կը դիմէ «Թրումպըթ Զաքար»-ին, որ զինք կ՛ուղղէ իրեն բարեկամ Խալիլ Պատաուիի պրն. Յարութին, որ, իմանալէ ետք պատմութիւնը, անմիջապէս ձրիաբար կը տրամադրէ ցածասայլ մը,  ու բաւական դժուարութեամբ զանգակը կը քակեն ակումբի տղոց հետ, ի վերջոյ զայն կը բեռցնեն կռունկին ու կը հասցնեն Ֆանար:

Զանգակը այո՛ հասած էր Ֆանար, սակայն զանգակատուն գոյութիւն չունէր: Օրին` Մատրան յանձնախումբը, որ կը գործէր իբրեւ Բանկալի մարմին, կ՛որոշէ երկաթեայ ձողերով զանգակատուն մը շինել մատրան մայր մուտքին, զանգակը վրան զետեղելու համար:

Զանգակատան շինութիւնը բաւական ծախսալից կ՛ըլլայ, հետեւաբար կ՛որոշուի Ֆանարի Ս. Մատրան զանգակատան բացումը կատարել՝ նպատակ ունենալով նաեւ նուիրահաւաք կազմակերպել կատարուած ծախսերուն համար:

5 ապրիլ 1976-ը պատմական օր մըն է ֆանարցիներուն համար, կը պատարագէ առաջնորդ սրբազանը, եւ հայահոծ բազմութեամբ ու հիւրերով զանգակատան բացումը կը կատարուի՝ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն եւ շեփորախումբին ընկերակցութեամբ:

Տեղադրուած նոր զանգակին առաջին ղօղանջը կը հնչեցնէ օրուան նուիրատու Պօղոս Քէշիշեան, որուն կատարած նուիրատուութեամբ զանգակատան երկաթեայ ձողերուն ծախսերը կը փակուին:

Ի՞նչ բառերով բնորոշել Յովսէփ Քէշիշեանի անբիծ սիրտն ու ազգօգուտ ներդրումը` հաւատարմութեա՞մբ իր աշխատանքին, սիրո՞վ` հանդէպ իր ընտանիքին, թէ` համեստ ու բարեպաշտ ընտանիքի մը զաւակ ըլլալու հանգամանքով՝ պարկեշտութեամբ, ծանօթ ու սիրուած իր շրջապատին մէջ եւ այլուր, անխտիր:

Բազում տարիներ ալ սահին, անմոռանալի եւ անբասիր Յովսէփ Քէշիշեանին յիշատակը պիտի մնայ անթառամ:

2022 թուականի մարտ 18-ին, ձմեռնային անձրեւոտ օր մը, յաւերժականի ուղեւոր դարձաւ սիրելի ու յարգելի անձնաւորութիւն մը` Յովսէփ Քէշիշեան:

Ճիշդ է, որ իւրաքանչիւր սկիզբ ունի իր վախճանը, բայց մարդկային կեանքի մէջ այդ անխուսափելի պահը, այդ հրաժեշտի պահը խորհրդաւոր է, որովհետեւ ամբողջ կեանք մը կը գտնէ վերջ:

Մեկնումէն քառասուն օրեր ետք, երբ հանդարտ կերպով պիտի նայինք անցեալին, դառնօրէն պիտի զգանք պրն. Յովսէփին բացակայութիւնը:

Ճիշդ է բնութեան օրէնքը` արժէքները իրենց բացակայութեան կը զգացուին:

Ափսո՛ս որ հիւանդութիւնը չխնայեց անոր, անվերադարձ հեռացնելով զայն ընտանեկան բոյնէն եւ իր փայփայած ազգային բոլոր արժէքներէն:

Մեծապէս տպաւորուած եմ եւ կ՛ուզեմ կրկնութեան գնով մէջբերել Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Սարգիսեանի խօսքը:

Յուղարկաւորութեան օրը սրբազանը իր դամբանականը եզրափակեց ըսելով.

«Ամէն անգամ որ Ֆանարի Ս. Երրորդութեան մատրան զանգը ղօղանջէ, յիշեցէք հաւատացեալ հայ մարդու մը օրինակելի կրօնասիրութիւնն ու ազգասիրութիւնը` յանձինն պրն. Յովսէփ Քէշիշեանին»:

Վարձքդ կատա՛ր, սիրելի բարեկամ` Յովսէփ Քէշիշեան:

Ակնածանքով եւ երախտագիտութեամբ պիտի յիշենք քեզ, հանգիստ ու խաղաղօրէն ննջէ:

Թող հողը թեթեւ ճնշէ քու յոգնատանջ ուսերուդ:

Խունկ ու մոմ` անթառամ յիշատակիդ:

ՔԱՐԱՆԹԻՆԱՑԻ ԲԱՐԵԿԱՄԴ

28 ապրիլ 2022

Նախորդը

Տեսակէտ. Մայիս 1-ի Ժառանգութիւնը 2022-ին. Մտածումներ` Պատերազմի, Խաղաղութեան եւ Յեղափոխութեան Մասին

Յաջորդը

Յովսէփ Տէտէիս Յիշատակին

RelatedPosts

Բայց Մենք Հայ Ենք…
Անդրադարձ

Բայց Մենք Հայ Ենք…

Մայիս 25, 2022
Ընթերցումներ.  Միացեալ Եւ Անկախ Հայաստանի Գաղափարը
Անդրադարձ

Ընթերցումներ. Միացեալ Եւ Անկախ Հայաստանի Գաղափարը

Մայիս 25, 2022
Ակնարկ.  Ինքնորոշման Իրաւունքը` Ուշադրութեան Յանձնելէն Եւ Դերակատարութեան Ճանաչումէն Առաջ
Անդրադարձ

Ակնարկ. Ինքնորոշման Իրաւունքը` Ուշադրութեան Յանձնելէն Եւ Դերակատարութեան Ճանաչումէն Առաջ

Մայիս 24, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In